Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1967)

Յունուար 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Թուրքերու Բողոքին
Ապրիլեան Եղեռնը Խորհրդանշող
Յուշարձան Մը Պիտի Բարձրացուի
Քալիֆորնիոյ Մէջ

Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետութեան
Դատարանին Արդար Վճիռը

Լիբանանահայ երիտասարդ մը, որ վերջերս գտնուած է Քալիֆորնիա, շահեկան տեղեկութիւններ կու տայ հայանպաստ դէպքի մը մասին, որ տեղի ունեցած նահանգին Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ եւ անկասկած, իբրեւ երեւոյթ, արժանի է մեր ընթերցողներուն եւ հայ զանգուածներուն սեփականութիւնը դառնալու.

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, թուրքերուն գործած ցեղասպանութիւնը դարձաւ դատական հետապնդման առարկայ: Յունուար 9-ին, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետարանը լեցուած էին 200-ի մօտ հայեր եւ 25-ի մօտ թուրքեր: Ատեանը կը բաղկանար քաղաքապետէն եւ իր չորս խորհրդականներէն: Դռնբաց դատավարութեան նիւթն էր քաղաքապետական արտօնութիւն` Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի մը, զոր հայ գաղութը կ՛ուզէ կանգնել Մոնթեպելլոյի մէկ գեղեցիկ, ծովեզերեայ հանրային պարտէզին մէջ:

Ինչպէս սովորութիւն է Քալիֆորնիոյ մէջ, քաղաքապետութիւնը լսեց յուշարձանը կանգնելու գաղափարին թեր ու դէմ արտայայտուողները եւ արձակեց իր վճիռը:

Յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ թեր արտայայտուեցան Մխիթար Մինասեան, Վազգէն Մինասեան (փաստաբան), Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ Ջիւան Թապիպեան (պատմաբան-բանախօսներ` Լոս Անճելըսի համալսարաններուն մէջ):

Դէմ արտայայտուեցան քանի մը ամերիկացիներ, Քալիֆորնիոյ թրքական ընդհանուր հիւպատոսը, որ եկած էր Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ որոշ թիւով թուրքեր: Այս վերջիններուն նենգամիտ արտայայտութիւնները դարձան հեգնանքի ու ծիծաղի առարկայ` մեր ներկայացուցիչներուն պաղարիւն ու ճշգրիտ մօտեցումով:

Հանդարտութիւն մը կը տիրէր հայ խօսողներուն եւ ներկաներուն մօտ, կրկնակիօրէն գնահատելի, երբ կը լսէինք թուրք մը, որ բարձրախօսէն կը պոռար. «Թո՛ղ փորձեն կանգնել եւ թող չմոռնան, որ դեռ հայեր կան Թուրքիոյ մէջ եւ յետոյ մենք պայթեցնենք այդ ատելութեան արձանը»:

Քաղաքապետը, իր կարգին, կարդաց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն իրեն ուղղուած նամակ մը, որ կը թելադրէր` զգուշութիւն, խոհեմութիւն եւ շրջահայեացութիւն:

Կարճ խորհրդակցութենէն մը ետք քաղաքապետութիւնը արտայայտուեցաւ ի նպաստ յուշարձանի կառուցման:

Յաղթանակեցին Հայ դատը եւ մարդկային արդարամտութիւնը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Սաստկացող Յարձակումներ Արցախի Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?