Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւն
Յուշագիր` Ուղղուած ՄԱԿ-ի
Փոքրամասնութեանց Իրաւանց Եւ
Խտրականութեան Առաջքը Առնելու Համար
Կազմուած Ենթայանձնախումբին
Ներկայացուած`
Հայաստանի Հանրապետութեան
Պատուիրակութեան Կողմէ
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` իրաւական ներկայացուցիչը Հայաստանի վերջին ազատ կառավարութեան, յանուն հինգ միլիոն հայերու կը ներկայացնէ ներկայ յայտարարութիւնը, որպէսզի ան նկատի առնուի 1967 յունուար 4-ի նիստին ընթացքին:
Յայտարարութիւնը կը դիմէ մասնաւորաբար 6-րդ յօդուածին, որ կը վերաբերի միջազգային պատժական ատեանի մը հաստատումին, որ իրաւասութիւն պիտի ունենայ դատելու ցեղասպանութեան արարքներն ու 3-րդ յօդուածին մէջ յիշատակուած այլ արարքներ:
Նկատելով, որ հայ ժողովուրդը այս դարուն մէջ առաջին զոհը եղաւ ցեղասպանութեան, որ կու գար իբրեւ գագաթնակէտը նախորդ հարիւրամեակին ընթացքին տեղի ունեցած պարբերական հալածանքներու եւ զանգուածային կոտորածներու, եւ նկատելով, որ մօտաւորապէս երկու միլիոն հայեր, այդ ցեղասպանութեան պատճառով այժմ կ՛ապրին ցրուած ի սփիւռս աշխարհի եւ ենթակայ` ձուլումի, ինչ որ շարունակութիւնն է ցեղասպանութեան, եւ նկատելով, որ հայութեան բնաջնջումը կը շարունակուի այսօր եւս` պատմական յուշարձաններուն աստիճանական փճացումովը իր հայրենական հողին վրայ, հայ ժողովուրդը, իր ազգային ժառանգութեանց հանդէպ պարտականութեան, ինչպէս նաեւ մարդկութեան հանդէպ բարոյական պարտաւորութեան մը գիտակցութենէն մղուած` կը պահանջէ, որ աւելի ուժգին եւ վերջնական քայլեր առնուին այս ենթայանձնախումբին կողմէ` 6-րդ յօդուածին ուղղութեամբ:
Պատուիրակութիւնը կը գիտակցի 6-րդ յօդուածին հետ կապուած եւ ձեր յանձնախումբին առջեւ գտնուող հարցերուն եւ դժուարութեանց, մասնաւորաբար ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ (Ակրեշըն) բառին սահմանումին առնչութեամբ: Սակայն կը հաւատանք, որ այդ դժուարութիւնները յաղթահարել կարելի է, անգամ մը որ ցեղասպանութեան եւ յարակից վատագոյն չարիքներու արարքները արձանագրուին իբրեւ այդպիսին:
Մարդկութիւնը պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ առիթներով փաստած է, ինչպէս կը փաստէ նաեւ այսօր, տիեզերական տարածութեանց հետազօտութեան ընթացքին ձեռք բերած արդիւնքներով, որ յաջողելու կամքը նախապայման է հարցերու լուծումին համար եւ որեւէ դժուարութիւն յաջողութեամբ կարելի է դիմագրաւել` անոր մէջ գոյութիւն ունեցող ուժը դասաւորելով: Ապա, ուրեմն, կենսական է, որ բոլոր ժողովուրդները նախ ընդունին, որ ցեղասպանութիւնն ու յարակից արարքները վատագոյն արարքներ են, որոնցմէ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ զերծ մնալ ամբողջովին:
Ցեղասպանութիւնը կարգ մը ազգերու հարց մը չէ, այլ` բոլոր ազգերու: 1915-ին` հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան արարքին անպատիժ մնալը մեծ չափով նպաստեց այլ ժողովուրդներու հանդէպ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին գործուած ոճիրներուն, ինչպէս կը փաստուի 1939 օգոստոս 23-ին Օպերսալզպուրկի մէջ, Լեհաստան ներխուժման վաղորդայնին, նացի ղեկավարին յայտարարութեամբ. «Ո՞վ կը յիշէ այսօր հայոց բնաջնջումը…»:
Այսօր մարդկութիւնը իրաւացիօրէն ահի ու սարսափի մէջ է կորիզային զէնքերու մտածումով եւ կը ձգտի անոնց գործածութիւնը արգիլել, հակառակ որ կորիզային զէնքերու բազմապատկումը ինքնին անոնց գործածութեան դէմ ապահովութիւն մը կը ստեղծէ` նոյն զէնքով հակայարձակման կարելիութեան իսկ պատճառով: Որովհետեւ նման հակադարձութեան մը կարելիութիւնը գոյութիւն ունի ցեղասպանութեան զէնքին գործածութեան մէջ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ է, որ յառաջացնէ աւելի քաղաքակրթուած պաշտպանութեան միջոց մը, ինչպիսին է միջազգային պատժական ատեան մը, որ պիտի ունենայ բաւարար ուժ` արգիլելու համար ցեղասպանութեան ոճիրին եւ յարակից արարքներու գործադրութիւնը:
Թոյլ տալ, որ բառերու սահմանումի հարց մը տեւաբար խափանէ յառաջդիմութիւնը դէպի ցեղասպանութեան նման ահաւոր ոճիրի մը վերացումը, քաղաքակիրթ ազգերը տկարացնող երեւոյթ մը պիտի ըլլայ: Վեցերորդ յօդուածը ձեռնոց մը չէ` նետուած միջազգային պատժական ատեան մը հաստատելու` իր կարողութեան, այլ աւելի ուղղակի հրաւէր` ապացուցելու մարդկութեան անկեղծութիւնը, ցանկալով, որ ճանչցուի մարդուն անմարդկային վերաբերումը մարդուն հանդէպ, բան մը, որ կը մարմնաւորուի ցեղասպանութեան ոճիրին մէջ, եւ մարտահրաւէր մըն է իր կամեցողութեան` «Ազատագրելու մարդը, նման զազրելի խարանումէ մը», ինչպէս կը սահմանուի ցեղասպանութիւնը, Ցեղասպանութեան ոճիրի պատժումի եւ առաջքը առնելու համաձայնագրին նախաբանին մէջ:
Հինգ միլիոն հայեր կը սպասեն, որ ենթայանձնախումբը պիտի կարենայ վերցնել ձեռնոցը եւ համապատասխան մարմինին պիտի յանձնարարէ` շօշափելի առաջարկութիւն մը, հաստատելու համար ազդու միջազգային պատժական ատեան մը, համապատասխան` 6-րդ յօդուածին, իբրեւ անհրաժեշտ նախաքայլը այն երկար ճանապարհին վրայ, ուրկէ մարդկութիւնը պարտաւոր է անցնիլ` հասնելու համար ապահովութեան եւ տեւական խաղաղութեան: