Լիբ. Օգն. Խաչի Գնահատելի
Գործունէութիւնը
Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ պատահած երկու աղէտներ` ողողում եւ հրդեհ, բացառիկ գործունէութեան մը լծեցին Լիբ. օգն. խաչի Շրջանային վարչութիւնն ու աղէտեալ շրջաններու մասնաճիւղերու վարչութիւնները:
Եփրատի շրջանի ողողումներուն ատեն, իբրեւ անմիջական օժանդակութիւն, Շրջ. վարչութիւնը 2200 լիբ. ոսկի բաժնեց մեր այն հայրենակիցներուն, որոնց տուները ողողուեցան ջուրի հոսանքէն եւ փճացան կամ վնասուեցան անոնց կահ-կարասիներն ու անկողինները:
Լիբ. օգն. խաչը անմիջական օգնութեան փութաց նաեւ Թիրօ քեմփի մեր դժբախտ հայրենակիցներուն, որոնց գոյքերը հրկիզուեցան պատահած հրդեհէն:
Արդարեւ, իր անձնուէր ծառայասիրութեամբ, բացառիկ գնահատանքի արժանի է կանացի մեր այս մեծ կազմակերպութիւնը, որուն ընթացիկ-օգտաշատ գործունէութիւնը ծանօթ է բոլորին` հասնիլ չքաւորներուն, հիւանդներուն, կարօտ ուսանողներուն: Տակաւի՛ն, «Պնակ մը կերակուր»-ի եւ «Կազդուրման կայան»-ի բարերար դերը: Աւելի՛ն. միութենական կեանք, անդամական եւ հրապարակային ձեռնարկներ եւ այլն, եւ այլն:
Լիբ. օգն. խաչը Թիրօ քեմփի աղէտեալներուն օգնութեան փութաց առաջին իսկ օրէն եւ մինչեւ մայիսի վերջը յանձն առաւ հոգալ անոնց կէսօրուան ճաշը:
Ծրագրած է, աղէտեալներուն յատուկ, ստեղծել բժշկական ամէնօրեայ դարմանումի դրութիւն` Թիրօ քեմփի Օգն. խաչի իր դարմանատան մէջ:
Իր կոչը` ուղղուած հայ հասարակութեան, օգնութեան փութալու Թիրօ քեմփի աղէտեալներուն, որոնք մեծ կարիքը ունէին հագուստեղէնի եւ անկողինի կազմածներու, ունեցաւ արդիւնաշատ արձագանգ: Օգն. խաչի գրասենեակը եկած բոլոր հագուստեղէնները օրին բաժնուեցան աղէտեալներուն:
Յայտնենք, որ դեռ բազմաթիւ աղէտեալներ կան, որոնք կարիքը ունին զգեստեղէններու: Անհրաժեշտ պահանջը կայ յատկապէս փոքրիկներու յատուկ հագուստեղէններու: Բոլոր անոնք, որ կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել այս օգնութեան, կրնան իրենց նուէրները ուղարկել Լիբ. օգն. խաչի Շրջ. վարչութեան գրասենեակը: Հեռաձայն` 228045:
Վստահ ենք, որ մեր սրտցաւ հայրենակիցները, առատաձեռն մասնակցութեամբ, պիտի գիտնան գնահատել Օգն. խաչի ազգանուէր ծառայասիրութիւնը` օր առաջ փութացնելով իրենց նուէրները գրասենեակ:
ՀՐԱԶԴԱՆ
ՀՕՄ-ի Համագումարը
Յունիս 18-ին Պէյրութ Կը Հասնին
Ամերիկահայ Պատուիրակները
Յառաջիկայ յունիսին, Պէյրութի մէջ պիտի գումարուի Հայ օգնութեան միութեան համագումարը, որուն պիտի մասնակցին պատուիրակութիւններ` Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Յորդանանէն եւ Լիբանանէն:
Մեզի ղրկուած անձնական նամակէ մը կ՛իմանանք, թէ Միացեալ Նահանգներու խումբը, շուրջ 70-72 հոգի, Պէյրութ կը հասնի յունիս 18-ին: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պիտի մասնակցին Սեդա Թերզեանը (ատենապետուհի) եւ Գոհար Թէօլէօլեանը (գործադիր քարտուղարուհի): Պէյրութ պիտի գան նաեւ Սիրանուշ Մխիթարեանը եւ Զապէլ Սերոբեանը` իբրեւ վաստակաւոր ընկերուհիներ:
Կիլիկեան Ազգային Վարժարանի
Ձեռային Աշխատանքներու Եւ
Գծագրութեանց Ցուցահանդէսը
Չորեքշաբթի, 3 մայիսէն մինչեւ ուրբաթ, 5 մայիս, Պուրճ Համուտի «Կիլիկեան» ազգային վարժարանի դուռերը բացուած էին ծնողներուն եւ դպրոցասէր հայրենակիցներուն առջեւ` ինքնայատուկ ձեռնարկի մը առիթով:
Աշակերտները իրենց ծնողները կը քաջալերէին երթալու եւ տեսնելու համար իրենց կազմակերպած գծագրութիւններու եւ ձեռային աշխատանքներու առաջին ցուցահանդէսը: Արդարեւ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները դպրոցի երեք դասարանները վերածած էին ցուցադրութեան սրահի մը, ուր կը տեսնուէին անոնց կողմէ գծուած տեսարաններ` ըլլայ իւղաներկ, ըլլայ ջրաներկ: Հասկցող աչքը արդէն իսկ կրնար նշմարել տաղանդի զարթնումին առաջին նշանները կարգ մը պատկերներու առջեւ, որոնք գծուած էին յաջողութեամբ: Աղջիկներու կողմէ կատարուած ձեռային աշխատանքներէն ոմանք ցոյց կու տային ճաշակի եւ ձեռարուեստի որոշ հասունութիւն:
Սեղաններու վրայ դրուած էին աշակերտներու տետրակները, ուր կը տեսնուէր անոնց ձեռագիրը` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:
Այլ սենեակի մը մէջ, մանկապարտէզի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներու օգնութեամբ պատրաստած էին գեղեցիկ կենդանի պատկերներ, արաբական վրան մը` շրջապատով, ափրիկեան գիւղ մը` ափրիկեան անասուններով, շոգեկառքի կայան մը եւ զանազան նման աշխատութիւններ, որոնք զարգացուցիչ են իբրեւ գիտութիւն երեխային համար եւ հաճելի աշխատանք մը` կաւով, հողով, խաւաքարտով, խճաքարերով եւ այլազան նիւթերով:
Մանկավարժական տեսակէտէ խիստ գնահատելի ձեռնարկ մը, արդարեւ, որ երեխային կարողութիւնները բացայայտելու մարզին մէջ իր դերը խաղալով հանդերձ, օգտակար է եւ մաս կը կազմէ անմիջական կազմաւորման: Գնահատելի է «Կիլիկեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին այս յաջող ձեռնարկը:
Հայ Անունին
Նախանձախնդրութիւնը
Ամէն անգամ որ կը խօսինք Հայ դատի մասին, բոլորս ալ կը ծանրանանք օտարներու մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնելու կարեւորութեան մասին:
Կ՛ընդունինք, որ հիւրընկալ ժողովուրդներ եթէ մօտէն ծանօթ ըլլային պատմական եւ մշակութային մեր մեծութիւններուն, պիտի համակրէին մեզի ու իրենց վերաբերումը պիտի ըլլար դրական` հանդէպ քաղաքական մեր պահանջներուն:
Որքան ալ պղատոնական կամ ռոմանթիկ ըլլայ այս մտածումը, այսուհանդերձ, կը կրէ իրականութեան որոշ տարրեր:
Առօրեայ շփումներով ամէն տեղ մենք կապուած ենք հիւրընկալ ժողովուրդներու եւ անոնց իշխանութեանց հետ:
Գործունէութեան ամէն մարզի վրա մեր շարժումները եւ ապրելակերպը տեղ մը կ՛արձանագրուին: Իրենց պետական քաղաքականութեան եւ շահերուն տեսակէտով հրամայական պարտականութիւն մըն է ասիկա:
Եթէ տեղացին եկուոր օտարականը իր յարաբերութեանց ընթացքին կրած տպաւորութիւններով կը դատէ, իշխանութիւնը իր իրաւունքը եղող տարբեր գործօններով կը յանգի աւելի շօշափելի եզրակացութիւններու:
Եւ որովհետեւ եկուորներ ենք նաեւ մենք ամէն տեղ, ուր հաստատուած ենք, կ՛աշխատինք, հասկնալի է, ապահովել մեր Դատին եւ մեզի համար համակիրներ:
Հասնելու համար, սակայն, այդ նպատակին, պէտք է ջանանք ամէն բանէ առաջ մաքուր պահել հայ անունը: Յարգել օրէնքները մեզ հիւրընկալող երկրին, ու մեր անհատական համբաւն ու օրինապահ եկուորի վարկը նպաստ մը դարձնել յօգուտ հայ անունին ու Դատին եւ այս բոլորը` շահելու համար խօսուն վստահութիւնը շրջապատին:
Հայ անունին անխոցելի եւ մաքուր մնալու նախանձախնդրութիւնը, ուրեմն, հրամայական պարտականութիւնն է բոլորին:
Հպարտութեամբ պէտք է յայտարարենք, որ հայութիւնը աշխարհի ամէն կողմը շահած է պատուախնդիր եւ սիրուած ժողովուրդի համբաւ: Շնորհիւ իր մաքուր կենցաղին` հայ անհատը սիրուած է իր շրջապատէն: Ամէն տեղ գնահատուած են հայեր, ու իրենց ընդունակութեանց շնորհիւ` արժանացած են նախանձելի դիրքերու:
Մեր քաղաքական Դատը, եթէ պիտի կրնայ համակիրներ արձանագրել, հայութեան անցեալ պատմութեան համահաւասար ներկայ դիրքն ու կեցուածքը եւս պիտի ունենայ իր կշիռը:
Համոզուած այս իրողութեան` աշխատինք անաղարտ պահել ցեղին համբաւը:
Զգուշանանք առանձնապէս նիւթական յաջողութիւններու հետամուտ` տարուելու մեր վարկը խախտող զառածումներէ, երբ ամէն ապօրինի քայլ կամ արարք կ՛արձանագրուի ի վնաս հաւաքականութեան:
Վերելքի եւ փառքի ապահով ուղիներ կան, ուրկէ միայն պէտք է յառաջանալ: Հայ անունին նախանձախնդրութիւնը այդ կը պահանջէ բոլորէս:
«Արմենիա»