Խմբագրական
Փոխան Յոբելեանի
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վաղը` կիրակի, ամերիկեան համալսարանին հանդիսասրահին մէջ, համազգային շուքով պիտի կատարուի մեծանուն գրագէտ Համաստեղի յիշատակի հանդէսը` մահուան քառասունքին առիթով:
Եթէ երկու ամիս առաջ վրայ չհասնէր Լոս Անճելըսի չարաղէտ վայրկեանը, եւ այլ բեմի մը վրայ, մեծարողներու տարբեր բազմութեան մը առջեւ դիտապաստ չիյնար Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը, շատ հաւանաբար նոյն ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, հաւանաբար նաեւ նոյն սրահին մէջ, առիթը տրուէր մեզի տօնելու իր ծննդեան եօթանասունամեակը` Ի ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ:
Վաղուան հանդէսը փոխան յոբելեանի յուշահանդէս մըն է, ուր եթէ ներկայ պիտի չըլլայ Համաստեղ, ապահովաբար ներկայ պիտի ըլլայ սակայն Համաստեղի գրական վաստակը, անոր անձէն ձեր կազմուած թանկագին ժառանգութիւն մը, որ գուրգուրանքով պիտի պահուի մեր գրականութեան գանձարանին մէջ:
Ա. Աշխարհամարտի ահաւոր օրերէն ետք, երբ յուսահատութիւնը, ինչպէս այլ մարզերու պարագային, նաեւ գրականութեան հաշուոյն բոյն դրած էր հայ հոգիներէն ներս, ի տես նահատակուած Վարուժաններուն, Սիամանթոներուն, Զարդարեաններուն եւ անոնց գրչի ընկերներուն, Համաստեղ, իր առաջին իսկ գործով, նոր յոյսերու աւետաբերը եղաւ, ապա այդ յոյսը վերածեց հաւատքի` անգամ մը եւս հաստատելով հայ ժողովուրդին եւ անոր ստեղծագործ մտքին յաւիտենականութիւնը, հակառակ մահուան խորշակին:
Համաստեղի երեւումը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ խանդավառութեամբ ողջունուեցաւ թէ՛ իբրեւ երեւոյթ եւ թէ՛ իբրեւ ինքնարժէք վաստակ: Երեւոյթը մատնանշեցինք, իսկ վաստակին մասին կը վկայեն իր խոնարհ հերոսները, որոնք ուղղակի Հայաստան աշխարհէն կու գան, մեզի պէս տարագիր, բայց տակաւին կ՛ապրին հոն, հայրենի լեռներուն եւ դաշտերուն մէջ, իրենցմով կ՛ապրեցնեն նաեւ մեզ այդ երազային աշխարհին մէջ, որ մերն է, մեր կեանքին մաս կը կազմէ եւ մեր հոգիին մէջ կը գահակալէ:
Համաստեղ իր գրականութեամբ եկաւ հաստատելու, որ մարդ կրնայ տարիներով, տասնամեակներով հեռու ապրիլ իր հայրենիքէն, բայց ինքզինք երբեք դուրս չզգալ անկէ: Գտնուիլ օտար ափերու վրայ, բայց ամէն օր իր պատուհանէն տեսնել հայրենի աշխարհը, վերապրեցնել զայն իր գրականութեան ճամբով, իր հոգիին ճամբով:
Ի կենդանութեան թէ յետմահու ընծայուած ու տակաւին ընծայուելիք մեծարանքներուն մէջ (որոնց պիտի ուզէինք, եւ արդարօրէն, մասնակից տեսնել հայրենիքը, հայրենի գրողները, որոնք մեզմէ աւելի հնարաւորութիւն ունին գնահատելու Համաստեղի հարազատութիւնը), լայն տեղ ունի հայ գրականութեան Սպիտակ Ձիաւորին այն հայադրոշմ կնիքը, առանց որուն` Համաստեղ պիտի չըլլար այն, ինչ որ է հիմա, պիտի ըլլայ գալիք ժամանակներուն մէջ:
«Կորսուած ժամանակի մը որոնումը» կայ Համաստեղի գործին մէջ, բայց անմիջապէս ետք` զայն գտած ըլլալու սփոփարար երանութիւնը, որ իր անձին մէջէն այնքա՜ն պարզօրէն կը փոխանցուի մեզի, ջերմութիւն կու տայ մեր ցուրտ առօրեային, մեր կարօտաբաղձ ապրումներուն:
Համաստեղ տուաւ այն, ինչ որ ունէր, ու այդ ունեցածին շքեղութիւնը, մեծութիւնը գնահատուեցաւ ի կենդանութեան: Մահը, որուն հետ մտերմօրէն քալեց, «գիտնալով, թէ օր մը պիտի մեռնի», աւելի պիտի իտէալականացնէ իր գործը, որ կենդանի, թարմ, նկարչագեղ վերակերտումն է լեռներու այն աշխարհին, որուն երազը գրկած է իւրաքանչիւր հայ:
Համաստեղ ապրեցաւ հայրենիքին հետ, կենդանի, գրաւիչ Հայաստանի մը վերածելով իր շրջապատը:
Մեռաւ հայրենիքին կարօտով: Իր տեղը հոն է, հայրենի լեռներուն ծոցին մէջ, Եփրատի կամ Արաքսի ափին, որոնց մրմունջը պիտի ըլլայ անվախճան օրօրը իր անխռով նինջին:
Մինչ իր գիւղը, շքեղ պատկերի մը պէս, պիտի ապրի սերունդներու հոգիին մէջ` իբրեւ բաբախուն մասնիկը յաւիտենական Հայաստանին:
Լոս Անճելըսի մէջ մահը տարաւ այն, ինչ որ կորնչելի էր Համաստեղէն: Անկորնչելին մտաւ անեզրին մէջ, ուր իրմէ առաջ գացած էին իր Կար Ամուները եւ Տափան Մարգարները:
Թեհլիրեան Եւ Համաստեղ
Թերեւս անմիջապէս հարցուի, թէ ի՞նչ կապ ունին այս երկու անունները իրարու հետ: Պատասխան չունինք: Չենք գիտեր նոյնիսկ, թէ անոնք երբեւիցէ հանդիպա՞ծ են իրարու, առիթ ունեցա՞ծ են իրարու ձեռք սեղմելու:
Այս զուգորդութիւնը կը կատարենք ենթակայական ճնշումով: Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս սկսած է այդ զուգորդութիւնը, բայց տարիներէ ի վեր այս երկու դէմքերը միասին կը ներկայանան մտքիս, մէկը կը քաշէ կը բերէ միւսը: Մէկը անպայման կը պարտադրէ միւսը:
Մարդոց յիշողութեան միասին ներկայացող գրական ու յեղափոխական տիպարներու պարագան հազուադէպ պարագայ մը չէ: Միասին ապրած, նոյն քաղաքին մէջ ապրած, նոյն ասպարէզին կամ դրօշակին նուիրուած մարդերէն շատերը կարելի է զոյգ-զոյգ յիշել: Օրինակ, կարելի չէ Քրիստափորը առանձին պատկերացնել, Վարուժանը մինակը յիշել, կամ բոլորովին առանձնացնել Շանթը: Հետաքրքիրներու մտքին մէջ, անոնց քովն ի վեր, յաջորդաբար կը կանգնին Զաւարեանը, Սիամանթոն, Աղբալեանը: Կապերը զօրաւոր են ասոնց միջեւ, միասին ծխուած խունկ կայ, երկունք կայ, արիւն, վաստակ:
Այդ կապերէն որեւէ մէկը չկայ գրագէտ Համաստեղին եւ ահաբեկիչ Թեհլիրեանին միջեւ. այսուհանդերձ, մտածումիս մէջ միասին կը ներկայանան անոնք, եւ որովհետեւ մէկը անպայման կայ մեր առօրեային մէջ, միւսը անպայման ներկայ է:
Բայց ուրկէ՞ կու գայ այս կապը, ե՞րբ ստեղծուեցաւ, ո՞վ ստեղծեց այս յամառ առնչութիւնը, կը հարցնեմ յաճախ եւ ընդհանրապէս կանգ կ՛առնեմ քսանական թուականներուն: Կը լսեմ բամբ ձայն մը մէկէն ու սիրտս ուրախութեամբ կը յորդի: Կը լսեմ յանկուցիչ երգ մը յետոյ եւ նոյն ուրախութիւնը կը կրկնուի, երկու ուրախութիւն երկու կաթիլ ջուրերու պէս կը խառնուին իրարու, ամէն ինչ կը խառնուի մտքիս մէջ. Սողոմոն Թեհլիրեան, Համաստեղ, Համաստեղ, Սողոմոն Թեհլիրեան:
Կը յիշեմ, ետ կ՛երթամ նորէն, կ՛ապրիմ:
1921: Պերլին: Գնդակի որոտ մը: Մայթին վրայ մարդասպանի մը արիւնաթաթախ սատակը: Մօտը` յաղթապանծ երիտասարդ մը. աշխարհի չորս ծագերուն Սողոմոն Թեհլիրեան ցնծութիւն` աշխարհ ամենայն, հայութեան նոր հաղորդութիւն, վերաբողբոջ յոյս, ապրելու նոր եռանդ, նոր երդում, ու համբոյր ահաբեկիչ կտրիճին ու խաղաղութիւն` մեռելներուն…
Մտածումով կը քալեմ այդ թուականն ի վեր: Ամէն տեղ եռուզեռ կը տեսնեմ, հիմնարկէքի արարողութիւն, թերթ, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ եռուզեռին մէջէն նոր ձայն մը կը հասնի ականջիս, Պերլինի մէջ բարձրացած որոտին չափ կենսատու երգ մը:
1924: Նիւ Եորք: Համաստեղ: «Գիւղը»: Գիւղին խորունկէն հայրենիքին, հայութեան հարազատ, հարուստ երգը: Ապա «Անձրեւ»` ծարաւած սրտերուն: Ու նոր շունչ, թարմութիւն, նոր յաղթանակ: Ու համբոյր գրագէտին ու խաղաղութիւն` նահատակ մեծերուն:
Նոր կազմուող սփիւռքին մէջ երկու դէպքեր են ատոնք, մէկ-մէկ անկիւնաքար, նախախնամական վէմ: Առաջնութեան սոսկական առաւելութեամբ չէ, որ կը պսակուին այդ երկու դէմքերուն վսեմական վաստակները, այլ` իրենց էութեամբ, ուժականութեամբ, պարգեւած յոյսով, տարածած լոյսով:
Գնդակի բամբ ձայն մը: Գիւղի պարզ երգիչ մը:
Գնդակի բամբ ձայնը եւ գիւղին պարզ երգը խառնուած են մտքիս մէջ ու հեղինակները միասին են միշտ:
Մէկը արութեան ներկայացուցիչն է, միւսը` ստեղծագործութեան: Ամէնէն աղմկարար արարքներէն մէկը արձանագրեց առաջինը, ամէնէն գնահատուած գործը երկնեց երկրորդը: Բայց ապրեցան նոյն ոճով, աղմուկներէն դուրս, ցուցական ժեսթերէն հեռու: Երկուքին հասարակաց գիծը գուցէ այս պարզութիւնն է, մեծերուն վայել վայելչական խոնարհութիւնը:
Թեհլիրեան, Համաստեղ: Բայց ես այնքան կը սիրեմ մտքիս մէջ ստեղծած անոնց շփոթը: Որովհետեւ ես կը սիրեմ մեր ահաբեկիչները` մեր բանաստեղծներուն չափ, մեր հերոսները` մեր գրագէտներուն չափ: Առանց մեր յեղափոխութեան պաշտամունք մատուցանելու` ես չեմ կրնար ապրիլ, առանց գրականութեան սնունդին` օրս իրիկուն չ՛ըլլար, գիշերս չի լուսնար: Շարժում, սուզում: Խիզախութիւն, տեսիլք: Արիւն, երկունք` Թեհլիրեան, Համաստեղ: Մայր երկրէն տարագրուած եւ օտար մայրաքաղաքներուն մէջ մեծագործի անուն վաստակած` օ՜, Հայաստանի այս սուրբերը` Թեհլիրեան, Համաստեղ, ու պատիւ ու խունկ անոնց անունին, յիշատակին, յաւերժակնիք կտակներուն:
Պ. Ս.