Պարսկաստան (Թեհրան)
Պատանեկան Ուխտի Արարողութիւն
100 Պատանի – Պարմանուհիներ
Կատարեցին Իրենց Ուխտը
(Մասնաւոր Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Ուրբաթ, 27 յունուար 1967, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Պատանեկան ուխտի արարողութիւն:
Ներկայ էին հոծ թիւով պատանիներ եւ ղեկավար ընկերներ:
Սրահին ճակատը զարդարուած էր հայկական եռագոյնով, ՀՅԴ զինանշանով եւ երրորդութեան պատկերներով:
100 տղաք եւ աղջիկներ, հայկական աղուոր աչքերով, հայկական դիմագիծով, հայկական նկարագրով, կամովին եկած էին կատարելու իրենց պատանեկան միութեանց սրբազան ուխտը:
Պատանեկան ուխտի արարողութեան առիթով պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը` պատանիներուն կողմէ: Նախ` յոտնկայս երգուեցաւ «Մեր հայրենիք»-ը, ապա տեղի ունեցան արտասանութիւններ, որոնք եկան կրկնապատկելու տիրող խանդավառ մթնոլորտը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ուխտի արարողութիւնը: Սրահին մէկ կողմը կեցած էին ուխտին մասնակցողները: Ոտքի են, զգաստ, եւ բոլորին դէմքերը` խորհրդաւոր: Ղեկավարը ընկեր մը սկսաւ մէկ առ մէկ արտասանել «Պատանեկան ուխտ»-ին խօսքերը, եւ հարիւր պատանի-պարմանուհիներու կրկնող ձայնը կու գար թնդացնելու սրահը: Իրենց աջ ձեռքը բարձրացուցած, եռագոյն դրօշի հովանիին ներքեւ, կրկնեցին բոլորը միաբերան, ուխտին խօսքերը մինչեւ վերջ:
Ուխտը ամբողջացնելէ ետք նոր ուխտեալ տղաքն ու աղջիկները երեք անգամ կոչեցին բարձր ու հաւատաւոր`
«Կեցցէ՛ ՀՅԴաշնակցութիւնը,
«Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան» երրորդութեան անունները,
«Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»:
Ծափերու որոտը, հոգիներուն խանդավառութիւնը, յուզումը, հպարտութեան զգացումը, մէկ խօսքով, աննախընթաց երեւոյթ մըն էր, եւ անմոռանալի օր մը` Պարսկաստանի Պատանեկան միութեանց կեանքին մէջ:
Ուխտի արարողութենէն ետք եղան ողջոյնի խօսքեր, եւ պատանիներ, նուագի, ծափերու եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, սկսան շնորհաւորել նո՛ր ուխտեալները եւ ողջունել բոլորին մուտքը պատանեկանի յարկէն ներս:
Յոտնկայս «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով վերջ գտաւ Պատանեկան ուխտի արարողութիւնը:
Յատկանշական է այն երեւոյթը, որ մեր խոստմնալից տղաքն ու աղջիկնեը խոստացան երեք ամիսէն կրկին ունենալ նման ուխտի արարողութիւն մը, կրկին` նոր հարիւր տղաք, իրենց նման հաւատաւոր հայորդիներ բերելու եւ միացնելու Պատանեկան միութեան: Դժուարին այս գործին համար ջերմօրէն յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին անխտիր:
Նոր ուխտեալ պատանի-պարմանուհիներ խոստացան ըլլալ` կարգապահ, նուիրեալ, գիտակից իրենց կոչումին եւ անանձնական ըմբռնողութեան հարազատ գործողներ: Մի՛շտ ի մտի ունենալով հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ծառայութեան վսեմ պարտականութիւնը:
Պատանեկան այս սրբազան ուխտի արարողութիւնը եւ հարիւրի հասնող տղոց թիւը ինքնին մտածելու եւ խորհդածելու նոր հորիզոն մը կու գան բանալու ամէն մէկ մտահոգ, սրտցաւ եւ գիտակից հայորդիիի դիմաց: Իսկ թերահաւատ, յոռետես կամ տկարացած հոգիներ ունեցող հայերուն, այս ու նման երեւոյթներ, աւելիո՛վ մտածել պիտի տան իրենց գաղափարապաշտ հայ ժողովուրդի վերջնական յաղթանակի մասին:
Մեզի կը մնայ ողջունել եւ համբուրել հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ հայորդիներու բաց ու հպարտ ճակատները եւ ցնծութեամբ արտասանել`
Ցնծա՛, Նայիրեան աշխարհ.
Ցնծա՛, փառապանծ հայ ժողովուրդ:
Ղ. ԺԻՐԱՅՐ