Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1967)

Յունիս 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս Օրերուն, Երբ Ամբողջ Աշխարհ Սարսափով
Ականատես Կ՛ըլլայ Պաղեստինեան Գաղթականութեան

«Հայերուն Պէս Պէտք Է Վռնտել Արեւելեան
Գաւառներու Այլացեղ Բազմութիւնները»,
Կ՛ըսեն Թուրքերը

Թուրքը չէ փոխուած: Ամէն անգամ, երբ իրաւունքն ու արդարութիւնը հետը չեն (ե՞րբ եղած են արդէն), Թուրքիա կը դիմէ բռնութեան զէնքին: Թուրք լրագրողներ ի զուր կը փորձեն հակազդել` ջնջելու համար իրենց հայրենակիցներուն քինախնդիր վերաբերումին թողած յոռի տպաւորութիւնը: Իրենք ալ, եթէ հարկ ըլլայ, ետ չեն մնար Անատոլուի խաւարամիտ գիւղացիէն:

Ստորեւ կու տանք վերի պահանջին մասին Չեթին Ալթանի գրութիւնը, որ լոյս տեսած է «ԱԳՇԱՄ»-ի մէջ.-

Երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիա օրօրուեցաւ անիրաւին եւ անիրաւեալին միջեւ, բայց այսօր կը տեսնէ այլեւս մերկ իրականութիւնը: Օրինակի համար, գիտէ, թէ Յունաստանի մէջ ինչո՛ւ պետական հարուած մը կազմակերպուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ, Միջին Արեւելքի մէջ ո՞վ որո՛ւ վրայ յարձակեցաւ եւ որո՛ւ դրդումով, եւ ինչպէ՞ս կազմուած են դիմադրական ուժեր, որոնք դիրք բռնած են գաղթապաշտներուն դէմ: Ամերիկա այդ ծաւալապաշտներուն գլուխը կը գտնուի: Ամերիկա Յունաստանի մէջ կը պաշտպանէ թագաւորը, Վիեթնամի մէջ` քոմփրատորները, Միջին Արեւելքի մէջ` Իսրայէլը: Այս իրականութիւնը Թուրքիոյ հեռաւոր գիւղերուն մէջ անգամ տեսանելի ճշմարտութիւն մըն է:

Այս առթիւ, մութ խաղեր կը դարբնուին Թուրքիոյ մէջ, եւ ծրագիրներ կը մշակուին իրարու դէմ գրգռելու համար «անիրաւեալները» եւ հարստահարեալները, քինախնդրութեան սերմեր կը ցանուին ցեղային հատուածներու միջեւ: Իբրեւ ապացոյց` պիտի յիշենք մեր արեւելեան գաւառներուն մէջ ապրող հայրենակիցներուն դէմ բացուած պայքարը: Միասին կարդանք Աղրըի, Պաթմանի, Պինկէօլի, Պիթլիզի, Ճիզրէի, Տիարպաքըրի, Էլազըղի, Էրզրումի, Հաքքեարիի, Խնուսի, Քեահթայի, Գարլըօվայի, Մարտինի, Մուշի, Սիվերեքի, Թունճելիի, Ուրֆայի, Վանի, Վարդոյի «Երիտասարդական եւ մշակութային միութեանց» միացեալ մէկ հանրագրութիւնը, որ կ՛ըսէ.

«Կոչ հանրային կարծիքին: Ո՞վ զով կը վռնտէ, հրամեցէ՛ք ասպարէզ: Այս երկրին մէջ մգլոտած մտքով ֆաշիստներ կան, որոնք պարբերաթերթ մը կը հրատարակեն: Վերջերս այդ թերթին միջոցով կը ջանան թուրք հողերէն վտարել ցեղային մասնայատկութիւն ունեցող մեր այն հայրենակիցները, որոնք արեւելեան նահանգներու մէջ կ՛ապրին: Առանց անդրադառնալու սահմանադրութեան բացորոշ տրամադրութիւններուն` խեթիւ կը նային անոնց եւ զանոնք վտարել կ՛ուզեն: Այն մեծագոյն անհաւասարակշիռը, որուն միակ նպատակն է եղբայրը գրգռել եղբօր դէմ, մեր արեւելքի հայրենակիցներուն սպառնացեր է եւ ըսեր` «Թող երթան այս տեղերէն, առանց թուրք ազգին գլխուն փորձանք բերելու, եւ իրենք ալ բնաջինջ ըլլալու»: Ո՞ւր պիտի երթան: Ո՛ւր որ կ՛ուզեն թող երթան. Իրան, Փաքիստան, Հնդկաստան, պարզանիներուն, թող դիմեն Միացեալ ազգերուն եւ Ափրիկէի մէջ հայրենիք մը ուզեն: Իրենց ցեղակիցներուն` հայերուն թող հարցնեն եւ անդրադառնան, թէ թուրք ցեղին  համբերատարութիւնը երկար է, բայց երբ սպառի, թուրքը առիւծ կը կտրի եւ չի կրնար զինք կեցնել այլեւս:

«Մենք ալ կը հարցնենք: Ո՞վ զո՛վ պիտի բնաջնջէ, ո՞վ որո՛ւ գլխուն փորձանք պիտի բերէ: Եւ կամ ո՞վ զով պիտի վռնտէ: Պատմութեան ամենահին շրջաններէն ի վեր ծնած չէ որեւէ ուժ, որ դուրս վռնտէ այս հողերուն վրայ ապրող հայրենակիցները: Պիտի վռնտուին այն ցնորատեսները, որոնք ժողովուրդները իրարու դէմ կը գրգռեն:

Իբրեւ խորհրդածութիւն եւ մեկնաբանութիւն` մենք ալ ըսենք, որ զզուանքով կը ժխտենք ֆաշականութիւնը, ցեղապաշտութիւնը եւ կղերապետութիւնը: Մեր նշանաբանն է` միաբանութիւն եւ եղբայրական համակեցութիւն Թուրքիոյ մէջ: Վերոյիշեալ անձը տարբեր գաղափար մըն ալ յղացեր է: Եւ գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ: Մեր գնչու հայրենակիցները պիտի բարեկարգէ եղեր եւ «մարդկային գեղեցկութեան այդ տիպարները», պիտի ներմուծէ եղեր Հաքեարի ապրող 50 հազար խաւարամիտ քիւրտերու մէջ: Թող գիտնայ, թէ Հաքեարին ո՛չ բանտ է, ո՛չ յիմարանոց, ո՛չ ալ զգաստարան: Հաքեարին այն է, ինչ որ է Պոլիսը Թուրքիոյ համար: Եթէ կայ մէկը, որ պէտք է զգաստանայ, գնչուներէն աւելի այդ տխմարաբանութիւնները պաշտպանողն է: Եւ եթէ կայ տեղ մը, ուր պէտք է զգաստանան, Պաքըրքէօյն է պարզապէս: Կը խորհինք, թէ ժողովրդավար հոսանքները եւ դատական իշխանութիւնը պիտի միջամտեն այս երեւոյթին դէմ»:

Դուք ալ տեսա՞ք, թէ գաղթապաշտները ինչպիսի՛ մտայնութեամբ մը անջատողական շարժում մը ստեղծել կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ, քիւրտի, լազի, չերքեզի, վրացիի, արաբի, փոմաքի, ալպանի, հայու, հրեայի, վտարանդիի խնդիր մը յարուցանելով: Շատ հին եւ մաշած զէնք մըն է այս, եւ այդ բոլոր դասակարգերը միշտ զոհը եղած են բուն գրգռիչին, գաղթապաշտին: Ի՞նչ տխուր եւ ըստոր խաղ մըն է, որ կը փորձեն այս կերպով:

Անհեթեթ Մտայնութիւն

Անդրադառնալով միեւնոյն խնդրին, Իլհամի Սոլայ եւս կը խորհրդածէ «ԱԳՇԱՄ»-ի մէջ.-

Կարդացինք այդ յայտարարութիւնը, աւելի ճիշդ` այդ բառակոյտը, որ ըսել կ՛ուզէ, թէ մեր արեւելեան գաւառներուն մէջ ապրող հայրենակիցները պէտք է մեկնին, աւելի ճիշդ` տեֆ ըլլան ու երթան: Այսինքն ինծի եւ քեզի պէս, այս հայրենիքին զաւակները, որոնք օրինական ամէն իրաւունք կը վայելեն, պէտք է վտարուին այս հողերէն: Պէտք է գիտնալ, թէ անոնք դարերէ ի վեր շաղախուած են այս երկրին, իրենց արիւնը եւ կեանքը տուած են, անոնք ալ իսկական զաւակներն են այս հայրենիքին: Անոնք, որոնք ցեղային-անջատողական շարժում մը կը փորձեն, տխմարներ են պարզապէս եւ կ՛ուզեն երկիրը բաժան-բաժան ընել:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

19 Յունիս 1920. Պաքուի Հայութեան Ջարդարարը` Խան-Խոյսկի Ահաբեկուեցաւ Արամ Երկանեանի Ձեռամբ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?