50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1967)

Յուսավառուիլ, Հիանալ, Պոռալ... Իր ստորագրած առաջին էջէն ասդին, ահաւասիկ յիսուն տարի կ՛ընէ, Շաւարշ Նարդունի մնայուն ներկայութիւն մըն է մեր իրականութեան մէջ եւ` իմացական քանի մը ճակատի վրայ ինքզինք պարտադրած հեղինակութիւն մը: Գրական, գիտական, հրապարակագրական, պատմական, լեզուական եւ ուսումնասիրական տարածուն վաստակի մը տէրն է ան այսօր եւ հակառակ եօթնասունին մօտեցող իր տարիքին` երեք անգամ եօթը տարեկան մարդու մը կորովով կը շարունակէ պրպտել, ուսումնասիրել, հիանալ, ջղայանանալ, պատարագել ու... հայհոյել: Կ՛ուզենք ընդգծել վերը գործածուած բառերէն մէկը` ներկայութիւնը: Մեզի համար լայն հասկացողութիւն մը կը բովանդակէ ներկայութիւնը, եւ առանձին յարգանք մը ունինք զայն իրենց անունին հետ գործածելու համարձակութիւնը տուող գրագէտներուն հանդէպ, որովհետեւ խորապէս կը հաւատանք,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1967)

Հայ Կեանք Ժընեւի Մէջ Արժանավայել Մեծարանք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի Հաղորդած էինք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին հրաւէրով, յուլիս 10:00-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ եւ արժանացաւ փառաշուք ընդունելութեան: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը այցելութիւն մը տուած է Ժընեւի խորհրդարանի նախագահ պր. Շավանի եւ ընդունուած` արտակարգ պատիւներով: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի քարտուղար տոքթ. Պլէյք, Վազգէն Ա.ը պատուած է ճաշկերոյթով: Փոխադարձաբար, վեհափառ հայրապետը ճաշկերոյթ մը տուած է ի պատիւ տոքթ. Պլէյքի: Եղած են յիշատակելի փոխադարձ նուէրներ: Վեհափառ հայրապետը հանդիսաւոր արարողութեամբ պատարագած եւ քարոզած է Ժընեւի Ս. Փիեռ եկեղեցիին մէջ: Զուիցերիոյ հայ գաղութը եւս պատուած է վեհափառը: Հայկական միութիւնը ճաշկերոյթ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1967)

Դէպի Ղարադաղ... 19 յունիս 1967: Բնական զարմանք էր պատճառել բոլոր նրանց, ովքեր լսել էին, որ մի քանի հայեր նպատակադրել ենք գնալ Ղարադաղի հայաբնակ գիւղերը եւ լինել մի քանի օր մեր հայ եղբայրների ու քոյրերի հետ: Զարմանքի պատճառը անշուշտ նախ ճանապարհի խիստ դժուար լինելու իրողութիւնն էր, ապա` նպատակակէտի հետաքրքրութիւնը: Այս ամէնը սակայն եկան փշրուելու հայի անխորտակ կամքի ու տոհմիկ ոգու առաջ, եւ եօթը հայորդիներով մեկնեցինք Ղարադաղ: Հայ ժողովուրդը իր ազգային պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին եղել է ջերմօրէն հաւատացողը իր կրօնական եւ ազգային աւանդութիւններին. հայը միշտ կապուած է եղել իր եկեղեցուն, իր դպրութեան օրրանին, եւ ուր էլ որ գտնուել է, ինչ պայմանների...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1967)

