Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1967)

Յունուար 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Կայծքարեր

Պետը` Թրքուհի

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը երեւան հանած է աւազակաց ցանց մը, որուն գերագոյն պետն է կրակ ու բոց թրքուհի մը` Սաֆինազ Պիրսեն անունով:

Ահաւասիկ աւազակապետ թրքուհի մը, որ ֆեմինիստօրէն գագաթ մը բարձրացած էր` շնորհիւ իր շնորհներուն բազմերես:

Կ՛ըսուի, թէ նախանձոտ սեռակիցի մը մատնութեան զոհն է:

Բայց կեանքի մէջ անպակաս են նոր կատարներ:

Վստահաբար Պիրսեն Սաֆինազ կոչուող թրքուհին այս անգամ ալ պիտի ըլլայ բանտարկեալապետ:

Իսկ բանտէն ելլելէն ետքը, հաւանաբար, պետը պիտի ըլլայ խաղարանի մը եւ կամ խոզատունի մը:

Մարդ մէյ մը պետ ըլլալու կոչումով չծնի:

Պետերազմ, Կարօտնալ, Երգել…

Պատուական էսքիմոցիները իրենց լեզուին մէջ չունին եղեր այնքան գործածական «պատերազմ» բառը:

Ֆրանսացիներն ալ իրենց լեզուին մէջ չունին «կարօտնալ» բառը:

Իսկ թուրքերը չունին «երգել» բառը:

Երանի՜ էսքիմոցիներուն, որոնք չունին «պատերազմ» բառը, քանի որ պատերազմ կոչուող բարբարոսութիւնը անծանօթ է իրենց` շնորհիւ սառցակոյտերուն իրենց հայրենիքին: Ո՞վ կը ժպրհի պատերազմ յայտարարել սառուցեալ կլիմայով ամրացած էսքիմոցիներուն դէմ:

Զարմանալի է, որ իրենք ալ պատերազմ չեն յայտարարած սահմանակից որեւէ երկրի դէմ, գոնէ` տաքնալու համար:

Կ՛երեւի, թէ պատերազմը վայրի մարդկութեան մէկ գիւտն է, իսկ էսքիմոցիները պէտք եղած չափով չեն զարգացած վայրենութեան մէջ, գիւտարար ըլլալու աստիճանին հասնելու համար:

Երանի՜ նաեւ ֆրանսացիներուն, որոնք կարօտնալը ի՛նչ է` չեն գիտցած, որպէսզի ստեղծէին այդ բառը: Անոնք օրական հինգ-տասը անգամ կը կարօտնան գինին, ու անմիջապէս գոհացում կու տան իրենց կարօտին` մտնելով գինետուն մը, որ կը գտնուի ամէն փողոցի մէջ, երբեմն` մէկէ աւելի:

Բայց ամօ՛թ թուրքերուն, որոնք չունին «երգել» բայը:

Շիլլեր կ՛ըսէ. «Լոկ չար մարդիկ երգ չունին»:

Հապա՞ «երգել» բայը չունեցողները…

Ափրիկէի մարդակեր ժողովուրդները անգամ ունին «երգել» բառը իրենց լեզուներուն մէջ, ինչպէս` «զընկոլա», «պամպիլու», «տեւարօ», «պոճպոճի», «լոփոզէ», «չիքչաքուս» եւ այլն:

Թուրքերը «երգել» բային տեղ կը գործածեն «ըսել», «կանչել» ու «կարդալ» բայերը:

Թուրքերը սեփական ոճով ազգային երաժշտութիւն ալ չունին: Իրենց երաժշտութիւնը արաբականն է, իսկ զայն մշակողները եղած են հայ վարպետները:

Եւ սակայն խոստովանինք, որ թուրքերը անզուգական են` իբրեւ փարոլիէներ, այսինքն` երգերու խօսքերը գրողներ:

Ահաւասիկ` անոնց գրած գոհար երգախօսքերէն երեք նմուշներ.

– Կէօքտէ եըլտըզ սըրա սըրա,
Ահմետ քաչտը Մըսըրա:
– Փեշկիր ալտըմ տէրէկտէն,
Պիր եար սէվտիմ եիւրէկտէն:
– Թէլէկրաֆըն թէլլէրի,
Փամպուք քիպի էլլէրի:

Յանուն Մաքրութեան

Հաշիւ եղած է, որ Իտալիոյ մէջ ներկայիս կան երկու միլիառ մուկեր: Ամէն մէկ բնակիչի դէմ` չորս հազար մուկ:

Եւ սակայն այս զարհուրելի եւ զզուելի վիճակը կը մեղմանայ, եթէ բաղդատենք Թուրքիոյ հետ, ուր եօթը միլիառ մուկ կայ: Եւ այդ մուկերը կը տառապին տնտեսական տագնապէ: Մուկերէն զատ, կան միլիառներով մամուկներ, մժեղներ, մլուկներ եւ մեղուներ իշոյ: Ճանճերը կը մնան անհաշուելի: Նոյնպէս` ոջիլները: Կան տակաւին անհամար օձեր, առանց հաշուելու գայլերը երկոտանի:

Արմատական մաքրութեան մասնագէտի մը հարցուցի.

– Կարելի՞ է այսքան մակաբոյծներէ մաքրել Թուրքիան…

Անվարան պատասխանեց.

– Կարելի է երկու միջոցով միաժամանակ: Հայերը եւ հիւլէական ռումբերը: Արեւելքէն հայերը ներս առնել վերջնապէս, իսկ արեւմուտքէն հիւլէական ռումբեր արձակել վճռապէս: Եւ կը մաքրուին մակաբոյծները, անշուշտ եթէ հզօրները բարեհաճին:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Հայկական Մեծ Ցոյց ՄԱԿ-ի Առջեւ

Հայ Ցուցարարներ Նիւ Եորքի Մէջ Պահանջեցին
Հայկական Իրաւունքներու Ճանաչումը Եւ
Ցեղասպանութեան Յատուկ Յօդուածին Գործադրութիւնը

Նիւ Եորքի մեր թղթակից Լեւոն Քէշիշեանէն ստացանք 21 յունուար թուակիր հետեւեալ հեռագիրը.

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱԶԱՐ ՀԱՅ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ  ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ԱՅՍՕՐ` ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ 6-ՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:

ՅԻՍՈՒՆ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՄԲ, ՀԱՅԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ 42-ՐԴ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ, ՄԱԿ-Ի ԴԻՄԱՑ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ՄԱԿ-Ի ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ, 4-ՐԴ ՓՈՂՈՑ:

ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԸ, ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԸ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԵՏԵՒԵՑԱՆ ԱՅՍ ՄԵԾ ՑՈՅՑԻՆ, ՈՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԷՐ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ` ԸՆԿ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԹԵՐԶԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷՐ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ:

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ԵԿԱԾ ԷԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ, ՆԻՒ ՃԸՐՍԻԷՆ, ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԷՆ, ՊՈՍԹԸՆԷՆ. ՈՄԱՆՔ` ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ՀԵՌԱՒՈՐ ՇԻՔԱԿՈՅԷՆ:

«ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ»-Ի ԵՒ «ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՓՐԵՍ»-Ի ՀԵՌԱԳՐԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՃԻՒՂԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ ՏՈՔԹ. Ա. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻՆ ԵՒ ՄԵԹՐ ՍԵԴՐԱԿ ՄԻՆԱՍԻՆ ԿՈՂՄԷ ՄԱԿ-Ի ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԳԻՐԸ:

ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸՆ ԷՐ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?