50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1967)

Նորութիւն Մը` Էշրեֆիէի Մէջ. «Մեծ Մայրերու Օր»-ը Անցեալ շաբաթ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանը արձանագրեց հոգեշահ յաջողութիւն մը: Միեւնոյն յայտագրով ծնողական ժողով, մանկապարտէզի ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում եւ... «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւն: Ֆրանսատառ եւ արաբատառ թերթեր` «Լ՛Օրիան» եւ «Ժերիտէ», մեծադիր նկարներով անդրադարձան այս ձեռնարկին: «Մայրերու օր»-ուան առթիւ, մօտ 50 ՄԵԾ ՄԱՅՐԵՐ բեմի վրայ նուէր ստացան իրենց թոռնիկներէն կամ թոռնորդիներէն: Օրուան մեծ մայրը` Սիմա Թասլաքեան, մայր` ինը զաւակներու, ունէր 39 թոռնիկ եւ 54 թոռնորդի: Ծաղկեկողովներ տրուեցան օրուան բախտաւոր մօր, ուսուցչական կազմին եւ մեծ մայր Սիմա Թասլաքեանին, որ հակառակ իր 90 տարիներուն, ոտքի ելաւ եւ որոտընդոստ ծափերուն պատասխանեց շնորհալիօրէն... խոնարհելով:   Մայիս 28-ի Տարեդարձին Ոգեկոչումը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1967)

Հայ Երեսփոխանները Եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները Նախագահ Շարլ Հելուի Մօտ Հայ Համայնքը Իր Բոլոր Աղբիւրները Կը Տրամադրէ Պետութեան Չորեքշաբթի, 31 մայիս, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու Սին Էլ Ֆիլի նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց պետական չորս հայ երեսփոխանները եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները որոնք Լիբանանի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին համար ներկայ բացառիկ օրերուն, անգամ մը եւս նախագահին մօտ թարգման հանդիսացան հայրենասիրական այն վառ զգացումներուն եւ նուիրումի պատրաստակամութեան, որ համակած է ամբողջ հայ համայնքը` հայրենիքի ծառայութեան եւ պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ: Տեսակցութիւնը տեւեց մօտ կէս ժամ, ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Կէսօրին հանրապետութեան նախագահութեան դիւանը հրատարակութեան տուաւ հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ ձայնասփռուեցաւ լիբանանեան ռատիոկայանէն....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1967)

Մայիս 28-ի Խորհուրդը Մայիս 28-ի պատմական իրողութիւնը մեծագոյն դարձակէտն է հայ ժողովուրդի ճակատագրին, որ եօթը հարիւր տարիներու անջրպետէն նոր եւ հաստատուն կամուրջ մը կը կապէր իր ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ: Մայիս 28-ը հայ պետութեան վերակերտումի թուականն է, արիւնոտ պատերազմներու եւ  յաղթական ճակատամարտերու վերջին արդիւնքը դրօշազարդ: Այնքան կորուստներէն ետք հայ ժողովուրդի միակ եւ սփոփիչ մխիթարանքը կ՛ըլլար փառաւոր յարութիւնը ազատ եւ անկախ հայրենիքին: Դարերէն եկած տենչանքն էր մայիս 28-ը: Եւ գալիք դարերուն ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է մայիս 28-ը: Հայ ժողովուրդը անհաւասար պայքարներու մէջ նետուեցաւ տիրապետող եւ բռնակալ երկու կայսրութիւններուն դէմ, բազմիցս արիւնլուայ եղաւ, նոյնիսկ ապրեցաւ ապրիլեան Եղեռնը (1915-ին)...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1967)

