Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1967)

Յունիս 2, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Երեսփոխանները Եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները Նախագահ Շարլ Հելուի Մօտ

Հայ Համայնքը Իր Բոլոր Աղբիւրները
Կը Տրամադրէ Պետութեան

Չորեքշաբթի, 31 մայիս, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու Սին Էլ Ֆիլի նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց պետական չորս հայ երեսփոխանները եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները որոնք Լիբանանի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին համար ներկայ բացառիկ օրերուն, անգամ մը եւս նախագահին մօտ թարգման հանդիսացան հայրենասիրական այն վառ զգացումներուն եւ նուիրումի պատրաստակամութեան, որ համակած է ամբողջ հայ համայնքը` հայրենիքի ծառայութեան եւ պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ:

Տեսակցութիւնը տեւեց մօտ կէս ժամ, ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ:

Կէսօրին հանրապետութեան նախագահութեան դիւանը հրատարակութեան տուաւ հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ ձայնասփռուեցաւ լիբանանեան ռատիոկայանէն.

Հանրապետութեան նախագահը` Շարլ Հելու, այս առտու ընդունեց հայ երեսփոխաններն ու Դաշնակ կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին յայտնելու հայ համանքին պատրաստակամութիւնը եւ ամբողջական նուիրումը` այն կորովի միջոցներուն եւ սքանչելի կեցուածքին, որ Լիբանան, յանձինս իր նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ցոյց կու տայ վերջին դէպքերուն առթիւ, արաբական դատին, մասնաւորաբար պաղեստինեան դատին հանդէպ:

Ներկաները հանրապետութեան նախագահին յայտնեցին իրենց բարձր գնահատանքը` հանդէպ լիբանանեան բանակին, որ արաբական քոյր բանակներուն հետ գործակցաբար միշտ պատրաստ է պաշտպանելու երկիրը` հիացումի արժանի իր քաջարի զինուորներով: Յայտարարելով, թէ իրենց բոլոր աղբիւրները կը դնեն պետութեան տրամադրութեան տակ, անոնք հաւաստիք տուին, թէ հայ համայնքին անդամները որոշած են զինուորագրուիլ` պատասխանելու համար պարտականութեան կոչին:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի երեսփոխաններուն ու Դաշնակ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` այս գեղեցիկ  կեցուածքին համար եւ գնահատեց այն կարգապահութիւնը, նուիրումի ոգին եւ քաղաքացիական ազնիւ զգացումները, որոնց ապացոյցը տուած են հայերը բոլոր առիթներով:

 

«Համազգային»-ի Դասախօսութիւն

 Նիւթ

Ժամանակակից Թատրոնը

Դասախօս` Վարանդ Փափազեան

«Համազգային»-ի Պէյրութի վարչութիւնը, հինգշաբթի, 25 մայիս 1967-ին, փայլուն կերպով փակեց իր հրապարակային դասախօսութիւններու եւ զրոյցներու շարքը` Վարանդ Փափազեանի դասախօսութեամբ:

Իսկապէս հաճոյք մը եղաւ «Ժամանակակից թատրոն»-ի մասին շուրջ ժամ մը տեւող ուսումնասիրութեան ունկնդրութիւնը: Դասախօսին գլխաւոր արժանիքներն էին, նիւթի տիրապետումէն անկախ, անոր տրամաբանական կառոյցով մատուցումը եւ զեկուցումի գեղեցիկ յստակութիւնը: Ընդհանրապէս, ժամանակակից թատրոնէն աւելի, այս դասախօսութիւնը ֆրանսական ժամանակակից գրականութեան մէկ ճիւղին կը վերաբերէր, «անհեթեթի թատրոն»-ին, իր գլխաւոր հեղինակներով:

Կարգ մը ընդհանրութիւններէ ետք, որոնք թատրոնի էութիւնը կը սահմանէին եւ անոր յատկանիշները կը վերլուծէին, Վ. Փափազեան թուեց թատրոնի տեսակները, որոնք գոյութիւն ունին ներկայիս եւ անցաւ ժամանակակից նոր թատրոնի վերլուծումին եւ անոր գլխաւոր գործերու ներկայացումին: Ներկայ թատրոնը, ըսաւ ան, հեղինակի բացարձակ ազատութեան, թատերական կեանքի ակունքներուն վերադարձի եւ ըմբոստութեան իր յատկանիշներով, ինչպէս նաեւ իր արտայայտութեան նոր կերպերով` աւելի հակաթատրոն է, քան` դասականօրէն ըմբռնուած թատրոն:

Դասախօսութեան ծանրութեան կեդրոնը կը կազմէր «անհեթեթի թատրոն»-ի գլխաւոր երկերուն ներկայացումը: Դասախօսը յաջորդաբար վերլուծեց Պեքեթի «Սպասելով Կոտոն» եւ «Խնճոյքի աւարտը» թատերակները, Իւնեսքոյի «Լա քանթաթրիս շով», «Ռնգեղջիւրը», «Դասը», «Նոր վարձակալը», «Աթոռը», «Վարձու մարդասպանը» գործերը եւ Ժան Ժընէի «Լաւերը»: Այս երկերէն մէկ քանին տրուեցան մանրամասն վերլուծումով: Համադրական եզրակացութիւն մը, կրկնելով որոշ կարեւոր մանրամասնութիւններ եւ շեշտելով ուրիշներ, երեւան հանեց նիւթի  մայր երակներուն հետ` դասախօսի վերլուծելի եւ համադրողի հետաքրքրական կարողութիւնը:

 

Հ.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?