Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1967)

Մայիս 10, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պապին Եւ Խորէն Ա.Ի Պատմական Հանդիպումը

Պօղոս Զ. Պանծացուց Հայաստանեայց Եկեղեցին Եւ Խօսեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Անհրաժեշտութեան Մասին

Վեհափառը Օրհնեալ Նկատեց Այս Հանդիպումը` Ընդգծելով, Որ Վատիկան Քրիստոնեաներու Միջեւ Եղբայրական Նոր Ոգի Մտցուց
Խորէն Ա. Դրուատեց Լիբանանը, Որ Անքոյթ Նաւահանգիստ Մը Եղաւ Մեր Եկեղեցիին Համար – Պապը Եւ Կաթողիկոսը Նուէրներ Փոխանակեցին

Պօղոս Զ. ձեռքերը կ՛երկարէ` ընդունելու համար Խորէն Ա.ը Սիքսթինեան Մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Պապի մը եւ կաթողիկոսի մը առաջին հանդիպումը: Երկրորդ կարգի վրայ` կարտինալ Պէա:

Այսօր, առաջին անգամ ըլլալով, Սիքսթինեան մատուռին մէջ Պօղոս Զ. պապը հանդիպում ունեցաւ հայոց Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ:

Կարտինալաց ժողովի երիցագոյն անդամ Էօժեն Թիսըրան, պետական քարտուղար Ամլեթօ Չիքոնեանի, Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան վերատեսուչ Կիւսթաւօ Թեսթա, հայ կաթողիկէ նախկին պատրիարք եւ Հաւատոյ տարածման միաբանութեան տեսուչ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան ներկայ էին այս արարողութեան, ինչպէս նաեւ` Վատիկանի Լիբանանի դեսպան Նեժիպ Տահտահ եւ բազմաթիւ կրօնական անձնաւորութիւններ, յատկապէս` արեւելեան:

Պապը ժամանեց` աջին ունենալով կաթողիկոսը: Անոնց կը հետեւէր Քրիստոնեաներու միութեան քարտուղարութեան նախագահ կարտինալ Օկիւսթեն Պէա: Պապը հագած էր կարմիր մոզեթ, ժանեկաւոր շապիկ եւ ճերմակ մեկնոց, կաթողիկոսը` մանիշակագոյն շուրջառ եւ սեւ վեղար:

Պապը եւ կաթողիկոսը բազմեցան խորանին առջեւ հաստատուած բազկաթոռներու վրայ: Ապա Պօղոս Զ. հնչեցուց «Վենի քրէաթէօր»-ը, որմէ ետք արտասանուեցան կարճ աղօթքներ: Կաթողիկոսը իր կարգին սկսաւ հայկական շարական մը, զոր կրկնեց Հռոմի հայկական քոլեճին երգչախումբը:

Անմիջապէս ետք պապը եւ կաթողիկոսը գացին «Փարամենթի» կոչուող լայնարձակ սրահը, որ Վատիկանի պալատին մէջ կը գտնուի Սիքսթինեան մատուռին հետ նոյն յարկին վրայ:

Ներկաները նոյնն էին: Կաթողիկոսը եւ պապը նստան քով-քովի դրուած երկու բազկաթոռներուն վրայ:

Խորէն Ա. խօսք առաւ հայերէնով: Գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս հանդիպման «օրհնեալ պահը» ընծայած էր իրեն: Ընդգծեց, որ Տիեզերական ժողովը քրիստոնեաներու միջեւ սիրոյ եւ եղբայրութեան նոր ոգի մը մտցուց:

Այնուհետեւ յիշելով դարերու ընթացքին իր եկեղեցիին կրած տառապանքները, անոր մերթ լաւ, մերթ գէշ յարաբերութիւնները Հռոմի հետ եւ հալածանքները, որոնց ենթարկուեցաւ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ` կաթողիկոսը պանծացուց Լիբանանը, որ անքոյթ նաւահանգիստ մը եղաւ Հայ եկեղեցիին համար, եւ` այդ երկրին ասպնջականութիւնը, որուն շնորհիւ զանազան կրօններ կը գոյակցին իր հողին վրայ:

Խորէն Ա. մաղթանքներ ըրաւ յաջողութեանը համար այն գործին, որուն ձեռնարկած է պապը` մերձեցում ստեղծելու համար քրիստոնեաներուն եւ բոլոր մարդոց միջեւ, եւ ըսաւ, որ աղօթող է այդ յաջողութեան համար:

Պօղոս Զ., որ ֆրանսերէն կ՛արտայայտուէր, դրուատեց «Փառապանծ պատմութիւնը Հայ եկեղեցիին` ըլլա՛յ ուղղափառ, ըլլա՛յ կաթողիկէ եւ ընդգծեց կաթողիկէ հայերուն մասնակցութիւնը Տիեզերական ժողովին»:

«Այս յիշատակները,- շարունակեց Պապը,- հարուստ են խոստումներով, որովհետեւ մեր սրահներուն մէջ կը վերապրեցնեն ցանկութիւնն ու փափաքը, որ երբ Աստուած ուզէ, մեր միջեւ կայուն եւ տեւական կերպով հաստատուի ամբողջական միութիւն մը` կենդանի սիրոյ եւ խորարմատ հաւատքի մէջ»:

«Ոչ միայն Քրիստոսի կամքը մեզ կը ստիպէ ձգտիլ այդ կատարեալ միութեան հաստատման, ըսաւ սրբ. քահանայապետը, այլ նաեւ կը համարձակի՛նք ըսելու, Սուրբ Խաչը, զոր կը պաշտենք, ա՛յդ  կը պահանջէ մեզմէ»:

Յիշելով Սուրբ Պօղոսը, պապը հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է մեր ամբողջ ճիգերով չաշխատիլ հարթելու խոչընդոտները եւ լուծելու այն տարակարծութիւնները, որոնք  տակաւին թոյլ չեն տար, որ մեր մատուցումը ըլլայ համամատուցում մը»:

«Այդ յիշատակները,- ընդգծեց Պօղոս Զ.,- նաեւ կը հանդիսանան դաս մը, որովհետեւ շնորհիւ անոնց միջոցով մեր ձեռք բերած փորձառութեան պիտի խուսափինք այն բոլորէն, որոնց պատճառով անցեալի փորձերը չկրցան լրիւ կերպով հասնիլ ցանկալի նպատակին»:

Վերջապէս յիշելով տիեզերականութեան վերաբերեալ Վատիկան Բ.ի կոնդակը, որ կ՛ըսէ, թէ միութիւնը հաստատելու եւ պահելու համար պէտք չէ պարտադրել բան մը, որ անհրաժեշտ չէ, Պօղոս Զ. եզրակացուց.

«Անհրաժեշտ անարատ սէրն է, հաւատքի նոյնութիւնը, իր Եկեղեցիին համար` Քրիստոսի ուզած էական կարգին ենթարկումը: Ոգին, որ մեզ շարժման մէջ դրաւ` իրարու մերձենալու, պիտի կրնայ իր լրումին հասցնել սկսուած գործը, իսկ մեր մշտական աղօթքը մեզ պիտի պահէ ուշադիր եւ հնազանդ` այդ ներշնչումներուն: Ա՛յս է մեր յոյսը այսօր, երբ շնորհիւ Տիրոջ` առիթ կը տրուի մեզի ձեզ ընդունելու հոս առաջին անգամ ըլլալով»:

Այս արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ընծաներու փոխականում մը: Պօղոս Զ. կաթողիկոսին նուիրեց հատոր մը` տիեզերաժողովին մասին, իր ձօնագրուած նկարը` արծաթէ շրջանակով, հայերէն Պորճիա օրինագիրք մը եւ թանկարժէք սկիհ մը: Փոխարէնը ստացաւ Սուրբ Ներսէսի խաչ մը, զոր անմիջապէս անցուց վիզէն, հատոր մը` հայկական  սրբավայրերու մասին եւ լիբանանեան փոքր մայրի մը` տուփի մը մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ծունէնները» (Հեղինակ` Արա Արծրունի)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?