Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1967)

Յունիս 3, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորութիւն Մը` Էշրեֆիէի Մէջ.
«
Մեծ Մայրերու Օր»-ը

Անցեալ շաբաթ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանը արձանագրեց հոգեշահ յաջողութիւն մը: Միեւնոյն յայտագրով ծնողական ժողով, մանկապարտէզի ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում եւ… «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւն: Ֆրանսատառ եւ արաբատառ թերթեր` «Լ՛Օրիան» եւ «Ժերիտէ», մեծադիր նկարներով անդրադարձան այս ձեռնարկին: «Մայրերու օր»-ուան առթիւ, մօտ 50 ՄԵԾ ՄԱՅՐԵՐ բեմի վրայ նուէր ստացան իրենց թոռնիկներէն կամ թոռնորդիներէն: Օրուան մեծ մայրը` Սիմա Թասլաքեան, մայր` ինը զաւակներու, ունէր 39 թոռնիկ եւ 54 թոռնորդի: Ծաղկեկողովներ տրուեցան օրուան բախտաւոր մօր, ուսուցչական կազմին եւ մեծ մայր Սիմա Թասլաքեանին, որ հակառակ իր 90 տարիներուն, ոտքի ելաւ եւ որոտընդոստ ծափերուն պատասխանեց շնորհալիօրէն… խոնարհելով:

 

Մայիս 28-ի Տարեդարձին Ոգեկոչումը
«
Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի Մէջ

Մայիս 30, երեքշաբթի, իրիկուան վերջին պահուն, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի վերի հինգ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներով հաւաքուած էին «Վասպուրական» սրահին մէջ` ամէն տարուան պէս դարձեալ ոգեկոչելու համար մայիս 28-ի տարեդարձը:

Բեմը զարդարուած էր եռագոյն դրօշով:

Ոգեկոչումի այս հանդէսը ամբողջութեամբ կազմակերպուած էր Լսարանական միութեան կողմէ, որուն նախագահը` Սեպուհ Պալեան կատարեց բացումը եւ հրաւիրեց յայտագիրը գործադրող իր ընկերները, որպէսզի յաջորդաբար ստանձնեն իրենց դերերը:

Կասիա Պաղտիկեան դաշնակի վրայ նուագեց «Մեր հայրենիք»-ը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն Կարօ Դերձակեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց մայիս 28-ի պատմական դէպքերը:

Մայիս 28-ի խորհուրդին հետ կապուած խմբական արտասանութեան յաջորդեց երկրորդ դասախօսութիւնը: Յովսէփ Պարազեան ապրումով եւ ոգեւորութեամբ վերլուծեց մայիս 28-ի իմաստը եւ անկախութեան կենսական կարեւորութիւնը` ազգի մը կեանքին մէջ:

Վերջապէս, կարդացուեցաւ ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի պատգամը` ուղղուած աշակերտութեան: Իր շահեկանութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք անոր իմաստալից խօսքը.-

«Իմ խօսքս այն պիտի ըլլայ, որ Ճեմարանի ուսանողութիւնը, որպէս հայ երիտասարդութեան մէկ մասը, որեւէ տատանում չունենայ մայիս 28-ի մասին:

«Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի կենդանի ոգիի արտայայտութիւնն է: Հայ ժողովուրդը ինքն էր, որ առանց դուրսի որեւէ օգնութեան` ձեռք բերաւ մայիս 28-ը: Հիմա կան մարդիկ, որ կ՛ըսեն, թէ թուրքերուն նուէրն էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Անկախութիւնը չեն նուիրեր, անկախութիւնը ձեռք կը բերուի, կ՛առնուի՛: Եթէ թուրքերը կարողանային չտալ, ի հարկէ չէին տար: Թուրքերն էին, որ ստիպուեցան ճանչնալ հայոց անկախութիւնը: Եթէ մայիս 28-ը չըլլար, Խորհրդային Հայաստանը գոյութիւն պիտի չունենար:

«Մայիս 28-ը ամէնէն աւելի հայ ժողովուրդի կենսունակութեան, ապրելու տենչին ու ծարաւին արտայայտութիւնն է, եւ հայ ժողովուրդը հայրենիք ստեղծեց այն ժամանակ, երբ հայրենիքը վտանգի մէջ էր: Հայ զինուորը անօթի, բոպիկ, բայց անսահման ոգեւորութեամբ պաշտպանեց անկախութեան գործը:  Պէտք էր տեսնել այդ բանակը Հայաստանի անկախութեան ատեն, խորհրդարանին առջեւ, անոր բացման օրը, հրացանը ձեռքին, տրեխաւոր, գէշ հագուած, բայց պատրաստ` վճռական կերպով հայրենիքը պաշտպանելու:

«Իբրեւ օրինակ եւ իտէալ ունեցէք մայիս 28-ը ձեր աչքերուն առջեւ»:

«Հիմա Հայաստանը կայ, մայիս 28 չկայ: Սակայն հայ ժողովուրդի ամէն մէկ անհատի հոգիին մէջ կա՛յ մայիս 28-ը: Անոր շնորհիւ է, որ հայութիւնը պետութիւն ունի: Թէեւ անկախ չէ ան, բայց անկախութեան հնարաւորութիւններ կան եւ ի հարկէ ժամանակը կու գայ, երբ աշխարհի բոլոր բաները կը փոխուին, եւ Հայաստանը կը լինի անկախ պետութիւն: Արդէն իսկ Խորհրդային Հայաստանի վարիչները, թէեւ վախնալով, անկախութեան մասին կը խօսին ու կ՛երազեն:

«Ազգ մը մինչեւ անկախ չլինի, ազգ չէ. իրենք փորձով տեսան, որ անկախ չեն, Հայաստանն ալ իրաւունք ունի անկախութեան, իր ճակատագրի ինքնորոշման: Հայութիւնը պէտք է իր ճակատագիրը ինքը կերտէ: «Կ՛ուզեմ որ ուսանողութիւնը լաւ հասկնայ այս բաները»:

 

Մեր Աճը

Հինգ միլիոն հայութիւն, երկուքը` հայրենի անբաւարար հողին վրայ, քաղաքական երերուն պայմաններու մէջ, մէկուկէս միլիոնը ցրուած Խորհրդային Ռուսիոյ չորս կողմը, ու այդքան թիւ մըն ալ` սփիւռքի ամէն դին, կը գտնուին ձուլման վտանգին ներքեւ:

Մեր աճը ուրեմն կը դառնայ հրամայական պահանջ:

Հայրենի հողին վրայ տնտեսական տխուր պայմաններու մէջ մեր աճը մրցանիշ կոտրելու աստիճան ուշադրութիւն գրաւած է:

Սփիւռքի մէջ, ուր կան յարաբերաբար շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններ, պէտք է մեր շատնալուն ուժ տալ:

Իրան, Իրաք, Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկայի մեր չորս գաղութները, Յունաստան, առանց մոռնալու Հիւսիսային Ամերիկան (թէպէտ` միշտ վտանգուած), Քանատան, Պոլիսը եւ Պալքանները, պէտք է նկատի ունենան կարեւորութիւնը մեր քանակին, այսինքն` մեր աճին:

Երիտասարդութիւնը արդարացում չունի, եթէ կը վարանի իր բոյնը կազմելու:

Ամուսնացածներ պէտք է մտածեն իրենց ակութները ճռուողող հայորդիներով լեցնելու մասին:

Ազգային մարմիններ, հոգաբարձու, թաղական եւ այլն, պէտք է բացառիկ դիւրութիւններ ստեղծեն հինգէ աւելի փոքրիկներու տէր ոչ բարեկեցիկ ընտանիքներու` ընելով կարեւոր զեղչեր ուսման եւ կէսօրուան ճաշին համար:

Բարեսիրական մարմիններ պէտք է մտածեն նման ընտանիքներու տղոց առողջապահական վիճակին մասին:

Հայ բժիշկներ պէտք է կէս այցեգին կամ աւելի պակաս գանձեն այդպիսի  ընտանիքներուն հիւանդներէն:

Հայութեան աճին յօգուտ ամէն տեսակ աշխատանք, նուիրական պարտականութիւն մըն է, որովհետեւ տեղ մը աշխարհ հաշուի կ՛առնէ ժողովուրդներու քանակն եւս. իսկ մենք, մեր մշակոյթին զուգահեռ, կ՛ուզենք նաեւ քանակով ապահովուած տեսնել մեր ապագան:

 

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ճէյտ` Դէպի Իր 2-րդ Իրագործումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?