Մայիս 28-ի Խորհուրդը
Մայիս 28-ի պատմական իրողութիւնը մեծագոյն դարձակէտն է հայ ժողովուրդի ճակատագրին, որ եօթը հարիւր տարիներու անջրպետէն նոր եւ հաստատուն կամուրջ մը կը կապէր իր ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ:
Մայիս 28-ը հայ պետութեան վերակերտումի թուականն է, արիւնոտ պատերազմներու եւ յաղթական ճակատամարտերու վերջին արդիւնքը դրօշազարդ: Այնքան կորուստներէն ետք հայ ժողովուրդի միակ եւ սփոփիչ մխիթարանքը կ՛ըլլար փառաւոր յարութիւնը ազատ եւ անկախ հայրենիքին:
Դարերէն եկած տենչանքն էր մայիս 28-ը: Եւ գալիք դարերուն ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է մայիս 28-ը:
Հայ ժողովուրդը անհաւասար պայքարներու մէջ նետուեցաւ տիրապետող եւ բռնակալ երկու կայսրութիւններուն դէմ, բազմիցս արիւնլուայ եղաւ, նոյնիսկ ապրեցաւ ապրիլեան Եղեռնը (1915-ին) եւ սակայն յամառ ու տոկուն պայքարներով արիւնի ծովէն եւ մռայլ անդունդէն յարութիւն առաւ 1918 մայիս 28-ին, երբ շատերուն համար անոր փրկութիւնը անյուսալի էր:
Այս հրաշքը հայութեան կու տար անկախ հայրենիք մը, հայութիւնը կը գօտեպնդէր յաղթանակի զգացումներով, եւ հայ ցիր ու ցան բեկորները մահուան եզրէն յուսալից կեանքին կը վերադարձնէր:
Մայիս 28-էն ետք Հայկական հարցը նոր փուլի մը մէջ կը մտնէր: Բարենորոգումներու, ինքնավարութեան, այս կամ այն պետութեան հովանիին տակ ապահովութեան բոլոր հաշուետետրերը կը փակուէին, եւ կը մնար մէկ հաշիւ, մէկ նպատակ, մէկ ուղի:
Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստան
Հայրենիք, Անկախութիւն եւ Ազատութիւն կերտող հայ ժողովուրդը նահանջ չունի եւ չի կրնար ունենալ:
Մէկ է ուղին, ազատութիւն իր հայրենիքին, ամբողջացումը իր հայրենիքին, անկախութիւն իր հայրենիքին: Գերիշխան իր կեանքին, մեծ ու փոքր ազգերու եւ պետութիւններուն մէջ:
Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը վարելու եւ հայկական պետութիւն ստեղծելու մեծագործութիւնը 1914-1918 ժամանակաշրջանին ինկաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ուսերուն վրայ: Ազատագրական տագնապալի այդ շրջանին Դաշնակցութիւնը դրօշակիրը եղաւ հայոց հայրենիքին ազատութեան եւ անհաշուելի զոհերով մայիս 28-ին հասաւ: Այդ օրն իսկ իր արիւնոտ կարմիր դրօշը վերածեց եռագոյնի, որ անկախ Հայաստանի վրայ ծածանեցաւ իբրեւ դարերէն եկող դիւցազնական օրհնութիւն մը:
Այս իրողութիւնները դարեր տեւող մխիթարանքներ են եւ դարերու տեւողութեամբ գործօն զգացական ուժեր են ապրող ժողովուրդին համար:
Մայիս 28-ը յիշատակի թուական մը չէ, անցեալի մը փառատօնը չէ, պատմութեան անցած եւ փակուած դրուագ մը չէ, այլ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅ ՄԸՆ Է:
Ամէն օր հայ ժողովուրդի սիրտը կը տրոփէ եւ պիտի տրոփէ մայիս 28-ի զարկերուն տակ: Ամէն օր հայ ժողովուրդը կը քալէ դէպի մայիս 28, եւ` այդ օրէն գծուած ուղիով:
Չի կրնար չմտածել, չի կրնար չգործել, չի կրնար չզգալ: Այդ է իր ճակատագիրը:
Կարդացէք Ա. Ահարոնեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, ու դուք հոն պիտի լսէք մեծ գրագէտին յուսահատ ճիչը.
