Րաֆֆիի Նշանաւոր «Խենթ»-Ին
Շիրիմը
Հայկական ճարտարապետութեան աչքի ինկող կոթողներէն է Ս. Գայեանէ վանքը Էջմիածնի մէջ, որ կառուցած է Եզր կաթողիկոս, 630-ին:
Ըստ աւանդութեան, այստեղ կը գտնուի Գայեանէ կոյսին աճիւնը: Անոր եւ միւս երկու կոյսերուն` Շողակաթի եւ Հռիփսիմէի մարտիրոսութեան մասին լայն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ագաթանգեղոս պատմիչը: Նահատակութեան այդ պատմութիւնը յուզած է հաւատացեալները:
Եւ ահա, դարեր ու դարեր անցնելէ ետք, հանճարեղ Րաֆֆիի «Խենթը» հանրայայտ պատմավէպի հերոսուհիին` տարաբախտ Լալայի ճակատագիրն ու մահը նոյնպէս թրջած են ընթերցողներուն աչքերը: Իսկ Լալան եղած է իրական անձնաւորութիւն:
Նոյն այս վանքի մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ կայ անշուք ու անմշակ որձաքար մը, որուն վրայ փորագրուած է սոսկ բառ մը. «Լալա»: Այս գերեզմանին մէջ կը հանգչի դժբախտ աղջկան աճիւնը, որուն թաղումը նկարագրուած է վէպին մէջ:
Թէ՛ այս գերեզմանատունը եւ թէ՛ վանքի պարիսպէն ներս գտնուող ու գաւիթին մէջ եղող շիրմաքարերը շատ բան կ՛ըսեն այցելողին: Այստեղ թաղուած են` Մինաս Ակնցին, Աբրահամ Մշեցին, Եղիազար Այնթապցին եւ ուրիշ կաթողիկոսներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ քահանաներ:
Այստեղ թաղուած են Խաչատուր Աբովեանի զաւակը, 35 տարիներու ուսուցիչ Վարդան Աբովեանը, Սարդարապատի հերոսամարտին մէջ զոհուած, հայկական 5-րդ գունդի ենթասպայ, 21-ամեայ Արսէն Սարգսեանը, քաջ Անդրանիկի զինակից` զօրավար Սմբատ Բորոյեանը եւ ուրիշներ: Այստեղ կը հանգչի նաեւ 17-րդ դարու հայ պատմագրութեան ակնառու դէմքերէն մէկը` Առաքել Դաւրիժեցին: Անոր պատմութիւնը լոյս տեսած է Ամսթերտամի մէջ, 1669-ին:
Այստեղ կայ նաեւ շիրիմ մը, որուն վրայի մակագրութիւնը թունդ կը հանէ կարդացողին սիրտը: Պազալթէ շիրմաքարին վրայ գրուած է «ԽԵՆԹ – Սամսոն Տէր Պօղոսեան – 1846-1911»:
Իսկ մէջը կան խաչաձեւուած սուրեր: Ասիկա նոր տապանաքարն է: Կողքին դրուած է հինը, որ տուֆէ է եւ ունի հետեւեալ մակագրութիւնը` «ԽԵՆԹ – Վարդան»:
Այստեղ թաղուած է այն քաջ, ազնիւ ու վեհանձն մարդը, որով հինցած են ամէն անոնք, որոնք կարդացած են Րաֆֆիի նշանաւոր «Խենթը»: Ան ոչ միայն իբրեւ նախատիպ ծառայած է Րաֆֆիի մեծարժէք վէպին, այլեւ իրականին մէջ եղած է խիզախ ու հայրենասէր տղամարդ:
Սամսոն Տէր Պօղոսեանը, նոյնինքն` Խենթ Վարդանը, 1877-78 ռուս-թրքական պատերազմի հերոսներէն է: Իրականին մէջ ալ ան եղած է Պայազետի ռուսական կայազօրի փրկիչը, ինչպէս որ պատկերուած է վէպին մէջ:
Սամսոն Տէր Պօղոսեան իր գործերով լայն ճանաչում գտած ժողովուրդին մէջ եւ նախատիպ ծառայեց Րաֆֆիի վէպին համար:
… Տարիներ անցած են այն օրէն, սակայն մոռցուած չէ ժողովրդական հերոսին յիշատակը: Շատեր այցի կու գան այս շիրիմին: Այդ մարդուն յիշատակը կը պահուի նաեւ համեստ ընտանիքի մը մէջ, որ չես գիտեր` ինչ զուգադիպութեամբ, կը գտնուի Էջմիածնի «Րաֆֆի» փողոցին մէջ: Հին տուն է, քարաշէն ու կամարակապ, լայն ու բարձր դարպասով: Երկյարկանի է տունը, բաց պատշգամով եւ ո՛վ գիտէ, քանի տասնամեակ եւ գուցէ քանի մը հարիւրամեակ տեսած է:
Այստեղ կ՛ապրի ընտանիք մը, որուն նախնիները ճանչցուած են իբրեւ ուսումնական մարդիկ եւ ձգտած են ամէն կերպով օգտակար ըլլալ իրենց ժողովուրդին: Մինչեւ հիմա ալ այս տան մէջ իրենց պատուաւոր տեղը ունին պապերէն մնացած եւ ընկուզենիէ պատրաստուած զրապահարանը, պահարանն ու գրասեղանը: Այս զրապահարանին մէջ ժամանակին դրուած են Րաֆֆիի նոր լոյս տեսած գիրքերը, եւ հիմա ալ շարուած են վերջին հրատարակութիւնները: Գրասեղանի գզրոցներուն մէջ կը պահուին ընտանիքին նուիրական մասունքները. պապի պապ հանդիսացող Գրիգոր Մալինցեանցի, անոր փեսային, թոռան, թոռնորդիներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերը:
Այստեղ կայ փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ Գրիգոր Մալինցեանցի ռուսական կողմնորոշման, ռուս-հայկական կապերու մէջ ունեցած անոր դրական դերին մասին: Նոյնինքն Ռուսիոյ կայսր Ալեքսանտր Ա. կը յայտնէ պետական բոլոր հիմնարկներուն, որ ցար Նիքոլայ Ա.-ին ազնուօրէն եւ պատուով ծառայելու համար Գ. Մալինցեանցը 1842 յունիս 26-էն սկսեալ կը համարուի հարկահաւաքման արձանագրիչ:
Ան եղած է ժամանակի կրթուած անձերէն: Ասոր ապացոյցը այն գրքոյկն է, որ վերնագրուած է` «Հերքումն գրախնդիր վայրաբանութեանց ոմանց մերազնեայ անձանց: Ի դէպ արձանացեալ արդեամբք եւ ծախիւք ազնուազարմ տղայ Գրիգորի Մալինցեանց Վաղարշապատեցւոյ»:
Գրիգոր Մալինցեանց ունեցած է երեք աղջիկ եւ տղայ մը: Աղջիկներէն Սոֆիան կ՛ամուսնանայ Քիշինեւէն եկած Ստեփանի հետ, որ կը սերէր Սիւնիքի Օրբէլեաններէն: Ան Վաղարշապատի մէջ հոգեզաւակն էր Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին:
Հին է այս ընտանիքը եւ միշտ շարունակած է իր նախնիներուն բարի ու մարդկային սովորոյթը: 1915-16-ին, գաղթականներու ընտանիքներ այս ընտանիքին մէջ օթեւան ու սնունդ գտած են: Շատ դէպքեր ու դէմքեր կը յիշէ տան մեծը` Աստղիկ մայրիկը, այդ բարի, ճերմակահեր կինը: Անոր հարսանեկան հանդէսին քաւորը եղած է բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, որ սերտ բարեկամութեան մէջ եղած է այս ընտանիքի հետ: Ընտանիքի բարեկամներէն էր եւ յեղափոխական անուանի գործիչ Գէորգ Աթարբէկեանը:
Շատ տարիներ յետոյ, երբ Աստղիկ մայրիկը կարդաց Րաֆֆիի «Խենթը» վէպը, նոր միայն լաւ հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ, երբ Արսէն տղան կու գար իրենց տունը, հայրը այնպէ՜ս կ՛ուրախանար: Այդ ժամանակ Աստղիկ 8-9 տարեկան էր, բայց լաւ կը յիշէ, որ այդ այցելութենէն ետք հայրը միշտ հպարտութեամբ կ՛ըսէր, թէ Արսէն աղան Խենթի զաւակն է:
Ահա թէ ինչո՛ւ այս ընտանիքին մէջ այնքան նուիրական անուններ դարձած են Րաֆֆին, Խենթ Վարդանը: Ընտանիքի անդամները այնպէս ակնածանքով կու տան անոնց անունները, ինչպէս կը խօսին իրենց նախնիներուն մասին:
Կ՛ըսեն, թէ այս տան ընկուզենիի ծանր գրասեղանին վրայ դրուած է Րաֆֆիի եւ անոր զաւակներուն իւղաներկ դիմանկարը: Դրուած է Գրիգոր Մալինցեանցի դիմանկարին կողքին, որ կատարուած է Յովնաթանեաններէն մէկուն ձեռքով: Յովնաթանեաններուն նկարած կտաւը, որ կը պատկերէ այս գերդաստանի անդամներէն Նազելի եւ Մարտիրոս Օրբէլեանները, իբրեւ նուէր տրուած է Երեւանի պատկերասրահին:
Ու հիմա, շատ յաճախ, Աստղիկ մայրիկը, իր զաւակներուն` Վիլիկ եւ էմիլ Սամուէլեաններուն, որոնք ուսուցիչներ են հայրենի քաղաքին մէջ, հարսերուն ու թոռներուն կը պատմէ իրենց գերդաստանին մասին, Խենթ Վարդանի զաւկին եւ իր հօր բարեկամութեան ու մտերմութեան մասին:
ԳԷՈՐԳ ԴԵՒՐԻԿԵԱՆ
ԱԼԵՔՍԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