Հաղորդագրութիւն
Ազգային առաջնորդարանը քանի մը օր առաջ հաղորդագրութեամբ մը պաշտօնապէս ծանոյց ընտրութիւնը կեդրոնական յանձնախումբի մը, կազմակերպելու համար Պաղեստինի պատերազմին հետեւանքով աղէտեալ մեր արաբ եղբայրներու անմիջական օգնութեան հասնելու նուիրական գործը:
Կեդրոնական յանձնախումբը արդէն սկսած է իր աշխատանքներուն` անհատաբար դիմելով ազգայիններու:
Այս առթիւ կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ընդգծել, թէ Կեդրոնական յանձնախումբը, իր գործը կազմակերպեց համախորհուրդ` նոյն նպատակաւ նուիրահաւաքումի համար յատկապէս նշանակուած պետական կեդրոնական յանձնախումբին հետ, առաջքը առնելու համար խաչաձեւումներու եւ կրկնակի հանգանակութիւններու: Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ համայնքներու կրօնական պետերուն հետ, եւ համաձայնաբար կարգադրուեցաւ համայնքային հիմերու վրայ կազմակերպել նուիրահաւաքումը:
Կարեւորութեամբ կը շեշտենք, թէ այս ձեւով յանձնախումբին տուած ստացականները վաւերականօրէն ունին պաշտօնական հանգամանք, եւ կը թելադրենք հոգածութեամբ պահել զանոնք` անհրաժեշտ պարագային ներկայացնելու համար պաշտօնական կամ անպաշտօն ոեւէ ներկայացուցիչի կամ յանձնախումբի, որպէս փաստ` թէ կատարած էք ձեր հայրենասիրական եւ ազգային պարտականութիւնը:
Տրուած ըլլալով, որ առաջադրուած կարճ ժամանակամիջոցին հնարաւոր չէ անձամբ դիմել բոլոր հայրենակիցներուն, հաստատուած է յատուկ գրասենեակ ազգային առաջնորդարանի մէջ, ուր կը խնդրենք, որ անյապաղ ղրկէք ձեր դրամական նուէրները` ստանալով համապատասխան ստացական:
Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետին կոչին, եւ որպէսզի հայութիւնը այս առթիւ եւս կարենայ ինքզինքը արժեցնել իբրեւ համայնք եւ փաստը տայ մարդասիրական, քաղաքացիական եւ հայրենասիրական արժէքներու հանդէպ իր գիտակցութեան` կոչ կ՛ուղղենք բոլոր լիբանանահայերուն անխտիր` լիաբուռն մասնակցութեամբ դիւրացնելու Կեդրոնական յանձնախումբի առաջադրութիւններուն իրագործումը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Ժամանակակից Քաղաքացին
Ժամանակակից քաղաքացին կ՛ապրի լարուած կեանք մը: Անոր առօրեան խառնուած է առօրեային այն միջավայրին, ուր հաստատուած է ինք:
Ներկայիս մեծ քաղաքներու մէջ անհատներ ենթակայ են ընկերային կեանքը խռովող շարժումներու: Իբրեւ հետեւանք իրերայաջորդ գործադուլներու, վնասարարութեանց, աւազակային արարքներու, գողութեանց, մարդասպանութիւններու եւ քաղաքական ահաբեկումներու, մարդիկ դառնալ սկսած են ջղային ու սկեպտիկ:
Այս անբնական վիճակը աւելի անդրադարձ ունեցած է նորերուն վրայ, որոնք հոգեկան բեկումով կը լսեն համայնակուլ պատերազմներու պատմութիւնները եւս: Այսօր անստոյգ կացութեան մէջ կը գտնուի երիտասարդութիւնը:
Անստոյգ ճակատագրի մը մղձաւանջը դամոկլեան սուրի մը նման կախուած է մարդ արարածին գլխուն վրայ:
Տուեալ պայմաններու մէջ հասկնալի է ուրեմն ջղային կեանքը բազմամիլիոն մարդերու, որոնք օրն ի բուն հեւասպառ կը վազեն` ի խնդիր կտոր մը հացի:
Մարդ արարածին կեանքը տանելի դարձնելու նպատակով գծուած օրէնքներն ու հիմնուած կրօնաբարոյական վարդապետութիւնները կրեցին մեծագոյն հարուածը մեր դարուն:
Մեր առօրեան,- բանադատող քաղաքացիին առօրեան,- ողողուած է ակամայ հրմշտկումներով: Հեւասպառ վազք մը դարձած է կեանքը մարդոց, որոնցմէ շատեր զարտուղի ապրումներով կը փորձեն մոռնալ ամէն ինչ:
Արբեցում, հաշիշամոլութիւն, բախտախաղ, շուայտ կեանք, խօլապար, ներկեդրոն հաճոյքներ ու վայելք դարձեր են առանձնապէս երիտասարդութեան մէկ մասին միակ նպատակը:
Դասական բարոյականն ու գաղափարականը ունին անշուշտ երկու սեռէ իրենց հետեւորդն ու երկրպագուները, բայց անոնք կը մնան փոքրամասնութիւն, ինչպէս միշտ:
Սա տարբերութեամբ, որ դար մը աւելի առաջ այսքան ծաւալուն չէին պատերազմները, ու Ասիոյ մէջ մղուած կռիւ մը հազիւ թէ զգալի կը դառնար Եւրոպայի մէջ:
Կ՛ապրինք գիտութեան դարու մը մէջ: Անջրպետներ այլեւս գոյութիւն չունին: Ձայնասփիւռը ամէն րոպէ իր ցնցող լուրերով կը պրկէ մեր ջիղերը, ու կը դարձնէ մեզ յոռետես:
Հզօրներու ամենակուլ ախորժակը սահման չունի: Երբ սահման մը գտնուի անոր ու աշխարհակալական կիրքերու, երբ ամէն մարդու հանգիստ ապրելու չափ հնարաւորութիւններ ստեղծուին, կը վերնան անշուշտ աշխարհաւեր պատերազմները, ու մարդը` կը դադրի լարուած մեքենայ մը եւ նմանին համար գայլ դառնալէ:
«ԱՐՄԵՆԻԱ»