50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1967)

Րաֆֆիի Նշանաւոր «Խենթ»-Ին Շիրիմը Հայկական ճարտարապետութեան աչքի ինկող կոթողներէն է Ս. Գայեանէ վանքը Էջմիածնի մէջ, որ կառուցած է Եզր կաթողիկոս, 630-ին: Ըստ աւանդութեան, այստեղ կը գտնուի Գայեանէ կոյսին աճիւնը: Անոր եւ միւս երկու կոյսերուն` Շողակաթի եւ Հռիփսիմէի մարտիրոսութեան մասին լայն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ագաթանգեղոս պատմիչը: Նահատակութեան այդ պատմութիւնը յուզած է հաւատացեալները: Եւ ահա, դարեր ու դարեր անցնելէ ետք, հանճարեղ Րաֆֆիի «Խենթը» հանրայայտ պատմավէպի հերոսուհիին` տարաբախտ Լալայի ճակատագիրն ու մահը նոյնպէս թրջած են  ընթերցողներուն աչքերը: Իսկ Լալան եղած է իրական անձնաւորութիւն: Նոյն այս վանքի մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ կայ անշուք ու անմշակ որձաքար մը, որուն վրայ փորագրուած է սոսկ բառ մը....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ

Գուսան Շերամ (Ծննդեան 110-Ամեակին Առիթով) 19-րդ դարու վերջին քառորդի եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներու հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ Գուսան Շերամ (Գրիգոր Տալեան): Աշուղ Ջիւանի հետ միասին, հայ գուսանական-աշուղական գրականութեան Շիրակի (Ալեքսանդրապոլ) դպրոցի կարկառուն ներկայացուցիչներէն է: Երկար ու ոլորուն ուղի անցած է հայ գուսանական-աշուղական գրականութիւնը` ի յայտ բերելով նշանաւոր շատ դէմքեր եւ թողնելով գեղարուեստական հարուստ աւանդոյթներ (Նաղաշ Յովնաթան, Պաղտասար Դպիր, Սայաթ Նովա, Շիրին, Նիրանի, Միսկին-Բուրջի, Գիւրջի-Նաւէ, Աղբար Ադամ եւ ուրիշներ): Մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին գուսանական-աշուղական գրականութեան ու երաժշտութեան այդ աւանդոյթները, որոնց կրողները կը հանդիսանան ժամանակակից հայ գուսանները (Հաւասի, Աշոտ, Շահէն եւ ուրիշներ): Իր երկարամեայ գոյութեան ընթացքին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1967)

Բարսեղ Կանաչեան Ատանայի Մէջ (Մահուան Քառասունքին Առիթով) Ատանա, 1919... Սուրիոյ հեռաւոր անապատներէն եւ քաղաքներէն հաւաքուած հայեր խուռներամ Ատանա կու գային: Դպրոցները, որբանոցները, գաղթականական կայարանները լեցուն էին ջարդերէն ազատած հայերով, որոնց թիւը հարիւր հազարներու կը հասնէր այդ օրերուն: Թուրք բանակը ջախջախուած էր բոլոր ճակատներու վրայ, գերմանները` փախած, դաշնակից բանակներ յաղթականօրէն կը գրաւէին Սուրիան, Լիբանանը եւ ամբողջ Կիլիկիան: Փաստօրէն Ատանա Կիլիկիոյ մայրաքաղաք դարձած էր հայութեան համար: Հայերէն բազմաթիւ օրաթերթեր, կուսակցական ակումբներ, ժողովրդային հաւաքոյթներ, թատերական ներկայացումներ կը խանդավառէին սպանդէ ազատուած ժողովուրդը: Անատոլուի ներսերէն ողջ մնացած հայեր` Գոնիայէն, Կեսարիայէն, Սվազէն, մաս առ մաս Ատանա կու գային` «Ատանա Հայաստան եղած» նշանաբանով: Խանդավառ այդ օրերուն, Կիլիկիա...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1967)

