Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1967)

Յունուար 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարզական

 Գրիգոր Աւետիքեան Ընտրուեցաւ
Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Անցեալ չորեքշաբթի տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն ընտրութիւնը եւ միաձայնութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուեցաւ Գրիգոր Աւետիքեան: Ֆետերասիոնի միւս անդամներն են` Ժոզեֆ Սաատէ` փոխնախագահ, Վարուժան Թորոսեան` քարտուղար, Ժոզեֆ Հերտան` հաշուապահ, Մայք Օգնայեան` գանձապահ, Ալֆրետ Տեպս եւ Ժոզեֆ Ղոլամ խորհրդականներ:

Գ. Աւետիքեանի ընտրութիւնը մեծ գոհունակութիւն պատճառեց հեծելարշաւի բոլոր սիրահարներուն եւ մարզական շրջանակներուն մէջ: Արդարեւ, աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր ծառայելէ ետք մարզական բոլոր ճիւղերուն մէջ, մասնաւորաբար` հեծելարշաւի մարզէն ներս, արդար էր, որ Գ. Աւետիքեանին վստահուէր նախագահի պատասխանատու պաշտօնը, որուն համար բոլոր մարզասէրներուն կողմէ ջերմապէս կը շնորհաւորենք զինք` վստահ ըլլալով, որ շնորհիւ իր փորձառութեան, անսակարկ ու անշահախնդիր նուիրումին, պիտի յաջողի վերակենդանացնել հեծելարշաւը, որուն փառքի օրերու գլխաւոր կերտիչը եղաւ, երբ Նալչայեաններ, Մուրատեաններ, Ծատուրեաններ, Գալայճեաններ իբրեւ արծիւ կը սաւառնէին լիբանանեան լեռներուն վրայ` խանդավառելով բազմահազար բազմութիւններ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, հեծելարշաւը կրկին մուտք կը գործէր Լիբանանի մարզական կեանքէն ներս: ՀՄԸՄ առաջին ակումբը եղաւ` կազմող հեծելարշաւի առաջին խումբը, ուր կը փայլէին Տումանեան եղբայրները: Քիչ ատեն ետք, 16 տարեկան պատանի մը, Ժան Նալչայեան կը պարտադրէր ինքզինք եւ կը դառնար ՀՄԸՄ-ի խումբին առաջնորդը, իր եղբօր` Յարութ Նալչայեանին հետ: ՀՄԸՄ-ի խումբը տարիներով կը մնար անպարտելի եւ իր հեծելանւորդները միշտ կը գրաւէին առաջին տասը տեղերը: Այս խումբի կազմութեան առաջին օրէն Գրիգոր Աւետիքեան եղաւ անոր պատասխանատու ղեկավարը, եւ երբ կազմուեցաւ հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, դարձաւ անոր մնայուն եւ գործօն անդամը` վերցնելով սեւ աշխատանքի ծանր բաժինը, առանց փառասիրութեան, սիրուելով բոլորէն եւ օգտակար դառնալով բոլորին:

ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբը իր փառքի օրերը կ՛ապրէր: Նոր աստղ մը եւս աւելցած էր` Յովհ. Ծատուրեան: Այս շրջանին կը կազմուէր «Սեւան» հեծելարշաւի խումբը, ուր կը փայլէր Կարօ Մուրատեանը: Մրցակցութիւնը ՀՄԸՄ-ի եւ «Սեւան»-ի միջեւ տեւեց երկար տարիներ: Անուններ շատ եկան ու անցան, բայց ոչ ոք կրցաւ գերազանցել վերոյիշեալ ախոյեանները, որոնք այսօր հեծիկները մէկ կողմ դրած` նուիրուած են իրենց անձնական գործերուն: Բայց Գրիգոր Աւետիքեան, իբրեւ ղեկավար, մի՛շտ մնաց պատնէշին վրայ, այս սքանչելի մարզախաղը կենդանի պահելու համար եւ հետամուտ` նոր ախոյեաններ գտնելու:

Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն` իր նոր պաշտօնին մէջ:

Լիբանանահայ Երկրորդական
Վարժարաններու Մարզախաղեր

Լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէն ներս մարզական շարժումին աւելի զարկ տալու նպատակով ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը ստեղծեց  յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել դպրոցական ախոյեանական խաղեր:

Այս ձեռնարկը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը խորհրդակցական ժողովի հրաւիրեց երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները, ուր ներկայացուց իր ծրագիրը եւ լսեց տնօրէններուն դիտողութիւնները եւ ցուցմունքները: Բոլորն ալ նման ձեռնարկի մը յաջողութիւնը անհրաժեշտ նկատեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարելի միջոցներով օժանդակել:

Յանձնախումբը առաջին առիթով կազմակերպած է քրոս քուանթրիի մրցումներ, որոնք տեղի պիտի ունենան 21 եւ 28 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-5:00, Ատոնիսի շրջանին մէջ: Մրցումներուն պիտի կարենան մասնակցիլ դպրոցներու բոլոր աշակերտները, նկատի ունենալով, որ ոչ մէկ մասնաւոր պատրաստութիւն անհրաժեշտ է: Իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի մրցի միայն իր տարեկիցներուն հետ: Այսպէս, մանչերը տարիքի համեմատ` բաժնուած են չորս խումբերու, իսկ աղջիկները` երեք խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբի առաջին տասը հասնողները պիտի ստանան կէտեր, որոնք գումարուելով` կարելի պիտի ըլլայ որոշել ախոյեան դպրոցը, որ պիտի ստանայ բաժակ:

Քրոս քաունթրիէն ետք պիտի սկսին պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, վոլի-պոլի եւ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումները:

Ֆութպոլ

Ֆութպոլի մարզին մէջ հարուստ շաբաթ մը  ունեցանք` մասնաւորաբար Փիթեսթի (Ռումանիա), Տինամոյի այցելութեամբ: Տինամոն Ռումանիոյ առաջին դասակարգի 8-րդ խումբն էր եւ դժուարութիւն չունեցաւ պարտութեան մատնելու Ռասինկը (3-1), ՀՄԸՄ-ը (2-1), Սուրիական բանակը (2-0) եւ Ռասինկ-ՀՄԸՄ խառն խումբը 3-2 արդիւնքով: Ռումանացիք թէեւ չկրցան զգայացունց արդիւնքներ ձեռք բերել, բայց ցոյց տուին, որ թեքնիքի տեսակէտէ, շատ բարձր են տեղական խումբերէն:

Ռամատանի տօնին առիթով երկու հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան տեղական խումբերու միջեւ: Մինչ Սաֆա կը յաղթէր Նըժմէին 1-0 արդիւնքով, Սալամ խումբը եղանակի առաջին անակնկալը կ՛ընէր` պարտութեան մատնելով Մազրաան 1-0 արդիւնքով:

Սաֆայի յաղթանակը խաղի տրամաբանական արդիւնքն էր: Արդարեւ, սաֆացիք դաշտին մէջ տիրապետող եղան, մանաւանդ` երկրորդ կիսախաղին: Նըժմէ իր սովորական կոշտութեամբ կ՛ուզէր յաղթանակին տիրանալ, բայց իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեան կրցաւ սահմանել նըժմէցիներու անկանոնութիւնները:

Իր դաշտին վրայ յաղթել Մազրաային` բացառիկ արդիւնք մըն է, ձեռք բերուած Սալամի կողմէ, որ ախոյեանական մրցումներուն մէջ 7-րդ տեղը կը գրաւէ:

***

17 յունուար 1967, ծննդեան քսանհինգերորդ տարեդարձն է կռփամարտի բոլոր կշիռքներու աշխարհի ախոյեան Քասիուս Քլէյի: Բայց այս տարեդարձը նոր մտահոգութիւններ ստեղծած է Քլէյի համար, որ շատ հաւանաբար ամերիկեան բանակէն կանչուի զինուորական ծառայութիւն կատարելու համար:

1964-ին Քլէյ նկատուեցաւ իբրեւ զինուորական ծառայութեան անկարող, նկատի ունենալով մտային տկարութիւնը, որովհետեւ Քլէյ չէր յաջողած թուաբանական տարրական խնդիրներ լուծել:

Քննիչ յանձնախումբը վերաքննելով իր որոշումը` Քլէյը յարմար նկատեց զինուորական ծառայութեան: Այս անգամ ախոյեանը ինք խուսափեցաւ զինուորագրուելէ` առարկելով որ պիտի նուիրուի մահմետական կրօնի քարոզչութեան, որ պատերազմը կ՛արտօնէ միայն Ալլահի հրամանով եւ անունով:

Շատ հաւանաբար Քլէյի այս պատճառաբանութիւնը չընդունուի, եւ ան կանչուի զինուորական ծառայութեան:

Վ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. «Ինծի Բան Մը Չ՛ըլլար»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?