Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1967)

Յունիս 19, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիք Եւ Սփիւռք

Հայրենիք եւ սփիւռք երկու թանկագին ազդակներ են հայութեան ապագային համար:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրին հզօրացումը պայմանաւորուած է իրենց փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ իրերօգնութեամբ:

Հայրենիքը, անկասկած, կը գրաւէ առաջնութիւնը նժարին մէջ` իբրեւ ծանրութիւն եւ խարիսխ, իբրեւ միակտուր ամբողջութիւն, որ օժտուած է կրաւորականութեան մէջ անգամ իր ուժականութիւնը պահելու:

Սփիւռքը ցանուցիր` զուրկ է գոյատեւման պայման շարք մը գործօններէ, որոնք կարեւոր են դիմագիծ ու համրանք անկորուստ պահելու տեսակէտէն:

Այս իրողութեան համոզուած` սփիւռքի հայ քաղաքական միտքը կէս դար է ահա ահազանգ կը հնչեցնէ:

Այս ճշմարտութիւնը ընդունելով, իր հերթին, հայրենիքը կոչ կ՛ընէ մնալ կառչած հայ լեզուին եւ մշակոյթին:

Այս նպատակով ստեղծած իր «Սփիւռքի հետ կապի մարմինը» որքան ալ սպասուած ջերմութիւնը չի դներ արտերկրի բոլոր խաւերուն հանդէպ, ըլլալով որոշ առաջադրութեան մը արտայայտութիւնը, կ՛աշխատի սակայն թատերախումբերով, երգչուհիներով, մտաւորականներով, պարախումբերով եւ երգչախումբերով սփիւռքը կապել հայրենիքին:

Այդ փորձը վաղուան մեծ ու զօրաւոր հայրենիքին համար սփիւռքը քաղաքացի դարձնելով` ցեղը յաւերժացնելը ունի նպատակ:

Տեղ մը, ուրեմն, հայրենիք եւ սփիւռք հայութեան զօրացման եւ մեծութեան երկու հզօր թեւերը կը ձեւացնեն:

Այդ թեւերը, սակայն, պէտք է փնտռեն իրենց սիրտը, բաբախուն եւ տրոփող սիրտը` արագացնելու համար հասարակաց իտէալի մը կամ նպատակի մը ի խնդիր կատարուելիք աշխատանքներու յաջողութիւնը:

Սփիւռքը բոլոր հնարաւորութիւնները ունի ազատօրէն լծուելու հայութեան իրաւունքները հետապնդելու դժուարին աշխատանքներուն:

Այդ իրաւունքներէն զրկուած կը թուի հայրենիքը, որ ըլլալով մէկ անդամը Խորհրդային Ռուսիոյ` արգիլուած է առանձին քաղաքականութիւն վարելու:

Այսուհանդերձ, երբ թոյլատու են պայմանները, երբ կը ստեղծուին հնարաւորութիւններ, կարելի է վտանգուելու ճակատագրուած սփիւռքի անունով հողային սակաւութեան հարց բարձրացնել ու պահանջներ ներկայացնել:

Հողային մեր պահանջները պատմական եւ աշխարհագրական փաստերով հաստատուած իրողութիւններ են:

Միշտ կարելի է անոնց մասին խօսիլ` առանց քէնոտելու:

Հայրենիքին պարտականութիւնն է ատիկա, անշուշտ, օգտագործելով այդ նպատակով քաղաքական որոշ պայմաններ ու ստեղծուած առիթներ:

Սփիւռքը իր հերթին պիտի աշխատի կառչած մնալ իր մշակոյթին ու քանակին:

Գուրգուրալ առաջինին ու վերջինին վրայ` կը նշանակէ իմանալ ցեղին ապագային համար արժէքը այն մէկուկէս միլիոնին, որ այսօր կայ, բայց կրնայ օր մը նուազիլ, եթէ պակսին մեր լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան եւ ազգային արժէքներու մասին մեր խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը:

Բնականոն պայմաններու մէջ, երեք տասնեակ տարի ետք մեր թիւը տասը միլիոն հաշուած են:

Առանց աշխարհաւեր նոր աղէտներու, առանց այլ ձեւի կորուստներու` կրնայ հասնիլ մեր թիւը տասը միլիոնի, եթէ երբեք, սակայն, յառաջիկայ երեք տասնամեակներուն չտկարանայ հայկական սփիւռքի արմենական ոգին:

Սփիւռքին համար այդ ոգին հրամայական պահանջ մըն է: Ան պէտք է խօսի ամէն հայու մէջ:

Մայրեր օրօրոցներու առջեւ պէտք է իրենց կաթին հետ փոխանցեն իրենց նորածիններուն ա՛յդ ոգին:

Դպրոցներ ա՛յդ ոգիով պէտք է սերունդ պատրաստեն:

Գրականութեան լուսաւոր սեւեռակէտը այդ ոգիին անկորուստ պահպանումը պէտք է ըլլայ` ի պէտս սփիւռքի հայութեան անկորուստ գոյատեւումին:

Մէկուկէս միլիոնը երեք տասնամեակ ետք աշխատինք կրկնապատկել` դարձնելու համար հայրենիքի մեծութեան թանկագին հարստութիւն մը:

Մինչ այդ հայրենիք եւ սփիւռք պէտք է աշխատին հալեցնել ամէն սառոյց, փարատել ամէն մշուշ ու գտնել գործակցութեան կենդանի միջոցը:

Ցեղին ապագային համար պահանջ է ատիկա:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Նժարէ Նժար

«Մարդ Պէտք Է Քիչ Մը
Խելք Ունենայ»

Աշխարհի բոլոր վայրենիները կրնան քաղաքակրթուիլ, վայրենիներէն աւելի վայրագ շնչաւորներն անգամ կրնան օր մը յարգել բանականութիւնը, աշխարհը ճանչցած է այդպիսի հրաշքներ, բայց դժուար է ենթադրել, որ օր մը աշխարհը պատեհութիւն կ՛ունենայ թուրքին մէջ բանականութեան յարգանք ընծայող ողջմտութեան հակումներ ողջունելու:

Բոլոր սերունդներուն տեսած տիպարն է թուրքը, սուտ` իր բոլոր արտայայտութիւններով, փաստերուն դէմ կոյր, ժամանակէն դուրս, ճշմարտութիւնները անմտութեան դասական իր նժարին մէջ կշռող բո՛ւթ: Թրքական թերթերուն հետեւողը ամէն օր կը հանդիպի անոր` առանց տարբեր արարած մը տեսնելու պատրանքին: Ախոյեանն է անհեթեթութեան եւ տափաստանային իր ծագումէն մինչեւ մեր օրերը` այդ «պատիւը» ոչ ոքի զիջած է:

Ահա` հեռու հեռուներէն ու խաւարէն եկած այդ կազմուածքին վերջին նմուշը:

Թորգոմ Ստեփանեան անունով թրքահայ մը, կ՛ըսուի, թէ «Բոլորիս համար միակ դրօշ մը» խորագրով գիրք մը հրատարաած է ու «Սոն Հաւատիս»-ի մէջ, Թեքին Էրեր ստորագրող արարած մը, անդրադառնալով չես գիտեր ի՛նչ պայմաններու տակ գրուած այդ գիրքին, թրքական լրջութեամբ կը գրէ.

«Այս հատորը կարծես գիրք մը չէ, այլ Ամերիկայի մէջ կամ հոս հոն երեւան ելլելով` թուրքերէն վրէժ լուծել ուզող կարգ մը հայերու երեսին իջած շառաչուն ապտակ մըն է: Պատասխան մը` բոլոր անոնց, որոնք յուշարձաններ կ՛ուզեն կանգնել թուրքերու դէմ, եւ որոնք արհեստական Հայկական հարց մը ստեղծել կը ճգնին»:

Թեքին Էրեր, բոլոր թուրքերուն պէս, կատարուած բոլոր բարբարոսութիւնները ուրանալէ ետք, նո՜յն լրջութեամբ կ՛եզրակացնէ.

«Բոլորիս համար միակ դրօշ մը» գիրքին մէջ բացէ ի բաց ըսուած է, որ թուրքերու եւ հայերու միջեւ երբեք խնդիր մը գոյութիւն չէ ունեցած: Մարդ պէտք է քիչ մը խելք ունենայ: 1915-ին տեղի ունեցած իբր թէ հաւաքական ջարդերը ի՞նչ կապ ունին թուրք ժողովուրդին հետ»:

Հապա որո՞ւ հետ կապ ունին: Թուրք արգանդին մէջ ուրիշնե՞ր սաղմնաւորած էին այդ «իբր թէ հաւաքական ջարդերը» կազմակերպող ջարդարարները, թէ՞ ոսկորը ոսկորէն եւ արիւնը արիւնէն թուրք էին անոնք, այսինքն` ի բնութենէ արիւնարբու, ջարդարա՛ր:

Ջարդարարները դատապարտելու եւ անոնց ծնունդ տուող խուժանը արդարացնելու այս խուսափողական միտքը համայնավարները դրին թուրք ուղեղին մէջ, եւ համայնավար այդ խաթարումին առիթով տեղ մը գրուեցաւ. «Յիշեցէք ձեզի ծանօթ թուրք ղեկավարները: Սուլթան Համիտը եւ իր կարմրութիւնը: Իթթիհատը եւ իր ոճիրը: Աթաթուրքը` եւ ասո՛ր թրքութիւնը: Մենտերեսը եւ վերջի՛ն թրքութիւնը: Այսինքն` նոյն մետաղը, թուրքէն ծնած թո՛ւրքը»:

Թուրքը պատասխանատու է իր անունով գործուած հրէշայնութեանց եւ մէկ երկու սատակի հասցէն տալով` չի կրնար խուսափիլ հաշուետուութենէն: Այո՛, «մարդ պէտք է քիչ մը խելք ունենայ»: Մարդ էակը թուրք արարածին հետ չշփոթելու չափ առնուազն:

XX

 

«Կիւլպէնկեան» Հաստատութիւնը 100.000 Տոլար Կը Յատկացնէ Պաղեստինցի Գաղթականներու Օգնութեան Գործին

Ֆրանսական մամլոյ գործակալութեան համաձայն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը 100.000 տոլար յատկացուցած է պաղեստինցի եւ յորդանանցի գաղթականներու օգնութեան գործին:

Բազմաթիւ այլ երկիրներ եւ հաստատութիւններ նիւթական եւ բժշկական օժանդակութիւն կ՛ընծայեն արաբ գաղթականներուն: Առաւելաբար կը ղրկուին` բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ դեղ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մխիթարեան Մայրավանք – Սուրբ Ղազար. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In