Հաղորդագրութիւն Ազգային առաջնորդարանը քանի մը օր առաջ հաղորդագրութեամբ մը պաշտօնապէս ծանոյց ընտրութիւնը կեդրոնական յանձնախումբի մը, կազմակերպելու համար Պաղեստինի պատերազմին հետեւանքով աղէտեալ մեր արաբ եղբայրներու անմիջական օգնութեան հասնելու նուիրական գործը: Կեդրոնական յանձնախումբը արդէն սկսած է իր աշխատանքներուն` անհատաբար դիմելով ազգայիններու: Այս առթիւ կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ընդգծել, թէ Կեդրոնական յանձնախումբը, իր գործը կազմակերպեց համախորհուրդ` նոյն նպատակաւ նուիրահաւաքումի համար յատկապէս նշանակուած պետական կեդրոնական յանձնախումբին հետ, առաջքը առնելու համար խաչաձեւումներու եւ կրկնակի հանգանակութիւններու: Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ համայնքներու կրօնական պետերուն հետ, եւ համաձայնաբար կարգադրուեցաւ համայնքային հիմերու վրայ կազմակերպել նուիրահաւաքումը: Կարեւորութեամբ կը շեշտենք, թէ այս ձեւով յանձնախումբին տուած ստացականները վաւերականօրէն ունին պաշտօնական հանգամանք, եւ կը թելադրենք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1967)

Ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան Անդամ` Լիբանանի Հանգանակիչ Կեդրոնական Յանձնախումբի` Նախարարաց խորհուրդի որոշումով եւ հանրապետութեան նախագահին հրամանագրով, Լիբանանի հանգանակիչ կեդրոնական յանձնախումբի անդամ նշանակուեցաւ Պէյրութի հայ երեսփոխան ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան: Այս յանձնախումբը, որ կազմուեցաւ պատերազմի առաջին օրէն, կը գտնուի նախկին վարչապետ Հաժ Հիւսէյն Աուէյնիի նախագահութեան տակ: Անոր կ՛անդամակցին լիբանանեան զանազան համայնքներու պատկանող կարկառուն դէմքեր:   ՀՅԴ Հիմնադրամի Հանգանակութիւնը ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէի յայտարարութեան մէջ, ի մասին Դաշնակցութեան հիմնադրամի հանգանակութեան, կ՛ըսուէր. «Առաջին հերթին կը յայտարարենք, որ Քալիֆորնիոյ շրջանի մեր ընկերները իրենց անհատական նուէրներով մասնակցեցան` աւելի քան 100.000 տոլար յատկացնելով ՀՅ Դաշնակցութեան»: Աւելի առաջ, Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդր. կոմիտէն, որ առանձին եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1967)

Նոթեր Ու Նետեր «Ատանկ Է Նէ՛ Զա՛րկ» Հազիւ պատանի էի: Ամրան կիրակի առաւօտ մը կանուխէն տունէն ելած էի երթալու համար եկեղեցի: Մեր վերի փողոցէն անցած ատենս, հոռմի լամուկ մը, ինծի տարեկից, զիս տեսնելով` սկսաւ վրաս հաջել` նախատելով հայութիւնս: Վայրկենական արիւնս գլուխս խուժեց, ու յարձակեցայ այդ քոթոթին վրայ` լաւ դաս մը տալու համար: Պահն ալ յարմար էր դասատուութեան համար, քանի որ, ինչպէս ըսինք, կանուխ ու կիրակի ըլլալուն` փողոցը մարդ չկար: Հոռմի լակոտը արձակեց ճիչեր վախի: Ձախ ձեռքով ուժգնօրէն բռնած էի օձիքը, իսկ աջ ձեռքով եւ ամբողջ ուժովս կը հարուածէի: Հոռմի վատոգի ձագը, փոխանակ փոխադարձելու, լալագին աղաղակներով օգնութիւն կը սպասէր իրեններէն, մեծերէն:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1967)

Այս Օրերուն, Երբ Ամբողջ Աշխարհ Սարսափով Ականատես Կ՛ըլլայ Պաղեստինեան Գաղթականութեան «Հայերուն Պէս Պէտք Է Վռնտել Արեւելեան Գաւառներու Այլացեղ Բազմութիւնները», Կ՛ըսեն Թուրքերը Թուրքը չէ փոխուած: Ամէն անգամ, երբ իրաւունքն ու արդարութիւնը հետը չեն (ե՞րբ եղած են արդէն), Թուրքիա կը դիմէ բռնութեան զէնքին: Թուրք լրագրողներ ի զուր կը փորձեն հակազդել` ջնջելու համար իրենց հայրենակիցներուն քինախնդիր վերաբերումին թողած յոռի տպաւորութիւնը: Իրենք ալ, եթէ հարկ ըլլայ, ետ չեն մնար Անատոլուի խաւարամիտ գիւղացիէն: Ստորեւ կու տանք վերի պահանջին մասին Չեթին Ալթանի գրութիւնը, որ լոյս տեսած է «ԱԳՇԱՄ»-ի մէջ.- Երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիա օրօրուեցաւ անիրաւին եւ անիրաւեալին միջեւ, բայց այսօր կը տեսնէ այլեւս մերկ իրականութիւնը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1967)

Հայրենիք Եւ Սփիւռք Հայրենիք եւ սփիւռք երկու թանկագին ազդակներ են հայութեան ապագային համար: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին հզօրացումը պայմանաւորուած է իրենց փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ իրերօգնութեամբ: Հայրենիքը, անկասկած, կը գրաւէ առաջնութիւնը նժարին մէջ` իբրեւ ծանրութիւն եւ խարիսխ, իբրեւ միակտուր ամբողջութիւն, որ օժտուած է կրաւորականութեան մէջ անգամ իր ուժականութիւնը պահելու: Սփիւռքը ցանուցիր` զուրկ է գոյատեւման պայման շարք մը գործօններէ, որոնք կարեւոր են դիմագիծ ու համրանք անկորուստ պահելու տեսակէտէն: Այս իրողութեան համոզուած` սփիւռքի հայ քաղաքական միտքը կէս դար է ահա ահազանգ կը հնչեցնէ: Այս ճշմարտութիւնը ընդունելով, իր հերթին, հայրենիքը կոչ կ՛ընէ մնալ կառչած հայ լեզուին եւ մշակոյթին: Այս նպատակով ստեղծած իր «Սփիւռքի հետ կապի մարմինը»...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1967)

Սրտագին Կոչ` Լիբանանի Մեր Պատուական Ժողովուրդին Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Անցնող տասը օրերը բոլորիս համար եղան դժնդակ եւ տագնապալից օրեր: Պատերազմի արհաւիրքը հազիւ փարատած` ահա մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի աղէտալի տեղահանութիւնն ու գաղթը տասնեակ հազարաւոր արաբ եղբայրներու եւ քոյրերու: Զրկուած իրենց հայրենի օճախներէն եւ ինչքերէն, ապաստան կը գտնեն արաբական քոյր երկիրներու մէջ` կարօտ մարդկային կեանքի ամէնէն անմիջական կարիքներու: Այսու սրտագին կոչ կ՛ուղղենք ձեզի` բոլորիդ անխտիր, ինչպէս նաեւ ձեր եկեղեցական, ազգային, բարեսիրական, մշակութային, հայրենակցական, մարզական եւ այլ կարգի կազմակերպութեանց եւ միութեանց` բերելու ձեր նիւթական լիաբուռն օժանդակութիւնը ի նպաստ տնազուրկ ու վիրաւոր արաբ գաղթականներու նուիրահաւաքման համազգային գործին, որուն կազմակերպութիւնը ստանձնած է Լիբանանի հայոց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1967)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը 1000 Լ. Ոսկի Տրամադրեց Պաղեստինի Գաղթականներուն Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն երեք ներկայացուցիչներ երէկ առտու ներկայացան Լիբանանեան կարմիր խաչի կեդրոնը եւ պատասխանատու վարչականներուն յանձնեցին 1000 լ. ոսկիի չեք մը` յատկացուելու համար Պաղեստինի գաղթականներուն: Այս առթիւ Օգնութեան խաչի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարելի ամէն օժանդակութիւն ընծայելու Կարմիր Խաչին` իր մարդասիրական առաքելութեան մէջ:   Բարսեղ Կանաչեան Ութսուներկու տարիների կարօտով, սիրով ու տենչերով, վշտերով ու երազանքներով Կանաչեանն այցելելու էր հայրենիք: Այո՛, իր ութսուներկուամեայ կեանքի բոլոր յոյզերը հոգու մէջ ամբարած` մտովին սլանում էր դէպի հայրենի հող, բայց եւ յաճախ թեւատւում էր իր հոգու թռիչքը, աչքերից ընկնում էին արցունքի կաթիլները: Թեւատւում էր թռիչքը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1967)

Ակնարկ Մինչեւ Որ... Վերջին դարուն, համիտեան արիւնռուշտ բռնակալութենէն մինչեւ խնամատարութիւններու մաշեցնող ներկայութիւնը եւ մինչեւ յարձակապաշտ սիոնականութեան ստեղծած պարբերական տագնապները, արաբ ժողովուրդին հետ ճակատագրակից ժողովուրդ մը եղած է հայ ժողովուրդը եւ ամէնէն աւելի ի՛նք կը զգայ անոր հոգիին բացուած վէրքերուն խորութիւնը: Խաղցուած վերջին խաղերուն ի տես` կը վերապրի մանաւանդ նոյն խաղերուն զոհ դարձած մարդու իր հին վէրքերը, օտարներուն պատճառածները, չսպիացողները: Օտա՜րը: Օտարնե՜րը: Դեռ կէս դար առաջ, նոյն այդ օտարներուն ակնարկելով, մէկ կողմէն «ռուս քեռիէն» եւ միւս կողմէն քրիստոնեայ պետութեանց քրիստոնէական խոստումներէն պատրանաթափ` մեր թոքերուն ամբողջ ուժով պոռացինք, թէ` «օտարներէն չկայ յոյս»: Այսօր, արաբ ժողովուրդը, իր հնադարեան հողամասին մէկ ծայրէն միւսը, նոյնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1967)

Դէպի Լեառն Արարատ Թաւրիզում Սնապեանին տուած առաջին դասախօսութիւնից յետոյ, նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ ընթրիք, քաղաքիս առաջնակարգ «Ասիա» պանդոկի շքեղ սրահում, ի պատիւ հիւրին: Սեղանի շուրջ հաւաքուել էին Թաւրիզի Ազգ. իշխանութեանց, ՀՕ միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, հոգեւոր հովիւ Բագրատ քհնյ. Մելքոնեանը, Ազգ. դպրոցի ներքին տեսուչ Ա. Մուրադխանեանը եւ քաղաքիս մի շարք ազգայիններ: Ընթրիքի ընթացքում առաջարկուեցին հիւրի, ՀՕՄ-ի, Թեմական խորհրդի եւ հայ քաղաքակիրթ ժողովրդի կենացները: Պօղոս Սնապեանը խօսք առաւ եւ վերջում բուռն ու սրտագին ցանկութիւնը յայտնեց տեսնել Մասիս լեռը: Ներկայ ազգայիններից Համօ Վարդանեանը ինքնաբուխ ցանկութեամբ յանձն առաւ գրագէտ հիւրին տանելու դէպի Մասիս լեռը եւ իրականացնելու Պ. Սնապեանի տարիների երազը`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1967)

Մեր Թերթերուն Տարեդարձը Դաշնակցական թերթերու տարեդարձները հանգիտութիւնը ունին դաշնակցական տօներու: Այս անունին տակ պէտք է իմանալ յեղափոխական այն խիզախումները, որոնց նպատակը եղած էր պայքարով թշնամիին զգացնել ապրելու մեր իրաւունքն ու կամքը: Դաշնակցական ամէն թերթ հայութեան ապրելու կամքին խորհրդանիշն է: Դաշնակցութեան համար մամուլը գաղափարական առաջադրութեամբ լոյս տեսնող ձեռնարկ մըն է: Զայն հրատարակող կուսակցութիւնը մէկ նպատակ հետապնդած է. մօտենալ մեր տարագիր բազմութիւններուն, խօսիլ անոնց հայութեան անցեալ եւ նոր տառապանքներէն, մանաւանդ վառ պահել անոնց մէջ սէրը` հանդէպ հայրենիքին, մեր պատմութեան եւ մշակոյթին: Լրագրութիւնը նիւթական նպատակներով փորձուած ասպարէզ մը չէ: Ասոր համար ալ զանգուածները շլացնող զարտուղի նպատակներ մաս չեն կազմեր դաշնակցական մամուլի առաջադրութեանց: Զոհողութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1967)

«Յառաջ» Քոլեճի Մանկապարտէզի Ցուցահանդէսը Ազգ. «Յառաջ» քոլեճի մանկապարտէզը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ կը շարունակէ` կազմակերպելով ամավերջի ցուցահանդէս, տեսակ մը մանուկներու ինը ամսուան ձեռային աշխատանքին հաշուեփակը: Այս տարուան կազմակերպուած ցուցահանդէսը, իր ներկայացուցած նիւթերու այլազանութեամբ եւ պատրաստութեամբ, աւելի քան ճոխ էր: Դասարաններու, պատերը, սեղանները ծածկուած էին երեքէն եօթը տարեկան մանուկներու ձեռային աշխատանքներով, որոնք գործածած էին առաւելաբար ջրաներկ, ածխամատիտ, գունաւոր մատիտ, մկրատ եւ ՓԻՔ: Տարուան չորս եղանակները ներկայացուած էին յաջող պատկերներով եւ բնութեան յատուկ ու հարազատ գոյներով: Տպաւորիչ էր մասնաւորաբար զանազան ժողովուրդներու կենցաղի ու տարազներու ներկայացումը, որ մեծապէս կը սատարէ մանուկին մտային հորիզոնին ընդլայնման: Նոր տարուան բարեկենդանի եւ Ս. Զատկուան տօները, իրենց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1967)

Հայրենիք Եւ Ազատութիւն Անկախ ապրելու յախուռն պահանջ էր, որ ստեղծեց մեր մէջ հայրենիք ստեղծելու կիրքը եւ շուտով ճշդուեցաւ, թէ այդ երկուքը` անկախութիւնն ու հայրենիքը, անհրաժեշտ են իրարու, մէկը արժէք չունի առանց միւսին: Որովհետեւ առանց հայրենիքի ազատութիւնը բեղմնաւոր պիտի չըլլար եւ առանց ազատութեան` հայրենիքը պիտի ըլլար տեսակ մը արօտատեղի: Որովհետեւ ազատութիւնը ինքնանպատակ հարստութիւն մը չէ, կարելիութիւններու աղբիւր է, հայրենիքը բնակավայր չէ, լինելութիւն է մանաւանդ: Իբրեւ մարդ ապրելու եւ աստուածային յատկութիւններ դրսեւորելու կոչում մը ունի ամէն էակ, եւ ատոր համար անփոխարինելի են ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը, ե՛ւ ազատութիւնը, ե՛ւ հայրենիքը: Ու հայ ժողովուրդը գումարեց այդ երկուքը իրարու վրայ: Հայրենիքը ազատութեան մէջ ուզեց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Յունիս 1967)

Արժանթինահայ Կեանք  Օրինակելի Նուիրատուութիւն Մը  Աւետիս Տէրտէրեան Իր Ամբողջ Հարստութիւնը Կը Կտակէ Պուէնոս Այրեսի Հայկական Երեք Դպրոցներուն Արժանթինահայ ութսունհինգամեայ վեհանձն ու ազգասէր Աւետիս Տէրտէրեան գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է իր ամբողջ հարստութիւնը կտակելու Պուէնոս Այրեսի հայկական երեք դպրոցներու` «Խրիմեան», «Արսլանեան» եւ «Մխիթարեան»: Ա. Տէրտէրեան դժբախտութիւնը ունեցած էր անցեալ տարի կորսնցնելու իր կողակիցը` ազնուահոգի տիկին Աշխէնը, որ եղած էր իր տասնեակ տարիներու կեանքի պայքարի ընկերուհին: Անոր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, պր. Տէրտէրեան իր արդէն ձեւակերպած եւ օրինականացուցած կտակէն զատ, որոշած է իր տիկնոջ անունով կնքել Խրիմեան Կրթական հիմնարկութեան «Սէֆէրեան» նախակրթարանի դասարաններէն մէկը, որուն համար տրամադրած է կէս միլիոն փեսօ: Այս գումարի յանձնումի արարողութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1967)

