Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1967)

Յունիս 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրտագին Կոչ`
Լիբանանի Մեր Պատուական
Ժողովուրդին

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Անցնող տասը օրերը բոլորիս համար եղան դժնդակ եւ տագնապալից օրեր:

Պատերազմի արհաւիրքը հազիւ փարատած` ահա մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի աղէտալի տեղահանութիւնն ու գաղթը տասնեակ հազարաւոր արաբ եղբայրներու եւ քոյրերու: Զրկուած իրենց հայրենի օճախներէն եւ ինչքերէն, ապաստան կը գտնեն արաբական քոյր երկիրներու մէջ` կարօտ մարդկային կեանքի ամէնէն անմիջական կարիքներու:

Այսու սրտագին կոչ կ՛ուղղենք ձեզի` բոլորիդ անխտիր, ինչպէս նաեւ ձեր եկեղեցական, ազգային, բարեսիրական, մշակութային, հայրենակցական, մարզական եւ այլ կարգի կազմակերպութեանց եւ միութեանց` բերելու ձեր նիւթական լիաբուռն օժանդակութիւնը ի նպաստ տնազուրկ ու վիրաւոր արաբ գաղթականներու նուիրահաւաքման համազգային գործին, որուն կազմակերպութիւնը ստանձնած է Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը:

Մարդկային սիրոյ եւ եղբայրութեան մեր զգացումները կը մղեն մեզ անմիջական օգնութեան հասնիլ տառապակոծ արաբ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Ժամանակն է անյապաղ եւ արագ աշխատանքի: Աղէտի այս օրերուն ինչ որ տրուի արագօրէն իր նպատակին, բազմապատիկ աւելի պիտի արժէ, քան` խաղաղ օրերուն տրուածը: Տո՛ւր, ժողովո՛ւրդ հայոց, տո՛ւր սիրով ու սրտով, տո՛ւր հայու վայել զոհողութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ:

Մեր սրտալից աղօթքն է ու մաղթանքը, որ արդարութեան արեգակը շուտով ծագի եւ պայծառապէս փայլի արաբական աշխարհի երկնակամարին վրայ ի` փառս Աստուծոյ, ի խաղաղութիւն մարդկութեան եւ ի բարգաւաճումն արաբական ազնուական ազգին:

Աղօթարար
ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

15 յունիս 1967
Անթիլիաս

Հաղորդագրութիւն

Այսու կարեւորութեամբ Լիբանանի մեր սիրեցեալ ժողովրդեան ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ ընդառաջելով ՆՍՕ վեհափառ Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրտագին կոչին, թեմիս առաջնորդ Տ. Տաճատ սրբազան արքեպիսկոպոս Ուրֆալեանի նախագահութեամբ ընտրուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը` հետեւեալ կազմով.

Տեարք ՏՈՔԹ. ԵՂԻԿ ԳՈՆԻԱԼԵԱՆ (ատենապետ)
ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ (ատենադպիր)
ՆՈՒՊԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ (գանձապահ)
ՀՈԳՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ԱՇՃԵԱՆ
ՏԻԿԻՆ ԼՈԼԱ ՍԱՍՈՒՆԻ
ԳԷՈՐԳ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆ
ԱՐԱՄ ԱՄԱՍԵԱՆ
ԱՆՏՐԷ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ
ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆ (խորհրդականներ)

Այս յանձնախումբին պարտականութիւնն է կազմակերպել եւ գլուխ հանել Պաղեստինի կռիւներուն պատճառով դժբախտացած մեր արաբ եղբայրներուն փութաջան օգնութիւն հասցնելու գործը:

Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի կեդրոնանան ազգային առաջնորդարան` յանուն Լիբանանի հայութեան յանձնուելու համար առ որ անկ է:

Լիայոյս ենք, որ ըմբռնելով այս հայրենանուէր եւ մարդասիրական գործին բացառիկ կարեւորութիւնը` մեր սիրելի ժողովուրդը առատաձեռն եւ բոլորանուէր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս նուիրահաւաքութեան:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պէյրութ, 16 յունիս 1967

 

