Նոթեր Ու Նետեր
«Ատանկ Է Նէ՛ Զա՛րկ»
Հազիւ պատանի էի:
Ամրան կիրակի առաւօտ մը կանուխէն տունէն ելած էի երթալու համար եկեղեցի:
Մեր վերի փողոցէն անցած ատենս, հոռմի լամուկ մը, ինծի տարեկից, զիս տեսնելով` սկսաւ վրաս հաջել` նախատելով հայութիւնս:
Վայրկենական արիւնս գլուխս խուժեց, ու յարձակեցայ այդ քոթոթին վրայ` լաւ դաս մը տալու համար:
Պահն ալ յարմար էր դասատուութեան համար, քանի որ, ինչպէս ըսինք, կանուխ ու կիրակի ըլլալուն` փողոցը մարդ չկար:
Հոռմի լակոտը արձակեց ճիչեր վախի:
Ձախ ձեռքով ուժգնօրէն բռնած էի օձիքը, իսկ աջ ձեռքով եւ ամբողջ ուժովս կը հարուածէի: Հոռմի վատոգի ձագը, փոխանակ փոխադարձելու, լալագին աղաղակներով օգնութիւն կը սպասէր իրեններէն, մեծերէն: Փողոցն ալ բացարձակապէս բնակուած էր հոռոմներով:
Կը շարունակէի հարուածել անխնայ: Կը զարնէի գլխուն, քիթին, բերնին, այտերուն, ո՛ւր որ յարմար էր:
Հոռոմիկը վախէն գրեթէ կկզած, կը ջանար խուսափիլ հարուածներէս` իր ձեռքերը վերածած վահանի: Կը ծածկէր գլուխն ու երեսները` բնազդական շարժումներով:
Բարկութիւնս յորդ էր ու անզսպելի: Պատճառը` նախատեսած ըլլալն էր հայութիւնս: Ուրիշ նախատական որեւէ խօսք` այդքան պիտի չզայրացնէր զիս:
Յանկարծ ստենտորեան ձայն մը լսեցի, որ հայերէն կ՛ըսէր.
– Ձգէ՛, ծօ՛, ատ չոճուխին եախան… Մեռցունես պիտոր… Ձգէ՛, կ՛ըսեմ կոր… հիմա թապլաս, գլուխէս վար կ՛առնեմ, ու հախէդ կու գամ հա՜…
Խօսողը պարթեւահասակ հայ ծանօթ ձկնավաճառ մըն էր` գլխուն վրայ խոշոր թապլա մը, մէջը լեցուն ձուկ: Կ՛երթար շուկայ:
Պատասախանեցի.
– Աս փիճը «Արմէնի պոքճի» ըսաւ. ատոր համար է քի կը ծեծեմ կոր…
Ձկնավաճառը, որ կանգ առած էր, պահ մըն ալ լռութեամբ կանգ առաւ, ու ապա, քիթին տակէն աւելցուց.
– Ատա՞նկ է… Ատանկ է նէ` զա՛րկ…
Ու հեռացաւ:
Քանի մը հարուած եւս տուի ձկնավաճառին հրահանգը գործադրելու համար:
Եւ վերջապէս, թողուցի, որ ծեծուած լակոտը կաղկանձելով փախչի կորսուի:
* * *
Երիտասարդութեանս թրքական բանակին մէջ ծեծած եմ հրեայ մը, որ ժպրհած էր ինծի ըսել.
– Էրմենի, ինչպէ՞ս եղած է, որ քեզ ողջ ձգած են…
Ծեծելէս ու տղմաթաթախ ընելէս ետքը պատասխանեցի.
– Քեզի պէս վարնոց մը ծեծելու համար ողջ մնացած եմ…
* * *
Իսկ չափահասութեանս, նախկին բնակարանիս մէջ, անգամ մը խնդիր ունեցած եմ ալքոլամոլ ֆրանսացիի մը հետ, որ վիճաբանութեան ընթացքին հարցուց.
– Հայ էք, այնպէս չէ՞…
Պատասխանեցի.
– Այո՛, հայ եմ ու հպարտ եմ հայ ըլլալուս: Եւ եթէ համարձակիք նախատական խօսք մը ըսել այդ պատճառով, գիտցէք, որ խնդիրը շատ լրջօրէն կը փոխուի…
Ու ֆրանսացին լռեց լուրջ սպառնալիքիս առջեւ:
* * *
Թող ոչ ոք չկարծէ, թէ ծեծած եմ կամ ծեծել ուզած եմ` ապաւինելով ֆիզիքական ուժիս: Ո՛չ: Երբեք մէկը ծեծելու չափ մարմնական ուժ չեմ ունեցած: Ուժս կը ստանայի արդար սրտմտութենէս: Հայութիւնը հերոս էր ու մարտիրոս, եւ զայն նախատելը` սրբապղծութիւն: Հարկ էր հարուածել սրբապիղծները եւ հարուածել անխնայ:
Յիշողութեանս մէջէն կը լսեմ հայ ձկնավաճառին եզրակացութիւնը.
– Ատանկ է նէ` զա՛րկ:
* * *
Հիմակ ա՛լ ոչ մէկ տեսակ ուժ չունիմ հարուածելու համար:
Մանաւանդ` հարուածելու համար ա՛յն չհայերը, որոնք հայութիւնը յիմարի տեղ դրած` կը նախատեն անդադար բանիւ եւ գործով, տիւ եւ գիշեր: Ու իրենց ամբողջ կեանքը նախատինք մըն է հայութեան դէմ:
Բայց կրնամ զանոնք հարուածել բանիւ: Այդ մէկն ալ ինծի չեն թողուր, չեն թոյլատրեր:
Կը մխիթարուիմ` տեսնելով, որ գոնէ ուրիշները կը հարուածեն:
Ու հայ ձկնավաճառին պէս կ՛ըսեմ.
– Ատանկ է նէ` զարկէ՛ք ու զարկէ՛ք, մինչեւ որ տրորուին ու տափակնան:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