Բարսեղ Կանաչեանի Յուղարկաւորութիւնը Յուղարկաւորները Գերեզմանատունէն Դուրս Ելան` Իր Սքանչելի Քառաձայն Խմբերգները Ունկնդրելով Դամբանական Խօսեցան` Առաջնորդ Տաճատ Արքեպիսկոպոս, Տոքթ. Է. Էլմաճեան, Մ. Իշխան Եւ Ա. Ուրֆալեան Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ ազգային յարգանքով տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը հայ երգի նուիրեալներէն, անմահն Կոմիտասի արժանաւոր յաջորդ, տաղանդաւոր երգահան-խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի: Արարողութեանց նախագահեց եւ դամբանական խօսեցաւ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Ապա ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներուն եւ երկսեռ ուսանողներու շարքերուն մէջէն դագաղը ուսամբարձ տարուեցաւ մինչեւ ելքի դուռ: Այնուհետեւ, ինքնաշարժներու երկար թափօրով փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատունը: Մուտքի փողոցի անկիւնադարձէն մինչեւ գերեզմանատուն դագաղը դարձեալ ուսամբարձ տարուեցաւ: Թաղման յուզիչ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1967)

Պօղոս Սնապեան Թեհրանի Մէջ «Բագին» ամսագրի եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Պօղոս Սնապեանի պարսկահայ գաղութին տուած այցելութեան առիթով Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթ կը գրէ. «Երիտասարդ գրագէտ Պօղոս Սնապեան Թեհրան հասաւ հինգշաբթի, մայիս 11-ին, «Ալիք»-ի մասնաւոր հրաւէրով, հաստատելու համար նոր ու աւելի հաղորդ մշակութային կապեր: «Հոգեպէս ուրախ ենք, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուի արդէն իսկ իր երիտասարդ տարիքին որոշ վաստակ ունեցող, եռուն ու անհանգիստ խառնուածքով այս գրագէտը»: «Ալիք» տուած է նաեւ լայն տեղեկութիւններ Սնապեանի մասին: Կենսագրութիւնը, լոյս ընծայած գործերը, մամուլի մէջ հրատարակած գեղարուեստական եւ քննադատական բազմաթիւ յօդուածները, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած հրապարակային ելոյթները: Կազմուած է մասնաւոր յայտագիր մը: Այժմէական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1967)

Մեր Տեսակցութիւնը Ժորժ Սարգիսեանի Հետ «Փշածաղիկ»-ի Բեմադրութեան Առիթով Վաղը` ուրբաթ, 19, շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 մայիս, երեկոյեան ժամը ճիշդ 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պիտի բեմադրէ «Փշածաղիկ» 14 տեսարանով թատրերգութիւնը: Թարգմանութիւն եւ բեմադրութիւն` Ժորժ Սարգիսեանի: Այս առիթով, թատերախումբի սթիւտիոյին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին հետ: Մեր առաջին հարցումին, թէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հիմնադրութենէն ասդին անցած են 25 տարիներ, մտադրա՞ծ էք տօնել 25-ամեակը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թատերախումբի 25-ամեակին առիթով ծրագրած էինք բեմադրել Լեւոն Շանթի «Կայսրը»: Յարմար բեմ չունէինք: Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատերասրահի շինութիւնը չաւարտեցաւ: Այս պատճառով յետաձգեցինք մեր ծրագիրը: Աշնան, երբ թատերասրահը պատրաստ ըլլայ, բացումը նուիրուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1967)

Միջհայրենակցական Տոհմիկ Պարերու Երեկոն Մայիս 13-ին Խարբերդի, Կարնոյ, Վասպուրականի եւ Տարօնի հայրենակցական միութիւններուն կողմէ տեղի ունեցաւ հայրենական տոհմիկ պարերու մեծ հանդէս` «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ: Սրտապնդիչ եւ մխիթարական հազուադէպ երեւոյթ մը, որ տարիներէ ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով, միացեալ ուժերով տեղի կ՛ունենայ նման գեղեցիկ պարահանդէս մը,  իրենց հարազատ գեղեցիկ տարազներով: «Պրիսթոլ» պանդոկին մեծ սրահը բերնէ բերան լեցուած էր ընտիր բազմութեամբ, որոնք լարուած վիճակով մինչեւ գիշերուան ժամը 3 չյոգնեցան հետեւելու պարերուն: Պարերուն կ՛ընկերանար «Գուսան» նուագախումբը` Մ. Մուշեղեանի ղեկավարութեամբ, որուն մերթ կ՛ընկերանար Լ. Գաթրճեան իր գեղեցիկ ձայնով եւ երգերով: Առանձնապէս յափշտակութեամբ կը դիտուէր վարժ եւ համաչափ, գեղեցիկ ու ճկուն չորս հայրենակցական միութիւններու խմբական պարերը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1967)

Լիբ. Օգն. Խաչի Գնահատելի Գործունէութիւնը Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ պատահած երկու աղէտներ` ողողում եւ հրդեհ, բացառիկ գործունէութեան մը լծեցին Լիբ. օգն. խաչի Շրջանային վարչութիւնն ու աղէտեալ շրջաններու մասնաճիւղերու վարչութիւնները: Եփրատի շրջանի ողողումներուն ատեն, իբրեւ անմիջական օժանդակութիւն, Շրջ. վարչութիւնը 2200 լիբ. ոսկի բաժնեց մեր այն հայրենակիցներուն, որոնց տուները ողողուեցան ջուրի հոսանքէն եւ փճացան կամ վնասուեցան անոնց կահ-կարասիներն ու անկողինները: Լիբ. օգն. խաչը անմիջական օգնութեան փութաց նաեւ Թիրօ քեմփի մեր դժբախտ հայրենակիցներուն, որոնց գոյքերը հրկիզուեցան պատահած հրդեհէն: Արդարեւ, իր անձնուէր ծառայասիրութեամբ, բացառիկ գնահատանքի արժանի է կանացի մեր այս մեծ կազմակերպութիւնը, որուն ընթացիկ-օգտաշատ գործունէութիւնը ծանօթ է բոլորին`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1967)

Համազգայինի Դասախօսութիւնը «Գրագէտի Քաղաքական Եւ Ընկերային Դիրքորոշումը» Զեկուցաբեր` Վ. Օշական Հինգշաբթի, 11 մայիսին, Համազգայինի ակումբին մէջ Վահէ Օշական խօսեցաւ «Գրագէտի քաղաքական եւ ընկերային դիրքորոշումը» նիւթին շուրջ: Զրուցաբերը նախ ներկայացուց մեր քաղաքակրթութեան եւ ընկերային կեանքի հիմնական գիծերը` շեշտը դնելով մարդկութեան անօթութեան, պատերազմի պատճառով ստեղծուած անորոշութեան եւ վախի զգացումին, մտաւորականութեան եւ քաղաքական ուժերու միջեւ ստեղծուած անանցանելի վիհին եւ 20-րդ դարու քաղաքակրթութեան ճակատագրին վրայ: Ան նկատեց, որ ոչինչով կը բարելաւուի աղքատին եւ անօթիին վիճակը, որ անհաւասարութիւնը եւ շահագործումը կը շարունակուին աւելի մեծ չափերով, մարդոց ազատութիւնը կը կաշկանդուի պետական անհրաժեշտութեամբ եւ հաշիւներով, որ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը դարձած է անանուն, անդիմագիծ ճիւաղ մը, որ ծնունդ տուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1967)

Մանուէլ Մելենկիչեանի Յաջողութիւնը Լիբանանահայ երգիչ Մանուէլ Մելենկիչեան, որ տարի մը առաջ Ֆրանսա մեկնեցաւ` իբրեւ «Լիբանանի Ազնաւուրը», մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Փարիզի մէջ: Մելենկիչեան կ՛երգէ «Fare well to Lebanon» ժապաւէնին մէջ, որ ներկայիս կը ցուցադրուի «Սթարքօ» եւ «Մեթրոփոլ» շարժանկարի սրահներուն մէջ: Մելենկիչեան իր նոր երգը` «Թու նայթ թու նայթ» կ՛երգէ անգլերէն: Հայկական Ձեռագիր Մը Կը Ծախուի Վերսայի Մէջ Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-էն կ՛իմանանք, որ Վերսայի մէջ (Ֆրանսա) աճուրդով ծախուած է հաւաքածոյ մը, որուն մէջ կը գտնուէր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐ ՄԸ: «Յառաջ» հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ այդ ձեռագիրը. Աւետարան, փոքրագիր, գրուած` թուղթի վրայ, հայոց թուական 1109-ին, այսինքն` փրկչական թուական 1660-ին: Շօշ, որ է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1967)

Մեր Տեսակցութիւնը  Ջութակահար Սարգիս Խարտալեանի Հետ Լիբանանահայ ջութակահար Սարգիս Խարտալեան, շրջանաւարտ` Նիւ Եորքի «Ճիւլիարտ» երաժշտանոցէն, արժանացած է Կալամեանի մասնաւոր գնահատանքին եւ անոր թելադրութեամբ առաջին ջութակահարն է «Սիաթըլ սեմֆոնիք նուագախումբ»-ին: Միջազգային գնահատանքի արժանացած ջութակահար մըն է Սարգիս Խարտալեան, որուն ունկնդրելու առիթը պիտի ունենայ լիբանանահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը, հինգշաբթի, 18 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ի մէջ: Այս առիթով, հինգշաբթի, 11 մայիսին, մեր խմբագրատան մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք երիտասարդ ջութակահարին հետ: Հարց տուինք, թէ ո՞ր հեղինակները մաս պիտի կազմեն հինգշաբթիի նուագահանդէսի յայտագրին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Յայտագրիս մաս պիտի կազմեն` Պախի, Սեզար Ֆրանքի, Չայքովսկիի, Ճելալեանի եւ այլն ստեղծագործութիւններ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որո՞նք են ձեր նախասիրած հեղինակները:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1967)

Երէկ` Կիրակի, Հոգեգալստեան Պատարագին, Անթիլիաս Շքեղ Ընդունելութիւն Նախագահ Շար Հելուի Ներկայ Եղան Նախարարներ, Երեսփոխաններ, Բարձրաստիճան Սպաներ Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ Սրտաբուխ եւ խանդավառ արտայայտութիւններու առիթ մը եղաւ այն այցելութիւնը, որ   հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու տուաւ երէկ` կիրակի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը` ներկայ գտնուելով Հոգեգալուստի հանդիսաւոր Ս. պատարագին: Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս` ողջունելու համար նախագահը, որ իր բարեբաստիկ այցելութեամբ անգամ մը եւս գուրգուրանքն ու համակրանքը, որ ունի հայ համայնքին հանդէպ` անոր մէջ տեսնելով այս սիրելի երկրին վերելքին ու բարգաւաճման գլխաւոր ազդակներէն մէկը: Պատարագիչն էր Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: Ս. պատարագը սքանչելիօրէն խմբերգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս»-ի եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1967)

Խմբագրական Վեհին Քայլերուն Հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսին Եւրոպա ուղեւորութիւնը, իր հանգրուաններով, պատմական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ է ո՛չ միայն կրօնական-եկեղեցական իմաստով, այլ նաեւ` ու մանաւանդ` իր ազգային նշանակութեամբ, որ ակներեւ է բոլորին համար: Կիպրոս եւ Յունաստան, եթէ վեհափառը հիւրը եղաւ իր թեմերուն` նոյն ատեն քաղաքավարական, փրոթոքոլային այցելութիւններ տալով Մակարիոս սրբազանին եւ Կոնստանդին թագաւորին եւ հելլէն վարիչներուն, Վատիկան այցելութիւնը, սակայն, բոլորովին դուրս կու գայ այդ սահմաններէն եւ պապին հետ հանդիպումը, որ այնքան ընդգծուեցաւ միջազգային մամուլին կողմէ, կը ստանայ բացառիկ կարեւորութիւն, մասնաւորաբար` մեր ժողովուրդին համար: Յանձին վեհափառին, Պօղոս Զ. Վատիկանի մէջ ընդունեց եւ հիւրասիրեց հոգեւոր պետը ժողովուրդի մը, որ աշխարհի առաջին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1967)

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1967)

Մեր Տեսակցութիւնը Լիբանանահայ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Հետ Լիբանանահայ նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Նոր Ատանայի ազգային «Աբգարեան» վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարան: Այնուհետեւ, հակառակ կեանքի ասպարէզ նետուած ըլլալուն, միշտ հետամուտ եղած է իր նախասիրած արուեստին` նկարչութեան: Ինքնաշխատութեամբ որոշ արդիւնքներ ձեռք բերելէ ետք ընդունուած է Արուեստից ակադեմիա, ուր 1953-1955 արձանագրած է ուշագրաւ նուաճումներ: 1956-էն ետք մեկնած է Փարիզ: Նախ Ազգային արուեստից ակադեմիայի մէջ, ապա ազատ ակադեմիայի մէջ ձեռք բերած է նկարչական արուեստի անհրաժեշտ գիտելիքները: Աւելի կատարելագործուելու համար «Լուվր»-ի թանգարանին մէջ ուսումնասիրած է մեծ վարպետներու գործերը: Իրապէս արուեստագէտ նկարիչ մը դառնալու իր կոչումին մէջ Թորոսեան զարգացման ընթացքը ընդգրկած է նկարչութեան պահանջած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1967)

Ակնարկ Պատմական Հանդիպում Մը Միջազգային մամուլը արժանի կարեւորութեամբ արձագանգ հանդիսացաւ այն պատմական հանդիպման, որ երեքշաբթի, մայիս 9-ին ունեցան կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր պետը եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Պօղոս Զ. եւ Խորէն Ա. փոխանակեցին խօսքեր, որոնք նիւթապաշտ այս դարուն, ազնուականութեան դրոշմը ունին եւ Եկեղեցին իր իսկական ճամբուն մէջ մտցնելու մտահոգութիւն մը ցոյց կու տան: Անկախ քրիստոնէական միասնականութեան եւ Եկեղեցիներու մերձեցման բոլոր իրողութիւններէն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներէն մէկուն գահակալին ներկայութիւնը Վատիկանի մէջ մեր ժողովուրդին եւ անոր դատին նպաստող երեւոյթ մը կը նկատենք եւ այդ իսկ պատճառով կ՛ընդգծենք կարեւորութիւնը վեհափառին Եւրոպա ուղեւորութեան եւ անոր հանգրուաններուն` սկսած Կիպրոսէն, մինչեւ Յունաստան, այլ մանաւանդ Վատիկան, անկէ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1967)

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1967)

Պապին Եւ Խորէն Ա.Ի Պատմական Հանդիպումը Պօղոս Զ. Պանծացուց Հայաստանեայց Եկեղեցին Եւ Խօսեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Անհրաժեշտութեան Մասին Վեհափառը Օրհնեալ Նկատեց Այս Հանդիպումը` Ընդգծելով, Որ Վատիկան Քրիստոնեաներու Միջեւ Եղբայրական Նոր Ոգի Մտցուց Խորէն Ա. Դրուատեց Լիբանանը, Որ Անքոյթ Նաւահանգիստ Մը Եղաւ Մեր Եկեղեցիին Համար - Պապը Եւ Կաթողիկոսը Նուէրներ Փոխանակեցին Պօղոս Զ. ձեռքերը կ՛երկարէ` ընդունելու համար Խորէն Ա.ը Սիքսթինեան Մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Պապի մը եւ կաթողիկոսի մը առաջին հանդիպումը: Երկրորդ կարգի վրայ` կարտինալ Պէա: Այսօր, առաջին անգամ ըլլալով, Սիքսթինեան մատուռին մէջ Պօղոս Զ. պապը հանդիպում ունեցաւ հայոց Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ: Կարտինալաց ժողովի երիցագոյն անդամ Էօժեն Թիսըրան, պետական քարտուղար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1967)

Աշոտ Մալաքեանի «Քսանեւհինգերորդ Ժամը» Փարիզեան հինգ շարժասրահներու մէջ սկսած է ներկայացուիլ Հանրի Վերնէօյի (Աշոտ Մալաքեան) վերջին ժապաւէնը` «25-րդ ժամը»` քաղուած Վիրկիլ Ղիորզիուի համանուն վէպէն: Քըլվըր Սիթիի «Մեթրօ-կոլտուին մայըր»-ի մեծ սրահին մէջ աւելի քան հազար անձնաւորութիւններ յոտնկայս ծափահարած են տաղանդաւոր բեմագիրին մեծ ժապաւէնը: Վերնէօյ բացատրած է մամուլի թղթակիցներուն, թէ ի՛նչ ձեւով պատրաստած է այս ժապաւէնը, զոր կրնար Հոլիվուտ դարձնել, քանի որ մէկն էր այն երեք ժապաւէններէն, որուն համար Մալաքեան պայմանաւորուած է «Մեթրօ-կոլտուին մայըր»-ի հետ, բայց «Շատ չէի ուզեր,- կ՛ըսէ Վերնէօյ,- երբ Քըլվըր Սիթի հասայ, երեք ժապաւէններու պայմանագրութիւնով «ՄԿՄ»-ի հետ, հաստատութեան շփացած տղան դարձար: Ամէն մարդ շուրջս կը դառնար: Հոյակապ գրասենեակ մը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1967)

Խորհուրդներու Գիրկը Հանգչող Հերոսներու Երկրպագու Ու Ես Կ՛երթամ... Բայց Ես Դէպի Արծիւներու Կայանները Ուխտի Ու Ես Կ՛երթամ... Լամբրոնի Դղեակը 14 մարտ 1967, երեքշաբթի: Մինչեւ կէսօր, Տարսոնի մէջ պտոյտներս աւարտելով, Լամբրոն երթալու համար ճամբայ կ՛ելլեմ: Քաղաքին հիւսիսակողմը, Տաւրոսներու լանջերէն հուպ առ հուպ կը յառաջանանք: Տարսոնի բարեբեր ու ընդարձակ տարածութիւնները լեռներու ստորոտը կը վերջանան: Եւ ապա խոպան ու ժայռոտ շրջան մը կը սկսի: Ժամերը կը սուրան, անհրապոյր այդ վայրերէն շտապով կ՛անցնինք: Քայլ առ քայլ վերելքը կը շարունակուի: Հեռուն, բարձունքներու վրայ, կամաց-կամաց կանաչութիւններ կը նշմարուին: Քանի անտառներու խորերը կը յառաջանանք, այնքան տրամադրութիւնս կը փոխուի: Շարունակական ոստումներէ ետք կանաչ փապուղիներու մէջ կ՛անյայտանանք. ոչ մէկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1967)

Խմբագրական  Հերոսներու Գանկին Վրայ Յիսունեւմէկ տարի առաջ, ճիշդ այսօր, մայիսի 6-ին, Պուրճի եւ Մերճէի հրապարակներուն մէջ արեւը իր առաջին ճառագայթները կը նետէր մահաշուք պատկերին վրայ կախաղաններու, ուր անվեհեր բարձրացած էին այս երկու քոյր ժողովուրդներուն ամէնէն ընտիր զաւակները` եղերականօրէն եղբայրացած: Նոյն օրերուն ժողովուրդ մը ամբողջ կը քշուէր հեռու իր պապենական հողերէն, կ՛ենթարկուէր նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութեան եւ կը մահանար արաբական անապատներու աւազներուն մէջ կամ Եփրատի յորձանքներուն անձնատուր: Զոհերը տարբեր էին, բայց նոյնն էր դահիճը, որ իր վայրագութեամբ, անգիտակցօրէն կը նետէր հիմերը հայեւարաբ եղբայրութեան մը, որ այնքան թանկագին պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին, քանի մը տարի ետք, երբ շնորհիւ միջազգային դիւանագիտութեան խաղերուն վերստին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1967)

Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրեն Թուրքերը Թուրք պատմագիր Քեաթիպ Չելեպիի աշխատասիրած «Ճիհան-Նիւմա» պատմա-աշխարհագրական աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է 1732-ին, թուրքերէն տպագրուած առաջին գիրքերէն մէկն է: Գիրքին 41-րդ գլուխը նուիրուած է Հայաստանի, աւելի ճիշդ` Արեւմտահայաստանի, այսինքն` այն նահանգներուն, որոնք Կասրի-Շիրինի պայմանագրով (1639) մնացին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Իսկ Արեւելեան Հայաստանի (Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները) մասին կը խօսի 39-րդ գլուխին մէջ, որ նուիրուած է Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքներու նկարագրութեան: Անհրաժեշտ է դիտել տալ, որ աշխարհագրական եւ պատմական բնոյթի սխալներ գոյութիւն ունին Չելեպիի գործին մէջ: Օրինակ, Հայաստանի սահմաններու նկարագրութեան ատեն հեղինակը, ըստ պարսիկ եւ արաբ աշխարհագէտներու, կը հաղորդէ այդ մասին գոյութիւն ունեցող տարբեր տեղեկութիւններ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 36 of 69 1 35 36 37 69

Արխիւներ