Խորհուրդներու Գիրկը Հանգչող
Հերոսներու Երկրպագու Ու Ես Կ՛երթամ…
Բայց Ես Դէպի Արծիւներու Կայանները
Ուխտի Ու Ես Կ՛երթամ…
Լամբրոնի Դղեակը
14 մարտ 1967, երեքշաբթի: Մինչեւ կէսօր, Տարսոնի մէջ պտոյտներս աւարտելով, Լամբրոն երթալու համար ճամբայ կ՛ելլեմ: Քաղաքին հիւսիսակողմը, Տաւրոսներու լանջերէն հուպ առ հուպ կը յառաջանանք: Տարսոնի բարեբեր ու ընդարձակ տարածութիւնները լեռներու ստորոտը կը վերջանան: Եւ ապա խոպան ու ժայռոտ շրջան մը կը սկսի:
Ժամերը կը սուրան, անհրապոյր այդ վայրերէն շտապով կ՛անցնինք: Քայլ առ քայլ վերելքը կը շարունակուի: Հեռուն, բարձունքներու վրայ, կամաց-կամաց կանաչութիւններ կը նշմարուին:
Քանի անտառներու խորերը կը յառաջանանք, այնքան տրամադրութիւնս կը փոխուի: Շարունակական ոստումներէ ետք կանաչ փապուղիներու մէջ կ՛անյայտանանք. ոչ մէկ բան կը տեսնենք այլեւս: Գերեզմանային ուղեւոր մը` ծառերու դամբանին մէջ, հինաւուրց աշխարհ մը, ու ես կ՛երթամ…
Ձորերու անդունդները կը գլորինք, զառիվեր բարձունքներ կ՛ելլենք… Բայց միշտ դէպի վեր ու կատարներ կը բարձրանանք:
Տաւրոսներու տեսքը հեռուանց ցանկալի է: Մօտէն, սակայն, անմեկնելի խորհուրդ մը ունի… Հոն նահատակուող հերո՛սը միայն կրնայ մեկնել այդ խորհուրդին իմաստը… Խորհուրդներուս գիրկը հանգչող հերոսներու երկրպագու` ու ես կ՛երթամ…
Ծառերը նազանքով ու պչրանքով կ՛օրօրուին: Հովերը մերթ կը գոռան եւ կը սուլեն… զուլալ ջուրերը կարկաչուն… օդը կենսունակ դրախտանման տեսարաններ եկուորները կ՛ողջունեն:
Որքան կը բարձրանանք, ամպերը կը կուտակուին, մշուշը սարերու գագաթները կը պատէ, մինչ ես զուարթութիւնս կը կորսնցնեմ: Առաքելութեանս այս նուիրական պահուն արեգակը հանգիստի է կոչուեր… Ան թող հեղգանայ, բայց ես` դէպի արծիւներու կայանները ուխտի, ու ես կ՛երթամ…
Վարէն վիթխարի ժայռերուն հիացումով կը նայինք: Պահ մը ետք անոնց կատարները թառած, սիգապանծ, մենք մեր շուրջը կը դիտենք… Ու ետ դառնալով, ա՛լ աւելի բարձրութիւնները դիտելով` զանոնք նուաճելու, ու ես կ՛երթամ…
Պահ մը առաջ պատկառանքով իր առջեւ խոնարհած բարձրութիւնը, քիչ ետք, ոտքերու տակ պատուանդան կ՛ըլլայ… Որքան հսկաները կը նուաճեմ, ա՛լ աւելի կը հպարտանամ… Յաղթական աշխարհակալի մը նման, ու ես կ՛երթամ…:
Օրը տարաժամած է: 1500 մեթր բարձրութեան վրայ բազմած ժայռակոյտը սուգի քողը երեսին փաթթած` կը հեծկլտայ: Դիրքը փառապանծ, փառքը խորտակուած, անցեալի յուշերով հպարտ…
Կառքէն իջնելուս պէս, առաջնորդիս թեւէն բռնելով, մեծ դղեակին ճամբան կը մտնեմ: Զառիվերէն հեւ ի հեւ կը շտապենք: Քանի՛ մեծ բերդին կը մօտենանք, սուգը ծածկող վարագոյրը կը վերնայ եւ հին փառքին վեհութիւնը մեր առջեւ կը պարզուի:
Ժայռակոյտին խարիսխի երկարութիւնը 1000 մեթրի կը հասնի, իսկ միջնաբերդի երկարութիւնը մինչեւ 500 մեթրի մօտ է: Բերդը երեք մասէ կը բաղկանայ, եւ իւրաքանչիւր բաժանմունքի սանդուխը զատ է:
Այս ամրութիւնը տաւրոսեան դաշտին, Տաւրոսներու առաջին ու գլխաւոր կայանն է: Հիւսիսէն հարաւ երկարած բարձրաւանդակ մըն է: Մուտքի դուռը արեւմտեան կողմն է:
Մեծ բերդին ստորոտը եւ վարի պարիսպին մօտ, հին բաղնիքին աւերակները առաջին այցելուն կը դիմաւորեն: Հիւսիսի ու հարաւի վիմափոր սանդուխներէն զատ, մէջտեղի ցից ու դժուար սանդուխն ալ միջնաբերդը կ՛ելլէ: Այս սանդուխին վերը, ձախակողմի տաշուած ժայռին վրայ յունատառ փորագրութիւն մը` «Աստուած բարգաւաճ պահէ այս տունը» արձանագրութիւնը կայ:
Այս «վերելակ»-ին վերջաւորութիւնը միջնաբերդ կը տանի: Ամպերէն վեր կանգնած` մեր շուրջը կը դիտենք: Տեղ մը ճերմակ ու ձիւնածածկ, ուրիշ տեղ մը` կանաչ, միայն մեր գտնուած տեղը մութ գոյն ժայռեր կը տեսնուին:
Փլատակներու մէջէն աճապարանքով բերդին հիւսիսային ծայրը կը յառաջանամ: Բաց դուռ մը կը տեսնուի: Այս է Օշինի ձեռակերտը, ուր Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետը Օշին ու Թորոս իշխանները հաշտեցնելու համար այս սրահին մէջ բազմելով, իր հայրապետական օրհնութիւններով, խաղաղութեան համար աղօթելով` ուրախութեան կոչեր արտասաներ եւ արտասուեր է… Պապենական դաշնագրին նոր վկայ, ու ես կ՛երթամ…
Այս մեծ սրահին քով ուրիշ երկու սենեակներ եւս կան: Երկուքը միասին առաջինին հաւասար են:
Այսօր թէեւ հին յիշատակարանները վերցուած են եւ, սակայն, Տարսոնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պահուած յիշատակարաններու պատճէնները մեզի հասած են.
– Կամաւք անմահ բարերարին որ է պատճառ հանուրց քոյին Ս. հզօր Արքային Աւշին որ թագաւոր Հայոց զարմին կանգնեաց զամրոցս այս ահագին նոցունց որք աստ ապաստանին զհիմն նա դիր այս ամրոցին զթագազարմն Կոստընդին որ նա տիրէ մեծ դղեկին ու դեղնքար անուն կոչին աւարտեցաւ չանաւք նորին ՁԿԸին արդ որ եւ սա ապաստանին եւ կամ մարմնոյ աչաւք նային տալ փոխարէն գտէր ողորմին լինել ժառանգ ադին դրախտին: Ամէն:
Օշին իշխանը Լամբրոնի դղեակը 1071-ին վերաշինած է, մինչդեռ այս արձանագրութիւնը 1319-ին Օշին թագաւորի շրջանին շինուած է: Ուստի այս յիշատակարանը Լամբրոնի դղեակին հիւսիսարեւելեան կողմը սարահարթի մը վրայ կառուցուած եւ տեղացիներուն կողմէ «ՍԻՆԱՊ» կոչուած բերդին պատկանած պէտք է ըլլայ:
Լամբրոնի դղեակին հիւսիսարեւելեան կողմի կողին վրայ արձանագրութիւն մը կայ, բայց հեռաւորութեան պատճառով կարելի չեղաւ կարդալ: Ամերիկացի հետախուզողներ, պարաններով վերէն վար կախուելով, այս արձանագրութիւնը լուսանկարեր են: Կը ցաւիմ, որ իմ միջոցներս թոյլատու չըլլալով` այս յիշատակարանին պատճէնը չկրցանք ուսումնասիրել:
Մենք մեր ուսումնասիրութիւնները կը շարունակենք եւ, սակայն, մշուշի խաւը երթալով կը թանձրանայ: Այլեւս կարելի չ՛ըլլար ամէն ինչ յստակ տեսնել: Ուստի վերադառնալու որոշումէս կը հրաժարիմ: Եւ Լամբրոն (Նամրուն) մնալու որոշում կու տամ:
Գիւղական պանդոկի մը սրճարանը, վառարանի մը մօտ գիւղացիներ մեզ կը շրջապատեն: Վառարանին մէջ փայտերը կը ճարճատեն, մենք ալ հինէն ու նորէն զրոյցներ կը փոխանակենք:
Քանի մը ժամ հանգստանալէ ետք, ճաշելու համար կ՛երթամ գիւղին միակ ճաշարանը, որ սակաւ յաճախորդներ ունէր: Իբրեւ տանուտէր` բոլոր ներկաները կոչունքի կը հրաւիրեմ… Կոչնականները շուրջս հաւաքած` իբրեւ հայրենական փառքերու նահապետ, ու ես կ՛երթամ…
Կերուխումը կը տեւէ մինչեւ կէս գիշեր: Փայտաշէն պանդոկի սենեակը, լամբարի լոյսով, ես կը խորհրդածեմ… եւ ապա կը մրափեմ: Վաղ արշալոյսին դարձեալ Լամբրոնի դղեակն եմ:
Այսօրուան մեծ շինութիւնները, որոնք որ 1071-ին Օշին իշխանի կողմէ շինուած են եւ, սակայն, վիմափոր սանդուխներուն ու զանազան բաժանմունքներուն տեսքէն կարելի է գուշակել, թէ այս ամրոցին շինութիւնը շատ աւելի հին է:
Հայոց թագաւորներու յիշատակը պանծացնող ուրիշ յիշատակարան մը.
– Կամաւք անմահ բարերարի
Որ է պատճառ հանուրց գոյին:
Սուրբ եւ հզաւր արքայն աւշին
Տերամբ թագւոր Հայոց զարմին
Կանգնեաց զամրոցս այս ահագին
Նոցունց որ աստ ապաստանին:
Ըզհիմնադիր այս ամրոցին
Զթագազարմն Կոստընդին:
Որ նա տիրէ մեծ դղեկին
Որ դեղնքար անուն կոչին.
Աւարտեցաւ ջանիւք սորին
ՁԿԸ-ին – Եաւթն հարիւր
վաթսուն ութին –
Արդ որ ի սա ապաստանին.
Եւ կամ մարմնոյ աչաւք նային:
Տալ փոխարէն զտէր ողորմին,
Լինել ժառանգ Ադին Դրախտին.
Ամէն:
Վերադառնալու համար 24 ժամ եւս պէտք է սպասել: Քանի մը ժամուան սպասումէ մը ետք հաստատութեան մը անձնական կառքը կու գայ: Մեր խնդրանքը սիրով դիմաւորելով` մեզ Տարսոն տանելու կը յօժարին:
Վերադարձը չափազանց նեղացուցիչ կ՛անցնի: Անձրեւը ճամբաները կը գոցէ, թանձր մշուշը ամէն կողմ պատած է. շատ տեղեր կենալով ու ապահովութեան միջոցներ խորհելով մեր ճամբան կը շարունակենք: Օդի աննպաստ պայմաններով, վայրէջքը աւելի դժուար կ՛ըլլայ: Սեւ Ջուրի ակին մօտ, կամուրջի քովի սրճարանը պահ մը կը տաքնանք: Այս կամուրջն ու ձորը պատմութեան պիտի անցնին, որովհետեւ երկու տարի ետք այս տեղերը ջուրերը պիտի ողողեն: Մահամերձ վայրերէ հրաժեշտ առնելով, խոնջած եւ յիշատակներով բեռնաւոր, կրկին Տարսոն կը ժամանեմ:
ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ
