Խմբագրական
Հերոսներու Գանկին Վրայ
Յիսունեւմէկ տարի առաջ, ճիշդ այսօր, մայիսի 6-ին, Պուրճի եւ Մերճէի հրապարակներուն մէջ արեւը իր առաջին ճառագայթները կը նետէր մահաշուք պատկերին վրայ կախաղաններու, ուր անվեհեր բարձրացած էին այս երկու քոյր ժողովուրդներուն ամէնէն ընտիր զաւակները` եղերականօրէն եղբայրացած:
Նոյն օրերուն ժողովուրդ մը ամբողջ կը քշուէր հեռու իր պապենական հողերէն, կ՛ենթարկուէր նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութեան եւ կը մահանար արաբական անապատներու աւազներուն մէջ կամ Եփրատի յորձանքներուն անձնատուր:
Զոհերը տարբեր էին, բայց նոյնն էր դահիճը, որ իր վայրագութեամբ, անգիտակցօրէն կը նետէր հիմերը հայեւարաբ եղբայրութեան մը, որ այնքան թանկագին պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին, քանի մը տարի ետք, երբ շնորհիւ միջազգային դիւանագիտութեան խաղերուն վերստին ոտքի կանգնած երբեմնի պարտեալը երկրորդ տեղահանութեան մը կ՛ենթարկէր հայութեան բեկորները:
Ու այսօր, երբ կը կարդանք ականատեսի մը վկայութիւնները արաբ նահատակներու վերջին վայրկեաններուն մասին, անոնց պատգամին ի լուր, չենք կրնար չմտաբերել այն միւս նահատակները, որոնք գրեթէ նոյն խօսքերով, ազատութեան եւ անկախութեան նոյն ճամբաներուն ուխտաւորները որպէս` բարձրացան կախաղան իրենց հայրենիքը երգելով:
Որքան նման են իրարու Պետրոս Սերեմճեան մը, որ կախաղանէն խեղդուկ ձայնով Հայաստան կը գոչէ եւ Ապտէլ Ղանի Արէյսի մը, որ չուանը անձամբ վիզը անցընելէ առաջ կը բացագանչէ Ճեմալ փաշայի ներկայացուցիչ Ռըտա փաշային:
– Արաբներու փառքը պիտի վերապրի: Թագաւորութիւնները կը հիմնուին հերոսներու գանկին վրայ, մեր գանկերը պիտի կազմեն հիմերը լիբանանեան անկախութեան:
Նահատակ եւ մարգարէ, որ ճշմարտութեան գերագոյն պահուն, երբ իր ունեցած ամէնէն թանկագինը կը զոհէ մարդկային ամէնէն վսեմ իտէալին, հորիզոնէն անդին կը տեսնէ արդէն փլուզումը վատին եւ ծաղկումը յաւիտենական, ազատ հայրենիքին:
Նահատակներուն անշուք յուղարկաւորութիւնը, ինչպէս կ՛ըսէ Տընիզ Ամմուն այսօրուան իր յօդուածին մէջ, երբ կը խօսեցնէ ականատես վկայ մը, կը հանդիսանայ նախաքայլը Օսմանեան կայսրութեան յուղարկաւորութեան: Քանի մը տարի ետք հսկայածաւալ կայսրութիւնը կը ճարճատի ամէն կողմէ, օսմանցին ակամայ կը հեռանայ այս երկիրներէն եւ քսանհինգ տարուան հոգատարութեան անբաղդատելիօրէն տանելի շրջանէ մը ետք, Լիբանան վերջապէս կը գտնէ իր ամբողջական անկախութիւնը` շնորհիւ իր զաւակներուն յամառ ջանքերուն եւ անսակարկ նուիրումին:
Անկախ Լիբանանը ամէն տարի այսօր յուզումով կը յիշէ իր նահատակները, որոնք կը պատկանին տարբեր համայնքներու, բայց նոյնացած են իրենց մեծ իտէալին եւ գերմարդկային զոհողութեան մէջ, ինչպէս` իրենց յետնորդները այսօր, այս օրհնեալ երկրին մէջ, ուր այլազան համայնքներու եւ ցեղերու գեղեցիկ մոզայիք մը կ՛ապրի սիրով ու համերաշխ, ոչ մէկ գանձի հետ փոխելով այն ազատութիւնը, որ Լիբանան կ՛ընծայէ իր բոլոր զաւակներուն անխտիր:
Այսօր Պուրճի հրապարակին վրայ, ուր կէս դար առաջ մահապարտները հրաժեշտ կ՛առնէին կեանքէն, լիբանանցի ժողովուրդը պիտի գայ յարգանքով խոնարհիլ իր նահատակներուն անմահ յիշատակին առջեւ եւ ձեռամբ իր նախագահին` ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ անոնց յիշատակը յաւերժացնող արձանին առջեւ: Այս պարզ, այլ յուզիչ հանդիսութիւնը թելադրական արժէք ունի անկասկած այս երկրին զաւակներուն համար, որոնք անողոք բռնակալութեան մը զոհ գացած իրենց թանկագին առաջնորդներուն նահատակութեան մէջէն սորվեցան ամուր փարիլ ազատութեան եւ անկախութեան եւ այն բոլոր նուիրականութիւններուն, որոնք Լիբանանին կու տան իր ինքնայատուկ նկարագիրը աշխարհի մը մէջ, ուր ուրախութեան եւ երջանկութեան առիթները հետզհետէ կը նուազին:
Նահատակներու գանկերը կազմեցին հիմերը լիբանանեան անկախութեան, որ անոնց իտէալին չափ ամուր է եւ անսասան:
Հրապարակային Դասախօսութիւն
Նուիրուած Եդուարդ Պոյաճեանի
«Բագին» գրական ամսագրի խմբագրութիւնը կազմակերպած էր Եդ. Պոյաճեանին նուիրուած հրապարակային դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 մայիս 1967, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Գրասէր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Նախագահ Կ. Սասունի իր բացման խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ.
«Բագին» ամսագրի խմբագրութիւնը սրտառուչ պարտականութիւն նկատեց սարքել այս դասախօսական երեկոն` բնորոշելու համար Եդուարդ Պոյաճեանի դէմքը հայ գրականութեան մէջ:
«Մերձաւոր Արեւելքի հայ զանգուածէն ծնունդ առնող այս ինքնայատուկ բանաստեղծ գրագէտը մեր քովն էր, մեր հետն էր, շաղախուած նորահաս երիտասարդներուն, դպրոցներու եւ գրական սերունդի ամէնօրեայ տագնապին մասնակից, հետեւաբար, մեր աչքերուն առջեւն էր: Ու ժողովրդական իմաստութիւնը շատ քիչ անգամ կը սխալի, երբ կը յայտարարէ, թէ` «Մարդս իր քիթին առջեւ եղածը չի տեսներ»:
«Եդուարդ Պոյաճեան ուշագրաւ գրագէտը եղաւ: Մտաւորական գործիչ մը: Բայց, երբ այսօր, ան մեզմէ հեռու կը գտնուի, անոր գրական դէմքի արձանացումը աւելի՛ յստակ, աւելի՛ կարկառուն կ՛երեւի, պիտի երեւի հայ գրականութեան բարձրադիր պատուանդանին վրայ:
«Տագնապներով առլցուն անոր փոթորկայոյզ հոգին անձնական ու մասնակի ապրումներէն միշտ համահայկական նկարագիր մը կը զգենուր, ուր համամարդկային թրթռացումը մարդու խորունկ լարերուն կը դպնար` հեռաւոր արձագանգներ ստեղծելով:
«Ես, անձնապէս, բարդ ապրումներու տէր վաւերական գրագէտին կորուստը խորապէս կը զգամ: 1944-էն սկսած` ստեղծագործող աշխատակիցը եղաւ Եդ. Պոյաճեան «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ին եւ իր յարաճուն գրուածքներով առաջին գրական մրցանակը շահեցաւ 22 տարի առաջ: Իսկ երբ ձեռնարկեցինք «Բագին» ամսագրի հրատարակութեան, Եդուարդ Պոյաճեան ամէնէն գործօն խմբագիրը եւ աշխատակիցը եղաւ գրական այս պարբերականին:
«Այս երեկոյթը այդ հարուստ գրականութիւնը ներկայացնելու կոչուած է: Բեմը մեր դասախօսներուն եւ արտասանողներուն կը պատկանի»:
«Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն գրագէտ Պօղոս Սնապեան, լայն ու խորաթափանց վերլուծումով ներկայացուց Եդուարդ Պոյաճեան բանաստեղծը:
Սնապեան, Եդուարդ Պոյաճեանի հատորի մէջ մտած եւ հատորէ դուրս գտնուած բոլոր քերթուածները նկատի առած` երեք գլխաւոր շրջաններու բաժնեց անոր բանաստեղծական վաստակը.
Ա.- Մինչեւ «Սէր եւ վիշտ» (1935-1945), Բ.- «Սէր եւ վիշտ» (1945) եւ Գ.- Վերջին հինգամեակի բանաստեղծութիւնները:
Շաղիկ Փափազեան խոր հասկացողութեամբ եւ վարակիչ ապրումով կարդաց Պոյաճեանի քերթուածներէն երկու կտոր:
«Բագին»-ի խմբագրութեան անդամներէն տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ներկայացուց Եդուարդ Պոյաճեան արձակագիրը, «Հողը», «Թուղթ զաւակներուս» եւ «Տոմար տարագրի» գործերուն մէջէն, եւ, ընդարձակ մէջբերումներով, վեր առաւ գրագէտին վաւերական արժանիքները:
Իրաւ եւ «ամբողջական գրագէտ» հասկացողութիւնը ընդգծելէ ետք` դասախօսը յատկապէս ծանրացաւ Պոյաճեան գրագէտին հարուստ զգայնութիւններուն, մտածումներուն, մարդկային ու հա՛յ մարդու տագնապներուն վրայ: «Պէտք է կարդալ,- աւելցուց տոքթ. Փափազեան, – սիրելո՛վ կարդալ Պոյաճեանը` լաւապէս ըմբռնելու համար անոր ստեղծագործութիւնները»:
Ծանօթ ասմունքող Խաչիկ Արարատեան կարդաց Պոյաճեանի «Սարահարթին դաշտամուկը»` լաւագոյն մեկնաբանութեամբ:
Կ. Սասունի իր փակման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Եդուարդ Պոյաճեան ապագայի գրագէտն է: Ամէնէն ինքնայատուկը, մտածում յառաջացնողը:
«Բագին»-ի այս ձեռնարկը արժանաւոր գրագէտին դէմքը լուսաւորող գեղեցիկ ձեռնարկ մըն էր:
ՀՐԱԶԴԱՆ