Հետաքրքրական Մրջիւնահաւաք Մը Քալիֆորնիոյ մէջ Քեն Ճինէյ անունով մէկը, իր օգնականներուն հետ, զանազան տեսակի մրջիւններ հաւաքելով, շաբաթը 3000 տոլար կը շահի: Մրջիւնահաւաքը իր հաւաքած մրջիւնները կը ծախէ գիտական աշխատանոցներուն: Թէյի Սպառումը Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ թէյի սպառումը աւելցած է հարիւրին ութսուն համեմատութեամբ: Անփոփոխ մնացած է միայն Անգլիոյ մէջ: Լրտեսութեան Եւ Մաքսանենգութեան Թանգարան Մոսկուայի Մէջ Մոսկուայի մէջ բացուած է լրտեսութեան եւ մաքսանենգութեան թանգարան մը, ուր ցուցադրութեան դրուած են այն բոլոր գործիքները, որոնք գտած են արեւելեան երկիրներու իշխանութիւնները` արեւմտեան լրտեսներու մօտ: Պատուաւոր Գողը Ամերիկացի կին մը` Ռոլանտէ Սուքոս, կորսնցուցած է իր դրամապանակը, մէջը` 110 տոլար: Ատեն մը ետք նամակատան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1967)

Օրուան Դէպքերուն Հետ Միջին Արեւելքի Քարիւղը Աստուածաշնչական Շրջանէն Մինչեւ Այսօր Նոյ Նահապետ Եւ Դանիէլ Մարգարէ Ս. Գիրքը կ՛ըսէ, որ Նոյ իր տապանը ծեփեց կուպրով, իսկ ըստ աւանդութեան, Նոյ այդ կուպրը հաւաքած է Տիգրիսի եզերքէն: Դանիէլ մարգարէն կը պատմէ, որ Տիգրիսի կողմերը գետնէն հուր կը ժայթքէր: Արդ, ինչ որ կ՛ըսէ Դանիէլ, այսօր ապացուցուած է: Պարզապէս կազային ջրածնային նիւթեր են, որ կը բռնկին, եւ նախնական ժողովուրդները զանոնք նկատելով գերբնական ուժի մը արտայայտութիւնը` խորունկ պատկառանք կը զգային: Երեսուն դար անցած է այդ օրերէն ի վեր: Միջագետքի այդ հողերը միշտ ուշադրութիւն գրաւեցին: Վաչկատուն ցեղեր կը ժողվէին այն խորհրդաւոր թանձր հեղուկը, որ իրենց կը ծառայէր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1967)

Ու Ես Կ՛երթամ... Տուտուին Մոմը Տուտուն ձեռքը մեծկակ մոմ մը բռնած, աշխուժ քայլերով ու գոհունակութեան ժպիտը դէմքին, ուխտը կատարելու կու գայ: Բերած ընծան աշտանակի մը վրայ աճապարանօք տեղաւորելէ ետք, անմիջապէս պատրոյգը կը բռնկցնէ եւ անոր առջեւ բազկատարած աղօթքի կը կենայ: Աչքերուն մէջ ցոլացող շողերը մոմի լոյսէն աւելի լուսաւոր ու կենսունակ են: Ոտքի կանգնած, առանց կենալու, կ՛աղօթէ: Հակառակ իր բազմամեայ տարիքին` երիտասարդի մը նման կենսունակ երեւոյթ ունի: Մանաւանդ այսօր արտակարգ հրճուանքով մը համակուած է: Տուտուին շրթները անդադար կը շարժին: Բայց ես լաւ գիտեմ. ինք` «Հայր Մեր»-էն զատ աղօթք չի գիտեր: Ատեն ատեն ետ դառնալով` ինծի կը նայի. այս նայուածքը գոհունակութեան արտայայտութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1967)

«Կեանքի Ուղիներով» Յեղաշրջում Համազգայինի տպագրական գործը ատեն մը բոլորովին դադրեցաւ եւ պատրաստութեան երկար շրջանէ մը ետք, տարի մը կ՛ընէ ահաւասիկ, որ մամուլը կը դառնայ: Հրապարակի վրայ են արդէն Համաստեղի, Աղբալեանի, Վրացեանի ստորագրութիւնները կրող գրական, բանասիրական, պատմական թանկարժէք հատորներ, որոնք, շնորհիւ նաեւ իրենց տպագրական որակին, մէկ-մէկ վայելք կը հանդիսանան ընթերցողին: Նման երկարաշունչ գործի մը համար արժէքներուն ընտրութիւնը առաջնակարգ կարեւորութիւն մը ունի եւ զանոնք արժեւորելու նախանձախնդրութեամբ կիրարկուած միջոցները` տպագրութեան մաքրութիւնը, թուղթին որակը, կազմին կոկիկութիւնը արհամարհելի ազդակներ չեն: Այս մարզին մէջ Համազգայինը ոեւէ մէկուն նախանձելու պէտք չունի այլեւս: Նախանձելի՛ է: Մինչեւ 60-ական թուականները, սփիւռքի հրատարակութիւններէն մէկտեղուած մեր գիրքերը, քիչ բացառութեամբ, թերթօնային էին: Այդ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1967)

