Համազգայինի Դասախօսութիւնը
«Գրագէտի Քաղաքական
Եւ Ընկերային Դիրքորոշումը»
Զեկուցաբեր` Վ. Օշական
Հինգշաբթի, 11 մայիսին, Համազգայինի ակումբին մէջ Վահէ Օշական խօսեցաւ «Գրագէտի քաղաքական եւ ընկերային դիրքորոշումը» նիւթին շուրջ: Զրուցաբերը նախ ներկայացուց մեր քաղաքակրթութեան եւ ընկերային կեանքի հիմնական գիծերը` շեշտը դնելով մարդկութեան անօթութեան, պատերազմի պատճառով ստեղծուած անորոշութեան եւ վախի զգացումին, մտաւորականութեան եւ քաղաքական ուժերու միջեւ ստեղծուած անանցանելի վիհին եւ 20-րդ դարու քաղաքակրթութեան ճակատագրին վրայ: Ան նկատեց, որ ոչինչով կը բարելաւուի աղքատին եւ անօթիին վիճակը, որ անհաւասարութիւնը եւ շահագործումը կը շարունակուին աւելի մեծ չափերով, մարդոց ազատութիւնը կը կաշկանդուի պետական անհրաժեշտութեամբ եւ հաշիւներով, որ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը դարձած է անանուն, անդիմագիծ ճիւաղ մը, որ ծնունդ տուած է թեքնիք ուժին, ըլլայ Խորհրդային Միութեան, ըլլայ արեւմտեան աշխարհին մէջ, ստեղծուած է նոր դասակարգ, որ կը բաղկանայ կիսամշակ, մասնագիտացած եւ ինքնավստահ գիտնականներէ եւ թեքնոքրաթներէ: Այս դասակարգին գլխաւոր յատկանիշը գիտութեան, պետութեան եւ «յառաջդիմութեան» կռթնած, անիմաստ եւ անհեթեթ շահագործումն է կեանքին եւ մարդուն: Մարդը կաշկանդուած է այն բոլոր մանր օրէնքներով, որ զինք կը տեղաւորեն իր անկիւնին մէջ, ուր ան կը փոշոտի, կը փտի ու կը մեռնի իբր անհատ:
Փաստելու համար քաղաքակրթութեան անկումը` զրուցաբերը օրինակներ բերաւ պատմաբաններէ, գրագէտներէ եւ զանազան մտաւորականներէ, որոնց գլխաւոր հաստատումը կ՛ըլլայ 20-րդ դարու քաղաքակրթութեան նահանջի ճամբով, նահանջ մը, որ կու գայ բանականութեան սնանկութենէն` իբրեւ յայտնաբերող եւ մարդկութեան մասնիկները միակ, հաղորդական ամբողջութիւն դարձնող տուեալ: Բանականութիւնը ծայր տուած է մեր քաղաքակրթութեան եւ հետը բերած է իրեն պատկանող անհեթեթ եւ անիմաստ երեւոյթները:
Այս բոլորին առաջ գրագէտները դիրք ճշդած են գլխաւորաբար 1917-էն ետք, երբ ֆաշական եւ դրամատէր Արեւմուտքին փորձած են հակադրել խոստմնալի ապագայով մարքսիզմը: Մտաւորականի լաւատես նայուածքին առաջ մարմնացած է նոր աշխարհ մը, ուր յառաջդիմութիւնը կը ղեկավարուի, ցեղային եւ տնտեսական անհաւասարութիւնները կը վերնան ու կը տիրէ մարդկային երջանկութիւնը: Երկրորդ դիրքորոշումը կատարուած է Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ մտաւորականը յուսախաբ եղած է ոչ միայն համայնավարութենէն, այլ` մարդու բարոյական ըմբռնումներէն եւ դաւանանքէն: Վերջին 10-15 տարիներուն նկատելի է նոր դիրքորոշում մը, որ ունի երկու երես: Առաջին խմբակը գրագէտներու կ՛ուզէ վառ պահել քաղաքակրթութեան ճրագը ու կը համակերպի իր ազատութեան ու երազի սահմանումին: Երկրորդ խմբակը կ՛ըմբոստանայ հիմնովին եւ իր ամբողջական պոռթկումով կ՛արտայայտէ ինքզինքը, ան կ՛ուզէ քայքայել եւ կործանել իմացական բռնատիրութիւն դարձած` արդէն իսկ մահամերձ քաղաքակրթութիւնը ու նաւել դէպի նոր հորիզոններ, որոնց հեռանկարի նկարագրութիւնը ինք անկարող է ընելու նոյնիսկ իբրեւ գրագէտ: Այդ խմբակի արտայայտութիւնները հիմնուած են ընդհանրապէս զգացական եւ ֆիզիքական հաղորդակցութեան պահանջը եղող փնտռտուքի եւ գործունէութեան վրայ: Ինչպէս զրուցաբերը նշեց, այլեւս հեռու ենք գրականութենէն եւ վկաներն ենք կենցաղային եւ ընկերային նոր երեւոյթի մը:
