Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1967)

Յունուար 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Առաջին Քայլը

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ Միացեալ ազգերու խտրականութեան դէմ պայքարի ենթայանձնախումբին ներկայացուած յուշագիրը, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ կատարուած ամէնօրեայ ցոյցերը, եւ մանաւանդ` յուշագրին եւ ցոյցերուն միջազգային մամուլին մէջ գտած համակրական արձագանգը բնականաբար չէին կրնար աննկատ մնալ Թուրքիոյ մէջ: Կը սպասէինք այդ հակազդեցութեան: Եկաւ այդ հակազդեցութիւնը թուրք մամուլին խողովակով ու նաեւ` կուսակցական պետի մը յայտարարութեամբ: Երկուքն ալ` հաւասարապէս ողորմելի: Թուրք պետութեան եւ ժողովորդին դէմ ուղղուած ծանր ամբաստանութիւնը հերքելէ աւելի` հաստատող ձեւի մը տակ, հասարակ ամբաստանեալի մը ձախաւերութեամբ:

Մեր էջերով կու տանք Թուրքիոյ մեծագոյն թերթերէն` անկախ օրաթերթ «Ենի Իսթանպուլ»-ի գրութիւնը` իբրեւ յատկանշական նմուշ մը այն արձագանգին, որ Աթաթիւրքի երկրին մէջ գտած են հայկական պահանջներն ու ցոյցերը: Թուրքը, որ սովորաբար խորամանկ է եւ ճարպիկ, երբ հարցը կը վերաբերի իր անմարդկային ոճիրներուն, մանաւանդ` զանոնք ծածկելու եւ մոռցնել տալու գործին, այս անգամ ուրիշ միջոց չէ գտած եւ ճարահատ դիմած է յիսուն հազար ոսկի չնչին գումարի մը ապաւէնին, զոր թրքական խորհրդարանը «վեհանձնօրէն» (իրենց բառն է) յատկացուցած է «Հայ եկեղեցի»-ին: (Իրականութեան մէջ, ի շարս այլ յատկացումներու, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին, ինչպէս կ՛երեւի «Մարմարա»-ի ճշդումէն):

Այսպէս, ուրեմն, թուրքի տրամաբանութեամբ, կարելի է երկու միլիոն հայ ջարդել, ժողովուրդ մը ամբողջ իր հայրենիքէն տեղահան ընել, անոր հողերը բռնագրաւել, ցեղասպանութեան ոճիրը գործել ու յետոյ` «վեհանձնութեան» արժանի նկատուիլ… յիսուն հազար ոսկիով:

Կ՛երեւի յիսուն հազար ոսկին 2 միլիոն զոհերուն արեան գինն է, որ այնքա՜ն առատաձեռնօրէն կը շնորհուի հայկական հաստատութեան մը, ուր, ի դէպ, թուրքեր ալ կը դարմանուին…

Բայց ասիկա հարցին արտաքին կեղեւն է: Այնքան միամիտ չենք չնկատելու համար, որ Նիւ Եորքի հայկական ցոյցերը խռոված են թուրք պատասխանատուներուն հանգիստը: Այսօր Թուրքիան բովանդակ մարդկութեան առջեւ կ՛ամբաստանուի իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանը: Կոտորակուած ժողովուրդի մը բեկորները ոճիրէն յիսուն տարի ետք ցոյց կը կատարեն միջազգային ատեանի մը առջեւ` արդարութեան անյագ ծարաւով: Ճիշդ է, որ այսօր լսողներ քիչ կը գտնուին, բայց ո՞վ ըսաւ, թէ վաղն ալ նոյնը պիտի ըլլայ, միջպետական յարաբերութիւններու նոր դասաւորումի մը պարագային: Ու Անգարա կը մտածէ այդ օրուան մասին, կը մտածէ մեզի չափ, գուցէ` մեզմէ աւելի, ու մինչ մեր սպասումին մէջ արդարութեան անմար յոյսը կայ, իր մէջ ծաւալ կը ստանայ անդոհանքը արդարութեան, մարդկութեան վճիռին, որ ուղիղ պիտի գտնէ իր հասցէն` հատուցման գերագոյն այդ պահուն:

Պիտի գայ օրը, ու զոհը եւ զոհարարը պիտի գտնուին դէմ դէմի. մենք մեր վերապրումին փաստով զօրացած, թուրքը իր անպատիժ մնացած ոճիրներուն սարսափով: Այս բոլորը նախապատրաստական քայլեր են, որոնց պիտի հետեւին ուրիշներ, այնքան ատեն որ անհատոյց կը մնայ ժողովուրդի մը արդար դատը, այնքան ատեն որ ոճրագործը չէ նստած միջազգային ատեանի մը ամբաստանեալի աթոռին վրայ:

Մենք այդ օրուան համար կը լարենք մեր ջիղերը: Այդ անխուսափելի օրուան համար կ՛ապրինք ու կը գործենք ամէն տեղ, հայրենիքի մէջ թէ արտասահմանի, եւ Թուրքիան այնքան ալ անփորձ չէ սխալ թարգմանելու համար Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն ակամայ լռութիւնը…

Վրէժխնդրութիւնը չէ՛ մեր քայլերուն առաջնորդը, այլ` արդարութեան անտեղիտալի պահանջը, որուն առջեւ կրնան խուլ ձեւանալ մարդիկ այսօր, վա՛ղը, բայց միշտ` երբե՛ք:

Այս համոզումով իջած ենք պայքարի. երէկ` մեր վերապրումի ճիգով, այսօր` անխորտակ հաւատքովը ժողովուրդի մը, որ վերականգնած է եւ պայծառ հայեացքով կը նայի ապագային:

 

Հայկական Ցոյցերուն Արձագանգը Թուրքիոյ Մէջ 

«Այդ Ցոյցերուն Ետին Յոյներուն Մատը Կայ»

 Կ՛ըսէ Թիւրքէշ 

«Թուրք Ազգը Վեհանձն Է Եւ 50 Հազար Ոսկի
Կը Նուիրէ Հայ Եկեղեցիին» Կը Գրէ «Ենի Իսթանպուլ»

Քովի սիւնակին մէջ ըսած ենք մեր խօսքը, կու տանք նաեւ իրենցը` առնելով «Ենի Իսթանպուլ»-էն.

Այն պահուն, երբ հայերը համաշխարհային չափանիշով պայքար բացած են Թուրքիոյ դէմ, թուրք խորհրդարանը, թուրք ազգին վայել վեհանձնութեամբ մը, յիսուն հազար ոսկի նուիրած է հայոց եկեղեցիին: Թուրք ազգը այսպէս կը պատասխանէ ահաւասիկ այն հայերուն, որոնք արտասահմանի մէջ հողեր կը պահանջեն Թուրքիայէն եւ մեծագումար դրամներով մեծ երկիրներու մէջ այդ նպատակով քարոզութիւններ կ՛ընեն: Թուրք ազգը իր վեհանձնութեան գրաւականը կու տայ` իր հայրենիքին մէջ հաստատուած հայկական հիմնարկութիւններուն նիւթապէս օգնելով: Մինչ արտասահմանի հայերը կ՛առարկեն, որ Թուրքիա բնակող հայերը գէշ վերաբերումի առարկայ կ՛ըլլան, թուրք խորհրդարանը բոլորովին հակառակը կ՛ապացուցէ, յանուն թուրք ազգին քաղաքակրթական եւ բարեսիրական պատասխան մը տալով, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ թէ՛ խորհրդարանի անդամներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին:

Ասկէ զատ, թուրք ազգը յոյներուն ալ նոյն պատասխանը տուած է: Մինչ Կիպրոսի յոյները մեր թուրք ազգակիցները կը սպաննեն, այստեղ թուրք կառավարութիւնը յիսուն հազար ոսկիի օժանդակութիւն մը կ՛ընէ Պալըգլըի յունաց հիւանդանոցին, եւ յոյներուն ալ այսպիսի պատասխան մը կու տայ: Միայն թէ յոյներուն կատարուած այս օժանդակութիւնը լաւ ազդեցութիւն չէ գործած, որովհետեւ մենք ունինք թրքական հիւանդանոցներ, որոնք շողանկարումի գործիք անգամ չունին եւ պետական օգնութեան կը կարօտին:

Ծ. Խ.- Պոլսոյ «Մարմարա»-ն կը ճշդէ, որ խնդրոյ առարկայ նուիրատուութիւնը, որ 50 հազար ոսկի է, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին տրուած պետական յատկացումն է, որ մաս կը կազմէ կառավարական պիւտճէին, եւ ամէն տարի կը տրուի հայոց, յունաց եւ հրէական հիւանդանոցներուն եւ որեւէ կապ չունի եկեղեցիին հետ:

«Հայոց Ետին Յոյները Կան», Կ՛ըսէ Թիւրքէշ

ՃՔՄՓ-ի նախագահ Ալփասլան Թիւրքէշ երէկ յայտարարութիւն մը հրատարակեց ամերիկահայերու հակաթուրք ցոյցերուն մասին: Թիւրքէշ կը պահանջէ, որ կառավարութիւնը անմիջապէս միջոցներ ձեռք առնէ հայկական այս շարժումին դէմ եւ կ՛ըսէ.

– Հայկական այս ցոյցերուն ետին տարբեր բաղձանքներ պահուած են: Այս դէպքերը կու գան հաստատելու, որ իշխանութիւնը անտեղեակ է եւ առանց ծրագրի կը գործէ: Թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ թէ՛ վարչապետութիւնը անփոյթ շարժած եւ հարկ եղած հրահանգները տուած չեն: Հայկական ցոյցերուն ետին հելլէն դիւանագիտութեան շուքը կայ, անվիճելի իրողութիւնը այս է: Անոնք այսպիսի առիթներ օգտագործել կ՛ուզեն եւ ազդեցիկ ձեռնարկներ կը կատարեն, մինչ թուրք քաղաքականութիւնը կայուն եւ հետեւողական ընթացք մը ունի միշտ: Կառավարութիւնը տարիէ մը ի վեր կը խուսափի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն շուրջ տեղեկութիւն տալէ թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ կուսակցութիւններուն: Դիւանագիտութեան էական պայմանն է դէպքերու շուրջ տեղեկութիւն ստանալ եւ անմիջապէս փոխադարձ միջոցներ ձեռք առնել: Թուրք արտաքին գործոց նախարարութեան կը յանձնարարենք, որ կառավարութեան միջոցով ստիպողական հրահանգներ տայ եւ դէպքերը կանխելու նպատակով ընդարձակ գործունէութեան մը լծուի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչի՞ Մասին Կ՛երազեն Մեր Անասուն Բարեկամները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?