Մեր Թերթերուն Տարեդարձը
Դաշնակցական թերթերու տարեդարձները հանգիտութիւնը ունին դաշնակցական տօներու:
Այս անունին տակ պէտք է իմանալ յեղափոխական այն խիզախումները, որոնց նպատակը եղած էր պայքարով թշնամիին զգացնել ապրելու մեր իրաւունքն ու կամքը:
Դաշնակցական ամէն թերթ հայութեան ապրելու կամքին խորհրդանիշն է:
Դաշնակցութեան համար մամուլը գաղափարական առաջադրութեամբ լոյս տեսնող ձեռնարկ մըն է:
Զայն հրատարակող կուսակցութիւնը մէկ նպատակ հետապնդած է. մօտենալ մեր տարագիր բազմութիւններուն, խօսիլ անոնց հայութեան անցեալ եւ նոր տառապանքներէն, մանաւանդ վառ պահել անոնց մէջ սէրը` հանդէպ հայրենիքին, մեր պատմութեան եւ մշակոյթին:
Լրագրութիւնը նիւթական նպատակներով փորձուած ասպարէզ մը չէ: Ասոր համար ալ զանգուածները շլացնող զարտուղի նպատակներ մաս չեն կազմեր դաշնակցական մամուլի առաջադրութեանց:
Զոհողութեան ծնունդ` ծառայելու գաղափարական մը դարձած է դաշնակցական մամուլի սեւեռակէտ:
Եթէ ուրիշներ փորձած են նիւթական յաջողութիւններու անունով զառածումներ, դաշնակցական մամուլը զանց առած է այդ բոլորը:
Ժամանակին հետ քալել. ահա սկզբունքը բոլոր անոնց, որ կը խորհին, թէ մամուլը պէտք է դառնայ ամէնուն ճաշակին ու նախասիրութեանց գոհացում տուող օրկան մը:
Դաշնակցական մամուլը ընթացեր է ու պիտի շարունակէ ընթանալ ի՛ր սեփական ուղիէն:
Հաւատքի գործ մըն է լրագրութիւնը անոր շուրջ հաւաքուած անձերու համար:
Եւ որովհետեւ գաղափարական եւ բարոյական բարձր սկզբունք մը դարձած է նպատակակէտ, դաշնակցական մամուլը պահած է իր անկախութիւնը:
Այս սկզբունքով սփիւռքի հայաշատ վայրերուն մէջ տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնեն թերթեր, որոնց հետեւողներ պիտի հաստատեն, որ անոնք բոլորն ալ հիմնական նո՛յն նպատակը կը հետապնդեն:
Ազգային շահերու, քաղաքականութեան եւ գոյատեւման հարցերու շուրջ նոյնն է անոնց բոլորին ալ տեսակէտը:
Հիմնական հարցերու մասին չկան զիրար հակասող կարծիքներ:
Ուստի լայն բացած իրենց էջերը` անոնք որպէս սեփական քննարկութեան ենթարկուած հարց, սիրով կու տան լուրերը իրենցմէ մէկին կամ միւսին կողմէ հրատարակուած:
Եթէ իր անցեալով անձ մը բարոյական վարկ կը ներկայացնէ իր միջավայրին մէջ, ան նոյն յարգանքի արժանի կը համարուի այլուր` դաշնակցական բոլոր թերթերու կողմէ:
Եթէ այնքան հատու եղած է խօսքը դաշնակցական մամուլին, պատճառը այն է, որ ան մնացեր է կապուած բիւրեղացած տեսակէտներու:
Այս ուղղութեամբ ամէն զոհողութիւն յանձն առած` տարիներէ ի վեր ահա ամէն կողմ լոյս կը տեսնեն դաշնակցական թերթեր, մէկի բացառութեամբ, բոլորն ալ օրաթերթ:
Անոնցմէ շատեր նախապէս շաբաթաթերթ կամ եռօրեայ, շնորհիւ գտած ջերմ ընդունելութեան, ժամանակի ընթացքին դարձան օրաթերթ ու կը շարունակեն իբրեւ այդպիսին մատուցել իրենց ծառայութիւնը ժողովուրդին:
Կը հաւատանք, որ օր մը պիտի գրուի պատմութիւնը դաշնակցական մամուլին:
Նախ` անոր, որ 1914-ի Աշխարհամարտէն առաջ ունեցաւ կարեւոր դեր մը հայ իրականութեան արեւելահայ հատուածին մէջ, յետոյ անոր, որ սահմանադրութեան թուականէն, 1908-էն մինչեւ 1915, Պոլսոյ եւ արտասահմանի մէջ կատարեց որոշ աշխատանք, ապա վերջինին, որ սփիւռքի մէջ ներկայիս կը շարունակէ գերադրական ճիգերով մնալ պահակը մեր բազմութիւններուն` խանդավառելու համար հայութիւնը ամէն կարգի երեւոյթներով ու աշխատանքով:
Անդրադառնալ այս մարզին վրայ լոյս տեսնող դաշնակցական թերթերու դերին ու ընձեռած նպաստին` պիտի նշանակէր գրել մեր գաղութներու պատմութիւնը:
Որովհետեւ չկայ վայր մը, ուր լոյս տեսնէ դաշնակցական թերթ մը ու մասնակցած չըլլայ համայնքը հետաքրքրող հարցերու քննութեան, չբերէ այդ առթիւ գաղափարախօսի իր տեսակէտը, հաւաքականութիւնը շահագրգռող հարցերու լուծման գործին, հուսկ, չխառնէ իր ձայնը ամբողջին ձայնին:
Դաշնակցական թերթերու իւրաքանչիւրին հիմնադրութեան թուականը նուիրական է, ուստի չենք զարմանար, որ պարբերաբար իրենք իսկ կ՛անդրադառնան ատոր ու կը հրճուին:
Այդ հրճուանքը կամ հոգեկան գոհունակութիւնը, արդար է եւ իրաւունք:
«ԱՐՄԵՆԻԱ»
Մեր Ուխտը
Լիբանանի Դրօշակին
Մայրիի ծա՛ռ,
Խաղաղութեան օրհներգ դալար,
Երկնակապոյտ քու բարձունքիդ,
Արեւաշող սեմին փառքիդ`
Կա՛ց անվեհեր.
Կոփուած հողէդ աստուածազօր,
Մե՛նք, զաւակներդ ազատագոռ`
Փոթորիկներն աշխարհաւեր,
Կը սանձենք մեր անտառացա՛ծ բազուկներով,
Ակունքներէդ աստեղածոր
Խըմած զարմերդ հըրատոչոր`
Մենք կը մարե՛նք շանթ ու կայծակ
Մեր շանթարգել բըռունցքներով.
Թէ հարկ ըլլայ
Եկեղեցւոյ խաչ ու կոչնակ
Կը դարձընենք ռումբ ու նիզակ,
Թէ հարկ ըլլայ
Մըզկիթները մեր երկնամուխ
Կ՛ընենք հըրթիռ ու հըրաբուխ,
Որ թշնամին արիւնկըզակ,
Կըրունկի տակ դառնայ փոշի՛, օդ ցնդող ծո՛ւխ:
Մայրիի ծա՛ռ,
Դուն, խաչի փայտ, կանանչ գմբէթ,
Մեր սրտերուն դուն հա՛րս յաւէտ,
Թէ հարկ ըլլայ
Մենք կ՛ոռոգենք մե՛ր արիւնով
Խոր արմատներդ մըշտադալար,
Որ միշտ մընաս խաղաղութեան ներշնչարան,
Դո՛ւն, տօնածառ աշխարհաթով:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
9-6-67 Պէյրութ