Մեր Տեսակցութիւնը
Ջութակահար
Սարգիս Խարտալեանի Հետ
Լիբանանահայ ջութակահար Սարգիս Խարտալեան, շրջանաւարտ` Նիւ Եորքի «Ճիւլիարտ» երաժշտանոցէն, արժանացած է Կալամեանի մասնաւոր գնահատանքին եւ անոր թելադրութեամբ առաջին ջութակահարն է «Սիաթըլ սեմֆոնիք նուագախումբ»-ին:
Միջազգային գնահատանքի արժանացած ջութակահար մըն է Սարգիս Խարտալեան, որուն ունկնդրելու առիթը պիտի ունենայ լիբանանահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը, հինգշաբթի, 18 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ի մէջ:
Այս առիթով, հինգշաբթի, 11 մայիսին, մեր խմբագրատան մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք երիտասարդ ջութակահարին հետ:
Հարց տուինք, թէ ո՞ր հեղինակները մաս պիտի կազմեն հինգշաբթիի նուագահանդէսի յայտագրին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Յայտագրիս մաս պիտի կազմեն` Պախի, Սեզար Ֆրանքի, Չայքովսկիի, Ճելալեանի եւ այլն ստեղծագործութիւններ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որո՞նք են ձեր նախասիրած հեղինակները:
Պ.- Ընդհանրապէս` դասական հեղինակները, որոնցմէ յատկապէս` Պրահմս, Պեթհովեն եւ Շուպերթ:
Հ.- Իսկ հայ հեղինակներէ՞ն:
Պ.- Կոմիտաս, Խաչատուրեան եւ Բաբաջանեանի դաշնակի կտորները:
Հ.- Որեւէ հեղինակութիւն ունի՞ք:
Պ.- Մեծ եղեռնի 50-ամեակին առիթով հեղինակած եմ քանի մը կտորներ, որոնք վերջնական մշակումի պէտք է ենթարկեմ նուագելու համար:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք բացատրել արուեստագէտ ջութակահարը:
Պ.- Կեանքի մէջ մենք տարբերութիւն մը չունինք մարդոցմէ: Բեմի վրայ է, որ կը նոյնանանք մեր նուագած կտորի հեղինակին հետ: Կը ջանանք անոր հանճարեղ ստեղծագործութիւնը փոխանցել մեր ունկնդիրներուն, զգալ տալ անոր հոգին:
Հ.- Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Պ.- Միացեալ Նահանգներ վերադարձիս երկու նուագահանդէս պիտի տամ: Նոյեմբերին Սիաթըլի մէջ եւ փետրուարին` «Քարնեկի հոլ»-ի մէջ: 1968-ի ամառը պիտի երթամ Ճափոն: Հրաւիրուած եմ Թոքիոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավարին կողմէ: Այս առիթով նուագահանդէսներ պիտի տամ նաեւ Քորէայի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ:
Այնուհետեւ, մեր ազատ խօսակցութեան ընթացքին, Սարգիս Խարտալեան յայտնեց, թէ` «Այնքան ատեն որ ապրած եմ եւ պիտի ապրիմ Եւրոպա եւ յատկապէս Ամերիկա, ազդուած եմ եւ պիտի ազդուիմ օտար երաժշտութենէ: Սակայն հայկական երաժշտութիւնը ինծի համար ապրում է: Եղած է ներշնչումի մնայուն աղբիւր: Նուագած եմ Փարիզի եւ Նիւ Ճըրզիի հայոց եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին, ընկերակցելով քառաձայն երգչախումբերու»:
Ամերիկացի մը, գնահատելով երիտասարդ ջութակահարին բնատուր տաղանդը, նուիրած է Սթրատիվարիուս մը: Սարգիս Խարտալեան հինգշաբթի նուագահանդէսին պիտի նուագէ իր նուէր ստացած ջութակով:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Երկու Տեսարան` Ապրիլեան
Նահատակներու Յուշարձանի
Բացման Հանդէսէն Մոնթեպելլօ
Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Քաունսըլմէն Տէյվիտ Զիմըր, բահը ձեռքին կը փորէ հողը: Նկարին մէջ, ձախէն աջ` յանձնախումբի անդամ Յակոբ Ապտիւլեան (դէմքը կ՛երեւի), փաստաբան Վազգէն Մինասեան` յանձնախումբի ատենապետ, Քաունսըլմէն Ճոզըֆ Սփատա, հայ սկաուտ մը, Ճեք Հոլիֆիլտ, «Նոր օր»-ի խմբագիր Միսաք Հայկենց, Արիս վրդ. Շիրվանեան, Քաունսըլմէն Զիմըր, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Հերի Շեփըրտ, էսեմպլիմեն Ճեք Ֆենթըն եւ դրամատունի տնօրէն Ճան Կապրիէլ:
Տեսարան մը ժողովրդական ստուար բազմութենէն


