Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1967)

Փետրուար 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւելեան Ուղղափառ Դաւանակից
Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի
Գ. Նստաշրջանին Բացումը Անթիլիասի Մէջ

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ասորի, ղպտի եւ հնդիկ եկեղեցիներու Մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց քարտուղարներով:
(Ա. նիստի այս խմբանկարէն կը բացակային եթովպական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, որոնք կաթողիկոսարան հասան երէկ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին):

Երէկ` երկուշաբթի, 6 փետրուար 1967, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու մնայուն յանձնախումբի երրորդ նստաշրջանին:

Առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, այս առիթով, մատուցուեցաւ յատուկ Ս. պատարագ, եւ ժողովականները խորան բարձրանալով` հաղորդութիւն առին պատարագիչ Արսէն վարդապետէն:

Ժամը 9:30-ին, մատենադարանի սրահին մէջ, դաւանակից եկեղեցիներու վեց պետերուն, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, ղպտի պատրիարք Կիրիլլոս Զ.ի, ասորի պատրիարք Իգնատիոս Եագուպ Գ.ի, Եթովպիոյ պատրիարք Բասիլիոսի եւ հնդիկ-ասորի կաթողիկոս Աուկէն Ա.ի մեծադիր նկարներուն ներքեւ, տեղի ունեցաւ ժողովին պաշտօնական բացումը` Հոմսի ասորիներու առաջնորդ Մալաթիոս Պառնապա եպիսկոպոսի աղօթքով:

Գարեգին եպս. Սարգիսեան, յանուն Խորէն Ա. կաթողիկոսի, բարի գալստեան խօսքերով ողջունեց ժողովականներու ներկայութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Ս. յարկին տակ:

Մնայուն յանձնախումբի ատենապետ Սամուէլ եպիսկոպոս փոխադարձեց Գարեգին եպիսկոպոսի խօսքերուն` շնորհակալութիւն յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցուցաբերած հիւրասիրութեան համար եւ մաղթեց, որ մնայուն յանձնախումբի այս Գ. նստաշրջանը միասնական ճիգի աղուոր շրջան մը ըլլայ, արժանի Աստուծոյ սուրբ անունին եւ քոյր եկեղեցիներու վերակենդանութեան համար:

Այնուհետեւ, ժողովականներու ներկայացումէն, քարտուղարութիւններու նշանակումէն եւ օրակարգի որդեգրումէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն:

 

Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի
Պարահանդէսին Բացառիկ Յաջողութիւնը

Շաբաթ գիշեր, 4 փետրուար, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի լայնարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տարեկան մեծ պարահանդէսը, որ պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ մը, բարոյական եւ նիւթական տեսակէտով:

Մրցանիշ կտրող բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ պարահանդէսին եւ կազմակերպողներուն պատիւ բերող կանոնաւորութեամբ, տեղաւորուեցաւ սեղաններուն շուրջ: Ստեղծուեցաւ արտակարգօրէն խանդավառ մթնոլորտ մը, որ վառ մնաց մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը:

Պարահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Գեղամ Սիսեռեան, իսկ նախագահութիւնը` տէր եւ տիկին Միշել Մըր, որոնք 2000-ական լ. ոսկի նուիրեցին քոլեճին` ընդհանուր ծափահարութիւններու արժանանալով: 1000-ական լ. ոսկի նուիրեցին Մեթնի երեսփոխան Անտրէ Թապուրեան եւ Հայկ Ասլանեան, իսկ հայրենակից մը, որ անունը չուզեց յայտնել, 500 լ. ոսկի:

Իրենց գեղարուեստական մասնակցութեամբ, պարահանդէսին փայլը աւելցուցին ծանօթ ջութակահար Հրայր Ապել, որ իր նուագախումբով նուագեց ցիկան եղանակներ, եւ` Մարի  Փելթեքեան, որ առինքնող ձայնով երգեց իտալական եւ հայկական երգեր:

Քոլեճին տնօրէնը` Կարապետ Պետրոսեան, խօսք առնելով, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ վարժարանին յարաճուն վերելքին մասին` շնորհակալութիւն յայտնելով խնամակալ մարմինին եւ անոր նախագահ Յակոբ Աշճեանին, այն հոգածութեան համար, որ ցոյց կու տան կրթական այս կարեւոր հաստատութեան:

Վիճակահանութեան դրուած էին արժէքաւոր նուէրներ, մասնաւորաբար` Պէյրութ – Փարիզ, Պէյրութ – Հռոմ եւ Պէյրութ – Աթէնք օդանաւի երթուդարձի տոմսեր, որոնք այլ նուէրներու հետ վիճակուեցան 15 բախտաւորներու:

Շաբաթ գիշերուան պարահանդէսը, ուր ստեղծուած ոգեւորութիւնը սքանչելի տրամադրութիւն ստեղծեց բոլորին մօտ, իր մեծագումար հասոյթով գնահատելի նպաստ մը պիտի բերէ կրթական գործին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յարազօդ Կոճատ Զոյգը. Բ. Կատարողական

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?