Արժանթինահայ Կեանք
Մայիս 28-Ի Փառահեղ
Տօնակատարութիւն
Շնորհաւորական Հեռագիրներ Ուղարկած Են Արժանթինի Նախագահը, Արտ. Գործոց Նախարարը Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ
Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն, որ 1967-ին Ալպա Ռոպալիօ նախանշած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Ուրուկուէյի կողմէ քայլ առնելու հաւանականութիւնը: Փաստօրէն քանի մը տարի ետք Ուրուկուէյը կը դառնար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը եւ իր ներկայացուցիչին թելադրողը` ՄԱԿ-ի մէջ հարցը արծարծելու:
«Ա.»
Հայաստանի անկախութեան 49-րդ տարելիցին առիթով, մայիս 27-ին, Պուէնոս Այրեսի Սան Մարթինի հրապարակին վրայ, Արժանթինի ազատարար զօր. Սան Մարթինի հրաշակերտ արձանին առջեւ, Արժանթինի հայ գաղութը իր երախտագիտական զգացումները արտայայտած է ասպետական Արժանթինին ու անոր վեհանձն ժողովուրդին:
Արձանին երկու կողմերը գեղեցիկ համազգեստներով պատուի կեցած են զինուորներ: Հրապարակի եզրէն մինչեւ արձանին պատուանդանը, երկու շղթայ կազմած` շարուած են Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան սկաուտները եւ երկրորդական վարժարանի աշակերտները` բարձր բռնած արժանթինեան դրօշը եւ հայկական եռագոյնը:
Հնչած է զինուորական փողը, եւ պահակ սկաուտները բարեւի կեցած են: Արձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղած է տոքթ. Ատուր Գապագեան: Հրապարակի վրայ համախմբուած հայեր միաբերան երգած են արժանթինեան քայլերգը եւ «Մեր հայրենիքը»-ը: Ապա խօսք առած է ՀՄԸՄ-ի նախագահ Ռաուլ Պետիկեան, որ ներբողականը ըրած է անկախութեան գաղափարին:
Կիրակի, մայիս 28-ին, «Սան Մարթին» թատրոնի հսկայ սրահին մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տօնակատարուած է մայիս 28-ի 49-րդ տարեդարձը: Ներկայ եղած են բարձրաստիճան հիւրեր եւ աւելի քան երկու հազար հոգի:
Բեմի ճակատին կախուած հսկայ պաստառին վրայ մակագրուած են Կլատսթոնի խօսքերը. «Ծառայել հայութեան` կը նշանակէ ծառայել մարդկութեան»: Իսկ սրահին մէջտեղը կախուած երկար պաստառին մէկ կողմը գրուած է` «Արդարութիւն հայերու համար» եւ միւս կողմը` «Հայկական հարցը ՄԱԿ-ին»: Բեմին երկու անկիւնները պատուի կեցած են սկաուտներ` արժանթինեան դրօշով եւ հայկական եռագոյնով:
Ուրուկուէյի ծերակոյտի անդամ Ալպա Ռոպալիոյի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեանի մուտքը սրահ` դիմաւորուած է բուռն ծափահարութիւններով:
Բացման խօսքը ըրած է Վահան Պէրպէրեան: Քանի մը խօսքով եւ իմաստալից կերպով անդրադառնալէ ետք մայիս 28-ի պատմական նշանակութեան, հրաւիրուած է հարիւր հոգինոց պատերազմական նախարարութեան սինֆոնիք նուագախումբը` գործադրելու իր յայտագիրը: Նախ նուագուած են արժանթինեան եւ հայկական քայլերգները, որոնց ներկաները յոտնկայս ձայնակցած են երգելով: Ապա նուագախումբը յաջորդաբար նուագած է «Տալւորիկ»-ը, «Կիլիկիա»-ն եւ կտորներ` Ամոտէէն, Խաչատուրեանէն, Ճիաննօէէն, Տվորաքէն, Ռոսինիէն եւ Չայքովսկիէն: Հրամցուած սքանչելի երաժշտութեան, ներկաները որոտընդոստ ծափերով արտայայտած են իրենց գոհունակութիւնը:
Նուագէն ետք, Վ. Պէրպէրեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը շնորհաւորող հեռագիրներ ուղարկած են` Արժանթինի հանրապետութեան նախագահ զօր. Օնկանիա, արտաքին գործոց նախարարը, Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետը, զօր. Վիժեկաս, Հրանդ Սամուէլ (Փարիզէն), Միսաք Թորլաքեան (Քորտոպայէն), փրոֆ. Տագոյեան (Միացեալ Նահանգներէն) եւ Լիթուանիոյ Տարագիրներու միութիւնը:
Բանախօսած է տոքթ. Ատուր Գապագեան: Խօսած է հաւատքով ու համոզումով եւ իր հաւատքը փոխանցած է զինք ունկնդրողներուն: Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք դժոխային այն պայմանները, որոնց կորովով կուրծք տալով` հերոսական հայ ժողովուրդը յաղթանակեց ու կերտեց ազատ ու անկախ Հայաստանը. Ա. Գապագեան ըսած է. «Սակայն Սեւրին յաջորդեց Լոզանը եւ Հայկական հարցը մնաց չլուծուած: Այժմ բովանդակ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, լծուած է իր արդար Դատը բարենպաստ կերպով լուծելու աշխատանքին: … Յանուն աշխարհի խաղաղութեան` հայ ժողովուրդը կը պահանջէ, որ ճանչցուին իր իրաւունքները եւ Հայաստան իբրեւ անկախ եւ ազատ պետութիւն, անդամակցի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան»:
Ապա որոտընդոստ ծափահարութիւններով բեմ հրաւիրուած է Ալպա Ռոպալիօ: Փոթորկայոյզ խօսքերով, մեծ հայասէրը ըսած է ի միջի այլոց. «Մարդկութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել հայ ժողովուրդին իրաւունքը, որովհետեւ ան աշխարհի ամէնէն արդար Դատը ունի:… Բոլոր պետութիւնները պէտք է հետաքրքրուին հայ ժողովուրդի ճակատագրով ու ջանան անոր արդար Դատը մինչեւ միջազգային ատեաններ հասցնել: Եւ թերեւս այդ պատիւը վիճակուի Ուրուկուէյին` Հայկական հարցը ներկայացնելու ՄԱԿ-ին:… Սակայն նախ եւ առաջ հայերը իրենք, պէտք է աշխատանք տանին եւ յարատեւ պաշտպանեն իրենց Դատը` առանց ընկրկելու եւ առանց տեղի տալու: Պէտք է ամուր պահեն իրենց հաւատքը դէպի լուսաւոր ապագան եւ վստահութիւն ունենան, որ օր մը պիտի իրականանան իրենց այնքան գեղեցիկ երազները: Ես անոր խորապէս կը հաւատամ»:
Վ. Պէրպէրեան, ի նշան երախտագիտութեան, «Արմենիա» մշակութային ընկերակցութեան կողմէ գեղեցիկ արծաթեայ յուշատախտակ մը նուիրած է Ալպա Ռոպալիոյի:
«Քնար» ձայնային քառեակի ելոյթէն ետք, հանդէսը վերջ գտած է «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի ընդհանուր երգեցողութեամբ:
