Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1967)

Մայիս 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջհայրենակցական
Տոհմիկ Պարերու Երեկոն

Մայիս 13-ին Խարբերդի, Կարնոյ, Վասպուրականի եւ Տարօնի հայրենակցական միութիւններուն կողմէ տեղի ունեցաւ հայրենական տոհմիկ պարերու մեծ հանդէս` «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ:

Սրտապնդիչ եւ մխիթարական հազուադէպ երեւոյթ մը, որ տարիներէ ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով, միացեալ ուժերով տեղի կ՛ունենայ նման գեղեցիկ պարահանդէս մը,  իրենց հարազատ գեղեցիկ տարազներով:

«Պրիսթոլ» պանդոկին մեծ սրահը բերնէ բերան լեցուած էր ընտիր բազմութեամբ, որոնք լարուած վիճակով մինչեւ գիշերուան ժամը 3 չյոգնեցան հետեւելու պարերուն:

Պարերուն կ՛ընկերանար «Գուսան» նուագախումբը` Մ. Մուշեղեանի ղեկավարութեամբ, որուն մերթ կ՛ընկերանար Լ. Գաթրճեան իր գեղեցիկ ձայնով եւ երգերով:

Առանձնապէս յափշտակութեամբ կը դիտուէր վարժ եւ համաչափ, գեղեցիկ ու ճկուն չորս հայրենակցական միութիւններու խմբական պարերը, մանաւանդ` վասպուրականցիներու եւ տարօնցիներու, որոնք վերապրեցուցին մեր աւեր հայրենիքի աւանդական պարերով:

Գեղեցիկ էին մենապարերը օրիորդներ` Շ. Մխիթարեանի, Գ. Թոքաճեանի, Ս. Սարգսեանի, Ա. Խանճեանի, Ս. Մարտիրոսեանի եւ պարոններ` Ս. Նիկողոսեանի, Պ. Շառոյեանի, Ս. Նայոզեանի եւ Պ. Ասլանեանի: Կովկասեան պար պարեց փոքրիկն Խանճեան:

Տարազներու ամէնէն ճաշակաւորը եւ հարազատը վասպուրականցիներունն էր:

Ներկաները խանդավառ ծափերով ջերմօրէն գնահատեցին կազմակերպիչներուն երկարատեւ եւ յոգնեցուցիչ աշխատանքը:

ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՆ

 

Լիբանանահայ Նկարիչ
Թորոս Տէր Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

Լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչ Թորոս Տէր Յակոբեան նկարչական արուեստը ձեռք բերած է հետեւողական ուսումնասիրութիւններով եւ ինքնազարգացումով:

Ուսումը ստացած է վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Ատեն մը, իբրեւ ազատ ունկնդիր, հետեւած է Արուեստից վարժարանի դասընթացքներուն: Գծագրած է նկարիչ Շարթի մօտ: Մօտէն հետեւած է Պէյրութի նկարիչներու աշխատանքներուն: Հանդիպումներ ունեցած է բոլոր այն անուանի նկարիչներուն հետ, որոնք այցելած են Պէյրութ:

Քանի մը նկարներով մասնակցելէ ետք սալոններու ցուցադրութիւններուն, իր առաջին ցուցահանդէսն է, որ կու տայ: Ցուցադրութեան դրուած են քանի մը ինքնատիպ գծագրութիւններ, տասը ուշագրաւ ջրաներկեր եւ 18 իւղանկարներ: Նկարած է ապրումով:

Բնութեան սիրահար, խորք ունեցող շնորհալի արուեստասէր մըն է Թորոս Տէր Յակոբեան: Արժանի է ամէն քաջալերանքի:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի ամէն օր, մինչեւ մայիս 27, «Սանթըր իւնիվերսիթեր Արման Շայլա» սրահին մէջ, Դամասկոս փողոց:

 

Նոթեր Ու Նետեր

 Դժգոհութիւն Երկկողմանի

Մեր արուարձանը բնակող երիտասարդ հայ մայր մը մերթ կը գանգատէր` ըսելով.

– Մեր արուարձանէն որքան գոհ պիտի ըլլայի, մանաւանդ` շոգեկառքը ելեկտրական ըլլալէն ի վեր: Գործարաններ ալ չկան, որով զերծ ենք ծուխերէ ու մուխերէ: Մեր արուարձանին ունեցած միակ անպատեհութիւնը այն է, որ մօտ է Պուրժէի օդակայանին, եւ այդ պատճառով ունինք օդանաւերու գրեթէ անվերջ աղմուկներ: Հաւատացէ՛ք, ականջներս սկսած են խլանալ, երբ մանաւանդ քանի մը օդանաւեր միասին կը թռչին եւ կը դառնան ու կը դառնան մեր տուներուն տանիքներուն վրայ` աղմուկներու անտանելի տեղատարափի մը տակ պահելով մեզ: Այնքան ցածէն կը թռչին, որ կարծէք սենեակէ մը ներս պիտի մտնեն: Մարդ կը վախնայ ալ: Շիտակը` հիւանդացած եմ սա  անիծեալ օդանաւերուն պատճառով:

Վերջերս, փարիզեան հիւսիսային օդակայանը Պուրժէէն փոխադրուեցաւ աւելի հիւսիս, մեր արուարձանէն շատ հեռու, որով մենք ազատեցանք օդանաւերու աղմուկներէ:

Գանգատող հայ մայրիկը, երբ մեզի այցելեց, գրկին մէջ ունենալով իր երկրորդ կաթնկեր մանչուկը, ըսի.

– Ձեր աչքը լոյս: Կը գանգատէիք օդանաւերուն աղմուկներէն: Խլացած ու հիւանդացած էիք: Հիմա փրկուած էք ահա: Ա՛լ գոհ ըլլալու էք:

Վարանումով մը պատասխանեց.

– Շիտակը ըսելով` դժգոհ չեմ: Բայց հիմակ ալ սա պզտիկ հրեշտակս գոհ չէ: Անդադար կու լայ, կը ճչայ: Կը փնտռէ օդանաւերուն աղմուկները, որոնց վարժուած էր,  որոնք իր օրօրներն էին: Եւ հիմա սիրասուն փոքրիկիս ճիչերն ու լացերը զիս աւելի անհանգիստ կ՛ընեն, քան կ՛ընէին օդանաւերուն աղմուկները: Կը նախընտրեմ, որ բանէ մը գոհ ըլլայ պուպրիկս, քան թէ` ես: Հիմա, ի՛նչ մեղքս պահեմ, փնտռել սկսած եմ օդանաւերուն աղմուկները ու չգտնելով` հիւանդացած եմ: Կը փնտռեմ այդ աղմուկները թէ՛ հոգեհատորիս, թէ՛ քիչ մըն ալ ինծի համար: Խոստովանիմ, որ այդ աղմուկները կենդանութիւն, շարժում, խանդ կու տային մեր արուարձանին, որ հիմա գերեզմանային խաղաղութեան մէջ է:

– Աս ի՛նչ որդեսէր մայրիկ էք դուք: Ձեր որդեսիրութիւնը կ՛աղաղակէ յարատեւօրէն: Ձեր որդեսիրութեան աղմուկով քնացուցէք ձեր հրեշտակիկը: Դարձէք իր անկողնին շուրջը` աղմուկ կեղծելով օդանաւի:

– Ուրիշ ճար չկայ: Ես պզտիկիս համար օդանաւ ալ կ՛ըլլամ, շոգենաւ ալ:

***

Այս հայուհին եզակի արարած մը չէ, երբ կը դժգոհի թէ՛ աղմուկէն, թէ՛ լռութենէն:

Ճանչցած եմ այնպիսի ինքնատիպներ, որոնք նոյնիսկ դժգոհ էին ազատութենէն: Եւ երբ անոնցմէ մէկուն հարցուցի, թէ արդեօք կը նախընտրէ՞ բռնութիւնը, պատասխանեց.

– Օ՜, ո՛չ. բռնութիւնն ալ անտանելի է:

Մինչեւ անգամ ճանչցայ մեծահարուստ կին մը, որ դժգոհ էր հարստութենէն, սակայն երբեք մտադիր չէր ունեցածը չունեւորներուն տալով` աղքատանալու եւ հետեւելու Յիսուսի:

Այս տեսակ տիպարները կը կոչուին արարածիկներ, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն…

Բայց ես քիչ մը գիտեմ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն: Այս մանկամիտները պարզապէս ծիծ կ՛ուզեն: Եթէ ծիծով ալ չգոհանան, գիտցէք, որ ծեծ կ՛ուզեն:

Ամէնէն դժբախտները, սակայն այն անմիտներն են, որոնք իրենց գտնուած տեղէն անհաւասարակշիռի դժգոհութիւն մը ունենալով՝ կ՛երթան միւս կողմը, կ՛անցնին միւս տեղը: Եւ այնտեղ կ՛ունենան հազար անգամ աւելի ու իրական դժգոհութեան պատճառներ, բայց ի՛նչ օգուտ, քանի որ փակուած է ճամբան վերադարձի: Այդպիսիները ծեծ չեն ուտեր. ծեծը անոնց համար օրհնութեան գգուանք է: Կը լախտահարուին ցմահ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գերհերոսներու Կողմէ Փրկուած Կրիան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?