Ակնարկ
Մինչեւ Որ…
Վերջին դարուն, համիտեան արիւնռուշտ բռնակալութենէն մինչեւ խնամատարութիւններու մաշեցնող ներկայութիւնը եւ մինչեւ յարձակապաշտ սիոնականութեան ստեղծած պարբերական տագնապները, արաբ ժողովուրդին հետ ճակատագրակից ժողովուրդ մը եղած է հայ ժողովուրդը եւ ամէնէն աւելի ի՛նք կը զգայ անոր հոգիին բացուած վէրքերուն խորութիւնը:
Խաղցուած վերջին խաղերուն ի տես` կը վերապրի մանաւանդ նոյն խաղերուն զոհ դարձած մարդու իր հին վէրքերը, օտարներուն պատճառածները, չսպիացողները:
Օտա՜րը: Օտարնե՜րը:
Դեռ կէս դար առաջ, նոյն այդ օտարներուն ակնարկելով, մէկ կողմէն «ռուս քեռիէն» եւ միւս կողմէն քրիստոնեայ պետութեանց քրիստոնէական խոստումներէն պատրանաթափ` մեր թոքերուն ամբողջ ուժով պոռացինք, թէ` «օտարներէն չկայ յոյս»:
Այսօր, արաբ ժողովուրդը, իր հնադարեան հողամասին մէկ ծայրէն միւսը, նոյնը կը կրկնէ, մէկ մարդու պէս, ինքնիր ուժին վստահելու բացարձակ վճռակամութեամբ, որովհետեւ տեսաւ օտարը. մէկուն քով զգաց լռութեան դաւադրութիւնը, միւսին մօտ` դաւադրութեան բարձրաղաղակ շնականութիւնը:
Մեծերուն փոքրոգութեան եւ սիոնական նախայարձակման պատճառով արաբական աշխարհը տուաւ զոհեր, բռնաբարուեցան սահմանները, դարաւոր սրբութիւններ ինկան թշնամիին երախին մէջ ու տասնեակ հազարաւոր անձեր` պաղեստինեան հողամասին բնակչութեան զգալի մէկ մասը` կիներ, ծերեր, երեխաներ բռնեցին գաղթականութեան ճամբան` պարզելով հազար ու մէկ սրտաճմլիկ տեսարան:
Վէրքերէն մէկը ա՛յս է, վիրաւորներու, գաղթականներու, որբերու ներկայացուցած կացութիւնը, եւ միւսը` խաբուած ըլլալու պարագան:
Ու հայ մարդը անծանօթ չէ այդ վէրքերուն տարողութեան եւ անտարբեր չէ անոնց նկատմամբ: Ճակատագրական եղբայրակցութիւնը եւ այս հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած սէրը իրարու վրայ գումարուելով` ստեղծած են մեր մէջ ապրում մը, որ արթուն է ու գործօն: Ու տարակոյսէ վեր է, որ մօտաւոր եւ հեռաւոր ամէն անձ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պայքարի այս նոր փուլին մէջ եւս, մինչեւ որ բուժումը ըլլայ կատարեալ, վերականգնումը ըլլայ կատարեալ եւ ամէն ոք իմանայ, մարդանայ եւ կենսագործէ վեհապետներէն մէկուն խօսքը, ըստ որուն` «Բիրտ ուժը երբեք չէ կրցած պարտութեան մատնել իրաւունքը»:
XX
Երբ Մեսրոպ Մաշտոց արդէն ստեղծած էր հայոց գիրերը եւ ճշդած` անոնց գծագրութիւնը, սկսաւ թարգմանել Սողոմոն Իմաստունի առակները, հին անունով` «Առակք Սողոմոնի», որ Աստուածաշունչի մասերէն մէկն է եւ կը սկսի այսպէս. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ, ընդունել զդարձուածս բանից, ի միտ առնուլ զարդարութիւն ճշմարիտ, եւ ուղղել զիրաւունս: Զի տացէ անմեղաց զխորագիտութիւն, մանկանց տղայոց զմիտո եւ զհանճար: Որոց իբրեւ լուիցէ իմաստունն` իմաստնագոյն լիցի, իսկ որ հանճարեղն իցէ զառաջնորդութիւն ստասցի»:
Այսպէս էր առաջին անգամ մեսրոպեան տառերով մագաղաթի վրայ գրուող հայ խօսքը: Տասնհինգուկէս հարիւրամեակ առաջ էր:
Քանի մը տարուան ընթացքին Սահակ Պարթեւ ու Մեսրոպ Մաշտոց իրենց աշակերտներու հետ յունարէնէ թարգմանեցին ամբողջ Աստուածաշունչը, եւ սկիզբ առաւ մաշտոցեան հայոց դպրութիւնը:
Հետագային այդ դպրութիւնը ճոխացաւ բազմաթիւ մեծարժէք երկերով, որոնցմէ շատերուն մէջ կը փայլի հայոց հանճարը, բայց Աստուածաշունչի հայերէն խօսքը կը շարունակէր դարերու հիացումը առաջ բերել:
5-րդ դարէն սկսած, հայերէն Աստուածաշունչի տարբեր մասերը, յատկապէս` Աւետարանները եւ Սաղմոսարանը, մայրենի լեզուի դասագիրքի դեր կատարած են:
Իրապէս, հայոց հին լեզուն, որ յետոյ գրաբար կոչուեցաւ, ոչ մէկ երկրի մէջ այնքան պարզ ու վճիտ, եւ միաժամանակ այնքան պատկերաւոր ու արտայայտիչ է, որքան` Աստուածաշունչի շարք մը մասերուն մէջ:
Թագուհի
Թարգմանութեանց
Շատերուն զարմացուցած է առաջին մեսրոպատառ գիրքի չգերազանցուած լեզուական արուեստը: Իսկ պատճառը պարզ է: Գիտնականները ցոյց տուած են, որ մաշտոցեան երախտաւոր թարգմանիչները ամէնէն աւելի օգտագործած են ժողովուրդի խօսակցական լեզուն, անոր յստակ ու խորունկ արտայայտութիւնները, դարձուածքային գունագեղութիւնը:
Բայց Աստուածաշունչի լեզուն ունի նաեւ մէկ ուրիշ յատկանիշ մը: Հոն կը գտնենք հարիւրաւոր գիտական բնոյթի անուանումներ` բնագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, իրաւաբանութեան եւ այլ բնագաւառներէ: Այդ նուաճումներէն շատերը գիտական այնպիսի իմաստներ կ՛արտայայտեն, այնքան ստոյգ են, որ մտածել կու տան, թէ առաջին անգամ չէ, որ կը գործածուին այս գրքի մէջ: Ի զուր չէ, որ որոշ գիտնականներ հայերէն Աստուածաշունչի լեզուին մէջ կը նշմարեն նաեւ հայոց լեզուի աւելի հին, հնագոյն գրաւոր մշակոյթի մը հետքերը:
Լեզուի գեղեցկութեան հետ, հայերէն Աստուածաշունչը ունի այլ արժանիք մը եւս, որ ըլլալով խիստ հայեցի` միաժամանակ զարմանալիօրէն ճիշդ կ՛արտացոլացնէ յունարէն բնագրի միտքն ու ոգին: Այս է պատճառը, որ նշանաւոր ֆրանսացի գիտնական Լակրոզ Աստուածաշունչի (Նոր Կտակարան) հայերէն թարգմանութիւնը համարեց թագուհի բոլոր միւս թարգմանութիւններու մէջ:
Հայ եւ օտար նշանաւոր բազմաթիւ գիտնականներ եւս հիացումի խօսք ըսած են Աստուածաշունչի մեսրոպեան թարգմանութեան հասցէին: Ն. Ակինեանի կարծիքով, «Ս. Գիրքը թարգմանուած չէ իբրեւ կրօնական գրականութիւն, այլ հայացուած է այնպիսի ճարտարութեամբ, որ կարող է իրաւամբ զգացնել տալ հայ ընթերցողին, թէ աստուածահրաման պատգամները հայաբարբառ հասած են մարգարէներու եւ առաքեալներու բերնէն»:
Եւրոպացի գիտնականներէն տոքթ. Իննիզերի կարծիքով, «Ս. Գիրքը, որ հայ նոր գրականութեան հիմնաքար ծառայեց, իր ընտիր եւ ճշգրիտ թարգմանութեամբ ոչ միայն հայ գրականութեան գլուխ-գործոցը եղաւ, այլ Ս. Գրքի ուսումնասիրութեան համար կ՛ընծայէ շատ կարեւոր բնագիր մը, որուն պէտք է աւելի ուշադրութիւն շնորհել»:
«Այս թարգմանութիւնը առաջին կարգի մտաւոր մեծագործութիւն պէտք է համարել», ըսած է Վիեննայի համալսարանի արեւելագէտ, փրոֆ. Հանս Մզիկ: Իսկ ռումանացի յայտնի բանասէր, փրոֆ. Նիկոլա Եորկա կը գրէ. «Աստուածաշունչի ձեր թարգմանութիւնը ասկէ 15 դար առաջ, մէկն է ամէնէն մեծ հոգեկան յաղթանակներէն, զորս երբեւիցէ ժողովուրդ մը կրնայ տարած ըլլալ պատմութեան մէջ»:
Աւստրիացի նշանաւոր գրող Ֆրանց Վերֆել` «Մուսա լերան քառասուն օրերը» գրքի հռչակաւոր հեղինակը, խօսելով հայերէն Աստուածաշունչի լեզուի մասին, նկատած է. «… Պտուղի մը նման հասունցաւ եւ ապա կուսական ու անաղարտ` իր բոլոր ուժովը դուրս ժայթքեցաւ». «Նոր լեզուն ամէն բան նորի վերածած է, ինչ որ օտար է, այդ բառին յատուկ իմաստով իւրացուած է: Մինչ այդ ատեն սքողուած բանաստեղծութիւնը… իր գանձերը թափած է բնագիրներու վրայ, եւ թարգմանութիւնները այնուհետեւ եղած են մէյ մէկ հեղինակութիւններ»:
Աստուածաշունչի մաշտոցեան հայերէն թարգմանութիւնը, անոր լեզուական հոյակապ մշակոյթը, անշուշտ, մարդկութեան ստեղծած այն յուշարձաններէն է, որուն արժէքը երթալով ոչ թէ կը նուազի, այլ կը մեծնայ: