Երէկ` Կիրակի, Հոգեգալստեան Պատարագին, Անթիլիաս
Շքեղ Ընդունելութիւն
Նախագահ Շար Հելուի
Ներկայ Եղան Նախարարներ, Երեսփոխաններ,
Բարձրաստիճան Սպաներ Եւ Երեւելի
Անձնաւորութիւններ
Սրտաբուխ եւ խանդավառ արտայայտութիւններու առիթ մը եղաւ այն այցելութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու տուաւ երէկ` կիրակի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը` ներկայ գտնուելով Հոգեգալուստի հանդիսաւոր Ս. պատարագին:
Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը փութացած էր Անթիլիաս` ողջունելու համար նախագահը, որ իր բարեբաստիկ այցելութեամբ անգամ մը եւս գուրգուրանքն ու համակրանքը, որ ունի հայ համայնքին հանդէպ` անոր մէջ տեսնելով այս սիրելի երկրին վերելքին ու բարգաւաճման գլխաւոր ազդակներէն մէկը:
Պատարագիչն էր Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: Ս. պատարագը սքանչելիօրէն խմբերգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս»-ի եւ Ս. Նշանի դպրաց դասի միացեալ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:
Նախագահ Շարլ Հելու մոթոսիքլիսթներու առաջնորդութեամբ կաթողիկոսարան ժամանեց ժամը ճիշդ 10:00-ին եւ օթոսթրատէն մինչեւ մայր տաճար ժողովրդային խանդավառ ծափերու եւ զինուորական պատիւներու արժանացաւ:
Նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի ազգային քայլերգը, որմէ ետք նախագահը առաջնորդուեցաւ մայր տաճար:
Ս. պատարագին եւ պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ եղան` ներքին գործոց նախարար Պատրի Մէուշի, արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Հաքիմ, կրթական նախարար Սլէյման Զէյն, տեղեկատուութեան նախարար Միշէլ Էտտէ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշէլ Խուրի, հանրապետութեան նախագահութեան քաղաքական դիւանի պետ Էլիաս Սարգիս, հանրապետութեան նախագահութեան փրոթոքոլի պետ Ժորժ Հայմարի, պետական երեսփոխաններ` Ֆ. Պութրոս, Ժ. Լահուտ, Ալպեր Մուխայպեր, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհ. տնօրէն Ժոզեֆ Սալամէ, տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհ. տնօրէն Շարլ Ռըզք, Վճռաբեկ ատեանի նախագահ Մասուտ Հընէյն, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ Նուժէյմ, ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար գնդապետ Նոֆալ, Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, պետական այլ պաշտօնեաներ եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` առժամեայ վեհարանի դահլիճին մէջ: Երգչախումբը երգեց Լիբանանի ազգային քայլերգը:
Այնուհետեւ Տաճատ արք. Ուրֆալեան կարդաց հետեւեալ բովանդակալից ճառը, որուն արաբերէնի թարգմանութիւնը կարդացուեցաւ Հայկ Թովմասեանի կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազանին Ճառը
Ձերդ վսեմութիւն,
Թոյլ տուէք ինծի անձնապէս եւ յանուն Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. վեհափառի եւ լիբանանցի Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն կողմէ ողջունել ձեզ Կիլիկեան Ս. Աթոռի այս կամարներուն տակ եւ բարի գալուստ մաղթել ձեզ եւ ձեզի ընկերակցող յարգելի անձնաւորութեանց:
Ձեր այս պատմական Ս. Աթոռին բարեբաստիկ այցելութեամբ ուրախութեան նոր առիթ մը եւս կ՛ընծայէք անոր զաւակներուն, որոնք նոյն ատեն ձեր զաւակներն են, այս հայրենիքին զաւակները: Ահա թէ ինչո՛ւ համար ձեր կողմէ եղած այս մեծարանքը կը նկատենք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն անխտիր:
Վստահ եղէք, նախագահ, որ բազմութիւնը միայն պարտականութիւն մը կատարելու համար չէ, որ մէկտեղուած է այսօր այստեղ, այլ սրտի խորերէն, սիրազեղ անխառն մղումով եւ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումներով խթանուած` եկած են յայտնելու իրենց յարգանքը ձերդ վսեմութեան եւ ձեր անձով խորհրդանշուած` ազատութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան երկրին – գիտութեան եւ մշակոյթի փարոս Լիբանանի հայրենիքին, կառավարութեան:
Եկած են հաւաստիացնելու անգամ մը եւս ձերդ վսեմութիւնը եւ ձեր գլխաւորած պետութիւնը, խոր գիտակցութեամբ եւ սիրով, բանիւ եւ գործով իրենց մասնակցութիւնը բերելու ամէն մարզերէն ներս լիբանանեան հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին եւ զօրավիգ կանգնելու ձեր առաջադրած ծրագիրներու իրագործման` յօգուտ հայրենիքի եւ անոր ժողովրդեան:
Ձերդ վսեմութիւն,
Թոյլ տուէք մեզի, որ երբ կը խօսինք սիրելի հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման մասին, ինչպէս նաեւ` անոր ապահովութեան մասին, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնանայ ձեզ ազնուաշուք անձին վրայ, որովհետեւ ձեր անշահախնդիր ոգին, աննկուն կամքը եւ յարատեւ հայրական հոգածութիւնը հայրենիքի վերելքին եւ անոր իւրաքանչիւր զաւկին ապահովութեան եւ երջանկութեան, մեզ կը խանդավառէ եւ կը համակէ հաւատքով եւ ապագայի մասին լաւատեսութեամբ: Ձեր ձեռնհաս եւ լուսամիտ ղեկավարութեամբ վստահ ենք, որ Լիբանանի երկնակամարը պիտի մնայ միշտ պայծառ, ջինջ եւ արեւոտ, փոթորկալից ամպերէ զերծ:
Կը զգանք եւ կը հաւատանք, որ այս օրհնեալ երկիրը խաղաղութեան, եղբայրութեան, սիրոյ եւ հաւատքի երկիրն է, ուր բոլոր քաղաքացիները, գոյնզգոյն ծաղիկներէ կազմուած անթառամ ծաղկեփունջի մը հանգոյն, կ՛ապրին Սաննինի վեհանձնութեամբ: պատմական մայրիներու շուքին եւ հովանիին ներքեւ:
Ձերդ վսեմութիւն,
Հոգեգալստեան տօնը, զոր կատարեցինք, տօնն է սիրոյ, խաղաղութեան, խնդութեան, հաւատքի, ներողամտութեան, հեզութեան, ժուժկալութեան եւ նաեւ` իմաստութեան եւ շնորհքի: Ձեր անձին ընդմէջէն կը նշմարենք այդ բոլորը: Ուրեմն թոյլ տուէք, ձերդ վսեմութիւն, անձնապէս եւ յանուն Նորին Ս. Օծութիւն վեհափառ Խորէն կաթողիկոսի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներուն` նորոգելու մեր մաղթանքները եւ ջերմօրէն խնդրելու Աստուծմէ, որ ձեզի շնորհէ քաջառողջ կեանք, երկար տարիներ, որպէսզի ձեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնէք լիբանանեան շատ սիրելի հայրենիքին, լիբանանցի ազնուական ժողովուրդին առաւել երջանկութեան եւ բարօրութեան համար:
Կեցցէ՛ նորին վսեմութիւն Շարլ հելուն,
Կեցցէ՛ յաւերժական Լիբանանը:
Նախագահ Շարլ Հելու, պատասխանելով սրբազան հօր ճառին, յայտնեց, որ վերջին աստիճան տպաւորուած է ջերմ ու սիրալիր ընդունելութենէն: «Հայոց համայնքը,- ըսաւ նախագահը,- Լիբանանի բարգաւաճման համար իսկապէս գործօն դեր կատարող ժողովուրդ է: Այս ուրախ առիթով կու գանք մեր գնահատանքի խօսքը ըսելու այս ստեղծագործ համայնքին, որ կը նպաստէ Լիբանանի վերելքին»:
Նախագահին այս սրտաբուխ խօսքերը ընդունուեցան բուռն ծափերով:
Իրենց մեկնումին, նախագահը եւ իր շքախումբը արժանացան զինուորական պատիւներու եւ խանդավառ ծափերու: