Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1967)

Փետրուար 1, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Աւարայրի Դիւցազնամարտը

Տասնեւհինգ դարերու խորերէն եկող, բայց իբրեւ այսօր, իբրեւ ներկայ ամէն հայու սրտին խօսող, ամէն հայու սիրտ փոթորկող եւ մեզ` բոլորս` խանդավառող եւ յուսադրող դիւցազնամարտի մը տարեդարձն է այսօր:

Արդարօրէն եւ իրաւամբ, հայ ժողովուրդը, մանաւանդ` մեր գաղութին մէջ, արժանավայել շուքով կը տօնէ Վարդանանցը: Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութեամբ մը, Ազգային իշխանութեանց կարգադրութեամբ, պէյրութահայութիւնը Վարդանանց յիշատակը կը պանծացնէ` փակելով իր վարժարաններն ու խանութները, ու բոլորը, մեծով պզտիկով, այր թէ կին, կը հաւաքուին եկեղեցի` խնկարկելու համար վասն հայրենեաց եւ կրօնի նահատակուած Վարդանի եւ անոր 1036 ռազմիկներուն նուիրական յիշատակին առջեւ:

Պատմութիւնը ունի իր խորիմաստ վճիռները: Անոր առարկայական դատումը վեր է ամէն տարակոյսէ: Հայաստան աշխարհը ճանչցած է բազմաթիւ յաղթանակներ, հայկական դրօշը բազմիցս ծածանած է ռազմադաշտերու վերեւ, բայց այդ յաղթանակները պարզ յիշատակութեան մը կ՛արժանանան պատմութեան մէջ: Փոխարէնը, Վարդանանց պատերազմը, որ մղուեցաւ 451 թուականին, Տղմուտ գետի եզերքին ու վերջացաւ հայկական բանակին ոչնչացումով, զօրապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ բազմաթիւ հայ մեծամեծներու նահատակութեամբ, հակառակ 15 դար անցած ըլլալուն, կը ներշնչէ եկող ու գացող բոլոր սերունդները եւ մտած է յաւտենականութեան սահմաններէն ներս: Ինչպէս երէկ եւ այսօր, վաղն ալ, գալիք դարերուն, հայ ժողովուրդը անկախ թէ անազատ, պիտի փառաւորէ Վարդանանց յիշատակը եւ Աւարայրի ճակատամարտը պիտի նկատէ ազգային պատմութեան կարեւորագոյն աքթը:

Հայ ժողովուրդը Վարդանի մէջ գտած է իր հոգիին, իր խառնուածքին եւ իր ներքին ապրումներուն հարազատ արտայայտիչը:

Վարդան ուղղակի կը բխի հայ ժողովուրդի ազատասիրութեան ակունքէն: Հայկի շառաւիղն է ան ու ատով իսկ կը միախառնուի հայկական զտագոյն առասպելներուն եւ ատով իսկ կը խանդավառէ սերունդները:

Վարդան հայ հոգիին հարազատ արտայայտիչն է: Բռնակալութեան եւ հոգեկան ստրկութեան դէմ անոր դիւցազնական ծառացումը բնազդական է: Կը բխի ազատութեան բուռն ցանկութենէն հայ ժողովուրդին, որուն բոլոր յատկանիշները խտացած կը գտնենք Վարդանին, անոր կեանքին ու գործին մէջ:

Ու անսխալական է ժողովուրդի բնազդը: 451 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը հազիւ գտած էր իր գոյութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն ստեղծող ամուր կռուան մը` հայ գիրը, եւ ատով` ծաղկեցուցած հայ մշակոյթը, բռնակալութիւնը կու գար զայն խլելու իրմէ, հարուածելու հայ հոգին, որուն մահը շուտով պիտի կնքէր դամբարանը հայ ժողովուրդին: Ու իր խիզախումով Վարդան յաւիտենականութեան կը յանձնէր իր ժողովուրդը: Պարտուած` այլ յաղթական, պարտուած մարմնով, յաղթական` հոգիով: Հայ ժողովուրդի ապագան կը վճռուէր Աւարայրի ճակատամարտով:

Վարդանանց պատերազմ կը մղենք նաեւ այսօր, յիսուն տարիէ ի վեր, հեռու մեր հայրենիքէն:

Հայապահպանման նոյն խնդիրները, որոնք 451 թուականին ներկայացած էին հայ ժողովուրդին, կը ներկայանան նաեւ այսօր: Դարձեալ վտանգի մէջ է հայ հոգին, Հայաստանէն ներս թէ դուրս: Ներսը` օտար տիրապետութեան մը ենթակայ, դուրսը` ձուլումի վտանգին:

Այն իրողութիւնը սակայն, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ 15 դար անցած ըլլալուն, իր մէջ վառ կը պահէ Վարդանանց յիշատակը, մեզ կը մղէ հաւատալու, թէ հայ հոգին պիտի մնայ անպարտելի: Պիտի շահինք նաեւ այս ճակատամարտը` Վարդաններու ոգիով եւ անոնց օրինակին ներշնչումով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեակ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Դիրքային Բախումներ Եւ Ազերիական Ներթափանցումի Փորձեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?