Մանուէլ Մելենկիչեանի
Յաջողութիւնը
Լիբանանահայ երգիչ Մանուէլ Մելենկիչեան, որ տարի մը առաջ Ֆրանսա մեկնեցաւ` իբրեւ «Լիբանանի Ազնաւուրը», մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Փարիզի մէջ:
Մելենկիչեան կ՛երգէ «Fare well to Lebanon» ժապաւէնին մէջ, որ ներկայիս կը ցուցադրուի «Սթարքօ» եւ «Մեթրոփոլ» շարժանկարի սրահներուն մէջ: Մելենկիչեան իր նոր երգը` «Թու նայթ թու նայթ» կ՛երգէ անգլերէն:
Հայկական Ձեռագիր Մը
Կը Ծախուի Վերսայի Մէջ
Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-էն կ՛իմանանք, որ Վերսայի մէջ (Ֆրանսա) աճուրդով ծախուած է հաւաքածոյ մը, որուն մէջ կը գտնուէր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐ ՄԸ:
«Յառաջ» հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ այդ ձեռագիրը.
Աւետարան, փոքրագիր, գրուած` թուղթի վրայ, հայոց թուական 1109-ին, այսինքն` փրկչական թուական 1660-ին:
Շօշ, որ է Ասպահան ի գիւղին Մարունա ընդհովանեաւ Ս. Մինասի, ի հայրապետութեան Ս. Էջմիածնի, Տեառն Յակոբայ կաթողիկոսի եւ յառաջնորդութեան նոր Երեւանի Սահակ արհի եպիսկոպոսի, եւ ի թագաւորութեան այլասեռից փոքրիկ Շահապասին:
Կը պարունակէ երեք մանրանկարներ` Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանիչներու (կը պակսի Մատթէոսի մանրանկարը, կը պակսի նաեւ գիրքին տիտղոսը): Զարդարուած բազմաթիւ անլիւմինիւռներով (լուսանցքի զարդանկարներ` գունաւոր) վերջաւորութեան` եւ թաղի խորաններ` զոյգ էջի վրայ:
Յիշատակարանը շատ երկար է, գրիչն է` «անարժան եւ տխմար Յակոբ»:
Աւարտած է 20 մայիս 1660-ին, կազմը` տախտակէ, բոլորովին ջարդուած եւ քայքայուած է:
Թուղթը աղտոտած է:
Գրել տուողն է Գրիգոր, ի յիշատակ իր հարազատներուն:
Ֆրանսայի Հայերը Պայքար Կը Մղեն Թուրքիոյ Դէմ
Թուրք Պետութեան Ուշադրութիւնը
Հրաւիրուեցաւ
Ֆրանսայի հայերը վերջերս պայքար բացին Թուրքիոյ դէմ: Այս մասին Փարիզէն տեղեկագիր մը ղրկուեցաւ Անգարա: Կը պահանջուի, որ թուրք կառավարութիւնը փութով միջոցներ ձեռք առնէ:
Տեղեկագրին համաձայն, հայերը Ֆրանսայի բոլոր կեդրոններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ կը գործեն, Թուրքիան բարբարոս կը նկատեն եւ կ՛առարկեն, թէ Թուրքիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր հայեր ճնշումի տակ կ՛ապրին: Ասկէ զատ, հայերը միջազգային շրջանակներու օժանդակութիւնը ապահովել կ՛ուզեն` Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը հայկական կառավարութիւն մը հիմնելու համար:
Անգարա ղրկուած տեղեկագիրը կ՛ըսէ, որ Ֆրանսայի թուրք դիւանագիտական մարմինը պէտք եղածին պէս չի կրնար հակազդել հայոց այս քարոզչութեան: Թուրք կառավարութիւնը աւելի լայն միջոցներ պէտք է ձեռք առնէ:
Պաղտատահայ Կեանք
«Կոմիտաս» Երգչախումբին
Ելոյթները
Կազմակերպութեամբ Պաղտատի հայ ԵԵ միութեան վարչութեան, «Կոմիտաս» երգչախումբին ելոյթները տեղի ունեցան միութեան ակումբի սրահին մէջ, 27, 29 եւ 30 ապրիլին: Ներկայ եղան 2000-է աւելի հայ եւ օտար ունկնդիրներ:
Համերգները տրուեցան մեծանուն վարպետ Բ. Կանաչեանի հովանաւորութեամբ: Դժբախտաբար հիւանդութեան պատճառով վարպետը չկրցաւ ներկայ գտնուիլ:
Յայտագրի Ա. մասին յաջորդաբար երգուեցան Կարա Մուրզայի «Ալագեազ»-ն ու «Քեզի մեռնեմ»-ը: Կոմիտասի «Սիփանի քաջեր»-ը, որ բուռն ծափեր խլեց ունկնդիրներէն: Ռ. Մելիքեանի «Կարօտ»-ն ու «Քելէր, ցոլեր»-ը, մեներգ` Ռիթա Մկրտիչեան եւ Հայկուհի Սերոբեան: Կոմիտասի «Սարերի վրովն»-ն ու «Երի ջան»-ը: Յ. Մեհրապի «Գնչուի երգ»-ը եւ Բ. Կանաչեանի «Հօյ նար»-ը, մեներգ` Միսաք Մէյմարեան: Բոլոր խմբերգներն ալ յաջող էին:
Բ. մասին` Կոմիտասի «Ով մեծասքանչ»-ը, Բ. Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, Թ. Ալթունեանի «Հինգալլա»-ն, Բ. Կանաչեանի «Նեննիր նայ»-ը, մեներգ` Զարեհ Ագըլեան եւ Թ. Ալթունեանի «Հօփինա»-ն, մեներգ` Արաքսի Տէր Պօղոսեան եւ Զարեհ Ագըլեան: Ազգային եւ հայաշունչ այս խմբերգները բուռն ծափեր խլեցին ներկաներէն, նոյնիսկ քանի մը հատը կրկնուեցան:
Գ. մասին` Գոզալեանի «Լիրիկական»-ը, Թ. Ալթունեանի «Ալագեազ»-ը, «Աբարան»-ը, մեներգ` Հայկուհի Սերոբեան, «Իջաւ մարմանդ իրիկուն»-ը եւ «Ծաղկասարի կանաչ լանջին»-ը եւ վերջապէս` Բ. Կանաչեանի «Դալի լօ»-ն, մեներգ` Սիրվարդ Քէշիշեան, Ռիթա Մկրտիչեան, Պերճուհի Եսայեան եւ Միսաք Մէյմարեան: Շատ յաջող էր նաեւ այս մասը:
Շնորհիւ խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի, այս տարուան երկսեռ խումբը, 61 հոգի, մեծ յաջողութեամբ կատարեց խմբերգները եւ արժանացաւ հայ եւ օտար ունկնդիրներու գնահատանքին: Ոչ միայն քանի մը երգեր կրկնուեցան, այլեւ խումբը, յայտագրէն դուրս, խմբերգեց նաեւ «Երեւան»-ը:
Թէ՛ խումբի անդամներուն եւ թէ՛ մանաւանդ խմբավարի 6 ամսուան յոգնութիւնը պսակուեցաւ փառաւոր յաջողութեամբ:
Ելոյթներուն փակման խօսքը ըրաւ Աւետիս Յովհաննէսեան:
Յայտնենք նաեւ, որ խումբը համերգ մը եւս տուաւ մայիս 3-ին, բոլոր հայ ուսանող-ուսանողուհիներու համար, մուտքը ձրի, որուն ներկայ եղան մօտ 1000 ուսանողներ:
Ռ. Ա.