Լիբանան Իր Դիւանագիտական Կապերը Խզեց Ամերիկայի Եւ Անգլիոյ Հետ  Կրակմարի Դրութիւն Հաստատուեցաւ Ժամը 20:00-4:00 Դպրոցները Անորոշ Ժամանակով Փակուեցան Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որ տեւեց 9 ժամ: Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ: Առ ի գործադրութիւն այս որոշման, Լիբանան պահանջեց Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններուն հեռացումը եւ ետ կանչեց Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի իր դեսպանները: Խորհուրդը որոշեց նաեւ ցնոր տնօրինութիւն փակել դպրոցները եւ ձեռք առաւ կարգ մը միջոցներ` կազմակերպելու համար բնակչութեան պարենաւորումը ալիւրի եւ այլ սննդանիւթերու կապակցութեամբ: Խորհուրդը այնուհետեւ լսեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ֆիլիփ Թաքլայի զեկուցումը: Նախատեսուեցան կարգ մը միջոցներ, որպէսզի ժողովուրդը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1967)

Պէյրութ Եւ Լիբանան  Ինչ Պէտք Է Ընէք Ահազանգի Պարագային Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը համաձայն, ահազանգի պարագային բնակչութիւնը հետեւեալ միջոցները պէտք է ձեռք առնէ. Վտանգի պարագային, ճչակները ընդհատ ազդարարութիւններ պիտի տան: Այն ատեն ձեր ապահովութեան, ինչպէս նաեւ` ձեր ընտանիքին, պէտք է ենթարկուիք հետեւեալ հրահանգներուն. - Պէտք է պաղարիւն ըլլաք, զսպէք ձեր ջիղերը եւ վարուիք խելացութեամբ ու նախազգուշութեամբ: - Ժամանակ պէտք չէ կորսնցնէք եւ անյապաղ պէտք է տաք ձեր կացութեան պարտադրած որոշումը: - Ամէն պարագայի տակ, պէտք է ապահով ըլլաք, որ ձեր վրան կը կրէք ձեր ինքնութեան թուղթը: Նոյն նախազգուշութիւնը ձեռք առէք նաեւ ձեր ընտանիքին անդամներուն համար: - Եթէ տունի մէջ էք. -...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1967)

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1967)

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ  Երեք Նորընծաներ Կը Միանան Կիլիկեան Ուխտին Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, կիրակի 4 յունիս, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւնը դպրեվանքի Ընծայարանէն շրջանաւարտ երեք բարեշնորհ սարկաւագներու` ձեռամբ տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեանի: Նորընծաները` Մանուկ սրկ. Չօլոյեան, Յովսէփ սրկ. Պէրպէրեան եւ Պօղոս սրկ. Հերկելեան վերակոչուեցան Օշական աբեղայ, Վահան աբեղայ եւ Վարուժան աբեղայ: Ձեռնադրութենէն ետք Գարեգին սրբազան խանդավառ ու հոգելից քարոզ մը խօսեցաւ «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս...» բնաբանով: Յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ Կիլիկիոյ Աթոռը ինքզինք պիտի արժեցնէ հայ իրականութեան մէջ ոչ թէ նիւթական հարստութեամբ, ոչ թէ անցեալի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1967)

Արժանթինահայ Կեանք Մայիս 28-Ի Փառահեղ Տօնակատարութիւն Շնորհաւորական Հեռագիրներ Ուղարկած Են Արժանթինի Նախագահը, Արտ. Գործոց Նախարարը Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն, որ 1967-ին Ալպա Ռոպալիօ նախանշած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Ուրուկուէյի կողմէ քայլ առնելու հաւանականութիւնը: Փաստօրէն քանի մը տարի ետք Ուրուկուէյը կը դառնար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը եւ իր ներկայացուցիչին թելադրողը` ՄԱԿ-ի մէջ հարցը արծարծելու: «Ա.»  Հայաստանի անկախութեան 49-րդ տարելիցին առիթով, մայիս 27-ին, Պուէնոս Այրեսի Սան Մարթինի հրապարակին վրայ, Արժանթինի ազատարար զօր. Սան Մարթինի հրաշակերտ արձանին առջեւ, Արժանթինի հայ գաղութը իր երախտագիտական զգացումները արտայայտած է ասպետական Արժանթինին ու անոր վեհանձն ժողովուրդին: Արձանին երկու կողմերը գեղեցիկ համազգեստներով պատուի...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 35 of 69 1 34 35 36 69

Արխիւներ