Ակնարկ
Պատմական Հանդիպում Մը
Միջազգային մամուլը արժանի կարեւորութեամբ արձագանգ հանդիսացաւ այն պատմական հանդիպման, որ երեքշաբթի, մայիս 9-ին ունեցան կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր պետը եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը:
Պօղոս Զ. եւ Խորէն Ա. փոխանակեցին խօսքեր, որոնք նիւթապաշտ այս դարուն, ազնուականութեան դրոշմը ունին եւ Եկեղեցին իր իսկական ճամբուն մէջ մտցնելու մտահոգութիւն մը ցոյց կու տան:
Անկախ քրիստոնէական միասնականութեան եւ Եկեղեցիներու մերձեցման բոլոր իրողութիւններէն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներէն մէկուն գահակալին ներկայութիւնը Վատիկանի մէջ մեր ժողովուրդին եւ անոր դատին նպաստող երեւոյթ մը կը նկատենք եւ այդ իսկ պատճառով կ՛ընդգծենք կարեւորութիւնը վեհափառին Եւրոպա ուղեւորութեան եւ անոր հանգրուաններուն` սկսած Կիպրոսէն, մինչեւ Յունաստան, այլ մանաւանդ Վատիկան, անկէ` Լիզպոն եւ Լոնտոն:
Երբ Վատիկանի հազարամեայ կամարներուն տակ պապը Հայաստանեայց եկեղեցիին «փառապանծ պատմութիւնը» կը պանծացնէ, ինքնաբերաբար իր բարձր գնահատանքին վկայութիւնը տուած կ՛ըլլայ հանդէպ ժողովուրդի մը, որ հիմնեց այդ եկեղեցին, կանգուն պահեց զայն, զոհուեցաւ անոր համար եւ` բոլոր այն բարոյական արժէքներուն, որոնք Քրիստոսի եկեղեցիին յատկանիշները կը կազմեն:
Վատիկանի ընդունելութեան հանդիսաւորութեան մէջ, Սիքսթինեան մատուռի խորանին առջեւ, բազկաթոռներու վրայ նստած հոգեւոր պետերու այս հանդիպումը ունի յուզիչ պարզութիւն մը, որ իր ներշնչումը կը ստանայ քրիստոնէութեան ակունքէն:
Եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան ճամբուն վրայ առնուած այս նոր քայլը կը հանդիսանայ ոչ միայն կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու իրերհասկացողութեան կենդանի արտայայտութիւն մը, այլ նաեւ քաղաքական այս խռովայոյզ օրերուն կը ստեղծէ խաղաղութեան սփոփարար մթնոլորտ մը:
X
Արհ. Մեսրոպ Հապոզեան
«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ
Վիեննայի Մխիթարեաններու վանքին աբբահայր Մեսրոպ Հապոզեան, որ քանի մը օր առաջ Պէյրութ ժամանեց` նախագահելու համար Մխիթարեան վարժարանին երեսնամեակի արարողութիւններուն, երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, ուր ջերմ մթնոլորտի մէջ խօսակցութիւններ ունեցաւ խմբագրութեան անդամներուն հետ:
Աբբահայրը, որ ասկէ առաջ վեց անգամ եղած է Լիբանան, երկու շաբաթ պիտի մնայ մեր երկիրը` մօտէն շփում հաստատելու համար զանազան շրջանակներու հետ:
Մահ Նկարիչ Կալենցի
Ցաւով իմացանք դառնաղէտ մահը տաղանդաւոր նկարիչ Կալենցի (Յարութիւն Խարմանտայեան), Երեւան, երկուշաբթի, մայիս 8-ին:
Կալենց ծանօթ եւ սիրելի անուն մըն է լիբանանահայութեան համար, որուն առաջին վաւերական նկարիչը եղաւ գրեթէ անուս այս տղան, որ անմիջապէս համբաւի տիրացաւ` շնորհիւ իր ինքնատիպ ոճին եւ բարձրարուեստ նկարչութեան:
Կալենցի տաղանդը խամրեցաւ ստալինեան շրջանի դաժան օրերուն, երբ նկարչութիւնը, բոլոր արուեստներէն աւելի, սեղմումի տակ էր իբրեւ արտայայտութեան միջոց: Հետագային, երբ աւելի մեղմ պայմաններ ստեղծուեցան, Կալենց դառնաացած մարդ մըն էր այլեւս, որ չկրցաւ ըլլալ այն, որուն սահմանուած էր:
Կալենցի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ, մայիսի 10-ին: Առ այժմ մանրամասնութիւններ չկան իր մահուան պարագաներուն մասին: