Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1967)

Յունիս 12, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յառաջ» Քոլեճի
Մանկապարտէզի Ցուցահանդէսը

Ազգ. «Յառաջ» քոլեճի մանկապարտէզը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ կը շարունակէ` կազմակերպելով ամավերջի ցուցահանդէս, տեսակ մը մանուկներու ինը ամսուան ձեռային աշխատանքին հաշուեփակը:

Այս տարուան կազմակերպուած ցուցահանդէսը, իր ներկայացուցած նիւթերու այլազանութեամբ եւ պատրաստութեամբ, աւելի քան ճոխ էր:

Դասարաններու, պատերը, սեղանները ծածկուած էին երեքէն եօթը տարեկան մանուկներու ձեռային աշխատանքներով, որոնք գործածած էին առաւելաբար ջրաներկ, ածխամատիտ, գունաւոր մատիտ, մկրատ եւ ՓԻՔ:

Տարուան չորս եղանակները ներկայացուած էին յաջող պատկերներով եւ բնութեան յատուկ ու հարազատ գոյներով: Տպաւորիչ էր մասնաւորաբար զանազան ժողովուրդներու կենցաղի ու տարազներու ներկայացումը, որ մեծապէս կը սատարէ մանուկին մտային հորիզոնին ընդլայնման:

Նոր տարուան բարեկենդանի եւ Ս. Զատկուան տօները, իրենց խորհուրդով, ներկայացման եղանակով ու վառ գոյներով, մանկական աշխարհը կը պահեն միշտ իր տօնական ցնծութեան մէջ: Մանուկներու երեւակայութիւնը, սրող, դասարանի մէջ պատմուած պատմութիւնները յաջող կերպով նիւթեղինացած էին փոքրիկներուն կողմէ:

Ցուցահանդէսը, որ տեւեց հինգ օր, 25-29 մայիս, արժանացաւ ծնողներու եւ այցելուներու բարձր գնահատանքին: Շնորհաւորելի եւ գնահատելի են Ազգ. «Յառաջ» քոլեճի մանկապարտիզպանուհիները, որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ` ցուցահանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Պուրճ Համուտի Համազգայինի
Մասնաճիւղին Առաջին Ելոյթը

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան  Կեդրոնական վարչութիւնը շրջանէ մը ի վեր գործունէութիւնը դադրեցուցած Պուրճ Համուտի Համազգայինի մասնաճիւղը վերակազմելու եւ աշխուժացնելու նպատակով նշանակեց նոր վարչութիւն մը հետեւեալներէ. Հռիփսիմէ Քեքեճեան, Արսինէ Շահմելիքեան եւ Արուսեակ Թոգաթլեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Յակոբ Ժամկոչեան, Գրիգոր Նգրուրեան, Խաչեր Յակոբեան, Աւետիս Իսփենճեան եւ Գէորգ Միքայէլեան:

Նոր վարչութիւնը պաշտօնակոչութեան առաջին իսկ օրէն լծուեցաւ տենդագին աշխատանքը: Հերթական ժողովներու օրակարգերուն գլխաւոր մտահոգութիւնները եղան` մասնաճիւղը իր առաջադրութիւններուն հաւատարիմ գործունէութեամբ հասցնել նախանձելի վիճակի մը, համապատասխան` համազգային ոգիին ու կոչումին, բարեզարդել եւ ներկայանալի դարձնել մասնաճիւղին սրահը, համախմբել նախկին անդամները եւ անոնց թիւը աճեցնել շրջանի մտաւորական եւ ձեռներէց նորեկներով:

Վարչութիւնը ամսուան մը լուռ աշխատանքէ ետք, ուրբաթ, 2 յունիսին, զգալի դարձուց ինքզինքը` կազմակերպելով հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, շրջանի երեք կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, 70-ի մօտ անդամներ եւ հրաւիրեալներ:

Վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան բարի գալուստի կարճ խօսքէ մը ետք հրաւիրեց ներկաները բաժակ մը շամփանիայի եւ ճոխ պիւֆէի շուրջ: Անմիջապէս ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը ներկաներուն միջեւ: Ծափահարութիւններով ընդունուեցան Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սիմոն Վրացեան եւ ներկայացուցիչներ Գառնիկ Բանեան ու Սարգիս Զէյթլեան:

Հիւրասիրութենէն ետք վարչութեան ատենապետը ներկայացուց մասնաճիւղին մտահոգութիւններն ու նոր շրջանի գործունէութեան ծրագիրը:

Խօսք առին նաեւ ներկաներէն ոմանք եւ օգտակար ու շինիչ թելադրանքներ ըրին:

Անդրանիկ Ուրֆալեան շեշտեց, թէ Պուրճ Համուտը պարարտ հող մըն է եւ Համազգայինի մասնաճիւղը ստիպողականութիւն մը ըլլալու կոչումով լծուելու է աշխատանքի` շրջանի մշակութային եւ ընկերային վերելքին համար: Շնորհաւորեց վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց:

Յակոբ Իսկենտերեան  թելադրեց, որ վարչութիւնը նկատի ունենայ Համազգայինի քաղաքի վարչութեան գործունէութիւնը, զայն ընդունի իբրեւ փորձառու երէց եղբայր եւ սերտ յարաբերութիւններ մշակէ անոր հետ:

Սիմոն Վրացեան շեշտեց Համազգայինի դերին կարեւորութիւնը: Ընդգծեց, որ Համազգայինի վարչութիւնները պէտք է ըմբռնեն զանգուածին մտահոգութիւնները եւ ներդաշնակ ընթանան  նոյնինքն զանգուածին ոգիին:

Յ. Տէր Յարութիւնեան վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան` կատարած նիւթական անմիջական օժանդակութեան եւ խոստացած բարոյական աջակցութեան համար:

Ներկաները շնորհաւորեցին վարչութեան անդամները, յաջողութիւն մաղթեցին եւ մեկնեցան` գործակցելու տրամադրութեամբ:

Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահն ու ներկայացուցիչները կարծիքներու փոխանակութիւն ունեցան վարչութեան հետ:

 

Իմաստուն Խօսքեր

  • Ծնողքին օրհնութիւնը առած մարդուն աքաղաղներն ալ կ՛ածեն:
  • Աւելի լաւ է լաւ ախորժակ ունենալ, քան թէ` լաւ կերակուր:
  • Կոյրին քով եթէ նստիս, մինչեւ իրիկուն շիլ պիտի ըլլաս:
  • Ուշ ամուսնացողը շուտ որբ կը մնայ:
  • Երկու եղբայր կը կռուին, թշնամիները կը հրճուին:
Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Եթէ Հայերէն Գիրքերը Երբեմն Դուրս Բերէինք Իրենց Քնածութենէն Կամ Մահաքունէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In