Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1967)

Փետրուար 8, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցուցարարներուն Հետ

Գրեթէ գարնանային օդով օր մըն է յունուար 21-ի շաբաթ օրը Նիւ Եորքի մէջ: Այս այն օրն է, որ Հայ դատի յանձնախումբը կարգադրած է, որ Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Ճըրզիի ու մօտակայ արուարձաններու հայերը ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ խաղաղ ցոյց կազմակերպեն` յօգուտ ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու ցեղասպանութիւնը պատժող օրէնքի մը ու ատեանի մը կազմութեան:

Կէսօրուան մօտ մէկով, երկուքով, չորսով, տասնով կը  հասնին հայերը ու յանձնախումբին կողմէ նշանակուած հսկիչներու եւ առաջնորդներու ցուցմունքներով, լուրջ ու կարգապահ, մեր պահանջներն ու բաղձանքները ներկայացնող ցուցատախտակներ բռնած` ոստիկանութեան նշանակած վայրին մէջ կը դառնան լուռ ու անխօս: Կը հաւատամ, որ հսկող ոստիկանները մեր ցուցարարներէն աւելի կարգապահ ու օրինապահ ցուցարարներու չեն հանդիպած բնաւ. ու որովհետեւ միեւնոյն վայրին մէջ 200-է աւելի ցուցարարներու ներկայութիւնը չէ թոյլատրուած, մեզ կը բաժնեն երկուքի. մէկը կը թողուն ուղղակի ՄԱԿ-ի շէնքին դիմաց, ուր գունատ, բայց քիչ թէ շատ տաքուկ արեւ մը օդը ջերմացնելով` տանելի կը դարձնէ, ու միւս մասը կը ղրկեն չորս փողոց վեր, կարգ մը մեծ շէնքերու շուքին տակ` պաղ ու անհրապոյր տեղ մը:

Չենք առարկեր:

Օրէնք է… Չըսի՞, թէ օրինակելիօրէն կարգապահ ենք… Ես քիչ մը մէկ խումբին հետ կը քալեմ. քիչ մ՛ալ միւսին: Երկուքին մէջ ալ բարեկամներ ու ծանօթներ ունիմ եւ ուրախ կ՛ըլլամ զանոնք վերստին տեսնելով: Անոնց մէջ կան ծերեր, տարեցներ, երիտասարդներ, պատանիներ ու նոյնիսկ տղաք: Բայց փոքր է անոնց թիւը. ամէն տեսակ փոթորիկի դէմ կենալու տրամադիրները միայն ծերերու մէ՜ջ կարելի է գտնել կարծես, անոնք է, որ դեռ իրենց գործը չաւարտած ըլլալու կարծիքն ունին… Չմոռցած ըսեմ` թէ ներկաներուն մէջ քիչ չէ թիւը նաեւ կիներու եւ աղջիկներու: Հոն է եւ Լեւոնը: Այս անգամ տղայ մը ունի իր պոչին ու անոր վզէն կախած է երիզի վրայ արձանագրող ձայնագիր մը: Լեւոն մէկուն կամ միւսին քովէն քալելով` զայն կը խօսեցնէ, հարցումներ կու տայ, պատասխաններ կ՛արձանագրէ:

– Հայկա՛զ,- կ՛ըսէ յանկարծ քովէս քալող բարեկամս,- ի՞նչ է տարբերութիւնը կալին մէջ դարձող եզին ու մեր… Երկուքս ալ, սահմանափակ միջոցի մը մէջ, կլոր-կլոր կը դառնա՜նք:

– Նմանութիւնը երեւութական է միայն,- կը պատասխանեմ իրեն դառնալով,- եզը միայն իր ու իր տիրոջ համար կ՛աշխատի, մենք` ցեղին  ու իր ապագային համար,- ըսի ջանալով իր դէմքի արտայայտութենէն գուշակել ըսածիս ձգած տպաւորութիւնը:

Կարծեցի, թէ գոհացաւ, համոզուեցաւ, ուրախ եղաւ, որ քալելու նման պարզ ու դիւրին արարքով մը ցեղին շահերուն կը ծառայէր… Պահ մը վերջ, կ՛երեւի ըսածիս վրայ քիչ մը մտածելէ վերջ, հարցուց.

– Մինակ մե՞նք է, որ ցեղային շահերով ու ապագայով մտահոգուելու պարտականութիւն ունինք:

– Չէ, ի՞նչ ըսել կ՛ուզես… Հայրենասիրութիւնը մեր մենաշնորհը չէ…

– Հապա ինչո՞ւ միւսները հոս չեն… Շուրջդ նայէ, դաշնակցականներէ ու անոնց համակիրներէ զատ մարդ կը տեսնե՞ս հոս:

Նայեցայ:

– Ի՞նչ գիտնամ,- ըսի,- իրենց դաշնակցական կամ համակիր ըլլալը գրուած չէ իրենց ճակատներուն վրայ:

– Է՜, ատանկ թող ըլլայ… Բայց մեր ազգային գիտակցութիւնը, մեր չհաւնած ու բարբարոս համարած քիւրտերու ազգ. գիտակցութեան իսկ չի հաւասարիր: Դուն 1915-ի ջարդերն ես տեսած, ես` 1895-ինը: Այդ թուին էր, որ թուրք կառավարութեան արտօնութեամբ ու դրդումով քիւրտերը արշաւեցին մեր գիւղին վրայ: Պատահեցաւ, որ երկու տեւապէս հակառակորդ ցեղախումբեր ղրկուին մեր վրայ. անոնք գիւղի արտերուն մէջ կը հանդիպին իրարու ու համաձայնինք, կ՛ըսեն, նախ վերջացնենք մեր ձեռքի գործը, ապա նորէն «էսկի թաս էսկի համամ»… Մերինները քիւրտերու չափ իսկ չկան,- վերջացուց ան տխրամած:

Լալը պակաս էր: Ի՞նչ ըսէի աս մարդուն, ի՞նչ կրնայի ըսել… Ահա, մարդ մը, որ շատ տաք ու պաղ` ու երկու կոտորած էր տեսած իր կեանքի ընթացքին, ու այսօր իր յառաջացած տարիքին մէջ, ձմրան ցուրտին, եկած էր նորէն ծառայելու հայրենիքին ու ազգի շահերուն…

– Ամէն մարդ զոհաբերելու նոյն եռանդը չ՛ունենար ու ամէն մարդ իր գիտցած եւ ուզած ձեւով կը ծառայէ հայրենիքին,- ըսի:

– Ո՞ւր են մեր զաւակները,- պոռթկաց յանկարծ,- բանակ մը կազմելու չափ մե՜ծ է անոնց թիւը, անոնցմէ քանի՞ հատը ներկայ է հոս… Մենք ալ կը կարծէինք, թէ գործ տեսանք, ծանր աշխատանքով ու հազար զոհողութեամբ, զրկանքով զաւակ մեծցուցինք, կրթեցինք, դաստիարակութիւն տուինք… Ո՞ւր են անոնք, հէ՞, ո՞ւր են:

Պատասխան մը չունէի. քիչ մըն ալ քալեցի քովն ի վար, ու «ներողութիւն, մսեցայ, պիտի երթամ», ըսի ու փախայ քովէն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախեան Եւ Ազրպէյճանական Զինուորական Ուժերու Յարաբերակցութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?