Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1967)

Յունիս 22, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան
Անդամ` Լիբանանի Հանգանակիչ
Կեդրոնական Յանձնախումբի`

Նախարարաց խորհուրդի որոշումով եւ հանրապետութեան նախագահին հրամանագրով, Լիբանանի հանգանակիչ կեդրոնական յանձնախումբի անդամ նշանակուեցաւ Պէյրութի հայ երեսփոխան ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան:

Այս յանձնախումբը, որ կազմուեցաւ պատերազմի առաջին օրէն, կը գտնուի նախկին վարչապետ Հաժ Հիւսէյն Աուէյնիի նախագահութեան տակ: Անոր կ՛անդամակցին լիբանանեան զանազան համայնքներու պատկանող կարկառուն դէմքեր:

 

ՀՅԴ Հիմնադրամի
Հանգանակութիւնը

ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէի յայտարարութեան մէջ, ի մասին Դաշնակցութեան հիմնադրամի հանգանակութեան, կ՛ըսուէր. «Առաջին հերթին կը յայտարարենք, որ Քալիֆորնիոյ շրջանի մեր ընկերները իրենց անհատական նուէրներով մասնակցեցան` աւելի քան 100.000 տոլար յատկացնելով ՀՅ Դաշնակցութեան»:

Աւելի առաջ, Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդր. կոմիտէն, որ առանձին եւ աւելի մեծ շրջան ունի, յայտարարեց, որ` «Մեր ընկերները աւելի քան 200.000 տոլարով, առաջին հերթին, մասնակցեցան հանգանակութեան»:

Արդ, այդ երկու յայտարարութիւններն ալ կը հաստատեն, որ դաշնակցական ընկերները իրե՛նք զոհաբերութեան առաջին օրինակը կու տան, ապա՛ միայն կը դիմեն մեր համակիրներուն եւ հայ հանրութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան ամէնէն յատկանշական գիծը զոհաբերութիւնն է` ի սէր հայ ժողովուրդի, ի սէր հայ մշակոյթի եւ հայ արդար Դատի: Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն զոհաբերած է` գործով, եռանդով, արիւնով եւ կեանքով. անոր լաւագոյն, գաղափարական զաւակները` մարտիկ թէ մտաւորական, իրենց անձի զոհաբերութեամբ վկայագրած են Դաշնակցութեան զոհաբերութեան ոգին:

Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդն է` իր բոլոր խաւերով դաշնակցած, իր կէտ-նպատակն է` հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ եւ երջանիկ ապագան:

Արդ, անոր հանգանակութեան կոչը կը վերաբերի բովանդակ, ամբողջական հայութեան, նոյն հայութեան երջանկութիւնը դարձնելու համար:

Դիտեցէք արդի աշխարհը. վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին աւելի քան 100 ճնշուած ու ազատութիւնը կորսնցուցած ազգեր անկախութեան տիրացան:

Վերջին 25 տարիներու ընթացքին 70 ազգեր ազատութիւն ու անկախութիւն ձեռք բերին: Ափրիկէի մարդակերներն անգամ, որոնց ազգ կոչելը խնդրական է, ազատութեան, անկախութեան եւ սեփական հայրենիքի տէր դարձան:

Արթնցած է հայ միտքն ու ստեղծագործական կարողութիւնը աննախընթաց կերպով. արթնցած է հայ ժողովուրդի քաղաքական գիտակցութիւնը` «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը» հզօրազօր կանչով:

Արդ, մեր արդար դատը լուծելու համար մեզ պէտք են երկու բան` միասնականութիւն-համերաշխութիւն եւ նիւթական միջոցներ:

Հա՛յ ժողովուրդ, հնչած է ժամը գերազանց զոհաբերութեան, հասած է ժամը, երբ պիտի թեւաւորես, խրախուսես քու հարազատ զաւակ, քու Դատի արթուն պահակ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

 

Հաւատք Ունենանք

Ափունքէ ափունք նետուած մեր հայրենակիցներուն մէջ յոռետեսութիւն մը անսովոր երեւոյթ պիտի չնկատէինք:

Ժողովուրդ մը, որ ամբողջ յիսուն տարի կուրծք տուաւ գոյութեան պայքարէն իրեն պարտադրուած դժպհի պայմաններու եւ աչքերովը տեսաւ արդարութեան հանդէպ նիւթապաշտ աշխարհի անտարբերութիւնը, պիտի դառնար, բնական է, սկեպտիկ եւ յոռետես:

Յոռետես` իրաւունքի եւ արդարութեան մասին հզօրներու ցոյց տուած չկամութեան պատճառով:

Ամէն հայ բնականէն յոռետես դարձեր է, երբ խօսք կ՛ըլլար արդարութեան մասին:

Արդարութիւն մը, որ ամբողջ յիսուն տարի ուրացուեցաւ ու խաչուեցաւ, մինչ պէտք էր մինչեւ այսօր իրականութիւն դառնար ան:

Չարիքը պէտք էր պատուհասուէր ու ոճրագործ-ցեղասպանը ստանար իր արդար պատիժը:

Այդպէս չեղաւ դժբախտաբար:

Ընդհակառակն ոճրագործը նստաւ խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու կողքին ու փորձեց խօսիլ քաղաքակրթութենէ եւ աշխարհի խաղաղութենէն:

Ապահովեց իրեն համար բարեկամներ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն հաւասարապէս, ու դարձաւ առարկայ գուրգուրանքի:

Երկրաբնակ եւ արտերկրաբնակ հայեր տեսան այս բոլորը:

Հաստատեցին, թէ արդարութիւն եւ իրաւունք բառերը շատ գեղջուկ հասկացողութիւններ են ու կը մնան, հզօրներուն համար:

Անոնք արդարութենէ եւ իրաւունքէ կը բարբառին այն ատեն, երբ իրենց շահերը այդպէս կը պահանջեն:

Զօրաւորներու արդարութիւնը սեփական շահու վրայ խարսխուած է:

Անոնց համար մէկ տեսակ արդարութիւն կայ՛ յարգանք իրենց ազգային եւ պետական ուժին հանդէպ:

Ուրիշներու իրաւունքները վարկածական հասկացողութիւններ են: Անոնց կրած զրկանքները, ցաւալի, բայց իրենց հետ առնչութիւն չունեցող հարցեր են:

Աշխարհացրիւ հայութիւնը տեսաւ ասիկա:

Իրերայաջորդ նոր դէպքեր եւ յուսախաբութիւններ զինք սթափեցուցին:

Այսօր ամէն հայ քիչ մը սկեպտիկ է ու յոռետես:

Վերապահութեամբ կը վերաբերի իրեն ժպտող օտարներու, որոնց խոստումները կ՛ընդունի մասամբ քաղաքավարութեան տուրք:

Սկեպտիկ հայը, սակայն, չէ դադրած իր իրաւունքներուն հանդէպ լաւատես ըլլալէ:

Ան յիսուն տարի ետք, այսօր նո՛յն հաւատքով կառչած կը մնայ իր դատին:

Խոստումներով օրօրեցին զինք:

Պարզ. խաբեցին:

Բայց ինք կը հաւատայ իր Դատին արդար եւ իրաւացի ըլլալուն:

Գիտէ, որ երկիրը, ուրկէ հեռացած է ինք ակամայ, իր ընդերքներուն մէջ կը պահէ ոսկորներն ու աճիւնները իր հայրերուն եւ նախնիքներուն:

Եւ այնքան ատեն որ ինք չէ պաշտպանը այդ թանկագին մասունքներուն, պիտի տառապի իր հոգին:

Ուստի, առաջին օրէն ան լծուեցաւ նոր տեսակի աշխատանքի մը:

Պայծառացուց իր միտքը:

Դարձաւ աշխարհի մտաւորականութեան հիացումին արժանի ժողովուրդ, որ գոյութեան պայքարի համար նոր զէնքերով օժտուիլ կը փորձէ:

Նախ` որակապէս անհամեմատ աւելի բարձրացաւ քան յիսնամեակ մը առաջ, ապա` հաւատքով լեցուեցաւ իր ապագային մասին:

Այդ հաւատքը հասնող երիտասարդութիւնը դարձնել սկսած է գործնապաշտօրէն գաղափարական:

Ամէն մէկ յոռետես հայու մէջ այսօր նստած է լուսաւոր տեսլականով մը սրսփուն հայը, որ պատրաստ է ամէն մարզի վրայ հրաշագործութիւններ փորձելու:

Աշխարհ հայը դարձուց նոր պայքարներու ընդունակ տարր: Պայքարի կամքով նարօտեց սիրտերը հայերու, որոնք, որքան ալ` միջոցներու մէջ տարակարծիք, միացած են ցեղին դատին արդար ըլլալու հարցին մէջ:

Հաւատքով կ՛ապրի այսօր հայը:

Այդ հաւատքը իր արժանիքներուն, իր իրաւունքներուն, իր Դատին արդար ըլլալու համոզումն է:

Այդ հաւատքով ան օր մը պիտի նուաճէ իր լուսաւոր ապագան աներկբայ:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իրի Մը Պատմութիւնը. Մօր Նուէրը` Մեծարենցին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?