Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1967)

Յունուար 31, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարաշի Աղէտին
47-
րդ Տարելիցը

Մարաշի աղէտին 47-րդ տարելիցին առիթով, կիրակի, 29 յունուար 1967, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց, կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն եւ պաշտամունք:

Հակառակ անդադրում անձրեւին, նահատակներուն յիշատակը յարգող հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ սրբազան արարողութիւններուն:

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ պատարագեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Սրբազան հայրը իր հոգեշունչ քարոզին մէջ յատկապէս շեշտեց հոգիի ջարդարարներուն դէմ զգուշ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:

Կէսօրին Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը հոգեճաշ մը տուաւ Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարանի նորակառոյց սրահին մէջ:

Ներկայ էին Խորէն Ա. կաթողիկոս, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, Մերձ. Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու Գերագոյն խորհուրդի նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեան, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, վարդապետներ, վերապատուելիներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ մարաշցի երեւելի ազգայիններ:

 

Համաստեղի Հոգեհանգիստը
Անթիլիասի Մէջ

Գրագէտ Համաստեղի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 22 յունուար 1967-ին, խնդրանքովը Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի աշակերտութեան:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սգակիր աշակերտները բարձրացան վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ կարճ հանդիսութիւն մը: Արտասանուեցաւ «Աղօթարան»-էն հատուած մը: Ապա խումբ մը աշակերտներ ապրումով կատարեցին խմբական արտասանութիւնը` «Ասացուած մեռած բանաստեղծի շիրմին առջեւ» քերթուածին:

Վեհափառ հայրապետը խօսք առաւ եւ գնահատեց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտներուն այս գովելի եւ գնահատելի մտածումը` հայ գրագէտի մը յիշատակը յարգելու համար: Ապա անձնական կարգ մը դրուագներու մէջէն վեր առաւ արդար եւ բարի անձնաւորութիւնը Համաստեղի մէջ եւ անդրադարձաւ հայ գիրին, հայ մշակոյթին յաւիտենական արժէքին, որուն ջահակիրները ըլլալու կոչուած են Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտները Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ աջահամբոյրով եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

 

Կրթական Կեանք

Յուսադրիչ Երեւոյթներ

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը նոր է, շատ նոր, բայց իր հազիւ երկուքուկէս տարուան կեանքով արդէն սկսած է գոյն առնել, մթնոլորտ ստեղծել, բարիք ըլլալ: Բարիք ըլլալ մանաւանդ հայահոծ Պուրճ Համուտի նոր գիտակցութեան թեւակոխող պարման-պարմանուհիներուն:

Այս հաստատութիւնը, ինչպէս մեր բոլոր երկրորդական վարժարանները, եթէ կրցաւ տիպար հայ մարդը պատրաստել, յաջողած կ՛ըլլայ իր առաքելութեան մէջ ու արդարացուցած` զոհողութիւնները, որոնք եղան, կ՛ըլլան ու պիտի շարունակուին ըլլալ իրեն եւ միւս բոլոր երկրորդական վարժարաններուն համար: Պետական, ֆրանսական եւ անգլիական քննութիւններու մէջ յաջողութիւնը փափաքելի է ու բաղձալի բոլորիս համար, սակայն անով պայմանաւորել մեր երկրորդական վարժարաններու իմաստը` ճիշդ չէ ու անարդար:

Այդ յաջողութիւնները լաւագոյնս ապահովող օտար կրթական հաստատութիւններ շատ կան, մերը, այդ ուղղութեամբ, պիտի ըլլար աւելորդ մսխում: Մեր վարժարաններու գոյութիւնը պայմանաւոր է միա՛յն եւ միայն հայ մարդու պատրաստութեամբ: Այս ուղղութեամբ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը կը տանի գնահատելի աշխատանք:

Յունուար 15-22 երկարող շաբաթը քոլեճին համար եղաւ «Համաստեղի շաբաթ»: Քոլեճի «Հայկական ակումբ»-ը ըրած էր իր կարելին, որպէսզի աշակերտները հետաքրքրուէին Համաստեղով, ճանչնային Համաստեղը, սիրէին Համաստեղը` անոր ընդմէջէն սիրելու համար հայը: Ամէն օր «Հայկական ակումբ»-ի ցուցափեղկը ծածկուեցաւ մամուլէն քաղուած յօդուածներով, նկարներով, նշմարներով:

Իբրեւ մէկտեղում իր ճիգին եւ իբրեւ արտայայտութիւն իր սիրոյն, շաբաթ, 21 յունուար, վերջին պահուն` ակումբը ունեցաւ Համաստեղի նուիրուած իր ելոյթը` զուտ աշակերտական պատրաստութեամբ ու գործադրութեամբ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ քոյր վարժարաններու վերին կարգերու աշակերտները` իրենց տնօրէններով եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յ. Գազանճեան (Յ. Գեղարդ):

Ձեռնարկը յաջողած պէտք է նկատել իր առաջադրուած օրէն իսկ, երբ աշակերտութիւն մը կը մտածէ հայ գրագէտ մը յարգել, անոր քառասունքին առիթով, քոլեճին մէջ անոր անունով շաբաթ կազմակերպել, իր գնահատանքը յայտնելու, զայն ներկայացնելու համար ելոյթ ունենալ, ասիկա «բան» մը ըսել է. ասիկա յաջող քայլ մըն է քոլեճի նպատակին, իրագործման ճամբուն վրայ:

«Հայկական ակումբ»-ը, ինչպէս հաղորդած էինք, «Համաստեղի շաբաթ»-ը փակեց Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեամբ մը` նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Յուզիչ էր տեսնել աւելի քան 200 աշակերտներու եւ 20-է աւելի ուսուցիչներու կեցուածքն ու լրջութիւնը, որոնք արարողութեան ընդմէջէն կ՛ապրէին Համաստեղի հետ, Համաստեղ կը վերակենդանանար անոնց մտքին ու հոգիին մէջ:

Իրապէս ուրախացնող է այս երեւոյթը: Մաղթելի է սակայն, որ ան չըլլայ նոր սկսողի, մանաւանդ հայ սկսողի աժան ու ժամանակաւոր խանդավառութիւն, այլ դառնայ տիրական գիծ, յարատեւ ու մնայուն ճիգ` ուսուցիչներուն, աշակերտներուն ու պատասխանատուներուն մօտ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Անհաւատալի Ու Անհաւանական, Բայց Ճարտար Միջնորդը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?