Յուշարձան Կոթողը
Յուշարձանը Պիտի Խորհրդանշէ Մարդկութեան
Դատավճ Իռը` Հանդէպ Բոլոր Անոնց, Որոնք
Ցեղասպանութեան Զոհերուն Արիւնով
Յագեցուցած Են Իրենց Ցեղային Մոլեգնութիւնը
«Իր Արտաքին Ոճով Եւ Խորհրդալի Բովանդակութեամբ,
Յուշարձանը Պատիւ Կը Բերէ Պիքնել Փարքին»
Կ՛ըսէ Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետութեան Ճարտարապետը
Իր Հաստատագրին Մէջ
Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանին ժողովասրահին մէջ, 9 յունուար 1967-ի երեկոյեան, «ժողովրդական ունկնդրութեան» (փպլիք հիրինկ) գրուած եւ «Պիքնել փարք»-ին մէջ կառուցուելիք յուշարձան-կոթողը պիտի ունենայ վաթսուն եւ հինգ ոտք բարձրութիւն: Բուն կոթողը` 60 ոտք, իսկ խարիսխի բաժինը` 5-6 ոտք: Պիտի կառուցուի ի յիշատակ ապրիլեան Եղեռնի զոհերուն, եւ շինութեան ծախսը ամբողջովին պիտի հոգացուի հայերու կողմէ:
Լոս Անճելըսի արուարձան` Մոնթեպելլոյի փառաշուք եւ նորակերտ քաղաքապետարանին ճարտարապետը` Ալեն, որուն վաւերացման խօսքը պէտք էր հայ երիտասարդ ճարտարապետ Հրանդ Աղպապեանի կազմած նախագիծը ընդունելի դարձնելու համար, իր հաստատագրին մէջ կ՛ըսէ. «Իր արտաքին ոճով եւ խորհրդալի բովանդակութեամբ, յուշարձանը պատիւ կը բերէ «Պիքնել փարք»-ին:
Ճարտարապետ Հրանդ Աղպապեանի նախագիծը մրցումի դրուած մէկէ աւելի այլ նախագիծերու մէջ նախապատուութիւն ստացած է քննիչ մարմինին կողմէ, որովհետեւ այդ նախագիծով կառուցուելիք կոթողը, ոչ միայն խորհրդանշական պատկերացումն է Տէր Զօրի անջրդի մահաստանին մէջ տեղի ունեցած մարտիրոսութեան, այլեւ իբրեւ ոճ` միախառնուած ներդաշնակութիւն մըն է հայ ինքնատիպ ճարտարապետական եւ արդիական ոճերուն:
«Յուշարձան-կոթողը» պիտի բաղկանայ 5-6 ոտք խարիսխի մը վրայ զետեղուած ութ սիւներէ, որոնք ագուցուած պիտի ըլլան իրարու հայկական ոճի կամարներով: Կամարներուն վրայ պիտի բարձրանայ գմբէթը, որուն մակերեսը ծածկուած պիտի ըլլայ ծիածանի գոյները ցոլացնող մոզայիքներով: Կոնաձեւ այս գմբէթին կեդրոնի մասը բաց պիտի ըլլայ եւ երբ անտեսանելի անկիւններէ լոյսերու հեղեղ մը յորդի դէպի կոթողին սիւները, այդ լոյսերը, փնջաւորուած, դուրս պիտի ելլեն գմբէթին կեդրոնի բաց մասէն, տալով տպաւորութիւնը անմար խնկամանի մը:
Ութ սիւները, կամարներն ու կոնաձեւ գմբէթը պիտի պատրաստուին անջատ եւ յետոյ միայն հաստատուին նշանակուած բլրակին վրայ: Այս բոլորը այնպիսի նախանիւթերով պիտի շաղախուին, որ դարերն իսկ իրենց անձրեւներով կամ բնութեան ազդեցութեամբ ի վիճակի չըլլան եղծելու կոթողին սկզբնական գոյնն ու թարմութիւնը:
Սիւներուն ստորոտը, պատերու վրայ յենած երկու նստարաններ պիտի շինուին, որոնք խաչի մը ձեւով պիտի խորհրդանշեն խաչելութիւնը քրիստոնեայ ժողովուրդի մը: Այդ պատերուն վրայ պիտի զետեղուի Յուշարձան-կոթողին իմաստը բացատրող արձանագրութեան տախտակը: Այդ պատին վրայ պիտի զետեղուին նաեւ Հայաստանէն բերուած կարմիր քարեր, որպէսզի ամէն ոք միշտ յիշէ, որ այդ կոթողը կը պատկանի այն մարտիրոսներուն, որոնք զոհ գացին «վասն հայրենեաց» եւ «վասն կրօնի»:
Ոեւէ այցելու դիւրութեամբ պիտի չկրնայ հասնիլ կոթողին ստորոտը եւ պահ մը մեղմել իր խոնջէնքը` նստելով խաչաձեւ նստարաններուն վրայ: 5-6 ոտք բարձրութեամբ սանդուխները ծածկուած պիտի ըլլան խորտ ու բորտ նիւթերով, որոնք պիտի դժուարացնեն այցելուին վերելքը: Կոթողին շուրջ զետեղուած աւազանն ալ, իր մէկէ աւելի շատրուաններով, պիտի դժուարացնէ անցքը այցելուին, յիշեցնելով, որ մարտիրոս ժողովուրդի մը ափ մը վերապրողները ի՜նչ դժնդակ մաքառումներէ յետոյ կրցած են հասնիլ փրկութեան կայանը, ուր թրջած են իրենց լեզուն եւ հոգին, լուսեղէն ջուրովը յաւիտենութեան կառչած հայ ժողովուրդին: Կոթողին ստորոտի ջուրը յիշեցումն է զարհուրանքի այն օրերուն, երբ հայ մանկտիք կաթիլ մը ջուրի ի խնդիր կը յանձնուէին Եփրատի ալիքներուն, երբ զէնքը ձեռքին թուրք ժանտարմն ու ընկերակից չեչենը կ՛արգիլէին անոնց հայրենի Եփրատէն ափ մը ջուր առնել: Սիւներուն զարնուելով, կոնաձեւ գմբէթէն դուրս սահող լոյսի ծուէնները, ինչպէս ծուխը մեր հայրենի օճախներուն, խորհրդանշանն է հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան կառչած մնալու աննկուն հաւատքին, որ մահուան ամէնէն դժնդակ ժամերուն իսկ լոյսին կը կառչի:
Յուշարձան այս կոթողը, ինչպէս հիմնաւորեցին մեր երիտասարդ մտաւորականները իրենց պաշտպանողականով, ո՛չ թէ պիտի քաջալերէ ցեղային ատելութիւնը ամերիկաբնակ ազգերուն միջեւ, այլ պիտի խորհրդանշէ մարդկութեան դատավճիռը հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք ցեղասպանութեան զոհերուն արիւնով յագեցուցած են իրենց ցեղային մոլեգնութիւնը:
Այլ թղթակցութեան մը մէջ ըսուեցաւ արդէն, որ հակառակ փըպլիք հիրինկին ներկայ եղող թուրքերուն պայքարին, գլխաւորութեամբ իրենց Սան Ֆրանսիսքոյի հիւպատոսին, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի անդամները 1 դէմ 4 ձայնով հաստատեցին ամերիկեան քաղաքացի հայերու ցանկութիւնը` նորաստեղծ «Պիքնել փարք»-ին մէջ այս կոթողը զետեղելու:
Ս. ՍԱՐՈՒՆԻ