Կոչին Արձագանգը…

Մեր երէկուան թիւով ընթերցողը կարդաց Կիլիկիոյ վեհափառին կոչը, որ կը յիշեցնէր ներկայ պահուն ազգին վրայ ծանրացող պարտականութիւնը: Հոն յայտնուած ոգին վստահաբար լայն տեղ գտաւ հոգիներուն մէջ, որովհետեւ հոգիները արդէն ու ամբողջ հոգիով պատրաստ էին պարզուած կացութեան առջեւ իրենց ազնուութիւնը դրսեւորելու արարքին:

Արիւնաթաթախ սիրելիներու մղձաւանջային պատկերներով տառապող մարդեր կան հիմա, տեղահանութեան կսկիծը ապրող բազմութիւններ, գաղթի սարսափելի անորոշութիւնը ապրողներ, վիրաւորներ կան մեր շուրջը, ու այս ամբողջութիւնը հայ մարդուն հոգիին մէջ կը ձեւացնէ իր պատմութեան կրկներեւոյթը ու այդ կրկներեւոյթին ճնշող զօրութեամբ, կ՛ապրի վիրաւորներուն բովանդակ վիշտը:

Որովհետեւ մենք այն ժողովուրդներէն ենք, որ ամէնէն աւելի կը ճանչնայ հայրենիքին ու իրաւունքին վրայ արշաւող բիրտ ուժին բարբարոսութիւնը, կը ճանչնանք տեղահանուած բազմութիւններուն ու որբերուն կսկիծը, եւ դարձեալ, եւ նորէ՛ն ամէնէն աւելի մենք կրցած ենք խորաչափել տեղահանուածին տե՛ղ տուող ժողովուրդին սիրտը, վիրաւորուողներուն սպեղանի հայթայթող հոգիներուն հարստութիւնը, չուշանանք ըսել` արա՛ր ժողովուրդի հոգին, որ այնքան մարդկային եղաւ մեզի հանդէպ, երբ տեղահանուած էինք, որբ էինք, վիրաւոր էինք:

Երէկ, արաբ ժողովուրդը ցաւակից եղաւ մեզի ու իրեն հայրենակից ըրաւ մեզ, իսկ այսօր հայ ժողովուրդը իր ցաւակիցին ու հայրենակիցին ամբողջ վիշտը կը բաժնէ` պարզելով անոր իր սիրտը եւ բուժումի գործը փութացնող բոլոր հնարաւորութիւնները:

Վեհափառին կոչէն առաջ մարդասիրական մեր կարգ մը հաստատութիւնները յայտնեցին արդէն իրենց պատրաստակամութիւնը եւ որոշ օժանդակութիւններ ընծայեցին աղէտեալներուն, իսկ կոչէն ետք կասկած չկայ, որ շարժումը հաւաքական պիտի ըլլայ, եւ արդիւնքը մեր հաւաքականութեան վայե՛լ պիտի ըլլայ:

Արաբ ժողովուրդը իր ասպնջականութեամբ զարկ տուած է մարդկայնական մեր ընդունակութիւններուն զարգացման, ու ժամը հնչած է մարդկայնական մեր ապրումներուն շօշափելի ապացոյցները տալու իրեն:

XX

 

 

Երուսաղէմի Հայոց Վանքը` Անվնաս

 «Հին Քաղաքին 3000 Հայ Բնակիչները
Ողջ Եւ Առողջ Են», Կ՛ըսէ Պատրիարքը

«Ասոսիէյթըտ Փրես»-ի թղթակիցը հինգշաբթի առաւօտ տեսակցութիւն մը ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Եղէշէ արքեպիսկոպոսին հետ:

«Հին քաղաքի 3000 հայերը ողջ եւ առողջ են: Մեր վանքը եւ ժողովուրդը լաւ են: Նոյնիսկ վիրաւոր չունինք», ըսած է պատրիարքը:

«Հայոց եկեղեցին եւ պատրիարքարանը անվնաս էին: Պատրիարք Տէրտէրեանն ու Շահէ եպս. Աճեմեանը հանգիստ կ՛երեւէին», կ՛աւելցնէ թղթակիցը իր հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մարդկային Աշտարակ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?