«Արա՛քս, թուրքը քու ափի՞ն…»:
Ահարոնեանը մայիս 28-ի ուժին է կարօտ, որ թուրքը Էջմիածնի գմբէթներուն տակը չմնայ…
Եթէ Ահարոնեանը Դաշնակցութեան դրօշակիր հեղինակ մըն է, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող, անդին, Խորհրդային Հայաստանի կարմիր դրօշին հովանիին տակ կան բանաստեղծներ, որոնց սրտի տրոփը համընթաց է Ա. Ահարոնեանի տրոփին:
Լսեցէ՛ք Սարմէնի «Հայրենի տուն»-էն:
«Ո՞վ ապրում է քո յարկի տակ,
Իրեն յաւէտ տէ՞ր է կարծում…»:
Սարմէնի «Հայրենի տուն» քերթուածի ամէն մէկ տողէն մայիս 28 կը ճառագայթէ:
Դարձէ՛ք եւ Շիրազի «Կտակ»-ը ըմբոշխնեցէք, ու դուք պիտի տեսնէք, թէ որքա՜ն հաւատքով եւ որքա՜ն յուզումով Մասիս սարը կը կտակէ իր տղային, որ լերան դէմքը շուռ տայ դէպի ներկայ Հայաստան: Մասիս սարը մայիս 28-ն է, որ ներկայ է բանաստեղծի անհուն զեղումին մէջ:
Ու ո՞ր սրտին, ո՞ր մտքին մէջ ներկայ չէ մայիս 28-ը:
Հայ ազգի եւ հայ հայրենիքի ազատութեան յաւիտենական ղօղանջն է մայիս 28-ը:
Գալիք սերունդները այդ մշտատեւ զանգին մտիկ պիտի ընեն` իրենց քայլերը ուղղելով Ազատութեան Ճանապարհին:
Ճակատագիր մըն է մայիս 28-ը:
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ
Մայիսեան Մեծ Պարահանդէսը
Բացառիկ Յաջողութիւն Գտաւ
Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան
Եւ Անտրէ Թապուրեան Նուիրեցին
5000-ական Լիբանանեան Ոսկի
Շաբաթ գիշեր, Քազինոյի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան մեծ պարահանդէսը, որ արձանագրեց բարոյական եւ նիւթական բացառիկ յաջողութիւն:
Պարահանդէսին ներկայ եղան երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, որոնք կը հովանաւորէին այս ձեռնարկը: Չորրորդ հովանաւորողը` Պէյրութի երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, շատ յարգելի պատճառներով, չկրցաւ մասնակցիլ: Հայ երեսփոխաններուն սեղանակից եղան նաեւ մեր բարեկամ երեսփոխաններէն զօրավար Ճեմիլ Լահուտ եւ Միխայիլ Տըպս:
Այս առիթով Անտրէ Թապուրեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Խաչիկ Պապիկեան 5000-ական լ. ոսկի նուիրեցին:
Պարահանդէսը տեւեց մինչեւ առտուան առաջին ժամերը, խանդավառ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ: Բացառիկ կարգադրութեամբ մը, ֆրանսացի մեծ երգչուհի Իրեն Պերթիէ իր երգերով առինքնեց ներկաները, որոնց թիւը կը հասնէր 700-ի:
Վիճակահանութեան դրուած էին 13 արժէքաւոր նուէրներ:
Սկիզբէն մինչեւ ետք, պարահանդէսը ընթացաւ անթերի կանոնաւորութեամբ, որուն համար շնորհաւորելի է կազմակերպիչ յանձնախումբը:
Անկախութեան Ձգտումը
Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելնուն համար չէ՛, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը. կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը չունենալնուն համար: Եթէ հայութիւնը դիմացեր է այսքան դարեր, իր դիմադրութեամբն է դիմացեր, դիմադրելով, որ չկլանուի, դեմադրելով, որ ազատուի: Եթէ իր անկախութեան համար մաքառիլը մահ բերէր, հայութիւնը արդէն տասնեակ անգամներ պէտք էր մեռած ըլլար: Կամքը ո՛ւժ է, մե՛ծ ուժ, շա՛տ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծուի: Սրե՛նք մեր կամքերը բոլո՛ր միջոցներով. ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իրապէս կը պաշտպանէ մեզ մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր բարձրացման ու մեր զարգացման առջեւը ճամբայ կը բանայ:
Ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ վաղը, նո՛յնն է հայութեան ձգտումը, եւ ուրիշ բան ալ չի կրնար ըլլալ, մինչեւ որ մենք ալ մտնենք վերջապէս ազատ ու առողջ ազգերու շարքը:
Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր բոլոր հալածանքը, մեր բոլոր տառապանքը: Մեր մարդկային արժանապատուութեան այս բոլոր լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