Հայ Դատի Աշխատանքները Հետապնդելով Հայ դատը` մեր բուն նպատակն է հնարաւոր բոլոր միջոցներով տեւաբար արծարծել եւ պահանջել աշխարհէն անառարկելի իրաւունքը հայ ժողովուրդին` ունենալու իր ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքը: Ամբողջական ազգութիւն` միացեալ Հայաստանի մէջ: Հայ ժողովուրդը զոհն է Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութեան: 1893-էն մինչեւ 1922, միայն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ջարդուած են մէկ միլիոն ինը հարիւր յիսուներկու հազար ութ հարիւր վաթսուն հայեր: Իսկ 1918-էն մինչեւ 1920, նոյն թուրքին ձեռքով, Անդրկովկասի մէջ կոտորուած են երեք հարիւր երեսունվեց հազար հայեր: Քսանինը տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է 2.288.860 մարդկային կորուստ: Թուրքի ցեղասպան այդ արարքին պատճառով մէկ միլիոնէ աւելի հայեր կ՛ապրին արտասահմանի մէջ` ենթակայ ձուլումի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1967)

Դիտողութիւն Ընելու Արուեստը Որքա՜ն հաճելի պիտի ըլլար բոլորիս համար, եթէ աշխարհը այնքան կատարեալ ըլլար, որ շարունակ փաղաքշական ու գովեստի խօսքեր ըսէինք ու լսէինք: Դժբախտաբար, սակայն, ամէն մարդ իր թերութիւնները ունի, եւ օր չ՛անցնիր, որ պարտաւորուած չըլլանք մեր շրջապատէն մէկուն կամ քանի մը հոգիի դիտողութիւն ընել: Պէտք է գիտնանք ուրեմն, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՞նչ շեշտով պիտի ընենք այդ դիտողութիւնները: Բնական է` ասիկա կախում ունի այն դէմքէն, որուն կ՛ըլլայ մեր դիտողութիւնը: Մանուկի Մը Մանուկի մը անտեղի եւ անիմաստ է երկարապատում դասախօսութիւն ընել: Առանց բարկութեան, պարզ բառերով, պէտք է իրեն բացատրել, թէ ի՛նչ է իր յանցանքը եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ կրկնէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1967)

Օտարներու Կարծիքը Թուրքիոյ Մասին  Յետամնաց Ու Աղտոտ... «Դրամը Շատ, Խելքը Կարճ, Ջիղերը Զօրաւոր Եղողներուն Կարելի Է Յանձնարարել Թուրքիան» Արեւմտեան Գերմանիոյ ամէնէն տարածուն եւ մեծագոյն տպաքանակը ունեցող թերթը` «Տոյչէ Մարք», իր վերջին թիւին մէջ կը գրէ. «Թուրքերը իրենց երկրին համար ապագայի զբօսաշրջութեան երկիր կ՛ըսեն եւ կը պնդեն, որ 1970-ին Սպանիայէն ու Իտալիայէն աւելի զբօսաշրջիկներ պիտի ունենան... «Իրենց այս պնդումին մենք կը պատասխանենք. «Թուրքիա զբօսաշրջիկներու համար խուժումի գրաւիչ երկիր մը երբեք չի կրնար ըլլալ: Մեծագոյն պատճառը Թուրքիոյ մէջ տիրող սղութիւնն է: Դրամը շատ, խելքը կարճ, ջիղերը զօրաւոր եղողներուն կարելի է յանձնարարել Թուրքիան: «Իրենց բնական պէտքը չոքելով ընել ուզողները, խցուած լաւապոներու եւ կաթիլ-կաթիլ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1967)

