Հայ Գրական Ներկան Եւ Ապագան
Զեկուցաբեր`
Վահէ Օշական
Անուրանալի, թերեւս նաեւ խանդավառող փաստ է, որ մեր քաղաքին մէջ յառաջացած է գրականութեամբ եւ գրական հարցերով հետաքրքրուող նոր հասարակութիւն մը: Հինգշաբթի, 12 յունուարին «Վասպուրական» սրահ հաւաքուած շուրջ 100 ունկնդիրներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդ, այս նոր հասարակութեան կը պատկանէին. հետաքրքրութիւն ունէին եւ ըսելիք, ուրոյն դիրքորոշում` մեր գրական ներկային եւ ապագային առաջ:
Վահէ Օշական հակազդեցութիւններ ունեցող կենդանի հաւաքականութեան մը դիմաց է, որ կատարեց իր բարձրաձայն խորհրդածութիւնները:
***
Չորս հիմնական մասերու բաժնած էր ան իր զեկուցումը: Նախ խօսեցաւ գրականութեան միջազգային կացութեան եւ ճակատագիրին մասին, յետոյ ներկայացուց մեր գրական կեանքը սփիւռքի մէջ, վերլուծեց այն ազդակները, որոնք կը բնորոշեն մեր գրական ներկան եւ ապագան եւ այս բոլորէն հանեց անձնական եզրակացութիւններ:
Վահէ Օշական կը նկատէ, որ մեր ժամանակներու գրականութիւնը եւ գրողը նախկին պատկերը չեն պարզեր այլեւս: Միջազգային գրականութիւնը աւելի սերտօրէն առնչուած է ժամանակակից աշխարհը յատկանշող քաղաքակրթական ընդհանուր երեւոյթներուն հետ եւ գրողը գրականութեան մեկուսի ստեղծիչը չէ այլեւս, որ ուրիշ հետաքրքրութիւններ չունի: Մշակոյթներու եւ լեզուներու փոխյարաբերութիւն մը ստեղծուած է նաեւ, որ մտաւորական փոխթափանցումի մը փոխազդեցութեան նոր մթնոլորտ մը ստեղծած է միջազգային կեանքի մէջ:
Մենք` հայերս կտրուած ենք այս ընդհանրական շարժումէն: 50 տարի ետ մնացած ենք: Ոչ մէկ շփում ունինք միջազգային գրական շարժումին հետ եւ բանտուած ենք մեր անցելապաշտ ապրումներուն մէջ: Հայ գրողը կը ներկայացնէ տակաւին գրագէտի այն տիպարը, որ վէպ-պատմուածք-քերթուած եռանկիւնին մէջ ջերմանոցային գրականութիւն կը մշակէ:
Վահէ Օշական մեր արդի գրականութիւնը երկու հիմնական մասերու կը բաժնէ` 1920-1945 շրջանը եւ 1945-1965 քսանամեակը: Սփիւռքի առաջին քառորդ դարը, իր տեսակէտով, թրքահայ գրականութեան շեշտուած կնիքը կը կրէ եւ ենթակայութեան բարդոյթէ կը տառապի: Վերջին քսանամեակը բո՛ւն սփիւռքն է արդէն, ուր միաժամանակ կը գործեն 3 սերունդի պատկանող շուրջ 70 գրիչ շարժող մարդեր, որոնք ուրոյն հատորներ տպած են եւ ծանօթ են հայ զանգուածներուն:
Քառասունական թուականները, կը մտածէ Վահէ Օշական, քերթողութեան շրջանն են: Յիսունական թիւերը կը յատկանշուին մանաւանդ արձակով, որուն մակարդակը բացայայտօրէն ցած է: Վաթսունական թուականները աւելի յուսատու կը թուին:
Այս միեւնոյն ժամանակաշրջանի պարբերական մամուլի մասին նոյն երկտեսակ կարծիքը կը յայտնէ զեկուցողը: Կը ներկայացնէ հին, աւանդապաշտ օրկանները անոր եւ յոյսով ու ջերմութիւնով կը խօսի նոր շարժումներու մասին:
Այս պատկերացումէն ետք, խանդավառ չէ համադրումը, որ կ՛ընէ: Բառացիօրէն հետեւեալը կ՛ըսէ ան.
«Սպառած է, քամուած գրական միջին սերունդը, որ վերջին քսան տարիներուն ամլութեան շրջան մը ունեցած է: Նորը միջինի ճամբով է, որ կ՛երթայ: Գրական ոչ մէկ տագնապ ունի: Զգացական աւանդական քնարերգութիւն մը կայ մէջտեղ, եւ թոյլ ու հասարակ արձակ մը, որ չի գիտեր շահագործել հայուն բացառիկ հոգեխառնութիւնը` մտնելու աշխարհի զգայնութեան մէջ»:
Այս երեւոյթը կը բացատրէ պարտուողական ոգիի մը ներկայութեամբ, գրականութիւնը գրողէն դուրս ազդակներով պայմանաւորելու հոգեբանութեամբ, իրականութենէ փախուստով եւ գրողի անկախութեան պակասով` ընկերային եւ քաղաքական տեսակէտէ: Բայց կը գտնէ նաեւ գրական տուեալներ, որոնք մեր վաղուան գրական փթթումին նախադրեալները կը նկատէ: Գոյութիւն ունի զարգացած եւ աշխարհին լայնօրէն բացուած երիտասարդութիւն մը, 20-30 տարեկան անձերու ստեղծած հայու նոր կերպարը խանդավառող, եւ յառաջացած է միջին մտաւորական զանգուած մը, որ ենթահողը պիտի ըլլայ վաղուան նոր ստեղծումներուն:
Այս բոլորէն ետք յոռետես չէ ապագային վերաբերող եզրակացութիւնը, որուն կը յանգի Վահէ Օշական: Կը հաւատայ, որ 10-15 տարիէն սփիւռքը ստեղծած պիտի ըլլայ արդէն իր գրական վերածնունդը եւ յոյս կը կապէ պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծութեան ու կարգ մը գաղութներու մէջ ձեւաւորուող նոր շարժումներուն:
***
Խօսք առնողները, մեծ մասով երիտասարդ, միշտ համաձայն չէին զեկուցողի տեսակէտներուն. բայց առհասարակ հեռու չէին անոր կատարած վերլուծումէն: Խօսուեցաւ յատկապէս ժողովուրդ-գրող յարաբերութեան, գրականութեան էութեան, մշակութային միջազգային փոխ յարաբերութիւններու, Հայաստան-Սփիւռք կապերու եւ սփիւռքահայ գրականութեան ապագային մասին: Արտայայտուած կարծիքները` գրեթէ միշտ հետաքրքրական, յաճախ համոզումի կիրքով ձեւակերպուած, կենդանի փոխասութիւն մը ստեղծեցին, որ տեւեց աւելի քան ժամ մը:
Երեւոյթը յատկանշական է. կա՛մ ստեղծագործական մեր երակը ցամքած է եւ կը զբաղինք ակադեմական մտափոխանակութեամբ, որ ամուլ շրջաններու յատկանիշն է, կա՛մ իսկապէս կը գտնուինք նոր ու խանդավառող շարժումերու նախօրեակին: 1980-ը պիտի բերէ՞ իսկապէս գրական վերածնունդը, որուն տեսիլքը պարզեց մեր աչքերուն առաջ Վահէ Օշական:
ԹՂԹԱԿԻՑ