Բարսեղ Կանաչեանի
Յուղարկաւորութիւնը
Յուղարկաւորները Գերեզմանատունէն Դուրս Ելան`
Իր Սքանչելի Քառաձայն Խմբերգները Ունկնդրելով
Իր Սքանչելի Քառաձայն Խմբերգները Ունկնդրելով
Դամբանական Խօսեցան` Առաջնորդ Տաճատ Արքեպիսկոպոս,
Տոքթ. Է. Էլմաճեան, Մ. Իշխան Եւ Ա. Ուրֆալեան
Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ ազգային յարգանքով տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը հայ երգի նուիրեալներէն, անմահն Կոմիտասի արժանաւոր յաջորդ, տաղանդաւոր երգահան-խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի:
Արարողութեանց նախագահեց եւ դամբանական խօսեցաւ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Ապա ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներուն եւ երկսեռ ուսանողներու շարքերուն մէջէն դագաղը ուսամբարձ տարուեցաւ մինչեւ ելքի դուռ: Այնուհետեւ, ինքնաշարժներու երկար թափօրով փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատունը: Մուտքի փողոցի անկիւնադարձէն մինչեւ գերեզմանատուն դագաղը դարձեալ ուսամբարձ տարուեցաւ:
Թաղման յուզիչ արարողութիւններէն ետք, յաջորդաբար, դամբանականներ խօսեցան` ատոքթ. Է. Էլմաճեան` «Գուսան» երգչախումբի կողմէ, Մ. Իշխան Համազգայինի եւ Ճեմարանի կողմէ Ա. Ուրֆալեան ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն եւ ընկերներուն կողմէ:
Դամբանախօսները վեր առին հայ երաժշտութեան մեծանուն վարպետին արժանիքները` իբրեւ մէկը այն հազուագիւտ վաստակաւորներէն, որ տիրապետած էր հայ երգի գաղտնիքին, անոր թաքուն գանձերուն, ճոխացնելով հայ երաժշտութիւնը իր սքանչելի ստեղծագործութիւններով:
Թաղումի վերջին «Հայր մեր»-ը խմբերգուեցաւ քառաձայն, «Գուսան» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ տոքթ. Է. Էլմաճեանի: Ապա խմբերգուեցաւ վարպետին «Օրօր»-ը, որ արցունք խլեց ներկաներէն: Մեներգեց Զ. Շանթ:
Այնուհետեւ, ծաղկեխաչերով ծածկուած թարմ հողակոյտին վրայէն ձայնասփռուեցան վարպետին սքանչելի խմբերգները, «Հոյ նար», «Շուշօ» եւ այլն:
Յուղարկաւորները ունկնդրելով վարպետին անմահ գործերը` յուզումով մեկնեցան գերեզմանատունէն:
Աշակերտական
Ցուցահանդէսի Մը Առիթով
Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտները այս տարի եւս կազմակերպեցին իրենց տարեկան նկարչական ցուցահանդէսը. ցուցահանդէս մը սակայն, որ տարբեր եղաւ նախորդներէն` իր բերած յայտնութեամբ: Արդարեւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցուցադրած գործերու կողքին, մեծ անակնկալ էր ու բաւարարութիւն տեսնել «Ակադեմիա»-ի աշակերտներուն իւղաներկ գործերը:
Կէօվէրչինեան (Կիւվ), վաստակաւոր արուեստագէտն ու ուսուցիչը գոհունակութեամբ եւ բացայայտ հաճոյքով բացատրութիւններ կու տայ այս նորութեան մասին:
– Տարիներէ ի վեր կը մտածենք ձեւ մը գտնել, որպէսզի նախակրթարանի այն աշակերտները, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն կամ շնորհք ունին, չկորսուին բարձրագոյն դասարաններուն մէջ: Այդ երազը իր իրականացման առաջին շրջանը կ՛ապրի:
Երեք ամիսներ առաջ Կէօվէրչինեանի շուրջ համախմբուած աշակերտները, ճեմարանի տրամադրած աշխատանոցին մէջ, հիմնած են «Ակադեմիա»-ն, որուն արդիւնքը այս ցուցահանդէսէն դատելով` ոչ միայն պարկեշտ է, այլ` չափազանց յուսատու: Այսքան կարճ ժամանակի մէջ խանդավառ աշակերտները աշխատեր են ոչ միայն իրենց համար անծանօթ կալուածի մը սահմաններէն թափանցելու ճիգը ընել, այլ քաջութիւնը ունեցեր են մինչեւ իսկ աշակերտական ցուցահանդէսին կողքին ունենալ իրենցը, ու` պատուաւոր արդիւնքով:
– Ասիկա առաջին փուլն է,- կ՛ըսէ պր. Կէօվէրչինեան,- ներշնչումի, երեւակայութեան կամ անձնական նախաձեռնութեան բացարձակ տեղ չեմ ձգեր: Իրենց դէմ ունին պատրաստ նկարներ, որոնք պիտի աշխատին վերարտադրել: Նուազագոյն վրձինի հարուածը կամ գոյներու որոշումը իմ հսկողութեանս տակն է: Յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ մեծ վարպետներու գործերուն վերարտադրումը եւ, վերջապէս, երրորդ շրջանի մը մէջ, նկարողը ուղղակի դէմ առ դէմ պիտի դրուի չաշխատուած նիւթին հետ, բոլոր այն պարտաւորութիւններով, որ կ՛ենթադրէ այդ առաջին եւ դժուար հանդիպումը, ըլլան անոնք գոյնի կամ քոմփոզիսիոնի տեսակէտով:
Երեք ամսուան կարճ, սակայն տպաւորիչ փորձառութեան վրայ հիմնուելով` Կէօվէրչինեան լաւատես է ու գոհ. վստահ է, որ յաջորդ տարիներու ընթացքին աշակերտներուն, ըլլա՛յ թիւը, ըլլա՛յ հետաքրքրութիւնը պիտի աւելնան ու «Ակադեմիա»-ն դառնայ արուեստի կեդրոն մը:
Հակառակ որ ներկայացուած գործերը պարզ վերարտադրութիւններ են ու գոյները իրենց յետին մանրամասնութեան մէջ ուղղութիւն ստացած` ուսուցիչէն, առանց գործածելու այլազանութիւն բառը` կարելի է սակայն խօսիլ գործերու տարբերութեան մասին: Նոյն տրամադրութիւնները չունինք բոլոր ցուցադրուածներուն առջեւ. արդէն իսկ աւելի յաջող գոյներ ու ճարպիկ վրձիններ կը զանազանուին: Կանխայայտ է տաղանդի ու ապագայի նախատեսութիւններ ընելը, այն, ինչ որ հետաքրքրական է այս բոլորին մէջ, երեւոյթին նորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնն է: Ժամանակ է, որ արուեստը հսկայաքայլ թափանցէ վարժարաններէն ներս, ազնուացնէ, նրբացնէ երիտասարդ հոգիները, ստեղծէ անոնց մէջ հետաքրքրութիւն ու տրամադրութիւն, սորվելու, տեղեկանալու, ինչպէս նաեւ` սիրելու գեղեցիկն ու բարձրը:
Սրահին միւս մասին մէջ ցուցադրուած էին նախակրթարանի աշակերտներուն գործերը. տիրող մթնոլորտը բոլորովին տարբեր է: Լուսաւոր ու վառ գոյներու կախարդական աշխարհ մը, ուր երեխաները կու տան իրենց տարիքին յատուկ լաւատեսութեամբ ու պոռթկումով զիրենք շահագրգռող երեւոյթները: Օդանաւերը, հեռատեսիլը, երկար մազերը, օթոսթրատները ներշնչեր են 7-10 տարեկան աշակերտները, որոնք արդէն իսկ իրենց դարու դրոշմը կը կրեն:
Կը մաղթենք, որ Կէօվէրչինեանի ստեղծած այս աղուոր մթնոլորտը կը յարատեւէ, կը ծաւալի ու իր աշակերտները նոյն թափով ու խանդավառութեամբ կ՛աշխատին նաեւ յաջորդ տարիներուն:
ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