Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1967)

Մայիս 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պօղոս Սնապեան
Թեհրանի Մէջ

«Բագին» ամսագրի եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Պօղոս Սնապեանի պարսկահայ գաղութին տուած այցելութեան առիթով Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթ կը գրէ.

«Երիտասարդ գրագէտ Պօղոս Սնապեան Թեհրան հասաւ հինգշաբթի, մայիս 11-ին, «Ալիք»-ի մասնաւոր հրաւէրով, հաստատելու համար նոր ու աւելի հաղորդ մշակութային կապեր:

«Հոգեպէս ուրախ ենք, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուի արդէն իսկ իր երիտասարդ տարիքին որոշ վաստակ ունեցող, եռուն ու անհանգիստ խառնուածքով այս գրագէտը»:

«Ալիք» տուած է նաեւ լայն տեղեկութիւններ Սնապեանի մասին: Կենսագրութիւնը, լոյս ընծայած գործերը, մամուլի մէջ հրատարակած գեղարուեստական եւ քննադատական բազմաթիւ յօդուածները, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած հրապարակային ելոյթները:

Կազմուած է մասնաւոր յայտագիր մը: Այժմէական եւ շահեկան նիւթերու շուրջ Սնապեան պիտի տայ հրապարակային դասախօսութիւններու շարք մը:

Իր Երգերուն Քաղցրութեամբ…

Այսօր` չորեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, համազգային շուքով հողին պիտի յանձնուի մարմինը հայ երգի նուիրեալներէն, անմահն Կոմիտասի արժանաւոր յաջորդ Բարսեղ Կանաչեանի, որուն մահը անպատում սուգի մատնեց հայ ժողովուրդը` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, ուր հասած էր Վարպետը` իր երգին զօրութեամբ եւ հաղորդականութեամբ:

Տարիներ շարունակ, Կանաչեանի համերգները, որոնց յայտագիրը առաւելաբար կազմուած կ՛ըլլար իր ստեղծագործութիւններէն, հանդիսացան մեր գաղութին, ինչպէս նաեւ այլ գաղութներու գեղարուեստական բարձրագոյն արտայայտութիւնները:

Իր մահէն ետք կը մնան իր ԵՐԳԵՐԸ` ճոխացնելու համար մեր ազգային գանձնարանը անկորնչելի արժէքներով:

Այսօր իր երգերուն քաղցրութեամբ հրաժեշտ պիտի առնենք իրմէ:

Երգ Ու Արցունք Բարսեղ Կանաչեան

Դալուկ ճակատիդ հակեր է ուռին,
– Աստղ է տրտմաշող արցունքըդ վըճիտ.
Լըռած շրթներուդ պաչը նշխարին,
– Գութանը կ՛անցնի, հաց կ՛ըլլայ հոգիդ:

Թեւերդ խաչանիշ ո՞ւր կ՛երթաս, վարպե՛տ,
– Նահատակ ցեղըդ աներգ կը մընայ.
Մենք կ՛երթանք ուխտի վանք` Սուրբ Կարապետ,
– Կոչնակ ու ծնծղայ մինակ են հիմա:

Կը մընայ մինակ Կոմիտասն այստեղ,
– Հոռովելն անուշ սաղմոս կը դառնայ.
Քաղհանը կ՛ընենք, երգըդ սրտի դեղ,
– Օրօ՜ր, յոգնած ես, քուն եղիր, բալա՜…

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

22 մայիս 1967, Պէյրութ

Հայ Դատի Յանձնախումբին
Յուշագիրը Կը Գնահատուի

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.-

Տոքթ. Աբբատ Բլանտլէր (Հունգարիա)` ՄԱԿ-ի նախայարձակում բառին սահմանումը ճշդող յանձնախումբին զեկուցաբերը, մասնաւոր տեսակցութեան մը ընթացքին մեզի յայտնեց իր խորին գնահատանքը Հայ դատի յանձնախումբի յուշագրին լրջութեան ու լաւ պատրաստուած օրէնսգիտական գործ մը ըլլալուն մասին:

Տոքթ. Բրանտլէր ՄԱԿ-ի հունգարական պատուիրակութեան փոխներկայացուցիչն է ու մօտէն ծանօթ` հայութեան: Ինծի յայտնեց, թէ որոշ պատուիրակներ իրենց յայտարարութեանց մէջ, յանձնախումբին առջեւ, պաշտպանեցին Հայ դատի յանձնախումբի յուշագիրին տեսակէտը: Ինչպէս ծանօթ է, Կիպրոսի ներկայացուցիչը ուղղակի մէջբերումներ կատարեց անկէ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?