Գերբնական Ուժերու Վերագրուող Նախապաշարումներու Ծագումը Նախապաշարումները հին են, այնքան` որքան աշխարհը: Բոլորին ալ արմատները խրած են նախապատմութեան մէջ: Մարդիկ, նոյնիսկ ամենապարզ բնական երեւոյթներուն անգամ չկարենալով բացատրութիւն տալ, զանոնք վերագրած են գերբնական ուժերու: Մեր նախահայրերը կը հաւատային, որ ամէն բան կապ ունի չար ու բարի ոգիներու հետ: Եւ բնական է` ջանացած են այդ ոգիները սիրաշահիլ զանազան հմայեկներով եւ այլ միջոցներով: Փայտի զարնել.- Նախապաշարում մը, որ շատ ընդհանրացած է: Առաջ եկած է հեթանոսական շրջանէն, երբ մարդիկ կը հաւատային, որ ոգիները կը բնակին ծառերու մէջ: Գէշ մտածում մը ունեցողը կամ չարագուշակ բան մը ըսողը, իր խօսքէն անմիջապէս ետք կը զարնէր փայտի մը, որուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1967)

Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին Հաւատքի Մասին Լուսահոգի ուսուցիչիս` Գ. Մխիթարեանի յետմահու հրատարակուած գրքին` «ՀԵՐԿ ՈՒ ՑԱՆ»-ի մասին խօսելով, ակնարկած էի այդ գիրքին ներածականը գրող Բ. Թաշեանի հետեւեալ տողերուն. - Մահուան մասին երբ մտածեմ,- ըսած էր ինծի տարիներ առաջ,- տեսակ մը դառնութիւն կը զգամ Արարչին հանդէպ: Բայց կը մտածեմ նաեւ, որ յաւիտենական չէ մահը, յաւիտենական է կեա՛նքը: Եւ ասիկա կը մխիթարէ զիս (խօսք` Գ. Մ.ի): Հիմա ես կը փնտռեմ զինք. Իր բացակայութիւնը բացակայութիւն մըն է ինծի համար ալ, բայց կը թուի, որ ժամանակաւոր բացակայութիւն մըն է, քանի որ միւս աշխարհին մէջ կրկին պիտի հանդիպինք իրարու (խօսք` Բ. Թաշեանի): Ի՞նչ մեղքս պահեմ, այս «կրկին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Յուլիս 1967)

Խմբագրական  Հայասպանութիւնը (Մեթր Մուսա Փրենսի Խիզախ Նախաձեռնութեան Առիթով) Անցեալ երեքշաբթի հաղորդած էինք, որ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ Ֆրանսայի արդարութեան նախարարին հովանաւորութեամբ, պիտի գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը: Այս համագումարին պիտի մասնակցին բազմաթիւ երկիրներէ եկած ականաւոր իրաւագէտներ, բժիշկներ, փիլիսոփաներ եւ փաստաբաններ: Լիբանանէն պիտի մասնակցի ծանօթ իրաւաբան, ոճրային եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ մեթր Մուսա Ֆրենս, որ ունի իրաւաբանական մեծարժէք վկայութիւններու եւ տիտղոսներու պատկառելի շարք մը: Այսքանը` առ ի տեղեկութիւն: Բայց ինչ որ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեզի` հայերուս համար, այն իրողութիւնն է, որ մեթր Մուսա Փրենս կը հանդիսանայ համագումարին երկու զեկուցաբերներէն մէկը եւ իր զեկուցումը ամբողջութեամբ յատկացուած է Ա....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1967)

Ու Ես Կ՛երթամ... Խաչի Ճամբուն Վրայ 25 մարտ 1967, շաբաթ: Տիգրանակերտէն Էլազիկ շոգեկառքով եկանք: Ճամբորդութիւնը չափազանց նեղացուցիչ անցաւ. ճամբաներն ու տեսարանները ծանօթ էին: Օդը ցուրտ էր: Երբեմն ձիւն, երբեմն ալ անձրեւ կը տեղար: Այսօր շաբաթ է: Երեկոյին ճրագալոյց է, արարողութիւն կատարելու հնարաւորութիւն չունինք, որովհետեւ թէ՛ եկեղեցի չունինք եւ թէ չենք կրցած պատրաստուիլ: Հազիւ յաջորդ օրուան Զատիկի արարողութիւնները կատարելու համար կը պատրաստուինք: 26 մարտ 1967, կիրակի: Զատիկ է այսօր: Հակառակ աննպաստ օդին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Վահան Էսկիճիին տունը ուխտաւորներ կը փութան: Անատոլուի հեռաւոր մէկ անկիւնը, տան մը մէջ, նախնական ձեւով 1967-ի Զատիկը կը տօնենք: Դուրսը փաթիլ-փաթիլ ձիւն կը տեղայ. մենք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1967)

Վնասակար Բաներ  Մինչ Մէկուն Կը Յարմարի... - Ի՞նչ ընեմ, կը խրատեմ, կը պատժեմ: Հայրը երբ ծեծելու սկսի, ուղղակի կ՛արիւնէ: Կրկին ընելիքը կ՛ընէ: Շուարած եմ, դո՞ւք ինչ խորհուրդ կու տաք: - Նուէր կը խոստանաք, ուզածը աւելիով կու տաք, բան մը պակաս չենք ձգեր, կը մնայ եղածին պէս: Արդէն նիհար է, բան չ՛ուտեր, պատժուելու չի գար... Մէկը խստութեան, միւսը ներողամտութեան օրէնքը կը կիրարկէ: Երկուքն ալ դժգոհ են արդիւնքէն: Անպայման որ ԵՐԲԵՄՆ կը փորձուի ՄԻՒՍ ձեւը: Սակայն` երբեմն: Ու այդ «երբեմն»-ը անպտուղ կը մնայ: Կը մոռցուի յաճախ կարեւոր ուրիշ ազդակ մը: Եթէ խիստ էք, ինչո՞ւ խիստ էք: Ի՞նչ կը սպասէք ձեր զաւկէն, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1967)

70.000 Տոլար Հաւաքուած Է Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Եւ Հայ Կեդրոնի Շինութեան Համար Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի շինութեան ի նպաստ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-հանգանակութիւնը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ: Տեղւոյն վրայ հաւաքուած է աւելի քան 70 հազար տոլար: Ճաշկերոյթին նախագահած է առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան: Ատենապետած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան: Խօսք առած են Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ճեք Չատրճեան, Շիքակոյի հովիւ Սահակ քհնյ. Վրթանէսեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Նիկ. Օհանճանեան եւ շինութեան յանձնախումի ատենապետ Յակոբ Խօլամեան: Հանգանակութիւնը վարած է Բիւզանդ Կռանեան: Ջերմ մթնոլորտ եւ խանդավառութիւն ստեղծած է իր ինքնատիպ միտքերով եւ սրամտութիւններով:   Նոթեր Ու Նետեր  Նորանուն Փարիզահայեր «Տիկին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1967)

Ցեղասպանութեան Նախազգուշութեան Համագումար Ֆրանսացի փաստաբանապետ Ալպեր Պրիւնուա մամուլի ասուլիս մը տուաւ առջի օր` յայտնելու համար, թէ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ արդարութեան նախարարին հովանաւորութեան ներքեւ կը գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը: Կազմակերպիչ մարմինն է «Ոճրային նախազգուշութեան միջազգային ընկերութիւնը` գործակցութեամբ «Մտային առողջութեան համաշխարհային դաշնակցութեան», «Համաշխարհային իրաւունքի զարգացման ընկերութեան» եւ «Մտային առողջապահութեան ֆրանսական լիկային»: Բժշկական ակադեմիայի անդամ փրոֆ. Պարիւքի ղեկավարութեան տակ այս համագումարը պիտի համախմբէ` աչքառու իրաւագէտներ, բժիշկներ, փիլիսոփաներ, փաստաբաններ` եկած զանազան երկիրներէ, Գերմանիա, Պելճիքա, Պրազիլ, Սպանիա, Լիբանան, Մեքսիքա, Ռումանիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Լեհաստան, Թունուզ, Եուկոսլաւիա, Մեծն Բրիտանիա, Աւստրիա, Վենեզուելա: (ԽՄԲ.- Ինչպէս մեր ընթերցողները կը տեսնեն, բացակայ է բուն մասնագէտը): Փաստաբանապետ Պրիւնուա...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1967)

Ու Ես Կ՛երթամ... Խաչի Ճամբուն Զոհը Խաչի ճամբուն վրայ մահուան շատ մը վտանգներէ փրկուեցայ, եւ սակայն մարդոց գրոհին իբրեւ ճարակ` խաչի ճամբուն վրայ զոհուելու: Ու ես կ՛երթամ... Երկար  տարիներէ ի վեր խաչի ճամբորդութիւնը կը շարունակեմ: Այս պաշտօնը ամուսնացեալ կրօնաւորի մը համար չափազանց դժուար է... ընտանիքի, զաւակներու եւ մանաւանդ ապրուստի հոգերով բեռնաւորուած գաւառացիներու բազմատեսակ կարիքներուն գոհացում կարենալ տալու համար իսկապէս պէտք է զոհուիլ: Առաքելութեան գլխաւոր ու դժուարին հարցը այն է` գաւառացիին սորվեցնել, թէ իր եկեղեցին ընդհանուր քրիստոնէութեան պատուաւոր ու գլխաւոր մէկ անդամն է: Անատոլուի մէջ միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ մեր այս իրաւունքը կ՛ուրացուի... օտար քահանաներ մեր ներկայութենէն չեն ախորժիր. անոնք նիւթական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1967)

Հայկական Հին Սովորութիւններ  «Կտրիճներու Միութիւն» Միջնադարեան Հայաստանի քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած են ամուրի Կտրիճներու միութիւններ, որոնք յաճախ կոչուած են եղբայրութիւններ (հին հայերէնով` կտրիճ կը նշանակէ երիտասարդ): Օրինակ, 1280-ին Երզնկայի մէջ կազմակերպուած է «Կտրիճաց միաբանութիւն» մը, որուն կանոնագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Երեւանի մատենադարանին մէջ, կազմած է բանաստեղծ Յովհաննէս Երզնկացի: Քաղաքական դժբախտ դէպքերու իբրեւ հետեւանք, Ժ.-ԺԱ. դարերուն եւ այնուհետեւ տեղի ունեցան զանգուածային գաղթեր` դէպի Սեւ ծովու ափերը` Խրիմ, Մոլտաւիա, Արեւմտեան Ուքրանիա, Լեհաստան, Թրանսիլւանիա եւ այլուր: Նոր Նախիջեւան քաղաքը եւ շրջակայ գիւղերը հիմնեցին 1780-ին Խրիմէն բռնագաղթի ենթարկուած հայերը: Այս շրջանին մէջ անցեալ դարու վերջին տարիներուն գոյութիւն ունէին «Կտրիճներու» միութիւններ, որոնք կը կոչուէին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1967)

«Եփրեմեան» Միջնակարգ Վարժարանի Տարեփակի Հանդիսութիւնը Շաբաթ, 24 յունիս 2067-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ նախագահութեամբ տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանի, տեղի ունեցաւ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տարեփակի հանդիսութիւնը: Իբրեւ միակ յայտագիր` խուռներամ ներկաները հաճոյքով դիտեցին վարժարանի աշակերտութեան գունաւոր շարժանկարը: Արդարեւ, տարւոյն սկիզբէն վարժարանի տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցեր էր աշակերտները շարժանկարի առնել` զանազան առիթներով ու ձեւերու մէջ. տօնակատարութիւններ, զբօսանք, դաս, Ս. հաղորդութիւն եւ այլն: Իւրաքանչիւր ծնող իր հոգեհատորը տեսաւ այդ շարժանկարին մէջ, որ իբրեւ երեւոյթ` բոլորովին նորութիւն մըն էր: Շարժանկարի ցուցադրութեան միջոցին ներկաները ունկնդրեցին տնօրէնութեան զեկուցումը, որմէ ի յայտ կու գար. Վարժարանը այս տարի միայն...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 34 of 69 1 33 34 35 69

Արխիւներ