Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1967)

Մայիս 13, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վեհին Քայլերուն Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսին Եւրոպա ուղեւորութիւնը, իր հանգրուաններով, պատմական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ է ո՛չ միայն կրօնական-եկեղեցական իմաստով, այլ նաեւ` ու մանաւանդ` իր ազգային նշանակութեամբ, որ ակներեւ է բոլորին համար:

Կիպրոս եւ Յունաստան, եթէ վեհափառը հիւրը եղաւ իր թեմերուն` նոյն ատեն քաղաքավարական, փրոթոքոլային այցելութիւններ տալով Մակարիոս սրբազանին եւ Կոնստանդին թագաւորին եւ հելլէն վարիչներուն, Վատիկան այցելութիւնը, սակայն, բոլորովին դուրս կու գայ այդ սահմաններէն եւ պապին հետ հանդիպումը, որ այնքան ընդգծուեցաւ միջազգային մամուլին կողմէ, կը ստանայ բացառիկ կարեւորութիւն, մասնաւորաբար` մեր ժողովուրդին համար:

Յանձին վեհափառին, Պօղոս Զ. Վատիկանի մէջ ընդունեց եւ հիւրասիրեց հոգեւոր պետը ժողովուրդի մը, որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը եղաւ, Արեւելքի լուսաւորիչը, որ սակայն այսօր կը պատկանի անիրաւուած ժողովուրդներու հետզհետէ նօսրացող շարքին: Իր պաշտօնական խօսքին մէջ վեհափառը յստակ ակնարկութիւն մը ըրած է արդէն քանի մը տասնամեակ առաջ Հայ եկեղեցիին կրած հալածանքներուն մասին` անուղղակիօրէն յիշելով այդ եկեղեցիին պատկանող բիւրաւորներու մարտիրոսութիւնը: Հայրապետական  խօսքը յանպատրաստից չէր անշուշտ: Ընդհակառակն, պապը շաբաթներ առաջ տեղեակ էր արդէն, թէ ինչ պիտի ըսէ հայոց կաթողիկոսը: Այս պարագան ինքնին կարեւորութիւն կ՛ընծայէ արտասանուած խօսքին եւ արտայայտուած միտքերուն, որոնք կ՛ըսուին ու կը լսուին լռելեայն համաձայնութեամբ:

Վեհափառին Վատիկան այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ստեղծած հետաքրքրութիւնը միջազգային շրջանակներու մէջ նպաստաւոր երեւոյթ մը կը նկատենք մեր Դատին համար: Ուղեւորութեան եւրոպական հանգրուանները, մանաւանդ` Վատիկանը, իր ունեցած ազդեցութեամբ եւ կարեւորութեամբ, որքան լաւ տրամադրուին հայ ժողովուրդին հանդէպ, այնքան կը շահի մեր Դատը, որ բարոյական կեցուածքի մը ակնկալութիւնը ունի այսօր քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն եւ անոնց վարիչներէն:

Պօղոս Զ., որ պանծացուց Հայաստանեայց եկեղեցիին շքեղ պատմութիւնը, տեսակցութեան ընթացքին իրեն յանձնուած հայկական սրբավայրերու ալպոմին մէջ անշուշտ պիտի տեսնէ, թէ մարդիկ ի՜նչ վիճակի մատնած են հոգեկան հարստութեան այդ կոթողները, որոնք կը գտնուին մեր բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ, ենթակայ` վանտալներու քանդումին: Ի վերջոյ, մեր եկեղեցիին պատկանող այդ հարստութիւնները նոյն ատեն մաս կը կազմեն քրիստոնէութեան գանձարանին, ուր դաւանական տարբերութիւնները այնքան ալ նշանակութիւն չունին, չեն կրնար ունենալ:

Հայրապետական այցելութեան առթիւ, հայ ժողովուրդին, Հայ եկեղեցիին, անոնց անցեալին ու ներկային մասին եղած արտայայտութիւնները հայութեան շուրջ միջազգային հետաքրքրութիւն ստեղծելու կոչուած երեւոյթներ են եւ հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ, այս օրերուն, մեր ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին դէմ ծանրագոյն վտանգը կը նկատուի այն անտարբերութիւնը, որ համաշխարհային հանրային կարծիքը ցոյց կու տայ հայութեան հանդէպ, մինչեւ իսկ` ժամանակավրէպ նկատելով մեր Դատը:

Այս սխալ ըմբռնումը փարատելու կոչուած ամէն ճիգ ու աշխատանք արժանի է ամենալուրջ ուշադրութեան: Անոնցմէ մէկը կը նկատենք հայրապետական ուղեւորութիւնը` իր յատկանշական հանգրուաններով, Կիպրոսէն մինչեւ Յունաստան, ուր հայ ժողովուրդը միշտ համակրանք եւ քաջալերութիւն գտած է. Վատիկանէն մինչեւ Լիզպոն, ուր հիմնուած է ու կը գործէ միջազգային հայանուն հիմնարկութիւն մը` մարդասիրական իր գործունէութիւնը տարածելով ամէնուրեք: Վերջապէս` Լոնտոն եւ Ժընեւ, ուր վեհափառը առիթ պիտի ունենայ տեսակցելու Անկլիքան եկեղեցիի պետին եւ Եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր քարտուղարին հետ, որոնք միջազգային դէմքերն են:

Վեհափառը այս խոր գիտակցութեամբ ճամբայ ելաւ: Զինք այդ գիտակցութեամբ ընդունողներ եւ պատուողներ ունեցաւ: Այդ գիտակցութեան ստեղծած ուրախութեամբ պիտի դիմաւորենք զինք, երբ վերադառնայ իր երկար ուղեւորութենէն` իր բարձր պարտականութիւնը կատարած առաջնորդի հոգեկան բաւարարութեամբ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծանօ՞թ Էք «Հոպի-Հորսինկ»-ին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?