Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

Յունիս 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գուսան Շերամ

(Ծննդեան 110-Ամեակին Առիթով)

19-րդ դարու վերջին քառորդի եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներու հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ Գուսան Շերամ (Գրիգոր Տալեան): Աշուղ Ջիւանի հետ միասին, հայ գուսանական-աշուղական գրականութեան Շիրակի (Ալեքսանդրապոլ) դպրոցի կարկառուն ներկայացուցիչներէն է:

Երկար ու ոլորուն ուղի անցած է հայ գուսանական-աշուղական գրականութիւնը` ի յայտ բերելով նշանաւոր շատ դէմքեր եւ թողնելով գեղարուեստական հարուստ աւանդոյթներ (Նաղաշ Յովնաթան, Պաղտասար Դպիր, Սայաթ Նովա, Շիրին, Նիրանի, Միսկին-Բուրջի, Գիւրջի-Նաւէ, Աղբար Ադամ եւ ուրիշներ):

Մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին գուսանական-աշուղական գրականութեան ու երաժշտութեան այդ աւանդոյթները, որոնց կրողները կը հանդիսանան ժամանակակից հայ գուսանները (Հաւասի, Աշոտ, Շահէն եւ ուրիշներ):

Իր երկարամեայ գոյութեան ընթացքին հայ գուսանական-աշուղական գրականութիւնը մշակած է ոտանաւորի եւ երգի իւրայատուկ ձեւեր ու եղանակներ, որոնք ընդհանուր առմամբ արեւելեան ծագում ունին եւ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ:

Հայ գուսանները արձագանգած են ժամանակի հասարակական պահանջներուն եւ գեղարուեստական ստեղծագործութեան մէջ իւրաքանչիւրը իր անհատականութիւնը ցուցաբերած է: Այնուամենայնիւ, դուրս եկած չեն համընդհանուր ճանաչում գտած աւանդական ձեւերու եւ եղանակներու շրջանակներէն:

Գուսան Շերամ նորամուծութիւն բերաւ գուսանական-աշուղական արուեստի ասպարէզին մէջ: Ան հրաժարեցաւ կաղապարուած ձեւերէն ու եղանակներէն եւ ժողովրդական կենդանի խօսքի ու երաժշտութեան ոգիով ստեղծեց իր երգերը` դառնալով իսկական ժողովրդական երաժիշտ-երգահան ու բանաստեղծ:

Շերամի երգերը առաւել լիակատարութեամբ դրսեւորելով Շիրակի տեղագրական իւրայատկութիւննեն ու երաժշտական կենցաղի գիծերը, հոգեհարազատ են նաեւ հայութեան ազգագրական այլ խումբերուն եւ հատուածներուն:

Շերամի երգերու երաժշտական հմայքը զուգակցուած է այդ երգերու հասարակական առողջ բովանդակութեան, որով պէտք է բացատրել գուսանի ստեղծագործութեան լայն ժողովրդականութիւնը հայ ժողովուրդի զանգուածներուն մէջ:

Շերամ ծնած է 1857-ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի), երաժշտասէրներու գերդաստանին մէջ: Շերամի պապը եղած է ժամանակի նշանաւոր աշուղներէն մէկը, Քեամիլի մականունով: Ճանչցուած դէմք էր նաեւ իր հօրեղբօրորդին` Ջամալին (Մկրտիչ Տալեան): Այդ գերդաստանին հետ բարեկամական կապ հաստատած է երիտասարդ աշուղ Ջիւանը` ամուսնանալով Ջամալիի քրոջ հետ:

Պատանի Շերամ հօրը սրճարանին մէջ, ուր կը հաւաքուէին տեղւոյն երգիչներն ու աշուղները, կ՛ունկնդրէր եւ ականատես կը դառնար աշուղական հաւաքոյթներուն, մրցումներուն, երգ ու նուագին: Անոր պատանի հոգիին մէջ կ՛առկայծի սէրը դէպի երգն ու երաժշտութիւնը: Շուտով կը մեռնի հայրը` իր ընտանիքը ձգելով հոգերու եւ կարիքի մէջ: Շերամ կը դառնայ հիւսնի աշկերտ. սակայն, շատ չանցած, կը թողու արհեստը եւ իր իսկ ձեռքով պատրաստած թառի վրայ կը սկսի երաժշտական ստեղծագործական առաջին փորձերը:

1879-ին Շերամ կը կազմէ իր աշուղական խումբը եւ շրջագայութիւններ կը կատարէ Անդրկովկասի եւ Ռուսիոյ հայաբնակ վայրերուն մէջ: Անոր երգերուն համբաւը կը տարածուի Երեւանի, Էջմիածնի, Կարսի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:

Շերամ կը ծանօթանայ եւ մտերմական կապեր կը հաստատէ Աւ. Իսահակեանի, Յովհ. Յովհաննիսեանի հետ: Շերամ մականունը տրուած է Յ. Յովհաննիսեանի կողմէ:

Գուսանի երգերուն կը ծանօթանայ մեծ երաժշտագէտ Կոմիտաս եւ կը ձայնագրէ քանի մը նմուշներ: 1913-ին Շերամ իր խումբով կը հրաւիրուի Աստրախան` մասնակցելու համար հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի տօնակատարութեան հանդէսին:

1914-ին կը մեկնի Պաքու` մասնակցելու համար տեղւոյն «Հայոց կուլտուրական միութեան» կազմակերպած հանդէսին: 1922-ին Թիֆլիսի եւ 1926-ին Լենինականի մէջ կը նշուի ու կը մեծարուի Շերամի գրական-երաժշտական գործունէութիւնն ու վաստակը:

1927-ին, իբրեւ Հայաստանի պատուիրակ, կը մասնակցի Պաքուի աշուղական համագումարին: 1935-ին կը հաստատուի Երեւան, ուր եւ կը մեռնի 1938-ին:

Շերամ ձգած է գրական ու երաժշտական արժէքաւոր ու հարուստ ժառանգութիւն: Անոր տպագիր ու անտիպ երգերուն թիւը կ՛անցնի 300-ը: Բազմաթիւ երգեր, յատկապէս` սկզբնական շրջանին, յանպատրաստից ստեղծուելով ու կատարուելով, գրի չեն առնուած ու չեն արձանագրուած:

Շերամի տպագիր առաջին ժողովածուն կը կրէ «Քնար» խորագիրը (1902, Ալեքսանդրապոլ) եւ կը պարունակէ հայրենասիրական, պանդխտութեան, հարսանեկան երգեր եւ աշուղական հանելուկներ: Երկրորդ տպագիր ժողովածուն կը կոչուի «Գանգատի շանթեր» (1905, «Պետերպուրկ» ծածկանունով): Այս ժողովածուի մէջ պարզորոշ կ՛երեւին Շերամի արդէն ձեւաւորուած հասարակական-քաղաքական հայեացքները: Այնուհետեւ, մէկ տասնամեակի ընթացքին, Ալեքսանդրապոլի մէջ լոյս կը տեսնեն երեք ժողովածուներ` «Սէր եւ կռիւ», «Անջուր պարտէզ» եւ «Անզուսպ արշաւ»: 1948-ին եւ 1959-ին հրատարակուած է Շերամի երգերու եւ ոտանաւորներու ծաւալուն ժողովածուն` նոթագրութիւններով:

Շերամի երգերուն եւ ոտանաւորներուն մոթիվներն ու թեմաները հարուստ ու բազմատեսակ են: Այդ երգերու մէջ տիրապետողը սիրոյ մոթիվն է: Սէրը Շերամի երգերուն մէջ պատկերուած է մարդկային յուզաշխարհի եւ ապրումներու բազմազան ելեւէջներով: Սիրոյ մէջ ան տառապանք ու տանջանք կը տեսնէ, որ կ՛ազնուացնէ ու կը բարձրացնէ մարդու հոգին:

Սիրոյ այդ տառապանքը, որ մեծ արուեստով դրսեւորուած է նաեւ հանճարեղ Սայաթ Նովայի բանաստեղծութեան մէջ, մարդասիրութեան եւ մարդկայնութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն է: Շերամի երգերուն մէջ սիրոյ կարօտը կ՛իշխէ: Զով գիշերին ան դուրս եկած է եւ կը փնտռէ իր եարը.

«Ափսոս էս գիշերին, որ մենակ ման կու գամ,
Կ՛աղաչեմ դուրս չես գայ, առանց քեզ ո՞ւր գնամ,
Թէ հոգիս էլ ուզես, ազիզ ջան քեզ կու տամ,
Անուշ եար, շո՛ւտ արի, քնքուշ եար, շո՛ւտ արի»:

Անսիրտ ու անհոգի մարդիկ խզած ու տարած են «գուսանի եարը», «ջան ու ջիգեարը» եւ ան կը դիմէ սարերուն` «Իջէք, ցածրացէք, գնում եմ եարիս, մի ճամբայ բացէք» («Սարեր կ՛աղաչեմ»): Եարի պատկերը, նկարագիրը տալու համար Շերամ ոչ մէկ գոյն ու միջոց կը խնայէ: Սիրած աղջիկը «գուսանի մուսան է, առանց նրա երգել չի կարող», անոր ման գալը եղնիկի նման է, պար գալը` կաքաւի, ան զուգուած ու զարդարուած է գարնան արեւի նման («Էսօր Արազն ես գնացել»), կարմիր վարդն ու պլպուլը անբաժան են եարէն, ինչպէս` բոլոր գուսաններու մօտ:

Շերամի երգերուն մէջ աչքի կ՛իյնան նաեւ խրատական-բարոյախօսական մոթիվները: Գուսանը կը քարոզէ բարոյականութիւն եւ ազնուութիւն, ժողովրդական իմաստութեամբ կոչ կ՛ընէ չյուսահատիլ դժուարութիւններէն, որովհետեւ «խաւարին միշտ լոյսն է յաջորդում», ինչպէս մեծագոյն լաւատեսութեամբ Աշուղ Ջիւան կ՛երգէր «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ՛երթան»:

Շերամի երգիծական երգերուն մէջ կը դատապարտուին մասնաւոր սեփականատիրական աշխարհի մէջ իշխող արատները եւ մարդկային բնաւորութեան ու կենցաղի բացերը: Անոր «Ասում էք մոտէն էդպէս է…», երգին մէջ, գուսանը կը ծաղրէ շրջապատի վատառողջ սովորութիւնները, նորաձեւութեամբ տառապող քաղքենիական բարքերը:

Շերամի երգերուն մէջ բարձր կը հնչեն ազգային, յեղափոխական մոթիվները: Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի շրջանին, Շերամ հայրենասիրական երգեր ստեղծած է, ուր կը փառաբանէ ժողովուրդի շահերուն պաշտպան կանգնած անձնուէր հերոսները: Առանձնապէս ուշագրաւ են հայ ժողովուրդի ազգային հերոս զօրավար Անդրանիկին նուիրուած ձօներգները: Անոնցմէ առաջինը լոյս տեսած է 1905-ին, «Գանգատի շանթեր» ժողովածուի մէջ եւ կը կրէ «Սասնոյ հերոս քաջամարտիկ Անդրանիկին» վերտառութիւնը («Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ…»):

Գուսանը փառաբանած է նաեւ «Սուրբ ազատութեամբ վառուած անվեհեր Զէյթունի քաջերին» (Զէյթունցիների քայլերգ»), ատելութեամբ նզոված է պատերազմ սերմանողները («Անէծք Վիլհելմին»): Քնարական շունչով տոգորուած են Շերամի ստեղծած զինուորի երգերը («Մայրիկ ջան, մնաս բարով, ես կ՛երթամ սարով-քարով») եւ այլն:

Շերամի երգերը օժտուած են բարձր արուեստով: Այդ երգերու մեղեդիները թարմ են ու ինքնատիպ, երբեք չեն կրկներ զիրար, իսկ բանաստեղծական խօսքը դիպուկ է ու նպատակասլաց, համեմուած ժողովրդական բառ ու բանով, առած-ասացուածքներով, թեւաւոր արտայայտութիւններով, ազգային ոճերով ու դարձուածքներով:

Աւելի քան 75 տարիէ ի վեր Շերամի երգերը կը շրջին ժողովուրդի շրթներուն վրայ ու կ՛ապրին անոր հոգիին մէջ: Վերջին տարիները երբ բանահիւսական-երաժշտական խմբարշաւի գացինք գուսանի ծննդավայր Լենինական քաղաքը (Գիւմրի),  ականատես եղանք, թէ ինչպիսի՛ սրբութեամբ անոր համաքաղաքացիները կը պահեն ու կը փայփայեն մեծ գուսանի հետ կապուած յուշերն ու զրոյցները:

Շերամ իր սրտագրաւ երգերով սիրուած էր ու սիրուած կը մնայ հայ երաժշտասէր հասարակութեան մէջ:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՆԱԶԻՆԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Լիբանանի Հայերը (Բ.) Գիտաժողովի Նիւթեր (14 – 16 Մայիս 2014)»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?