Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1967)

Մայիս 12, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տեսակցութիւնը

Լիբանանահայ Նկարիչ
Յարութիւն Թորոսեանի Հետ

Լիբանանահայ նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Նոր Ատանայի ազգային «Աբգարեան» վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարան: Այնուհետեւ, հակառակ կեանքի ասպարէզ նետուած ըլլալուն, միշտ հետամուտ եղած է իր նախասիրած արուեստին` նկարչութեան:

Ինքնաշխատութեամբ որոշ արդիւնքներ ձեռք բերելէ ետք ընդունուած է Արուեստից ակադեմիա, ուր 1953-1955 արձանագրած է ուշագրաւ նուաճումներ:

1956-էն ետք մեկնած է Փարիզ: Նախ Ազգային արուեստից ակադեմիայի մէջ, ապա ազատ ակադեմիայի մէջ ձեռք բերած է նկարչական արուեստի անհրաժեշտ գիտելիքները: Աւելի կատարելագործուելու համար «Լուվր»-ի թանգարանին մէջ ուսումնասիրած է մեծ վարպետներու գործերը:

Իրապէս արուեստագէտ նկարիչ մը դառնալու իր կոչումին մէջ Թորոսեան զարգացման ընթացքը ընդգրկած է նկարչութեան պահանջած բոլոր ճիւղերը: Հիմնական եւ պայմանական գիծերու գծագրութիւն, արձանագործութիւն, փորագրութիւն, որմանկար եւ խճանկար:

Վկայագիր ստանալէ ետք իր առաջին ցուցահանդէսը տուած է Փարիզի մէջ, 1960-ին: Ամէնէն դժուարահաճ քննադատներուն անգամ ուշադրութիւնը գրաւած են իր նկարները եւ գնահատուած:

Նոյն տարին իր երկրորդ ցուցահանդէսը տուած է Պէյրութի մէջ եւ արձանագրած` մեծ յաջողութիւն:

Վերադարձած է Փարիզ եւ նոր նուաճումներ ձեռք բերելու մտադրութեամբ այցելած է Եւրոպայի գլխաւոր քաղաքները: Այս շրջապտոյտէն ետք, կատարած ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ, 1963-ին Փարիզի մէջ տուած է իր երրորդ ցուցահանդէսը եւ Պէյրութի մէջ իր չորրորդ ցուցահանդէսը, որոնք նոյնպէս գնահատուած են եւ արձանագրած` մեծ յաջողութիւն:

1963-էն մինչեւ այսօր Թորոսեան առաւելաբար գծած է խճանկարներ: Շաւելի (Ֆրանսա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին խորանին եւ դուրսի ճակատին խճանկարները իր գործերն են:

Իր հինգերորդ ցուցահանդէսը տուած է Մարսէյի մէջ: Ընդհանրապէս` փորագիր նկարներ, որոնք մեծապէս գնահատուած են եւ լայն արձագանգ գտած մամուլի մէջ:

Թորոսեանի գործերէն շատերը ցուցադրուած են նաեւ սալոններու մէջ:

Վաղը` ուրբաթ, 12 մայիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կալըրի Քասսիա»-ի մէջ, Մաամարի փողոց, Համրա, բացումը պիտի կատարուի իր վեցերորդ ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 25, ամէն օր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 1:00 եւ կէսօրէ ետք 4:00-էն 7:00:

Այս առիթով «Լա Ռոնտա»-ի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք Թորոսեանի հետ եւ հարց տուինք, թէ քանի՞ նկարներ պիտի ցուցադրուին եւ նկարները ի՞նչ հիմնական մեկնակէտ ունին:

– Պիտի ցուցադրուին շուրջ 30 պաստառներ, որոնք հիմնական մեկնակէտ ունին կնոջ մարմնին «կազմ»-ը:

– Ի՞նչ բացատրութիւն կ՛ուզէիք տալ այս մասին:

– Ձգտումս եղած է, մարմնի կազմին, յատկապէս` կնոջ, տարբերակները գծել այլակերպուած: Այսինքն այս մեկնակէտը ունեցող նկարներուն վերլուծումն ու կազմաւորումը առաջնորդ կը հանդիսանան նկարելու գերիրապաշտ տեսութեան մը հորիզոնները:

Իր տուած բացատրութիւններէն կարելի է եզրակացնել ,որ Թորոսեան գտած է իր նկարելու «ոճ»-ը: Յատկապէս կոր գիծի զարգացման ընթացքին մէջ: Կոր գիծը եղած է յատկանիշը իր գծագրութեան: Այսինքն գիծէ մը մեկնելով` յաջորդաբար գծուած նոր գիծերուն մէջ հասած է բաւական մասնագիտական մակարդակը, սակայն անոնք միշտ կը յիշեցնեն իր մեկնակէտը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Եթովպահայ Կեանք

Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ «Արարատ» մարմնամարզական միութեան, ապրիլ 6-ին, Ատիս Ապեպայի մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն:

Նիւթն էր` «Մխիթար Աբբահայր եւ Ս. Ղազարի դերը հայ վանքերու պատմութեան մէջ»:

Նախագահեց Կորիւն Ծ. վրդ. Մանուէլեան:

«Մխիթար աբբահօր կենսագրականը ներկայացուց Մարտիկ Հերկելեան:

Դասախօսեց Յովսէփ վրդ. Պեհեսնիլեան:

Դասախօսը նիւթը բաժնեց երեք մասի: Ա. մասին` ներկայացուց հայ վանքը, Ա. դարէն սկսեալ: Բ. մասին` ներկայացուց հայ վանքերու իրաւական կազմակերպութիւնը եւ Գ. մասին` ներկայացուց Մխիթար աբբահօր անձն ու կատարած մեծ գործը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Միութեան կողմէ Կ. Փոլատեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դասախօսին: Ապա յայտնեց, թէ առաւելաբար Մուրատ Ռաֆայէլեանի նախկին սաներու առատաձեռն մասնակցութեամբ, եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, Ս. Ղազարի ողողումներուն պատճառած վնասներուն յատկացուելու համար, եթովպահայ գաղութին կողմէ կը նուիրէ 10.250 եթովպական տոլար:

Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչում

Ապրիլ 24-ի առտուն Ատիս Ապեպայի ազգային «Գէորգոֆ» վարժարանի աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ դպրոցի սրահին մէջ: Բանախօսեցին Կորիւն Մանուէլեան եւ տնօրէն Կ. Փոլատեան:

Երեկոյեան «Արարատ» մարզական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշատօն` հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Նախագահեց Ե. Տէրենց:

Տիկին Ճերահեան ներկայացուց հայ կնոջ կրած տառապանքները:

Բանախօսեց Կ. Փոլատեան:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ «Մուրատեան» երգչախումբի եւ «Կոմիտաս» նուագախումբի:

Փակման խօսքը ըրաւ Կորիւն ծ. վրդ. Մանուէլեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարիւր Տարի Ետք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?