Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1967)

Մայիս 5, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրեն
Թուրքերը

Թուրք պատմագիր Քեաթիպ Չելեպիի աշխատասիրած «Ճիհան-Նիւմա» պատմա-աշխարհագրական աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է 1732-ին, թուրքերէն տպագրուած առաջին գիրքերէն մէկն է:

Գիրքին 41-րդ գլուխը նուիրուած է Հայաստանի, աւելի ճիշդ` Արեւմտահայաստանի, այսինքն` այն նահանգներուն, որոնք Կասրի-Շիրինի պայմանագրով (1639) մնացին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Իսկ Արեւելեան Հայաստանի (Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները) մասին կը խօսի 39-րդ գլուխին մէջ, որ նուիրուած է Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքներու նկարագրութեան:

Անհրաժեշտ է դիտել տալ, որ աշխարհագրական եւ պատմական բնոյթի սխալներ գոյութիւն ունին Չելեպիի գործին մէջ: Օրինակ, Հայաստանի սահմաններու նկարագրութեան ատեն հեղինակը, ըստ պարսիկ եւ արաբ աշխարհագէտներու, կը հաղորդէ այդ մասին գոյութիւն ունեցող տարբեր տեղեկութիւններ եւ անոնց հիման վրայ կը գրէ, որ` «ներկայիս Մեծ Արմենիան բաղկացած է Վանի, Կարսի եւ Էրզրումի վիլայէթներէն, իսկ Փոքր Արմենիան` Ատանայի եւ Մարաշի վիլայէթներէն»:

Յայտնի է, որ Ատանայի եւ Մարաշի վիլայէթները պատմականօրէն չեն մտած Փոքր Հայքի սահմաններուն մէջ: Փոքր Հայք կը գրաւէր հռոմէական Կապադովկիա նահանգին այն մասը, որ կ՛ընդգրկէ Գայլ գետին վերին եւ միջին աւազանները, Ալիս գետին վերին հոսանքին շրջանները եւ Տեւրիկ գետին աւազանը ամբողջութեամբ: Ինչ կը վերաբերի Ատանայի վիլայէթին, կը մտնէր Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան սահմաններուն մէջ ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն, իսկ Մարաշ երբեմն մաս կազմած է Կիլիկիոյ, երբեմն ալ եղած է ինքնավար հայկական իշխանապետութիւն մը:

Վերջին շրջանին Անգարայի թրքական պատմութեան ընկերութիւնը` «Թիւրք թարիհ քուրումու», յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Թուրքիոյ պատմութեան վերաբերող պատմական նիւթերու հետազօտութեան եւ հրատարակութեան գործին: Սակայն ժամանակակից թուրք պատմաբանները կը խեղաթիւրեն պատմական դէպքերը: Յատկապէս կը ճգնին ժխտել Արեւմտահայաստանի գոյութիւնը: Օրինակ, 1957-ին, Քեաթիպ Չելեպիի մահուան 30-ամեակին առիթով Անգարայի մէջ լոյս տեսաւ ժամանակակից թուրք պատմաբաններու հաւաքածոն: Այդ հաւաքածոյին մէջ Համիտ Սատի Սելենի գրչին պատկանող ուսումնասիրութիւն մը կայ «Ճիհան-Նիւմա»-ի վերաբերեալ: Այդ ուսումնասիրութեան մէջ  նոյնութեամբ  արտագրուած են Չելեպիի յիշատակած բոլոր երկիրներուն անունները, սակայն շատ յստակ գրուած «Արմենիա երկրի մասին» խորագիրը դարձած է «Արեւելեան Անատոլիա»:

Աւելի՛ն. 1957-1963 Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ «Օսմանեան ընդարձակ պատմութիւն» խորագիրը կրող վեցհատորեայ աշխատութիւնը, որ կը բովանդակէ Թուրքիոյ պատմութեան վերաբերեալ  նիւթերը` սկիզբէն մինչեւ 1923: Այդ  բազմահատորեակին մէջ լայն գիծերով օգտագործուած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող հարուստ դիւանաթուղթերը, փաստաթուղթերը եւ յատկապէս միջնադարեան թրքական աղբիւրները: Այդ հատորներուն մէջ օգտագործուած են նաեւ Քեաթիպ Չելեպիի աշխարհագրական եւ պատմական բոլոր աշխատութիւնները: Գրքին մէջ, պատմական դէպքերու նկարագրութենէն զատ, պարբերաբար ներկայացուած են ծանօթագրութիւններ պատմական ծանօթ դէմքերու, տարազներու, օսմանեան կայսրութեան ներքին կառուցուածքի, անոր սահմաններուն մէջ մտնող երկիրներուն եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:

Բայց ո՞ւր է Հայաստանը…

Թուրք պատմաբանները, հաւատարիմ մնալով պատմութիւնը խեղաթիւրելու իրենց առանձնայատուկ «արուեստին», չարամիտ կերպով ոչ մէկ տող յատկացուցած են Հայաստանի` կարծելով, որ այս ձեւով մոռացութեան կ՛ենթարկեն պատմական Հայաստանի գոյութիւնը: Միայն վեցերորդ հատորին մէջ թռուցիկ կերպով կը խօսուի հայերու` Թուրքիոյ մէջ մշտապէս լաւ ապրելու (?) եւ ԺԹ.-Ի. դարերուն տեղի ունեցած հայկական շարժումներու մասին, որոնք, հեղինակներու կարծիքով, պատճառ դարձած են հայեւթուրք զանգուածներու «փոխադարձ» (?) կոտորածներու:

Որքան ալ որ թուրք ժամանակակից պատմաբանները աշխատին անտեսել եւ խեղաթիւրել Հայաստանի նահանգներու մասին «Ճիհան-Նիւմա»-ի մէջ գրուածները, այսուհանդերձ, թուրք պատմագիրին վկայութիւնները կը մնան անժխտելի փաստ եւ իրողութիւն:

Ա. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Մացնեֆի Կորովի Ճառը

Խոստացած էինք տալ հատուածներ այն ճառէն, որ ֆրանսական «ՔՈՄՊԱ» թերթի աշխատակից Կապրիէլ Մացնեֆ խօսած է Փարիզի մէջ, «Հայ դատի օր»-ուան առթիւ.

Հայ դատին հանդէպ հետաքրքրութիւնս ու համակրանքս զարմանալի չեն երբեք: Կը կարծեմ, որ չի կրնար գտնուիլ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ծարաւի մարդ մը, որ անզգայ մնայ հայ ժողովուրդին եղերական ճակատագրին եւ անտարբեր` անոր տառապանքներուն, պահանջներուն եւ յոյսերուն հանդէպ: Եթէ զարմանալի բան մը կայ, այդ ալ, ընդհակառակն, այն լռութիւնն է, որ շատ յաճախ Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ ցոյց կը տրուի հայկական պահանջներուն հանդէպ:

Այս լռութիւնը բազմապիսի պատճառներ ունի: Ոմանք քաղաքական են, ինչպէս Թուրքիոյ գրաւած առանձնաշնորհեալ դիրքը` Ատլանտեանի զինակցութեան մէջ:  Փակագծի մէջ ըսենք, որ թուրքերը` դարերով քրիստոնեայ ջարդած այս մարդիկը, յանկարծ, Սպիտակ տան եւ Սի. Այ. Էյ.ի օրհնութեամբ, կը դառնան արեւմտեան քաղաքակրթութեան մեծ պաշտպանները. ամէնէն տարօրինակ խեղկատակութիւնը ժամանակակից պատմութեան: Արիւնալի զաւեշտ մը, որ չի խնդացներ մեզ:

Միւս պատճառները հոգեբանական են: Օրինակ` սնոպիզմը: Չի բաւեր, որ դատ մը արդար ըլլայ` շահագրգռելու համար: Պէտք է նաեւ նորոյթ ըլլայ: Հայկական հարցը «նորոյթ» չէ:  Կայ նաեւ մտաւորական վատութիւնը: Պայմանները պակսած են: Այսօր ոչ ոք կ՛ուզէ մեռնիլ Միսոլոկիի մէջ, եւ հազուագիւտ են անոնք, որ անխոհեմ գրութեամբ մը կամ անպատեհ յայտարարութեամբ մը ուզեն գէշ ըլլալ օտար կառավարութեան մը, այս պարագային` թրքական կառավարութեան հետ:

Այս յոռետես նկատումները յուսահատութեան պատճառներ կու տա՞ն հայերուն: Անշո՛ւշտ ոչ: Թշնամի ուժերու դիմաց հայերը անշուշտ թիւով քիչ են, բայց մարդկութեան ծագումէն ի վեր մեծ գործերը եղած են միշտ հեղինակութիւնը փոքրամասնութիւններու, կամ մենաւոր հանճարներու: Հայկական պետութիւն մը այսօր երազ կը թուի, բայց պատմութիւնը մեզ զարմացնելէ չէ դադրած եւ օրինակները բազմաթիւ են:

Գերմանիան այսօր ուրացած է Հիթլերի, Հիմլերի եւ Հայնրիխի ոճիրները: Կ՛ուզենք հաւատալ, որ նոր սերունդներու թուրքերը պիտի չուզեն կապուած մնալ ամօթալի անցեալի մը: Կ՛ուզենք յուսալ, որ այսօր տասը, տասնհինգ կամ քսան տարեկան եղող թուրքերը պիտի չուզեն յաւիտենապէս իրենց ճակատին պահել նախատական, անպատուաբեր խարանը Թալէաթ փաշայի ոճիրներուն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին. Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?