Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1967)

Յունիս 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 Ինչ Պէտք Է Ընէք
Ահազանգի Պարագային

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը համաձայն, ահազանգի պարագային բնակչութիւնը հետեւեալ միջոցները պէտք է ձեռք առնէ.

Վտանգի պարագային, ճչակները ընդհատ ազդարարութիւններ պիտի տան: Այն ատեն ձեր ապահովութեան, ինչպէս նաեւ` ձեր ընտանիքին, պէտք է ենթարկուիք հետեւեալ հրահանգներուն.

– Պէտք է պաղարիւն ըլլաք, զսպէք ձեր ջիղերը եւ վարուիք խելացութեամբ ու նախազգուշութեամբ:

– Ժամանակ պէտք չէ կորսնցնէք եւ անյապաղ պէտք է տաք ձեր կացութեան պարտադրած որոշումը:

– Ամէն պարագայի տակ, պէտք է ապահով ըլլաք, որ ձեր վրան կը կրէք ձեր ինքնութեան թուղթը: Նոյն նախազգուշութիւնը ձեռք առէք նաեւ ձեր ընտանիքին անդամներուն համար:

– Եթէ տունի մէջ էք.

– Բացէք պատուհանները եւ փակեցէք արեւարգելները:

– Գացէք այն ապաստանարանը կամ խրամը, որուն ծանօթ էք կամ հոն, ուր մատնանշուած է ձեզի ահազանգի փորձերուն ընթացքին:

– Ներկայ կացութեան մէջ կրնաք չհեռանալ ապաստանարանէ մը, մինչեւ որ ահազանգի վախճանը հնչէ:

– Անհրաժեշտութեան պարագային, հրահանգներ պիտի տրուին ապաստանարաններու գործածութեան համար:

– Եթէ գրասենեակն էք.

– Անմիջապէս դադրեցուցէք աշխատանքը եւ ուղղուեցէք ամէնէն մօտիկ ապաստանարանը` պատսպարուելու համար: Անհրաժեշտ է գետնայարկ իջնել:

– Եթէ փողոցն էք.

– Փողոցը մի՛ մնաք եւ մի՛ փորձէք ձեր տունը երթալ: Ընտրեցէք ամէնէն մօտիկ յարմար ապաստանարանը: Եթէ ապաստանարան չկայ, գացէք գետնայարկ մը, մթերանոց մը կամ մառան մը:

– Եթէ ինքնաշարժի մէջ էք.

– Ձեր ինքնաշարժը կեցուցէք ազատ տեղ մը, ճամբուն եզերքը: Աւելի լաւ է կեցնել պարտէզի մը մօտ կամ բաց տեղ մը:

– Հրահանգներ անցորդներուն եւ ինքնաշարժի ճամբորդներուն.

– Գացէք ամենամօտ ապաստանարանը: Եթէ չկայ, ուղղուեցէք ամենամօտիկ նրբանցքը կամ դուռը կամ հաստ պատ մը, սիւն մը եւ այդ բոլորէն աւելի` ճամբուն եզերքը գտնուող ծակ մը:

– Եթէ կը գտնուիք չբնակուած վայր մը, փնտռեցէք ծակ մը` պահուըտելու համար կամ` բաց տեղ մը: Պառկեցէք փորի վրայ, ձեռքերը խաչաձեւ ծոծրակին, գետինը ծնրադիր: Այս դիրքը ամէնէն ապահովն է:

– Ահազանգը վերջ կը գտնէ ճչակներու հաղորդումով:

– Վերոյիշեալ հրահանգներուն հետեւեցէք օդային արշաւանքի կամ ռմբակոծման պարագային, ինչ որ ալ  ըլլայ բնոյթը: Նոր հրահանգներ պիտի տրուին` համաձայն կացութեան հոլովոյթին:

Ցոյցերն Ու Հանրային
Համախմբումները Արգիլուեցան

Նախարարաց խորհուրդը ստիպողական վիճակ հռչակեց երէկ: Այդ պատճառով ոստիկան-զօրաց, ոստիկանութեան եւ ընդհանուր ապահովութեան, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստներու ու մաքսային կայաններու բոլոր զինեալ ուժերը դրուեցան զինուորական հրամանատարութեան տակ:

Զինուորական իշխանութիւնը իրաւունք ունի բռնագրաւման ենթարկելու անձեր, անասուններ, առարկաներ եւ ինչքեր: Պահանջել, որ զէնքերն ու ռազմանիւթերը յանձնուին իրեն, կրնայ զանոնք փնտռել եւ գրաւել:

Այս առթիւ բանակի վերին հրամանատարութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ արգիլուած են բոլոր արարողութիւնները, համախմբումները, ցոյցերը, մարզական հանդէսները, ձիարշաւները, եւ այս` ցնոր տնօրինութիւն:

Դարձեալ ստիպողական վիճակի հաստատման բերումով, զինուորական իշխանութիւնը կրնայ գիշեր կամ ցերեկ խուզարկել տուները: Կրնայ հեռացնել կասկածելիները եւ տնային կալանք պարտադրել: Պարտադրել հաւաքական տուգանքներ:

Բացի այդ, զինուորական իշխանութիւնը իրաւունք ունի զինուորական ատեանի առջեւ դատելու ոեւէ անձ, որ ապօրինի կերպով անցած է սահմանը, գործած է ոճիր մը` սպառնալով ներքին եւ արտաքին ապահովութեան, կամ` ոճիր մը, որ կը հանդիսանայ հանրային սպառնալիք մը:

 

Միւս կողմէ, ներքին ճակատի վրայ, յիշատակութեան արժանի են հետեւեալ իրադարձութիւնները.

– Ներկայ պայմաններուն բերումով Լիբանանի քազինոն փակուեցաւ:

– Շէնքերու ապաստանարանները պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունելու բնակչութիւնը:

– Խափանարարական ամէն արարք կանխելու համար հանրային հաստատութիւնները պաշտպանութեան տակ առնուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ:

– Երէկ զէնք բաժնուեցաւ Սայտայի կամաւորներուն:

– Լիբանանի զանազան քաղաքապետութիւնները նուիրատուութիւններ ըրին` իբրեւ մասնակցութիւն ազգային ճիգին: Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետութիւնը, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, 100.000 լ. ոսկի նուիրեցին: Պաապտայի քաղաքապետութիւնները` 156.000, Զահլէի քաղաքապետութիւնը` 25.000: Այսպիսով, մինչեւ հիմա քաղաքապետութիւնները նուիրած եղան 281.000 լ. ոսկի:

– Պետական պաշտօնեաները իրենց մէկ օրականը նուիրեցին բանակին:

– Սննդանիւթերու ճակատին վրայ, երէկ եւ առջի օր, բնակչութիւնը դարձեալ խուժեց նպարեղէնի խանութները: Գրեթէ բոլոր խանութները պարպուեցան քանի մը ժամուան ընթացքին: Էշրեֆիէի մէջ Տֆունի նպարեղէնի տան տէրը ձերբակալուեցաւ` գիները աւելցուցած ըլլալուն համար: Իշխանութիւններ հաւաստիք տուին, որ երկրին պարենաւորումը ապահովուած է:

– Լիբանանի բոլոր սկաուտական կազմակերպութիւնները որոշեցին համակարգել եւ զօրաշարժի ենթարկել իրենց ճիգերը: Անոնց մաս կը կազմէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը` 14 այլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը պատկանին բոլոր համայնքներուն:

– Լիբանանեան պատկերասփիւռի երկու կայանները միացուցին իրենց յայտագիրները եւ աւելի լայն տեղ յատկացուցին լուրերուն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄ-ի (Հեղինակ` Համբարձում Աղպաշեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In