Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1967)

Յունիս 10, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիք
Եւ Ազատութիւն

Անկախ ապրելու յախուռն պահանջ էր, որ ստեղծեց մեր մէջ հայրենիք ստեղծելու կիրքը եւ շուտով ճշդուեցաւ, թէ այդ երկուքը` անկախութիւնն ու հայրենիքը, անհրաժեշտ են իրարու, մէկը արժէք չունի առանց միւսին:

Որովհետեւ առանց հայրենիքի ազատութիւնը բեղմնաւոր պիտի չըլլար եւ առանց ազատութեան` հայրենիքը պիտի ըլլար տեսակ մը արօտատեղի: Որովհետեւ ազատութիւնը ինքնանպատակ հարստութիւն մը չէ, կարելիութիւններու աղբիւր է, հայրենիքը բնակավայր չէ, լինելութիւն է մանաւանդ: Իբրեւ մարդ ապրելու եւ աստուածային յատկութիւններ դրսեւորելու կոչում մը ունի ամէն էակ, եւ ատոր համար անփոխարինելի են ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը, ե՛ւ ազատութիւնը, ե՛ւ հայրենիքը:

Ու հայ ժողովուրդը գումարեց այդ երկուքը իրարու վրայ:

Հայրենիքը ազատութեան մէջ ուզեց տեսնել, ազատութիւնը` հայրենիքի մէջ:

Այս սկզբունքին ծառայելու մեր ազնուական տրամադրութիւնը նկատի առած` ժողովուրդներու մէջ վերջիններէն չենք մենք, ընդհակառակն, եթէ սիրոյ, զոհաբերութեան, պաշտամունքի բուռն արտայայտութիւնները իրե՛նք կը կազմեն հայրենասիրութեան որակը եւ կը հաստատեն մարդ էակին ներքին հարստութիւնը, ապա ուրեմն իր հայրենասիրութեամբ մեծութեան բազում ապացոյցներ տուած ա՛զգ է մեր ժողովուրդը եւ մեր պատմութիւնը այդ ապրումին դիւցազներգութիւնն է մէկ ծայրէն միւսը:

Եւ այս աւանդութեան մէջ կազմուած արիւն է մեր արիւնը:

Եւ այս աւանդութեան մէջ բաբախող սիրտ է մեր սիրտը:

Այս չափանիշով նայած է մեր ժողովուրդը` կեանքին, ուրիշներուն, իր մայր հայրենիքին, երկրորդ հայրենիքին, ու երբ հնչած է զոհողութեան ժամը, պատրաստ յայտարարած է ինքզինք` արժանաւոր պատմութեան մը արժանաւոր զաւակին յատուկ սրտբացութեամբ:

Արաբական հիւրընկալ աշխարհը եւ լիբանանեան հայրենիքը այս վերջին օրերուն միջազգային սիոնականութեան ոտնձգութիւններուն թիրախ դարձան, ու բոլոր արաբներուն կողքին, մեր ժողովուրդը, հաւասարի եւ հարազատի իրաւունքներով, ոտքի կանգնեցաւ կրկին եւ քաղաքացիական իր բովանդակ արութեամբ կրկին պատրաստ յայտարարեց ինքզինք:

Պարտադիր պարտք մը կատարելու շարժում մը չէր եղածը, այլ` իր իրական ապրումը արտայայտելու բնական պոռթկում մը, որ ծաւալեցաւ թաղէ թաղ, տունէ տուն, սիրտէ սիրտ` վերածուելով ընդփոյթ համընդհանուր կամքի մը:

Հպարտութեամբ կ՛անդրադառնանք երեւոյթին:

Հատուածներ չենք այս պարագային, կուսակցութիւններէ կազմուած միաւորներ չենք, ա՛զգ ենք եւ իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր խմբաւորում իր միջոցներով, իր կարելիութիւններով կու գայ հրապարակ` առանց սակարկութեան, արտաբուխ եղանակներով, խոստանալով ամէն ինչ, նոյնիսկ ամէնէն թանկագինը` կեա՛նքը, որպէսզի շարունակէ հայրենիքը ազատութեան մէջ տեսնել եւ ազատութիւնը` հայրենիքին մէջ:

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

«Գրական Հարցեր»

Հեղ. Վ. Գէորգեան   
Թարգմ. Հ. Խալաթեան

Վերջին տարիներուն պարսկահայ մեր մտաւորականութիւնը մեր գրականութենէն նմուշներ թարգմանեց պարսկերէնի, որոնք մեծ ընդունելութիւն գտան տեղացի ընթերցող լայն զանգուածներուն մէջ: 1964-67 թուականներուն, գրեթէ ետեւ ետեւի ու յաջորդաբար Ա. Բերնարդի, Հարփիկ Թամրազեան, տոքթ. Հրանդ Ղուկասեան, Երուանդ Փափազեան եւ Հրայր Խալաթեան թարգմանեցին Գրիգոր Զօհրապի «Տասնեօթը պատմուածքներ»-ը, Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» գործը, Մ. Իշխանի «Ողջոյն քեզ կեանք» քերթուածը, Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւր»-ը եւ Վարդան Գէորգեանի «Գրական հարցեր»-ը:

Պէտք է աւելցնել, որ թարգմանական այս աշխատանքները երեսի վրայ ձգուած չեն: Հայ գրականութեան լաւագոյն նմուշները պարսիկ ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնելու համար հրատարակչական յատուկ ֆոնտեր ստեղծուած են եւ առանձին բարերարներ կան, որոնք կը հովանաւորեն ու մեծ թափ կու տան թարգմանչական այս գեղեցիկ աշխատանքին: Ինչ կը վերաբերի պարսիկ մամուլին, ան յաճախ կ՛անդրադառնայ մատուցուած գործերուն եւ մեծ գովեստով կը խօսի անոնց բովանդակութեան եւ արուեստին մասին:

Հետեւեալը «Նիգին» ամսագրին մէջ երեւցած նմուշ մըն է, որ կը վերաբերի Հրայր Խալաթեանի կողմէ թարգմանուած Վ. Գէորգեանի «Գրական հարցեր»-ուն:

Ես «Գրական հարցեր»-ի պակասը տարիներ էր որ զգում էի եւ դա մի անգոցելի բաց էր ինձ համար: Ասեմ, որ հազարաւոր ուրիշներ եւս ինձ պէս զգում էին այդ խորը բացը:

Ահա այդ պատճառով, այժմ հասել է պահը արժէքաւոր եւ բանիմաց հեղինակին ու նրա շնորհալի թարգմանչին ողջունեմ եւ շնորհաւորեմ:

«Գրական հարցեր»-ը մի ապահով ուղեցոյց է այն սկսնակների համար, որոնք գրող դառնալու ճամբին պարտասել են երկար փնտռտուքներից: Բացի այդ, այս գիրքը մի փարոս է այն մարդկանց համար, որոնք երազում էին գրող դառնալ, սակայն չգիտէին` ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ճանապարհով:

Հիմա, բոլոր այդ մարդիկ, այս գիրքն ունենալով, պիտի գտնեն եւ ձեռք բերեն իրենց որոնածը: Եւ ես յանձնարարում եմ բոլորին, որ անպայման կարդան այս շատ օգտակար գիրքը, քանի որ դրանով առնում են առաջին հաստատուն քայլը:

Այս գրքի կարեւորութեան համար այսքանը միայն պիտի նշել, որ Արեւելքից-Արեւմուտք բազմաթիւ թերթեր, երկարօրէն ու հանգամանօրէն գրախօսել եւ վերլուծել են այն, իսկ ինքը` հեղինակը իր նախաբանի մէջ, ամենայն պարզութեամբ ու համեստութեամբ արտայայտւում է այն բոլոր ազդեցութիւնների մասին, որ մարդկային ոգին ու միտքը կարող է ենթարկուել դրանց: Սակայն հեղինակը նշում է, որ բոլոր այդ ազդեցութիւնները անուղղակի կերպով են ներգործել գրական հարցերի ստեղծման մէջ: Ապա վերջում աւելացրել է. «Գրական հարցեր»-ի պարսկերէն թարգմանութիւնը, եթէ կարողանայ իրանցի սկսնակ գրողներին ամենադոյզն չափով իսկ օգնել, ես այդ պարագան ամենայն հպարտութեամբ ժողովուրդիս կողմից, մի աննշան ժառանգութիւն պիտի համարեմ իրանցի հնամենի ժողովուրդի հանդէպ, որն ունի պատմական փայլուն քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ ու հայ ժողովուրդի հետ կապուած է ցեղային-ազգային ամուր շաղկապներով:

«Գրական հարցեր»-ի վերջին գլուխը, որ ամենաընդարձակն է, յատկացուած է մեծ քերթող Խայեամին իր քերթողական, իմաստասիրական եւ հասարակական հայեացքների վերլուծութեամբ:

Եթէ թարգմանութեան մէջ եղած մի քանի քերականական եւ շարահիւսական աննշան վրիպումներ, որոնք բոլորն էլ հետեւանքն են բնագրին հարազատ մնալու ճիգին, ու նաեւ որոշ բառերի շարունակական կրկնութիւնը, եթէ հաշուի չառնուեն, այս գիրքը այն ամենաարժէքաւոր եւ ամենակարեւոր գրքերից է, որ հայ գրական անդաստանից թարգմանուել է պարսկերէնի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թենիս Խաղա՛նք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?