Ինչպէս իր զրոյցի ընթացքին Վ. Օշական կը գուշակէր, իր արտայայտութիւններուն ուժեղ կերպով հակազդեցին ներկաները եւ մերօրեայ քաղաքակրթութեան անունով դիտել տուին հետեւեալը. Ա) Բանականութիւնը միակ ձեւն է որեւէ քաղաքակրթութեան կառուցման եւ միակ միջոցը մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան ստեղծման: Բ) Ըմբոստներու խմբակը կը դաւաճանէ մտաւորականի եւ գրագէտի կոչումին, որ կը կայանայ փշրուած ճրագին տեղ նորը վառելուն մէջ: Գ) Նորերու փնտռտուքը բիւրեղացած ռոմանթիզմ է կամ զգացական ճանաչողութեան փորձ, նորութիւն չէ, այլ` բնական երեւոյթ: Դ) Այս նոր շարժումի հեղինակները պէտք է կոչել արուեստագէտներ եւ ո՛չ գրագէտներ, քանի որ անոնք ատակ են միայն զգացական կամ ֆիզիքական պոռթկումի: Այս նկատողութիւններուն զրուցաբերը պատասխանեց, որ ըմբոստներու շարժումը պարտաւոր չէ լուծում եւ շինիչ հեռանկար գտնելու, որ` իր գոյութեան իմաստը մինչեւ ծայրը գացող ըմբոստութիւնն է միայն, որ` կը մերժէ զոհ երթալ քաղաքակրթութեան սպաննիչ ներկայութեան, եւ որ այս երեւոյթը նոր է, դեռ կանուխ է խօսիլ վերջնական արդիւնքի մասին:
Ինչպէս կ՛երեւի վերը յիշուածներէն, հինգշաբթիի զրոյցը հետաքրքրական էր եւ հաճելի ոչ միայն զրոյցի առթած հակասական կարծիքներուն պատճառով, այլ որովհետեւ զրուցաբերը իր իւրայատուկ ոճով եւ յաճախ բանաստեղծական շատ յաջող պատկերներով եւ գիւտերով տուաւ աշխարհ մը, որ խորթ է հայ մշակոյթին եւ անհրաժեշտ մղիչ ուժ` մտաւորական վերլուծման եւ յառաջդիմութեան: Սակայն, երբ կը հագնինք քննադատի պատմուճանը, կը նկատենք, որ զրուցաբերը զանց առաւ իր նիւթին հիմը կազմող վերլուծումները եւ տուաւ միայն պատմական ու ընկերային երեսը հարցի մը, որուն առանցքը պէտք էր կազմէր գրագէտի դիրքորոշման պատճառը, ձեւերը, արժէքը, արուեստի սահմանները, նպատակը զուտ արուեստագիտական կամ գեղագիտական գրականութեան կարելիութիւնը, գրական ստեղծագործութեան ծնունդը, հոլովոյթը եւ անոր փոխյարաբերութիւնները մարդուն եւ ընկերութեան հետ: Կը կարծենք, որ մեզի տրուեցաւ փաստարկումը միայն այն հիմնական եւ ըստ էութեան վերլուծման, որ պիտի յստակօրէն գծէր գրագէտը իբր արուեստագէտ եւ ընկերային գործօն, պիտի յայտնաբերէր անոր դրած կնիքը քաղաքակրթութեան վրայ, այդ ազդեցութեան սահմանները, քաղաքական եւ ընկերային արձագանգները եւ վերջապէս հիւանդ քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան գրագէտի բերելիքը թէ՛ իբրեւ ախտաճանաչում ընող արուեստագէտ, թէ՛ իբրեւ ապագան գուշակող եւ կերտող մտաւորական:
Երկրորդ երեւոյթ մը Վ. Օշականի համեմուած զրոյցէն, երբեմնի շատ սրամիտ, բայց «ձրի» արտայայտութիւններն են սերունդներու մշակոյթներու, գրագէտներու եւ այլ երեւոյթներու հասցէին: Կը կարծենք, որ կարելի է ըլլալ արդիական մտածողութեան տէր` առանց կորսնցնելու կապը մտաւորական խորաթափանց ըմբռնողութեան հետ, որ պարտի փաստարկել եւ արդարացնել որեւէ հաստատում, մանաւանդ երբ ներկաները, քննարկուած հարցին, զրուցաբերին համահաւասար մասնագէտները չեն:
Անդրադարձանք նաեւ, որ հակառակ իր զգայնութեան եւ ճաշակին թելադրած խոր պահանջին եւ թռիչքին, զրուցաբերը կամայ թէ ակամայ մեզի հետ է, որ կը թափառի 20-րդ դարու քաղաքակրթութեան անելներուն, տխուր եւ մահաբոյր սունկերու շուքին:
Վ. Փ.