Աշոտ Մալաքեանի
«Քսանեւհինգերորդ Ժամը»
Փարիզեան հինգ շարժասրահներու մէջ սկսած է ներկայացուիլ Հանրի Վերնէօյի (Աշոտ Մալաքեան) վերջին ժապաւէնը` «25-րդ ժամը»` քաղուած Վիրկիլ Ղիորզիուի համանուն վէպէն:
Քըլվըր Սիթիի «Մեթրօ-կոլտուին մայըր»-ի մեծ սրահին մէջ աւելի քան հազար անձնաւորութիւններ յոտնկայս ծափահարած են տաղանդաւոր բեմագիրին մեծ ժապաւէնը:
Վերնէօյ բացատրած է մամուլի թղթակիցներուն, թէ ի՛նչ ձեւով պատրաստած է այս ժապաւէնը, զոր կրնար Հոլիվուտ դարձնել, քանի որ մէկն էր այն երեք ժապաւէններէն, որուն համար Մալաքեան պայմանաւորուած է «Մեթրօ-կոլտուին մայըր»-ի հետ, բայց «Շատ չէի ուզեր,- կ՛ըսէ Վերնէօյ,- երբ Քըլվըր Սիթի հասայ, երեք ժապաւէններու պայմանագրութիւնով «ՄԿՄ»-ի հետ, հաստատութեան շփացած տղան դարձար: Ամէն մարդ շուրջս կը դառնար: Հոյակապ գրասենեակ մը, «Քատիլաք» մը, լողարանով վիլլա մը դրած էին տրամադրութեանս տակ: Կոճակի մը վրայ կը կոխէի եւ տասը վայրկեան ետք ինծի կը ցուցադրուէր ուզած ժապաւէնս: Երազ մը կ՛ապրէի: Բայց լաւ բնազդն ունեցայ «ոչ» ըսելու այս բոլոր հրաշալիքներուն, վասնզի գիտէի, որ տեսնելու, զգալու, մտածելու իմ ըմբռնումովս, տասը տարի պէտք էր, նոյնիսկ եթէ շատ ձիրք ունենայի, որպէսզի վարժուէի: Եւ տասը տարիէն կրնայի բոլորովին մոռցուիլ: Այդպէս պատահեցաւ ֆրանսացիներու այն մեծ մասին, որ «այո՛» ըսաւ հոլիվուտեան սիրեալներուն: Որովհետեւ հոն «շփացած տղան» էք ցորչափ ձեր ժապաւէնները լաւ կը ծախուին, բայց չեն ներեր ձախողութեան: Եւ եթէ կ՛ուզէի, որ առաջին ժապաւէնս յաջողութիւն մը ըլլար, հարկ էր որ զայն դարձնէի իմ մեթոտներովս»:
Վերնէօյ գրեթէ վստահ է, կը գրէ «Օրոր»-ի աշխատակիցը, որ յաղթական ելած է այս առաջին փորձէն: Ներկայիս վերջացուցած է իր յաջորդ բեմագրութիւնը, զոր գրած է ամերիկացի Ճէյմս Ուէպի հետ, եւ որուն պատմութիւնը կ՛անցնի Մեքսիքա, 1750-ին: «Այս անգամ,- կ՛ըսէ Վերնէօյ,- կը մօտենամ Հոլիվուտի, դերասաններս ամերիկացի են` Անթոնի Քուին, Չարլզ Պրոնսոն, Սամ Ճեֆ եւ մեքսիքացի մը, բայց կը պահեմ ֆրանսական թեքնիք խումբս»:
Վերնէօյ գոհ է, որ ամերիկացի բեմագիրի մը հետ կ՛աշխատի. «Այս մարդիկը առաքինութիւն մը ունին, զոր չունին ֆրանսացիք: Չեն մտահոգուիր, որ «խելացի» երեւին: Երբեք չունին այդ քթթումը որ կը քանդէ ժապաէնները: Պարզ մարդիկ են, որոնք մտաւորականի հովեր չեն առներ: Ֆրանսայի մէջ ճիշդ հակառակն է, կը տեսնենք շարժապատկերի աստղեր, որոնց ժապաւէնները մարդ չէ տեսած, հանդիսաւոր յայտարարութիւններ ընել, որ աշխարհի ապագային կը վերաբերի: Կը նմանին աքսորուած ազատականներու, որոնք կը յոխորտան իշխանութեան գլուխ եղող մենատէրին դէմ: Այս երիտասարդները, մէկ կողմէ` համակրելի, իմ կարծիքովս, կը սխալին` ժապաւէնը այնքան կարեւոր նկատելով, որքան` ընդհանուր զօրաշարժը: Ընդհանուր զօրաշարժը քիչ մը աւելի լուրջ բան է»:
Ֆրանսական մամուլը լայն սիւնակներ կը նուիրէ Մալաքեանին` իր այս մեծ ժապաւէնին համար: «Ֆիկարօ» լիթերեր»-ը կ՛անդրադառնայ նաեւ Վերնէօյի ծագումին մասին` յիշելով ծննդավայրը (Ռոտոսթօ) եւ այն պայմանները, որոնք զայն Մարսէյ առաջնորդած են, մինչ Մեքսիքա պիտի երթար իր ծնողքին հետ:
Վեհափառը Վատիկանի Մէջ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը
Մինչեւ Մայիս 11
Հիւրը Պիտի Ըլլայ Պապին
Խորէն Ա. կաթողիկոս Կիլիկիոյ, պատրիարք Հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ, այսօր ժամանեց Հռոմի Ֆիումեչինօ օդակայանը:
Կաթողիկոսը, որ Ս. Աթոռին հիւրը պիտի ըլլայ մինչեւ մայիս 11, օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան քարտուղարութեան քարտուղար գեր. Ժան Վիլլըպրենտսի, Վատիկանի պետական քարտուղարութեան փրոթոգոլի պետ գեր. Անթոնիօ Մորոյի, Քրիստոնեաներու միութեան քարտուղարութեան արեւելեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար հայր Փիեռ Տիւփրէի, ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Իտալիոյ լիբանանեան դեսպաններուն` Նեժիպ Տահտահի եւ Ժոզեֆ Հարֆուշի կողմէ:
Օդակայանին մէջ կաթողիկոսը յայտարարեց. «Ամէն բանէ առաջ պէտք է ըսեմ, որ խորապէս գոհ եմ Հռոմի` Յաւիտենական Քաղաքին մէջ գտնուելուս համար: Հռոմ առաջին այցելութիւնս է ու առաջին պարտականութիւն է ողջունել Պօղոս Զ. պապը` մեծ պետը աշխարհի մեծագոյն եկեղեցիներէն մէկուն: Այս այցելութիւնը կը նկատեմ արտայայտւթիւնը մեր եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ կարելիութիւնը պիտի ունենամ նորին սրբութիւն պապին հետ խօսելու մեր հասարակաց հաւատքին վերաբերեալ խնդիրներու մասին, որոնք կ՛արծարծուին քսաներորդ այս դարուն: Այս առթիւ գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ օրհնեց այս նոր ոգին, ու կ՛աղօթեմ Հռոմ քաղաքի բարօրութեան եւ նորին սրբութիւն պապին արեւշատութեան համար»: