Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1967)

Յունիս 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարսեղ Կանաչեան Ատանայի Մէջ
(Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ատանա, 1919…

Սուրիոյ հեռաւոր անապատներէն եւ քաղաքներէն հաւաքուած հայեր խուռներամ Ատանա կու գային: Դպրոցները, որբանոցները, գաղթականական կայարանները լեցուն էին ջարդերէն ազատած հայերով, որոնց թիւը հարիւր հազարներու կը հասնէր այդ օրերուն:

Թուրք բանակը ջախջախուած էր բոլոր ճակատներու վրայ, գերմանները` փախած, դաշնակից բանակներ յաղթականօրէն կը գրաւէին Սուրիան, Լիբանանը եւ ամբողջ Կիլիկիան: Փաստօրէն Ատանա Կիլիկիոյ մայրաքաղաք դարձած էր հայութեան համար:

Հայերէն բազմաթիւ օրաթերթեր, կուսակցական ակումբներ, ժողովրդային հաւաքոյթներ, թատերական ներկայացումներ կը խանդավառէին սպանդէ ազատուած ժողովուրդը: Անատոլուի ներսերէն ողջ մնացած հայեր` Գոնիայէն, Կեսարիայէն, Սվազէն, մաս առ մաս Ատանա կու գային` «Ատանա Հայաստան եղած» նշանաբանով:

Խանդավառ այդ օրերուն, Կիլիկիա կը հասնէին հայկական լեգէոնի կամաւորական զօրագունդերը, որոնց տողանցումները Ատանայի փողոցներուն մէջ, հայերուս սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէին:

Յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ,
Վեց դարու անմոռ վրէժի զրահներ,
Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն,
Երթանք կոթողել դրօշակն Եռագոյն:

Ռազմաշունչ այս երգը եւս Հալէպէն շուտով Ատանա հասաւ: Երիտասարդներ անմիջապէս իւրացուցին քայլերգը, որ գրուած էր երիտասարդ բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցի կողմէ` Բարսեղ Կանաչեանի դաշնաւորութեամբ: Աշոտ Մատաթեանցի թատերախումբին հետ Կառվարենցն ալ Ատանա եկած էր: «Յառա՛ջ, նահատակ…»-ը օրուան շարժումին համապատասխանող, երիտասարդութեան սրտին խօսող եւ հայ ժողովուրդին ազգային զգացումները արթնցնող երգ մըն էր:

Կրթական, կուսակցական, լրագրական եւ այլ պաշտօններով հայ մտաւորականներ հետզհետէ Ատանա կը հաւաքուէին: Հալէպի կողմերէն եկան նաեւ Բարսեղ Կանաչեանը եւ Միհրան Թումաճանեանը: Կոմիտասի աշակերտները անմիջապէս գործի անցան: Կազմուեցաւ մեծ երգչախումբ մը` հարիւրէ աւելի երկսեռ երիտասարդներէ բաղկացած: Կանաչեան Պոլիս անցաւ, իսկ Թումաճանեան պատրաստեց համերգը:

Միհրան Թումաճանեան խնդումերես, կատակախօս եւ ընկերային մէկն էր, կարող խմբավար մը: Յայտագիրը կազմուած էր Կոմիտասի եւ Կանաչեանի գործերով: Շատ դիւրութեամբ կը սորվէին երգչախումբին մասնակցողները: Քանի մը ամիս խումբը մարզուելէ ետք, Կանաչեան վերադարձաւ Պոլիսէն եւ ինքն ալ քանի մը շաբաթ զբաղեցաւ խումբով: Բաղդատելով Թումաճանեանի հետ` Կանաչեանը աւելի խիստ գտանք: Կծու հեգնող էր, եթէ սխալ ձայն մը հանէինք: Իբրեւ խմբավար` պատկառազդու էր:

Համերգին փորձերը տեղի կ՛ունենային «Աբգարեան» բարձրագոյն վարժարանի սրահին մէջ: Լիակատար փորձերը կ՛ըլլային ընդհանրապէս կիրակիները: Կէսօրը կ՛անցնէր  եւ դեռ փորձերը կը շարունակուէին: Տղաքը եւ աղջիկները յոգնածութեան եւ անհամբերութեան նշաններ ցոյց կու տային:  Տրամադրութիւնները թարմացնելու համար Կանաչեան յանկարծ մէջտեղ կը նետէր իր սրամտութիւններէն «չիյքէօֆթէ»-ի պատմութիւնը: Յայտնեմ, որ ատանացիք ամէն կիրակի կէսօրին «չիյքէօֆթէ» կ՛ուտեն:

Համերգը, որ տեղի ունեցաւ Կանաչեանի եւ Թումաճանեանի ղեկավարութեամբ, յունաց շարժանկարի սրահին մէջ, իսկական անակնկալ մը եղաւ անգլիական եւ ֆրանսական բանակներու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայ եղող օտարներուն համար: Հազիւ գաղթականութենէ վերադարձած` հայկական պատկառելի երգչախումբը բազմաձայն կ՛երգէր «Մարսէյէզ»-ը, «Յառա՛ջ, նահատակ…»-ը, «Բամբ որոտան»-ը` թնդացնելով սրահը:

Իրարու ետեւէ երգուեցան Կոմիտասի «Սոնա եար»-ը, «Ձիգ դու, քաշիր»-ը եւ բազմաթիւ երգեր` Կոմիտասէն եւ Կանաչեանէն: Այդ համերգին Կանաչեան ջութակի վրայ «սոլօ» մը նուագեց: Խմբերգներու վերջաւորութեան օտարներէն կը լսուէին «պրաւօ»ներ եւ անդադրում «պիս»-եր: Կոմիտասի հեղինակած երգերը հարազատօրէն երգուեցան Կանաչեանի եւ Թումաճանեանի ղեկավարութեամբ: Օտարները զարմանքով կը դիտէին, որ հայն ալ կրնար ունենալ Կոմիտասի եւ Կանաչեանի պէս տաղանդաւոր երգահաններ եւ խմբավարներ:

Կանաչեան` Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտը, իր արժէքաւոր հեղինակութիւններով նոր սերունդին փոխանցեց հայ երաժշտութիւնը իր կատարելագործուած ձեւով: Իր դաշնաւորած բազմաթիւ խմբերգներով Բարսեղ Կանաչեան հայ երաժշտագէտներու եւ երգահաններու մէջ ամէնէն բարձր, ամէնէն պատուաւոր տեղը կը գրաւէ: Իր յօրինած խմբերգներուն հաւասարող գործեր դեռ չկան հայ իրականութեան մէջ: Կոմիտասի մահէն ետք Կանաչեանն է, որ շարունակեց անոր սկսած ստեղծագործութիւնները` արուեստագէտի ամէնէն նուրբ հասկացողութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ: Առանց նուագի մասնակցութեան` Կանաչեան ճոխացուց, հարստացուց հայ երաժշտութեան համերգային ճիւղը: Հայաստանի արուեստագէտները եւ ժողովուրդը անհամբերութեամբ կը սպասէին տեսնելու համար զինք Հայաստանի հողին վրայ:

* * *

Բարսեղ Կանաչեանը հողին յանձնեցինք սիրելի Լիբանանի, Ֆըրն էլ-Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը, մայիս 24-ին: Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի կարգադրութեամբ, յարգանքի իբրեւ վերջին արտայայտութիւն, ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ: Չափազանց յուզիչ էր թաղման վերջին վայրկեանները: Երբ վարպետին դագաղը գերեզման իջեցուցին, «Գուսան» երգչախումբը, տոքթ. Է. Էլմաճեանի ղեկավարութեամբ, երգեց թաղմանական վերջին «Հայր մեր»-ը` յուզելով սգակիր բոլոր ներկաները: «Գուսան» երգչախումբի անդամ-անդամուհիները մեծ ճիգով, արտասուաթոր աչքերով եւ յուզումով խմբերգեցին վարպետին ամէնէն սիրուած երգը` «Օրօր»-ը: Զեփիւռ Շանթ արցունքոտ աչքերով մեներգեց «Քուն եղիր, բալաս»-ը:

Տաղանդաւոր երգահան Բարսեղ Կանաչեան թաղուեցաւ իր յօրինած երգերով, եւ հողաթումբը ծածկուեցաւ մայիսեան ծաղիկներով:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

6 Միլիոն Ժամ Աշխատանք` «Մարաւիկլիա» Զբօսանաւուն Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?